ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Այսօր, երբ կը նշենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը, մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ այնպիսի դժուար կացութիւն մը, որ կը դիմագրաւէր 100 տարի առաջ: Հայրենիքը քաղաքական-կառավարական առումով անցումային շրջան մը կ՛ապրի, դրացի պետութիւններուն կողմէ առեւտրական գետնի վրայ շրջափակուած է, փոքրամասնութիւն կազմող առանձնաշնորհեալ դասակարգ մը կայ (սակաւապետութիւնը), որ երկրի հարստութիւնները կը դիզէ, հարստահարող դասակարգը ունի պետական լծակներ, որոնց ընդմէջէն կը փորձէ իր դիրքերը պահել` փարելով աթոռին մինչեւ վերջին շունչ, պատեհապաշտ սակաւապետները կը փորձեն յարմարիլ եւ մաս կազմել նոր համակարգին, որպէսզի իրենց առանձնաշնորհումները գոյատեւեն:
Ի՜նչ զուգադիպութիւն, պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք եւ այս անգամ նոր, բայց նոյն ատեն հին դէմքերով, խմբաւորումներով եւ դասակարգով: Անոր համար ալ պէտք է յիշենք ու ըմբռնենք Ա. հանրապետութեան ընկերային եւ տնտեսական արդարութեամբ ամրապնդուած արժէքները, ձեռքբերումներն ու յաջող փորձերը, որոնք կը միտէին դուրս բերել հայրենիքը սովէն,աղքատութիւնէն եւ չարաչար տառապանքներէն: Դիւրին ժամանակաշրջան մը չէին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 2 տարիները(1918-1920), այդտեղ ընկերային-տնտեսական մարզին մէջ կը տիրապետէին հողատէրերը, կալուածատէրերն ու գործատէրերը, որոնք խոչընդոտ կը դառնային հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական անիւի յառաջխաղացքին: Անոնք կը ծծէին աշխատաւորին եւ գիւղացիին արիւնը, վերջիններս գիշեր ու ցերեկ կ՛աշխատէին իրենց օրուան հացը վաստկելու համար: Ա. հանրապետութեան իշխող կուսակցութիւնը (Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը), ներշնչուած ըլլալով ռուսական Փետրուարեան յեղափոխութեան (1917) ընկերային եւ տնտեսական ազատագրութեան գաղափարներէն, իր բոլոր ուժերուն կարելիութեամբ կը փորձէ իրականացնել այդ գաղափարները պետական մակարդակի վրայ: Ջնջելու համար աւատական համակարգը եւ անոր հետ կապուած դասակարգերու առանձնաշնորհումները` ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը (1919) հետեւեալ բանաձեւումով կարեւոր որոշում մը կ՛որդեգրէ. «Ամենավճռական միջոցներով պայքար մղել Հայաստանի բոլոր ժողովուրդների մէջ տիրող դասակարգի դէմ` պուրժուա, բէկ, աղա, կուլակներ»: Այսօր այս որոշումը տակաւին արդիական կը թուի, քանի Հայաստանի մէջ կը տիրէ այնպիսի դրութիւն մը, ուր ընկերային անհաւասարութիւնը եւ դասակարգային անհամաչափութիւնը թափ ստացած են: Հոն դարձեալ կայ իշխող դասակարգ, պուրժուաներու, բէկերու,աղաներու եւ կուլակներու դերը առած են սակաւապետները, իսկ հողատէրերը, կալուածատէրերն ու գործատէրերը ներկայացուած են սակաւապետութեան եւ մենաշնորհի հասկացողութիւններով: Ներկայիս պէտք է պետական մակարդակով հակամենաշնորհային պայքար մղուի` վերացնելու Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր մենաշնորհները, զօրացնելու պետական հսկողութիւնը, բարձր հարկեր ճշդելու մեծ ընկերութիւններուն ու դրամատուներուն նկատմամբ, աշխատավարձերու ու թոշակներու բարձրացում կատարելու եւ աշխատաւորները կազմակերպելու արհեստակցական միութիւններուն մէջ: Ժողովրդային ցոյցերու ընկերային-տնտեսական պահանջները լսելով եւ արդար լուծումներ գտնելով անոնց, օրինակ առնելով Ա. հանրապետութեան ընթացքին աշխատաւոր հանրութեան մատուցուած կարելիութիւններէն, իրականացուցած կ՛ըլլանք Քաջազնունիի, Խատիսեանի, Օհանջանեանի եւ Վրացեանի տեսլականը` արդար հայրենիք մը կերտելու առումով: