ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Եթէ Յակոբ Պարոնեանի Պաղտասար աղբարը ողջ ըլլար, հաւանաբար պիտի ըսէր.
«Ոտքը կոտրէր այդ նամակաբերին եւ այդ նամակը մեզի բերած չըլլար»:
Միտքս պարզեմ: Տարիներ առաջ էր: Յստակ չեմ յիշեր: Միայն այն գիտեմ, որ օր մը մեր նամակաբերը նահանգի մանուկներու հիւանդանոցէն, մեր հասցէին ուղարկուած, բոլորովին անսովոր նամակ մը բերաւ: Անսովոր` այն իմաստով, որ հինգ-վեց էջերու նկարներու կողքին, կար նաեւ նիւթական օժանդակութիւն խնդրող բացիկ մըն ալ` վերադարձնելու պահարանով միատեղ, եւ որուն վրայ նուիրատուութեան չափն ալ ճշդուած էր:
Նամակի էջերէն մեկնած, ինծի համար ամէն բան տեսանելի էր` իրենց հասկնալի նպատակով: Գալով նկարներուն` պէտք է աւելցնեմ, որ նոյնիսկ պարզ դիտողն իսկ կրնար «զինաթափ» ընել, որովհետեւ հոն յոյսի ակնկալութեան գաղափարը ոչ միայն քեզ կը մղէր, այլ ձեւով մըն ալ կը ստիպէր, որ անպայման ընդառաջէիր:
Անկեղծօրէն, մեր գաղութի հայկական մարդասիրական միութիւններէն` ՀՕՄ, Հայ դատ, «Հայաստան» հիմնադրամ, ՀԲԸՄ, «Արարատ» տուն, տարին նման քանի մը պարզ նամակներ կը ստանայինք, եւ որոնց էականութեան եւ անհրաժեշտութեան քաջատեղեակ ըլլալով` երբեմն համեստօրէն կ՛ընդառաջէինք: Սակայն այս մէկը ուրիշ հարց էր:
Իսկ հիմա, «աջ ձեռքին տուածը, ձախը չիմանայ…» առածին հետեւելով, մեր «շատով», կարծեմ` իրենց շատ «քիչով», այդ նամակին անսացինք:
– Հէյ վա՜խ, տմպօ՛ չըլլաս, դո՛ւն էիր այդ մէկը ղրկողը.- պիտի ըսէր ողորմած մեծ մայրս. հապը կլլեցիր… նայէ՛` ըրած խէրդ ինչի՛ վերածուեցաւ…
Այսպէս, այդ թուականէն հազիւ շաբաթ մը անցած էր, իրարու ետեւէ նոյնանման նամակներ սկսանք ստանալ: Տեսակաւոր: Ծաղկաւոր: Գունաւոր եւ մանաւանդ` «մեծապատիւ մուրացկանները» յիշեցնող բովանդակութեամբ, կարծես մենք ալ «Բերա, Ծաղիկ փողոց, թիւ 2 բնակարանը կ՛ապրէինք»:
Մէկը` կոյրերու կազմակերպութենէն, միւսը` քաղցկեղի հաստատութենէն, ուրիշ մը` շաքարախտի յատուկ հիւանդանոցէն, այս մէկը` Ընտանի կենդանիներու պաշտպան միութենէն, այն մէկը` միասեռականներէն, «վեթերաններէն», «Սելվէյշըն արմիէն», Հանրապետականէն եւ դեմոկրատներէն, պետական բարձր պաշտօններու «վազող» թեկնածուներէն, նոյնիսկ Սպիտակ տունէն եւ տակաւին` բոյսերու պաշտպաններէն եւ այլն, ու շարքը կ՛երկարի:
Եւ այսպէս, քանի մը օր անգամ մը, նիւթական «օգնութիւն» խնդրող նոր բացիկ մը, նոր նամակ մը, քանի մը էջերու խաբկանքով կազմուած տետրակով եւ կամ չոր ու ցամաք գրիչով նամակներ հասան: Այս բոլորը, որովհետեւ անխտիր բոլորն ալ մեր այդ նիւթական փոքր ներդրումով մեր մէջ տեսած էին «բարեգութ» քաղաքացին եւ ազնիւ նուիրատուն:
Եւ երբ այս «խեղճերը» մեզմէ յուսահատեցան, այս անգամ, տետրակ-մատիտի փոխարէն, սկսանք մեր տան յատուկ տպուած հասցէներ ստանալ: Մեծաքանակ, միօրինակ եւ գունաւոր, զարդարուն եւ կազմ ու պատրաստ` յաջորդ նամակիդ վրայ փակցուելու:
Ի՜նչ լաւ բան, մարդիկ մտածած են մեզի օգտակար դառնալ… կ՛ըսէի մտովի: Ու ինչ մեղքս պահեմ, մէկ տարուան ընթացքին այդ հասցէներուն թիւը անցած էր հազարը:
Է՜հ, ի՞նչ պիտի ընէինք այսքան պատրաստ հասցէներ…
Այլեւս ամէն բան ո՛չ համ ունէր եւ ո՛չ ալ հոտ: Ու ինծի համար զարմանալին այն էր, որ Ամերիկայի նման երկրի մէջ, ուր կարելի էր նոյնիսկ համակարգիչով կամ կայքէջով վճարումներդ կատարել, ալ ի՛նչ բանի պիտի ծառայէին այս հասցէները: Աստուա՛ծ իմ: Արդեօ՞ք այս մարդիկը այսքան տարրական «բաներ» չէին հասկնար: Չեմ գիտեր: Կ՛երեւի…
Այո՛, նուիրելը, օգնելը, անսանձ սիրոյ մը ժառանգութեանը արդիւնքն էին, սակայն ամէն ինչ չափ ունէր, ե՛ւ սահման, ե՛ւ կշիռ: Տակաւին կարգ մը «յանդուգն»-ներ վերադարձի պահարանին վրայ ալ պէտք եղած դրոշմաթուղթը փակցուցած կը ղրկէին:
Որպէսզի թէ՛ զիս եւ թէ՛ զիրենք ժամավաճառութենէ եւ կամ նամակատան ծախսերէ փրկէի, քանի մը անգամ անմեղօրէն եւ միամիտ փորձեցի երկտողով մը իրենց «յոյսը» կտրել տալ մեր հասցէէն, մեր վիզէն:
Չեղա՛ւ: Յամառ էին, չեմ գիտեր` որո՛ւ նման: Կարծես բոլորն ալ կոյրերու ներկայութեան նոյն պարն էր, որ կը պարէին, եւ կամ ալ խուլերու դիմաց` նոյն երգն էր, որ կ՛երգէին: Ասիական համերգի նման` տխուր, երկար եւ միանուագ: Նոյնքան ալ` ձանձրալի: Եւ ի տես այս անհամ իրողութեան` նուիրատուի զգացումներս իրապէս որ չորցած էին: Այս երեւոյթները արդէն մէջս ամէն տեսակի գութ եւ սէր ոչնչացուցած ըրած էին` իրենց հետ չորցնելով նաեւ մեղքի եւ կամ մեղքնալու զգացումս ալ: Ինծի համար իսկապէս չոր քարերուն իրենց գլուխը միեւնոյն քարերուն զարնող խենթերու կը նմանէին: Մէկ խօսքով, կը նմանէին պրկուած կոկորդներու, ուրկէ միայն միօրինակ եւ անզուսպ կանչեր կը լսես:
Յոյսը չկորսնցնող այս մարդիկը իսկապէս չափանիշները խախտած էին: Ի՞նչ կրնայի ընել: Անօգուտ: Մէկ տարուան ընթացքին արդէն ստացած էինք հազարաւոր մեր հասցէներու կտրօններ, որոնք յաճախ զարդարուած կ՛ըլլային տեսակաւոր ծաղիկներու, շնիկներու, թռչուններու, կատուներու եւ կամ ալ ամերիկեան դրօշակի զանազան գունաւոր նկարներով:
Իմ կարգիս, ճարահատ, սկսած էի անունիս բաժինը անջատել նկարներէն, իսկ մնացեալ գունաւոր եւ սիրուն նկարներու բաժինները` թոռներուս տետրակներու էջերուն եւ կամ թուղթերուն վրայ իբրեւ բարենիշ փակցնել, երբ անոնք ամէն անգամ «լաւ» բան մը ըրած ըլլային եւ, մանաւանդ, հայերէնով պատասխանած` հարցումներուս:
Բայց եւ այնպէս, անկախ այս բոլորէն, միշտ մտքիս մէջ տակաւին մնացած է միեւնոյն հարցումը:
– Հապա՞ մենք: Հապա՞ մերինները:
Գաղտնիք մը չէ, որ այլեւս աշխարհը բաց գիրքի մը վերածուած էր: Աւելի՛ն. նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլայի, եթէ նաեւ աւելցնէի, որ մեր կարգին, իբրեւ գաղութ, միութիւն կամ կազմակերպութիւն եւ կամ հայրենիք, ունէինք մեր բազմազան ակնկալութիւնները: Այսինքն, մէկ խօսքով, դրամահաւաք եւ սակայն իրենց սովորական ու դասական ձեւերով եւ մեթոտներով, բայց մէկ տարբերութեամբ, որ է` այս «մարդոց» անկրկնելի եւ անյուսահատ յամառութիւնը:
Այս բոլորը կ՛ուզեմ պարզօրէն արձանագրել, որովհետեւ էական կը նկատեմ կեանքի ու հասարակութեան ճշգրիտ ըմբռնումը: Օրուան կարիքներն ու նպատակին ընկալումն ու անոնց պարզաբանումը: Այլ խօսքով, մեր գաղութին մէջ ինչպէ՞ս համակրանք ստեղծել: Ինչպէ՞ս կանուխէն պատրաստել գաղութը անսակարկ նուիրաբերելու եւ ամէնէն կարեւորը` վստահութիւն ըսուածը ներշնչելու:
Մտքիս մէջ տակաւին լուսաւոր եւ կենսախինդ վաղը ունենալու նպատակն ալ կայ, առկայ է:
Հրահրենք էականը: Կեանքի կոչենք ճիշդ բառերը, ճիշդ մարդոցմով: Գաղութի մտքերուն մէջ կանուխէն վերստին բանանք կենսականը, էականը եւ գերագոյն նպատակը: Այս մէկը, կը կարծեմ, կը պահանջէ յաւելեալ նուիրում, լրջութիւն եւ լրջախոհութիւն, զգաստութիւն` հանդէպ մեր կառոյցներուն:
Որովհետեւ կը կարծեմ, որ մեր աշխատանքը սովորականէն եւ որոշ սահմաններէն անդին ցարդ չէ անցած:
Կարեւորը այս պարագային նպատակն է, նոյնքան ալ` կապն ու մեր աշխատանքի հաւատքը:
Վերջապէս, ե՞րբ պիտի կարենանք գիտնալ եւ կամ տիրանալ իսկապէս Ամերիկայի մէջ հայ մնալու գաղտնիքին տիրանալու բանալիին: Պէտք է ընդունինք, որ հոս հազարաձայն հեւքով երկիր մըն է: Ձեւերն ու որդեգրումները` շատ: Նոյնքան ալ` ակնկալութիւնները: Թէեւ մեզի համար նաեւ անտարբեր աշխարհ մըն է, ուր կ՛ապրինք երկու կեանք, եւ երկուքն ալ` հակասական, սակայն արդէն ժամանակն է, որ զգացումներու խաբկանքէն դուրս գանք:
Մեր մտքերը պէտք չէ որ կանգ առնեն կամ` հրաժարին կանգ առնելէ: Պէտք է նոր ձեւով որդեգրումներ եւ կամ աշխատանքներ ծրագրել եւ կատարել: Կարծես ներքին հաշտութիւն մը ունինք, հինցած ծամոնի նման: Կարեւորը իսկապէս ու ժամանակէն առաջ թափանցելն է մարդոց խճողուած ժամանակներուն մէջ ու զանոնք ներգրաւել: Այլեւս նամակներու տողերը եւ կամ վերջին ժամու կոչերը կորսնցուցած են իրենց խորհրդաւորութիւնն ու լիարժէք իմաստը: Փաստ, տարիներու հանգանակուած մեր գումարներու արդիւնքները:
Պէտք է տեսնել իրականութիւնը: Վստահութեան պակասէն մեկնած` կարծես դրամահաւաքի սէրն ու նպատակը յաճախ փշուր-փշուր եղած ըլլայ: ժամանակէն առաջ պայման է զայն վերականգնել` հաւատքով եւ հասկնալի մտածումներով, հեռու` հին եւ հինցած մեթոտներէն:
Այս մէկը «դեղատոմս» մըն է` մտահոգ հայորդիէ մը: Մեղքը ձեր վիզը: