ՃՕ ՊԱՍԹԱՃԵԱՆ
Երեսուն տարիներ անցած են արդէն Արցախի ազատագրական պայքարի սկզբնաւորումէն, եւ ահա այսօր ունինք գործնապէս անկախ պետութիւն մը, որ կը գործէ իր բոլոր քաղաքական, օրինական, եւ էական գործառոյթներով` ունենալով իր կողքին համայն հայութիւնը:
Մեկնելով զինուորական եւ քաղաքական անկարելի վիճակէ մը, մարդկային եւ նիւթական շարք մը զոհողութիւններէ ետք հասանք, այսպէս կոչուած, երազի մը, որուն դժուար էր հաւատալ 1994-էն առաջ. վերահաստատել` անկախ Արցախը եւ զայն գործող պետութիւն մը դարձնել, առնուազն ներքին գետնի վրայ:
Միջազգային գետնի վրայ այսօր Արցախը ճանչցուած է իբրեւ անկախ պետութիւն` ոչ ճանչցուած երեք պետութիւններու կողմէ, կը վայելէ սերտ կապեր` Հայաստանի Հանրապետութեան հետ եւ ներքին գետնի վրայ համեմատաբար ապահով է, ունի աճող տնտեսութիւն, եւ այդտեղ նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւններ կը կատարուին: Կարելի է ըսել, որ Արցախի պետութիւնը որոշ չափով կը գործէ ինչպէս որեւէ անկախ պետութիւն:
Կարեւոր է քննարկել, թէ Արցախը ինչո՛ւ մերն է, բայց նաեւ էական է շեշտել, թէ ինչո՛ւ մերը կը մնայ:
1.- Արցախը մերն է
Ըստ միջազգային օրէնքի ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքներուն, անվիճելի է Արցախի ժողովուրդին ներքին ինքնորոշման իրաւունքը, բայց հետաքրքրական է նաեւ արծարծել, թէ ինչո՛ւ արտաքին ինքնորոշման իրաւունքին կ՛արժանանայ Արցախի ժողովուրդը:
Կարելի է սահմանել ինքնորոշման իրաւունքը` իբրեւ այն միջազգային իրաւունքը, որ ամէն մէկ ժողովուրդ կը վայելէ ազատօրէն եւ անկախօրէն որոշելու իր քաղաքական իրավիճակը` առանց արտաքին միջամտութեան:
Ա .- Ներքին ինքնորոշման իրաւունքը
Ներքին գետնի վրայ եթէ պիտի քննարկենք Արցախի ժողովուրդին ներքին ինքնորոշման իրաւունքը, կարելի է այս հարցը բաժնել առարկայական եւ ենթակայական ազդակներու: Եթէ առարկայական երեսը պիտի առնենք, յստակ է, որ Արցախի բնիկ ժողովուրդը հայ ազգին կը պատկանի` ամբողջացնելով ազգային ինքնութեան բոլոր պայմանները (ցեղային, լեզուական, կրօնական եւ այլն…): Ինչ կը վերաբերի ենթակայական երեսին, կարելի է քննել այս ազգին մտադրութիւնը: 1988-ին Արցախի Գերագոյն խորհուրդը քուէարկեց` միանալու Հայաստանին, իսկ 1991-ին, Խորհրդային Միութեան փուլ գալուն բովին մէջ, Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ հանրաքուէ մը, որ ամրագրեց, Արցախի անկախութիւնը:
Արցախի հայ ժողովուրդը յստակօրէն ունի իր ներքին ինքնորոշման իրաւունքը` ըստ միջազգային օրէնքին, բայց ասիկա մինակը բաւարար չէ ազրպէյճանական կողմին կամքէն անկախ անկախութիւն յայտարարելու կամ միանալու Հայաստանի Հանրապետութեան, որովետեւ այդ պարագային, նաեւ` ըստ միջազգային օրէնքին, հողային ամբողջականութեան սկզբունքին հակառակած կ՛ըլլանք, այս պարագային ազրպէյճանական պետութեան հողային ամբողջականութիւնը խախտուած կ՛ըլլայ, ինչպէս որ սահմանուած է` ըստ այդ պետութեան սահմանադրական կանոններուն:
Բ.- Արտաքին ինքնորոշման իրաւունքը
Բայց նաեւ ըստ միջազգային օրէնքին, հարկ է յիշել, որ կարելի է անկախանալ այլ պետութենէ մը հետեւեալ երեք սահմանափակուած պարագաներուն` գրաւուած պետութեան կամ հողի պարագան, գաղութատիրութեան ենթարկուած պետութիւնը կամ հաւաքականութիւնը եւ խիստ խտրականութիւններու ենթարկուած հաւաքականութիւնը:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն քանի մը տարի ետք Խորհրդային Միութիւնը նախաձեռնութիւնը ստանձնեց Արցախը կցելու Ազրպէյճանին, երբ ան իր իշխանութեան տակ ունէր Հայաստանը, Ազրպէյճանը եւ Վրաստանը: Այդ ժամանակաշրջանին ազրպէյճանական կողմին դերը եղաւ կրաւորական` պարզապէս ընդունելով Խորհրդային Միութեան որոշումը Արցախի կցման գծով, առանց որ, գոնէ բացայայտօրէն, պահանջէ որոշ շահեր կամ ծրագիրներ Արցախի մէջ, ոչ ալ մշակեց օրէնսդրական գետնի վրայ դասական տարբերութիւններ իր ներկայ բնակիչներուն եւ կցուած հողամասի բնակիչներուն միջեւ: Յիշենք, որ Արցախը Խորհրդային Ազրպէյճանին մաս կազմելով հանդերձ, կը վայելէր իր ինքնավարութիւնը` իբրեւ ինքնավար մարզ, եւ մինչեւ օրս միջազգային ընտանիքին կողմէ ճանչցուած է իբրեւ Ազրպէյճանի հողային օրինական ամբողջական տարածքէն մաս մը:
Տրուած ըլլալով, որ գրաւուած պետութեան կամ հողի պարագան եւ գաղութատիրութեան ենթարկուած պետութեան կամ հաւաքականութեան պարագան, ըստ միջազգային օրէնքի, վիճելիօրէն կարելի է, որ յարմարի Արցախի պարագային, նկատի ունենալով պատմական, քաղաքական եւ իրաւաբանական բարդութիւնները, այժմ կը մնայ սերտել եթէ ազրպէյճանական կողմը խտրականութեան ենթարկա՞ծ է իր օրինական եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին վրայ գտնուող հայերը:
Խտրականութեան պատճառով անկախանալու իրաւունքը կը նկատուի ներքին ինքնորոշման իրաւունքին մէկ երեսը, որովհետեւ բազմատարր պետութեան մը կամ հաւաքականութեան մը պարագային, ամէն մէկ հաւաքականութիւն ունի ինքնորոշման իր իրաւունքը. երբ հաւաքականութիւն մը խտրութիւն կը գործադրէ այլ հաւաքականութեան մը նկատմամբ, այդ պարագային վտանգած կ՛ըլլայ այդ հաւաքականութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ ինքնաբերաբար մասամբ մը կը կորսնցնէ իր ինքնորոշման իրաւունքի ամբողջականութիւնը: Ըստ միջազգային օրէնքին, բոլոր հաւաքականութիւնները հաւասար կերպով կը վայելեն ինքնորոշման իրաւունքը, սակայն` առանց իրաւունքը ունենալու այլ հաւաքականութիւններու ինքնորոշման իրաւունքը վտանգելու եւ պարտին անպայման յարգել փոքրամասնութիւններուն ինքնորոշման իրաւունքը:
Կարելի է համառօտ կերպով անդրադառնալ ազրպէյճանական կողմին գործած խտրականութիւններուն` հայ տեղացի բնակիչներուն նկատմամբ, ըլլան անոնք` զրկանք, հալածանք, անմարդկային վերաբերմունք, թալան, սպանութիւն, կոտորած կամ պարզապէս ցեղասպանութիւն:
1988-1992 ազրպէյճանական կողմը թիրախ ընտրած էր յաճախ անզէն եւ ոչ յարձակողական դիրքի վրայ գտնուող հայերը:
Օրինակ` Սումկայիթի ջարդերուն ազրպէյճանական «անկանոն» խումբեր թիրախ կ՛ընտրեն տեղացի անվնաս ու անզէն հայ քաղաքացիներ, եւ վերջիններուս ինչքերը տարբեր տեսակի վնասներ կը կրեն: Միջազգային կարգ մը աղբիւրներ Սումկայիթի ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն կը ներկայացնեն: Աւելի հետաքրքրական բաժինը այն է, որ օրուան ազրպէյճանական իշխանութիւնները որեւէ լուրջ քայլի չդիմեցին` արգիլելու կամ մեղմացնելու ջարդերուն ընթացքը: Վերոյիշեալ իրավիճակը ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ խտրական վերաբերմունք կարելի է նկատել` տեղացի հայերուն նկատմամբ:
Նոյնպէս, Գանձակի ջարդերուն պարագային, ազրպէյճանական կողմը թիրախ ընտրեց տեղացի անվնաս եւ անզէն հայերը: Շնորհիւ խորհրդային զինուորական ներկայութեան, հաւանական ցեղասպանութիւն մը տեղի ունենալու փոխարէն, տեղափոխութիւններու ենթարկուեցան տեղացի հայ բնակիչները` ուղղուելով դէպի Հայաստան: Հոս կարելի է հարց տալ, թէ օրուան ազրպէյճանական իշխանութիւնները ինչո՞ւ անտարբեր կը մնային, երբ յարձակումներու թիրախ դարձած մեծաթիւ տեղացի հայեր կը տեղափոխուէին Հայաստան, եւ ոչ մէկ օժանդակութիւն կը տրամադրէին, ոչ իսկ ջանք կը թափէին այդ հայերը աւելի ապահով միջավայրերու մէջ համախմբելու, մինչեւ որ քաղաքը իր ապահովական վիճակը վերագտնէր: Յիշեալ իրավիճակը ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ հաւանական խտրական վերաբերմունք մը կարելի է նկատել տեղացի հայերուն նկատմամբ:
Պաքուի ջարդերուն, ազրպէյճանցի ազգայնականներ, կամ աւելի ճիշդը` ազգայնամոլներ, յարձակումի թիրախ ընտրեցին Պաքուի հայ բնակիչները եւ անոնց ինչքերը: Ճատրակի համաշխարհային ախոյեան Կերի Գասպարովի վկայութեամբ (2008), ոչ մէկը կը կասեցնէր հայերուն ջարդը. թէեւ քաղաքին մէջ ներքին ապահովութեան ուժերու 11 հազար անդամներ կը գտնուէին, սակայն ոեւէ մէկը միջամուխ ըլլալու մտադիր չէր, այնքան ատեն որ ցեղային մաքրագործումը հասած չէր իր աւարտին: Այլ վկայութիւն մը եւս. ջարդերէն վերապրած էմմա Պաղտասարովա (2017) կը շեշտէ, որ ոստիկանութիւնը անտարբեր կը մնար տեղի ունեցած ցեղապաշտական յանցագործութիւններուն նկատմամբ: Վերոյիշեալ իրավիճակը կ՛ամրապնդէ ազրպէյճանական իշխանութիւններու խտրական վերաբերմունքը` տեղացի հայերուն նկատմամբ:
«Օղակ»-ի գործողութիւնը խորհրդային ներքին ապահովական ուժերու եւ յատուկ բաժանմունքի զօրքերուն կողմէ կատարուած գործողութիւն մըն էր Գետաշէնի եւ Շահումեանի հայաբնակ շրջաններուն մէջ: Այս գործողութեան նպատակն էր վերոյիշեալ շրջանի բնակիչներուն անցագրերը ստուգել` զինաթափելու նպատակով անօրէն կերպով զինուած հայկական խումբերը: Պատահաբար այս զօրքը կը բաղկանար մինչեւ ակռաները զինուած մարդուժէ, զինուորական մարտակառքերէ, հրետանիէ եւ պատերազմական ուղղաթիռներէ: Բայց եւ այնպէս, այդ զօրքին մեծ մասը կը կազմուէր բնիկ ազրպէյճանցիներէ. հակառակ գործողութեան յայտարարուած նպատակներուն, այդ շրջաններուն մէջ բնակող հայերը տեղափոխութեան ենթարկեցին` քշելով զանոնք դէպի Արցախի այլ բնակավայրեր եւ Հայաստան` մարդկային իրաւունքներու ծանր խախտումներ գործելով, տարբեր վնասներ հասցնելով տեղացի հայ բնակիչներուն եւ անոնց ինչքերուն: Ազրպէյճանական իշխանութիւնները ոչ միայն անտարբեր կը մնային ի տես այս իրավիճակին, այլ հաւանաբար նաեւ թաքուն կերպով կ՛օժանդակէին: Վերոյիշեալ իրավիճակը անգամ մը եւս կ՛ամրապնդէ ազրպէյճանական իշխանութիւններու խտրական վերաբերմունքը` տեղացի հայերուն նկատմամբ:
Ստեփանակերտի պաշարման պարագային, հակառակ անցեալի փորձառութեան, այս անգամ ազրպէյճանական պաշտօնական բանակը ուղղակիօրէն թիրախ ընտրեց քաղաքացիական բնակելի շրջաններն ու գիւղերը: Ազրպէյճանական պաշտօնական բանակը անխտիր ռմբակոծեց տեղացի ժողովուրդը, անոր բնակարանները, հիւանդանոցները, գործարանները, դպրոցներն ու այլ ոչ ռազմական թիրախներ` հրետանիով եւ օդային հարուածներով: Ըստ ռուս վարձկան օդաչու Անաթոլի Քրիսթիաքովի (1992), վարձկան օդաչուներէն կը պահանջուէր շատ յաճախ արցունքաբեր ռումբերով ռմբակոծել թիրախները` իրարանցումի եւ խուճապի մատնելու համար տեղացի բնակիչները: Ռումբերու միջոցով մարդոց ու անոնց ինչքերուն վնաս հասցնելը եւ հանրային ահազանգային վիճակ մը ստեղծելը, ըստ ազրպէյճանական քրէական օրէնսգիրքին (criminal law) 214.1 յօդուածին, ահաբեկչութիւն (terrorism) կը նկատուի: Ուրեմն, այս պարագային, ազրպէյճանական իշխանութիւնները ո՛չ միայն խտրական վերաբերմունք ունեցած են տեղացի հայերուն նկատմամբ, այլ նաեւ` ահաբեկչական եւ ցեղասպանական մօտեցումներ:
Նմանապէս, Մարաղայի կոտորածներուն ազրպէյճանական պաշտօնական բանակը իր մասնակցութիւնը բերաւ` անխտիր կոտորելու համար տեղացի հայ բնակչութիւնը եւ փճացնելով անոր ինչքերը, բայց այս անգամ գիւղը գետնին հաւասար ըրաւ երկու անգամ յարձակելէ ետք: Ազրպէյճանական բանակը մուտք գործեց Մարաղա գիւղը` հետեւակազօրքով, հրասայլերով եւ կողոպտիչներով: Հայ զինեալ ուժերը ստիպուեցան նահանջել իրենց դիրքերէն դէպի գիւղը դիտող հեռու դիրքեր: Գիւղին մէջ մնացին միմիայն անզէն տեղացի հայ բնակիչներ: Գիւղը արդէն իսկ ռմբակոծման կ՛ենթարկուէր հրետանիով, ազրպէյճանական բանակային զօրքն ու կողոպտիչները կոտորեցին տեղացի հայ բնակիչներն ու կողոպտեցին անոնց ինչքերը եւ կրակի տուին գիւղը: Վերոյիշեալ իրավիճակը եւս ազդակ մըն է, որ կ՛ամրապնդէ ազրպէյճանական իշխանութիւններու դաժան եւ խտրական վերաբերմունքը` տեղացի հայերուն նկատմամբ, որ նաեւ կարելի է սեպել որպէս ցեղասպանութիւն` ըստ այժմու միջազգային օրէնքի սահմանումներուն:
Ըստ Միացեալ Նահանգերու Գաղթականութեան եւ տեղափոխութեան սպասարկութեան պատրաստած տեղեկագիրի մը (1993), Ազրպէյճանի մէջ տեղացի հայերը կը փորձեն թաքուն ապրիլ եւ իրենց հայկական անունները գաղտնի պահել` ֆիզիքական կամ այլ տեսակի նեղութիւններու առաջքը առնելու համար: Նմանապէս, սոյն տեղեկագիրը կ՛աւելցնէ, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները շարունակաբար կը մերժեն փոքրամասնութիւնները պահպանող քաղաքականութիւններ որդեգրել, եւ թէ` Ազրպէյճանի հայ բնակիչները որեւէ ֆիզիքական անվտանգութեան հաստատ ազդակներ չունին, այնքան ատեն որ արցախեան դատը լուծուած չէ, եւ նոյնիսկ եթէ հարցը լուծուի: Վերոյիշեալ իրավիճակը անգամ մը եւս կ՛ամրապնդէ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն խտրական վերաբերմունքը` տեղացի հայերուն նկատմամբ:
Կարելի է նաեւ յիշել, որ 1998-2006 մտադրուած եւ գործադրուած մշակութային եղեռնը տեղի ունեցաւ Հին Ջուղայի մէջ (Նախիջեւան), որ միջազգայնօրէն ճանցուած է իբրեւ Ազրպէյճանի պետութեան պատկանող հողամաս մը: Ազրպէյճանական իշխանութիւնները կարելի է պատասխանատու նկատել գերեզմանատուներու եւ խաչքարերու քանդումին, տրուած ըլլալով, որ օրինական ազրպէյճանական հողի վրայ տեղի ունեցաւ այս եղեռնը: Այդ իշխանութիւններուն անտարբեր, ժխտողական եւ մերժողական վերաբերմունքը կարելի է բացատրել իբրեւ հակահայկական վերաբերմունք, նաեւ` մշակութային եղեռնի ազդակ կամ մղիչ:
Ըստ Ցեղապաշտութեան եւ անհանդուրժողականութեան դէմ եւրոպական յանձնաժողովի 2011-ի տեղեկագիրին, Ազրպէյճանի մէջ բնակող հայեր օրական խտրականութեան վտանգի կ՛ենթարկուին, նաեւ կարգ մը հայ-ազրպէյճանական խառն ամուսնութիւններէ ծնած անհատներ կը նախընտրեն օգտագործել իրենց ազրպէյճանցի ծնողին մականունը` խուսափելու համար այն խնդիրներէն, որոնք կրնան ծագիլ պետութեան հետ վարչական գործեր կատարելու ընթացքին: Տեղեկագիրը կը յիշէ նաեւ, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները դժուարութիւններու կը մատնեն այն հայերը, որոնք տակաւին խորհրդային անցագրեր ունին եւ դիմում կը ներկայացնեն անձնաթուղթեր ստանալու համար:
Յստակացնելու համար կարելի է ըսել, որ ազրպէյճանական կողմը անխնայ, անխտիր եւ շարունակ խտրականութեան կ՛ենթարկէ իր օրինական իշխանութեան (տէ ժիւրէ) տակ գտնուող տեղացի հայերը, ինչ որ կ՛ամրապնդէ ազգի մը արտաքին ինքնորոշման իրաւունքը, այսինքն` անկախութեան իրաւունքը` ըստ միջազգային օրէնքի:
Կարեւոր է արծարծել այն հարցը, թէ Արցախը ինչո՛ւ մերն է կամ ինչո՛ւ մերը պէտք է ըլլայ, բայց նաեւ կարեւոր է սերտել, թէ ինչո՛ւ մերը պիտի մնայ:
2.- Մերը կը մնայ
Կարելի է խմբել պատճառները երկու մասերու մէջ` Արցախի հետ կապուած պատճառներ եւ Արցախէ դուրս պատճառներ:
Ա.- Արցախի հետ կապուած պատճառներ
Կարելի է քննարկել ժողովուրդին տեսակը, Արցախի իրավիճակը եւ զիջումներուն պարագան:
«Նիւ Եորք Թայմզ»-էն Արցախ այցելող լրագրող մը (1994) կը վկայէ եւ կը գրէ, որ «Ստեփանակերտի մէջ անկարելի է գտնել ֆիզիքապէս կարող մարդ մը, ըլլայ ան Հայաստանէն կամաւոր կերպով եկած կամ ալ տեղացի բնակիչ, որ տարազաւոր չէ, մինչ Ազրպէյճանի պարագային, զինուորագրուելու տարիքի մարդիկ սրճարաններ կը յաճախեն»: Արցախի բնակիչներուն համար Արցախի դատը իրենց էութեան հետ կապուած անբաժան հարց մըն է, մինչ ազրպէյճանական կողմին համար Արցախի հարցը յաւելեալ յարմարութիւն մըն է եւ ոչ թէ` էական հարց մը: Երբ արցախցի տարազաւոր մը կռուի, կենաց մահու կամ ազատութեան կը նետուի, մինչ ազրպէյճանական կողմի զինուորը հրահանգի կ’ենթարկուի` գիտնալով հանդերձ, որ իր հողին համար չի պայքարիր, միակ ուղղակի պատճառ ունենալով նիւթական մուտքը, որ պիտի վայելէ, եթէ ողջ մնայ:
Արցախը այսօր ինքնին պետութիւն մըն է, որ իր քաղաքական, վարչական եւ կենցաղային բոլոր սպասարկութիւններով (public services) կը բաղկանայ այնպիսի տարրերէ որ սահմանադրական կանոնը կը պահանջէ հաւաքականութիւն մը` պետութիւն դասելու համար: Արցախ երբ կ՛ըսենք, հոն ժողովուրդ, հողային տարածք եւ գործօն օրինական իշխանութիւն կայ: Այս երեք տարրերը բաւարար են մէջտեղ բերելու պետութիւն մը` ներքին գետնի վրայ: Ինչ կը վերաբերի հարցին միջազգային երեսին, ճանաչման հարցը քաղաքական երես ունի, քան` օրինական. կարելի է, որ պետութիւն մը պաշտօնապէս չճանցուի, սակայն տնտեսական կապեր կրնայ ունենալ միջազգային գետնի վրայ եւ շարունակէ գործել որպէս անկախ պետութիւն մը: Յիշենք նաեւ, որ ՄԱԿ-ի ոչ անդամ երեք պետութիւններ կան, որոնք կը ճանչնան Արցախը, ինչպէս նաեւ շարք մը նահանգներ եւ քաղաքներ կան, որոնք կը ճանչնան Արցախը:
Ռազմավարականօրէն, որքան ատեն որ երկու կողմերուն միջեւ բախումներու մեծաթիւ շարք մը տեղի կ՛ունենայ այն հողերէն ներս, որոնք նախապէս Արցախի մաս չէին կազմեր, այսինքն` ոչ հայահօծ արցախեան շրջաններէն ներս, խաղաղութեան բանակցութիւններու պարագային, հայկական կողմը վստահաբար զօրաւոր դիրքի վրայ պիտի դասուի:
Բ.- Արցախէն դուրս պատճառներ
Հայ ազգի զօրակցութիւնը ամենակարեւոր ազդակներէն մէկն է, որ ուժ կու տայ Արցախին եւ յարատեւութեան յոյսով կը լեցնէ զայն: Հայ ազգը միշտ զօրավիգ կը կանգնի Արցախին, պատերազմական վիճակին թէ իր բնական խաղաղ առօրեայ սահմանային բախումներուն: Հայ ազգ ըսելով` կը հասկնանք Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Հայաստանի ժողովուրդը եւ սփիւռքը, որոնք եթէ հարկ ըլլայ, իրենց կեանքի գնով ու անխտիր պատրաստ են օժանդակելու: ՀՀ-ը տարբեր առիթներով կ՛օժանդակէ եւ կը հոգայ կարելի եղածին չափ Արցախի անմիջական պէտքերուն, ինչպէս նաեւ` խաղաղութեան բանակցութիւններու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին ծիրէն ներս: Գալով Հայաստանի ժողովուրդին` հաւանաբար ու լռելեան կ՛օժանդակեն Արցախին, բայց երբ ձայն բարձրացնելու հարկը ըլլայ, ճիգ չեն խնայեր. ցոյցեր կը կազմակերպեն, անձամբ Արցախ կ՛երթան օժանդակելու կամ ալ զինուորագրուելու` առանց տարիքի կամ ընկերային դասի խտրութեան: Իսկ սփիւռքը միշտ ալ բացայայտօրէն օժանդակած է Արցախին այլազան միջոցներով, անհատական կամ հաւաքական նախաձեռնութիւններով, ինչպէս` նիւթական, այլազան աշխատանքներով, տարբեր տեսակի մարդուժ տրամադրելով: Վերոյիշեալ պարագաներու օրինակները կարելի է ուսումնասիրել բոլոր ժամանակաշրջաններուն, ինչպէս` 2016-ի քառօրեայ պատերազմին, կամ ալ` ազատագրութեան պայքարներու ընթացքին, եւ նոյնիսկ Խորհրդային Միութեան օրերուն, ինչպէս` 1966-ին, Խորհրդային Հայաստանը պաշտօնապէս կը պահանջէ Խորհրդային Միութենէն, որ Արցախը Հայաստանի միացուի, իսկ 1977-ին Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան եւ Խորհրդային գրողներու միութեան ղեկավար անդամ Սերօ Խանզադեան խիստ նամակ մը կը յղէ Պրեժնեւի ուր կ՛արծարծէ Արցախը Հայաստանին միացնելու խնդիրը:
Կովկասեան ամբողջ շրջանը, բնականաբար, փոփոխական աշխարհաքաղաքական պայմաններէ անցնելէ ետք, հասաւ հոն, ուր որ հիմա է` ազատ, անկախ Հայաստան եւ անկախ Արցախ, ներկայ իրավիճակը մեր կողմին յարմար է, կը մնայ զարգացնել զայն եւ աշխատիլ` Արցախի միջազգային ճանաչման հարցը յառաջ մղել եւ դիւանագիտական կապեր մշակել այլ պետութիւններու հետ, լաւագոյն արդիւնքին հասցնող ռազմավարական ժամկէտներ ընտրելով:
Ինչպէս որ Հայաստանի ներկայ անկախ վիճակը անսպասելի էր Խորհրդային Միութիւնը փուլ չեկած, նոյնպէս ալ աներեւակայելի էր, որ օր պիտի գայ, երբ կարելի պիտի ըլլար Արցախ երթալ, բանակումներ կազմակերպել եւ եռագոյնը բարձրացնել, կամ ալ` պարզապէս հոն բնակութիւն հաստատել: Ազերի կողմին համար պայքարը պարզապէս ընդարձակելումիջոց մըն է, մինչ հայկական կողմին համար կեանքի էական ընթացք մըն է, որ կը բացայայտուի յեղափոխական յարատեւ միջոցներով` ի սպաս ժողովրդավար ինքնորոշման, անկախութեան եւ ազգին: