Իբրեւ սահմանադրական հանրապետութեան` Հայաստանի անկախութեան գաղափարը ձեւաւորուեցաւ առաւելաբար Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ, խումբ մը հայ ազգային գործիչներու կողմէ, որոնցմէ ոմանք արդէն իսկ ծանօթ են մեր ընթերցողներուն: Այսօր Շահամիր Շահամիրեանը կը ներկայացնենք առանձինն` իր բեղուն գործունէութեան եւ համապարփակ աշխատանքներուն համար: Անոր «Որոգայթ փառաց» երկը (1773) սահմանադրական հանրապետութեան առաջին ծրագիրն է աշխարհի մէջ», ինչպէս կը վկայէ յօդուածին հեղինակը: Յիշեալ գիրքին մէջ ան ո՛չ միայն կը խօսի ու կը սահմանէ ապագայ անկախ Հայաստանի բնոյթը, կառավարելու կերպերն ու օրէնքները, այլ կու տայ նաեւ մանրամասնութիւններ: Օրինակի համար` ինքն է, որ առաջին անգամ յղացած է հայկական դրօշակի եռագոյնի գաղափարը եւ նոյնիսկ մեկնաբանած է անոր կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն գոյներու իմաստն ու խորհուրդը:
«Ա.»
Շահամիր Շահամիրեան (1723-1798), հնդկահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, հայ ազատագրական պայքարի ականաւոր ներկայացուցիչ, վաճառական: Ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ է, հայ լուսաւորական գաղափարախօսութեան հիմնադիրը: Անոր «Որոգայթ փառաց» (1773) երկը սահմանադրական հանրապետութիւն ստեղծելու առաջին ծրագիրն է աշխարհի մէջ:
Կենսագրութիւն
Շահամիր Շահամիրեանը Հնդկաստան կը գաղթէ Նոր Ջուղայէն եւ կը հաստատուի Մատրաս: Նախ դերձակութիւն կ՛ընէ, ապա կը զբաղի առեւտուրով եւ մեծ հարստութիւն կը կուտակէ: Անոր հայեացքներուն ու գործունէութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Մատրասի մէջ հաստատուած հայ ազատագրական ու լուսաւորական գործիչ Մովսէս Բաղրամեանը: 18-րդ դարը կը նշանաւորուի հայոց ազատագրական դարաւոր պայքարի որոշ փայլուն դրուագներով` պայքարի նոր ձեւերով, գաղափարաքաղաքական նոր հայեցակարգերով ու ծրագիրներով: Հայ քաղաքական միտքի որոնումներու եւ գործնական դիրքորոշումներու յստակացման համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցան ԺԸ. դարու 20-ականներու Արցախի եւ Սիւնիքի հայութեան ազատագրական հերոսամարտերը:
Նախորդ շրջանի հայ քաղաքական միտքը պետականութեան վերականգնման եւ քաղաքական անկախութեան ձեռքբերման նախապայմաններ կը նկատէր`
1.- Ազգային ուժերու միաբանութիւնը,
2.- Արեւմտեան երկիրներու օգնութիւնը,
3.- Վրացի ժողովուրդին հետ համագործակցումը:
18-րդ դարուն մէջտեղ կու գայ քաղաքական նոր գործօն` հզօրացող Ռուսիան, իր հեռահար ռազմավարական ձգտումներով ու յաւակնութիւններով:
Ռուսական գործօնին կարեւորութիւնը կ՛արտայայտուի Իսրայէլ Օրիի քաղաքական հայեացքներուն եւ գործնական քայլերուն մէջ: Նշուած գործօնները կը վերաիմաստաւորուին ու կը բիւրեղացուին դարու երկրորդ կիսուն` արտացոլուելով հայ քաղաքական գիտակցութեան մէջ եւ քաղաքական վերլուծութեան առարկայ կը դառնան յատկապէս «Մատրասեան խմբակի»` Յովսէփ Էմինի, Մովսէս Բաղրամեանի եւ Շահամիր Շահամիրեանի քաղաքական հայեացքներուն մէջ:
Փիլիսոփայութիւն
Հայաստանի մէջ ազատագրական շարժումի պարտութենէն ետք, ազատագրական միտքը 18-րդ դարի երկրորդ կիսուն հիմնաւորուեցաւ Ասիոյ եւ Եւրոպայի հայկական գաղթավայրերուն մէջ: Հայկական սփիւռքի Ռուսիոյ եւ Հնդկաստանի գաղթավայրերը աւելի աշխուժ էին: Ռուսական կայսրութեան մէջ հայերուն անոնց հայրենիքի ազատագրման դատարկ յոյսեր կու տային: Ռուսիան նպատակ ունէր ճանապարհ հարթել դէպի Միջերկրական ծով եւ Հնդկական ովկիանոս` այդ ճանապարհին գրաւելով Հայաստանը: Հնդկաստանի մէջ հաստատուած հայերը կը զբաղէին տարանցիկ առեւտուրով եւ իրենց ձեռքին մէջ մեծ դրամագլուխներ կը կուտակէին: Երբ Հնդկաստանը դարձաւ Անգլիոյ գաղութը, տեղւոյն հայերը սկսան մեծ տնտեսական կորուստներ կրել` չդիմանալով անգլիացիներուն հետ տնտեսական մրցակցութեան: Հայերուն մէջ յառաջացաւ անկախ Հայաստան իրենց տնտեսական գործունէութիւնը տեղափոխելու գաղափարը:
Շահամիրեանի իրաւաքաղաքական համակարգին մէջ առկայ է թէիստական (աստուածաբանական) փիլիսոփայութեան ազդեցութիւնը: Աստուած ստեղծելով աշխարհն ու մարդը եւ զանոնք օժտելով աստուածային օրէնքներով` այլեւս անմիջականօրէն չի միջամտեր աշխարհի եւ հասարակութեան հետագայ գոյութեան հարցերուն: Սակայն, այստեղէն բնաւ չի հետեւիր, որ ըստ քաղաքական մտածողին, հասարակութեան մէջ գործող կարգերն ու օրէնքները պէտք է համապատասխանեն բնական բնութեան եւ բանական բնութեան, որ հասարակ ըլլայ, ու պետական կեանքին մէջ գործող օրէնքները պէտք է հաշուի առնեն մարդու բանականութիւնը: Նախ` աշխարհի եւ հասարակութեան գործերուն չմիջամտելու սկզբունքը բնաւ չի նշանակեր, որ Աստուած առհասարակ կը դադրեցնէ հսկողութիւնը: Երկրորդ` աշխարհի եւ մարդոց գոյութիւնը ինքնաբաւ, բացարձակ չէ, որովհետեւ գոյութեան օրէնքները տրուած են ի վերուստ, այսինքն բնութեան օրէնքները կը համընկնին աստուածային օրէնքներուն հետ: Ուստի հասարակութեան մէջ գործադրուող օրէնքներու համապատասխանութիւնը բնական բնութեան կամ բանական բնութեան իրականին մէջ կը նշանակէ համապատասխանեցնող աստուածային օրէնքներուն: Բացի ասկէ, մէջբերումէն պարզ է, որ խօսքը դրական իրաւունքի մասին է: Այսպիսով, օրէնքներու` մարդու բնական բնութեան ու բանական բնութեան համապատասխանութեան մասին Շահամիրեանի պահանջը կը նշանակէ, որ դրական իրաւունքի նորմերը պէտք է բխեցուին բնական, այսինքն` աստուածային իրաւունքի սկզբունքներէն: Հակառակ պարագային, ստեղծուած օրէնքները կը նկատուին հակաբնական եւ հակաբանական:
Ազատագրական միտք
Շահամիրեանը կապեր կը հաստատէ հայ ազգային-ազատագրական շարժումի կեդրոններու հետ: Հայաստանի ազատագրութիւնը, ըստ Շահամիր Շահամիրեանի, պէտք էր կատարուէր օտարի լուծի դէմ համաժողովրդական ապստամբութեան միջոցով: Այդ պէտք էր գլխաւորէին Արցախի մելիքներն ու Էջմիածնի հոգեւորականները: Հայ ժողովուրդը կրնար օժանդակութիւն ստանալ Վրաստանէն եւ Ռուսիայէն: Ուստի Մատրասի մէջ տպագրուած «Նոր տետրակ» եւ «Որոգայթ փառաց» գիրքերը Շահամիրեանը կ՛ուղարկէ ո՛չ միայն Սիմէոն կաթողիկոսին, այլեւ` Արցախի մելիքներուն, Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսին, Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորին: Ան նամակցական կապ կը հաստատէր Ռուսիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Յովսէփ Արղութեանի, Յովհաննէս Լազարեանի եւ շատ ուրիշներու հետ: Անոնց յղած իր նամակներուն մէջ ան կը շարադրէ Հայաստանի ճակատագիրին մասին ազատագրական խմբակին տեսակէտները եւ առաջարկներ կը կատարէ այդ ծրագիրի իրագործման համար: Շահամիրեան կ՛առաջարկէ դպրոցներ բանալ, ժողովուրդին մէջ լուսաւորութիւն տարածել, զինել ժողովուրդը, պատրաստուիլ ազատութեան համար պայքարի:
Նամակներուն մէջ դիմելով վրացի Հերակլ Բ. թագաւորին` ցոյց կու տայ, որ հայ-վրացական ռազմական դաշինքն ամուր յենարան է Այսրկովկասը թուրք-պարսկական նուաճողներէն ազատագրելու եւ պաշտպանելու համար: Որպէս հայ-վրացական դաշինքի խորհրդանշան` Շահամիրեանը Հերակլ Բ.-ին կ՛ուղարկէ իր պատրաստած ոսկեայ շղթայով ու թանկարժէք քարերով ագուցուած շքանշանը: Հետագային հասկնալով, որ հայ-վրացական ուժերը, առանց Ռուսիոյ ռազմաքաղաքական օգնութեան, չեն կրնար ազատագրել եւ ապահովել Հայաստանի ու Վրաստանի տեւական անկախութիւնը, կապեր կը հաստատէ ռուսական արքունիքին հետ: Վրացի թագաւորը իր հերթին Լոռիի գաւառը կը նուիրաբերէ Շահամիրեանին եւ անոր կը շնորհէ իշխանի տիտղոս: 1790 թուականին Հերակլ Բ.-ը Շահամիրեանի առաջարկով յատուկ ուղերձ կը յղէ Պարսկաստան քշուած հայ ժողովուրդին: Այս վերջինները կը հրաւիրէր բնակութիւն հաստատելու վրաց թագաւորութեան կազմին մէջ գտնուող հայաբնակ գաւառներուն մէջ:
Շահամիր Շահամիրեանը կապեր կը հաստատէ նաեւ 18-րդ դարու հայ ազատագրական շարժման գործիչներ Յովսէփ Արղութեանի, Յովհաննէս Լազարեանի եւ ուրիշներու հետ:
1780-ական թուականներուն, երբ ռուսական արքունիքը կը ծրագրէր արշաւել Անդրկովկաս, Շահամիրեանը Ռուսիոյ եւ ապագայ պետութեան յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծուելիք կարգերու մասին դաշնագիրի նախագիծով կը ներկայանայ արքունիք: Այդ նախագիծին համաձայն, ազատագրուող Հայաստանի մէջ պէտք է հաստատուին հանրապետական կարգեր:
Մատրասի խմբակ
Հայաստանի ազատագրութիւնը նախապատրաստելու համար Շահամիր Շահամիրեանի գլխաւորութեամբ Մատրասի մէջ ստեղծուած խմբակի անդամները 1770-1780-ական թուականներուն մեծ աշխատանք կը կատարեն: Յովսէփ Էմինի ու Մովսէս Բաղրամեանի վերադարձը Հնդկաստան կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ գաղթօճախի կեանքին մէջ: Անոնք համոզեցին հնդկահայ ուրիշ գործիչներ եւս, որ առանց ժողովուրդի լայն աջակցութեան` Հայաստանի ազատագրման գործին մէջ հնարաւոր չէ հասնիլ յաջողութեան: Հետեւաբար անհրաժեշտ է միաւորել հայ երիտասարդութիւնը, զանոնք դաստիարակել հայրենասիրութեան ու ազգային արժանապատուութեան ոգիով:
«Որոգայթ փառաց»
Շարունակելով «Նոր տետրակ»-ի գաղափարները` Մատրասի խումբի անդամներէն Շ. Շահամիրեանը կը հրատարակէ «Որոգայթ փառաց» գիրքը, որ օտար լուծէն ազատագրելէ ետք ստեղծուելիք ապագայ հայկական պետութեան կառավարման համար նախատեսուած օրէնքներու ժողովածու էր: «Որոգայթ փառաց» գիրքը սահմանադրական հանրապետութիւն ստեղծելու ծրագիր էր եւ` հայ քաղաքական միտքի կարեւոր նուաճումներէն մէկը: Իսկ 1783 թուականին կը տպագրէ Մատրասի հայերու ինքնավարութեան, որուն իրաւունքը ինք ձեռք բերած էր, կանոնադրութիւնը` «Տետրակ, որ կոչուած է նշաւակ»:
«Ներածութիւն» կոչուող մասին մէջ Շահամիրեանը քննադատութեան կ՛ենթարկէ կառավարման միապետական կարգերը եւ յառաջ կը քաշէ օրէնքի հիման վրայ կառավարման գաղափարը: Վերջինը կը նմանէր Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հաստատուած կառավարման ձեւին: Մանրամասն շարադրելով օրինակելի պետական կարգի գլխաւոր սկզբունքը` Շահամիրեանը կը մերժէ ազնուականութեան ու եկեղեցւոյ դասային արտօնութիւնները, ճորտութեան ու աւատատիրական կախման միւս ձեւերը:
Այս, ըստ էութեան, հակապատմական տեսակէտը բնորոշ է ո՛չ միայն հայ լուսաւորականներուն, այլ` լուսաւորական դարաշրջանի մտածողներու ճնշող մեծամասնութեան: Լուսաւորականները աւատատիրութիւնը կը դիտէին որպէս մարդկային պատմութեան աւելորդ շրջափուլ:
«Թէպէտ ինձ համար տխուր է յիշեցնել անօրէններից մեր ազգին հասցուած գարշելի նախատինքը, որ յարաժամ կրում ենք մեր ուսերին, չեմ ուզում յիշեցնել այն ամէնը, ինչ ես գիտեմ, գուցէ դու հանդիպես անօրէնների հովանու տակ բնակուող մարդու, վերահասու եղիր, թէ ինչ բառով են կանչում հայոց ազգին` փոխանակ անյաղթելի թորգոմցիների անուան: Ու մենք` հայերս, քաջ Հայկի որդիներս, Նախիջեւան աշխարհի օրհնեալ ծնունդներս, ջրհեղեղի խեղդամահից ընդհանուր մարդկային բնութեան եւ ընդհանուր աշխարհի փրկութեան պատճառ դարձածներս, փոխանակ յատկապէս պատուի արժանանալու, յատկապէս մարդկութեան համար` նախատինք եւ ժողովուրդների համար արհամարհանք եղանք` մեր անկարգութեան պատճառով: Ուրեմն պատշաճ չէ, որ յաւիտեան շարունակենք մնալ այսպէս, քանզի մարդկային միեւնոյն բնութիւնն ունենք, ինչպէս` այժմեան բոլոր երջանիկ ազգերը արեգակի ներքոյ, նաեւ մեզ վրայ ենք կրում Տիրոջ յատուկ շնորհն ու ողորմութիւնը, չէ՞ որ մեզ տուեց Աշխարհն Արարատեան` պարարտ ամէն տեսակի գոյակցութեամբ: Թէպէտ ես չեմ երդւում, որովհետեւ մեղք է, բայց իմ մտքում համոզուած եմ, որ մինչեւ չհաստատուի կարգ ու օրէնք, կարգ ու կանոն, ծուլութիւնը մեզնից չի վերանայ, թոյլ չի տայ փայփայելու մեր ազգին: Եւ մեզանում ծնունդ առած ամէն մեծարժէք բանի գեղեցկութիւնը չի երեւայ, մինչեւ չստեղծուի օրէնք ու սահման»:
ՇԱՀԱՄԻՐ ՇԱՀԱՄԻՐԵԱՆ
Ընդհանուր ձեւով ուրուագծելով հայոց անցեալի պատմութիւնը` Շահամիրեանը կ՛եզրակացնէ, որ միապետութիւնը մեծ վնաս կը հասցնէ Հայաստանին: Հետեւաբար պէտք չէ թոյլ տալ, որ մեր ազգի մէջ հանդէս գայ թագաւոր կամ այլ պաշտօնեայ` ունենալով միապետական իշխանութիւն: Ժողովրդին հարկաւոր է ազատել բռնակալներու իշխանութենէն:
Շահամիրեանը կը յիշեցնէր Հռոմի պատմութեան օրինակը, պետութեան մը, որ օրէնքի գերիշխանութեան պայմաններուն մէջ հանրապետական կարգերու ժամանակ կը ծաղկէր, իսկ երբ բռնապետութիւն հաստատուեցաւ, կործանեցաւ: Հայ ժողովուրդի փրկութիւնը օրէնքներու անխախտ կիրարկումն է, որ անոր կը փրկէ ստրկութենէ, հնարաւորութիւն կու տայ զբաղուելու բարի գործերով եւ կատարել իր հասարակական պարտքը: Ազատութիւնը ամենաբարձրագոյն բարիքն է:
«Որոգայթ փառացի»-ի երկրորդ` ընդարձակ մասը կը ներկայացնէ հայկական անկախ պետութեան սահմանադրութիւնը` 521 յօդուածէ բաղկացած նախագիծը: Շ. Շահամիրեանի կանխատեսած պետական կարգը կը հիմնուի այն սկզբունքի վրայ, որ ամբողջ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, պաշտօնեաները անոր համար են, որ անխախտ կիրարկեն օրէնքները: Երկրի բարձրագոյն օրէնսդրական հաստատութիւնը հայկական խորհրդարանն է` «Տունն հայոցը»: Ըստ վերջինիս, տասներկու հազար տուն ունեցող ամէն մէկ մարզէն կ՛ընտրուի 2 լիազօր` 3 տարի ժամկէտով: Անոնցմէ մէկը ըլլալու «Հայոց տան» անդամ` տանուտէր, միւսը` պետական պաշտօնեայ: Հայոց տան իւրաքանչիւր անդամ կրնար ազատ կարծիք յայտնել օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ: Փոխանորդները իւրաքանչիւր տունէն կը ստանային կէս արծաթ դահեկան, որ կը կազմէր վեց հազար դահեկան. այդ ըլլալու էր անոնց վարձատրութիւնը:
Հայոց տունը իր կազմէն ընտրելու էր 13 հոգի, որոնցմէ մէկը վիճակահանութեամբ 3 տարի ժամկէտով կ՛ընտրուէր գործադիր իշխանութեան ղեկավար` նախարար: Նախարարը առաջին պաշտօնեան էր, օրէնքի առաջին կատարողը եւ զօրքերու գլխաւոր հրամանատարը: Հայոց տան լիազօրութիւններով ան պատերազմ կը յայտարարէր կամ հաշտութիւն կը կնքէր: Հայոց տունը իր կազմէն պիտի ընտրէր գլխաւոր դատաւորը եւ գերագոյն դատարանի 24 անդամները, բարձրաստիճան պաշտօնեաները, զօրքի հրամանատարները: Յատուկ յօդուածներով կը կարգաւորուէին եկեղեցւոյ եւ պետութեան յարաբերութիւնները: Հայ եկեղեցին ազատ կը կացուցուէր հարկերէն:
Ըստ Շահամիրեանի, հայոց ապագայ պետութեան բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը` «Հայոց տունը», պէտք է կազմուի ժողովուրդի կողմէն ընտրուած պատգամաւորներէ: Հայաստանի մէջ պէտք է իշխէ օրէնքը: «Հայոց տունը» պարտաւոր էր ստեղծել գործադիր իշխանութիւն (կառավարութիւն): Այդ նպատակով փոխանորդներէն պէտք էր ընտրուէին տասներեք հոգի, որոնցմէ մէկը վիճակահանութեամբ կրնար դառնալ նախարար, իսկ միւսները` նախարարի խորհրդականներ: Նախարարը պէտք էր ըլլար օրէնքներու առաջին կատարողը եւ զօրքի գլխաւոր հրամանատարը: Հայաստանի բոլոր բնակավայրերը պէտք էր ունենային դպրոցներ:
Ռուսիոյ հովանիին տակ հայկական պետականութիւնը վերականգնելու 20 յօդուածէն բաղկացած նախագիծ կը կազմէր Շահամիր Շահամիրեանը: Այս նախագիծով Ռուսիոյ օգնութեամբ ազատագրուած Հայաստանը պէտք էր հռչակուէր հանրապետութիւն` խորհրդարանական կառուցուածքով: Կառավարութիւնը պէտք էր գլխաւորէր ազգութեամբ հայ նախարարը: Հայաստանի մէջ 20 տարի ժամկէտով պէտք էր մնար 6 հազարնոց ռուսական զօրք: Հայաստանը տարեկան հարկ պիտի վճարէր Ռուսիոյ եւ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք էր տրամադրէր նաեւ զօրք: Կ՛առաջարկուէր երկու երկիրներուն միջեւ սահմանել ազատ երթեւեկութիւն: Հայաստանի կառավարութիւնը Փեթերսպուրկի մէջ պէտք էր ունենար իր դեսպանը: Յովսէփ Արղութեանի ծրագիրի օրինակով, Շ. Շահամիրեանի նախագիծը եւս կը ներկայացուի ռուսական կառավարութեան, սակայն իշխանութիւններուն կողմէն ատոնք բաւարար ուշադրութեան չեն արժանանար ու չեն քննարկուիր: