ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Պիտի ապրի՛: Զի թէեւ ըլլամ
անշուք քու որդին,
հաւատքի քար մը ե՛ս ալ
կ՛աւելցնեմ իմ կարգին
Քրիստոսահիմ խարիսխին վրայ,
զոր դարբներ են պապերս,
Որ լոյսդ երբեք չթօշնի, սիւներդ
յաւէտ չփշրի,
Մայրենի՛ իմ տուն, հա՛յ եկեղեցի»
Ժագ Ս. Յակոբեան
Հայ ժողովուրդի ճակատագիրը եւ գոյատեւման ուղին այդքան ալ դիւրին եւ հեզասահ չեն ընթացած: Մեր նախահայրերը իրենց գոյապայքարը շարունակելու, ինքնութիւնը պահելու առումով, հայ ազգի սիւներու կառուցումը, ինչպէս` եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, եւ անոնց շուրջ համախմբումը առաջնահերթ եւ հրամայական նկատած են: Սակայն եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնը կը մնայ սոսկ իր քարեղէն պարունակին մէջ, եթէ ան ժողովուրդի կեանքին մէջ չիմաստաւորուի ծառայութեամբ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2008-ի Ազգային ընդհանուր ժողովին ընթացքին հետեւեալ ձեւով կը բնորոշէ եկեղեցին. «Եկեղեցին ինքնզինք կ՛ըլլայ իր հարազատ էութեամբ` իր պատերէն անդին, ժողովուրդի՛ կեանքին մէջ, իր ծառայութեա՛մբ: Ու մեր ժողովուրդը եկեղեցւոյ ծառայական ներկայութեամբ պէտք է դառնայ եկեղեցի: Այլ խօսքով, քարեղէն եկեղեցին պէտք է ծառայէ հոգեղէն եկեղեցւոյ շինութեան»:
Այս մտածումները եւ մէջբերումը լաւագոյնս կը համընկնի քառասուն օրեր առաջ անակնկալ կերպով կեանքէն հեռացած Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի բազմավաստակ անդամ եւ ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէութեան հաւատաւոր ընկեր Վարդան Խանճեանի անձնդիր եւ ծառայական կեանքին:
Ան ծնած է 1944-ին, Պուրճ Համուտ եւ հասակ նետած` Խանճեան հայաշունչ եւ քրիստոնէական ընտանիքի յարկին տակ: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք Ազգային Նուպարեան վարժարանին մէջ, իր ուսումը շարունակած է Մեսրոպեան վարժարանին մէջ ու նետուած կեանքի ասպարէզ` հօրը արհեստագործարանին մէջ իբրեւ խարատագործ:
Ամուսնացած է 1971-ին, էլիզա Սեմերճեանի հետ եւ բախտաւորուած է երեք զաւակներով` 1 մանչ եւ 2 աղջիկ:
Վարդան Խանճեան իր գաղափարական կեանքը իմաստաւորեց անդամակցելով ՀՅԴ-ի շարքերուն 1964-ին: Աւելի քան 50 տարի ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէութեան հաւատաւոր կուսակցական անդամը դարձաւ: Ան «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութեան հիմնադիր վարչութեան մաս կազմած է: Իր համեստ նկարագիրը, բծախնդրութիւնը, ճշդապահութիւնը հասցուցին զինք այլ պաշտօններու. այսպէս, բազմիցս դարձաւ կոմիտէի եւ դատական յանձնախումբի անդամ: Վերջինս կատարեց մինչեւ իր անժամանակ մահը:
Ան իր քրիստոնէական կեանքը զարդարեց ծառայութեամբ: 1991-ին, երբ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամ դարձաւ, ամենայն զոհողութեամբ եւ նուիրումով փարեցաւ նոր եկեղեցւոյ կառուցման հսկայ ու քաջարի աշխատանքին: Մաս կազմեց եկեղեցւոյ կառուցման յանձնախումբին: Ան Թաղական խորհուրդի անդամ, ապա ատենապետ Յովիկ Պիլեմճեանի եւ միւս անդամներուն հետ ձեռք ձեռքի, լաւատեսութեամբ ու դժուարութիւնները յաղթահարելով` երազը դարձուցին իրականութիւն, երբ գործնապէս մասնակցեցան եկեղեցւոյ շինարարութեան աշխատանքին, «քար առ քար» նուիրահաւաքին եւ կառուցումը իր աւարտին հասցուցին 2006 թուականին: Այսօր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին իր ճարտարապետական գեղակերտ կառուցուածքով լիբանանահայ գաղութի պարծանքներէն մին կը հանդիսանայ, իսկ եկեղեցւոյ յուշամատեանին մէջ Վարդան Խանճեանին անունը արձանագրուեցաւ իբրեւ եկեղեցւոյ կառուցման անսակարկ ու նուիրեալ Թաղական խորհուրդի անդամ:
Իրեն համար Թաղական խորհուրդի անդամ դառնալը միայն անուն չէր: Ան կիրակի օրերը մնայուն ներկայութիւն էր եկեղեցւոյ մէջ եւ կը հաւատար, որ քրիստոնեան պէտք է իր ներդրումը ունենայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:
2007-ին Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանը (այժմ` արքեպիսկոպոս) իր օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրին մէջ հետեւեալը կը վկայէ Վարդան Խանճեանի մասին. « Անցնող տարիներուն, ճիգ չխնայեցիք, որ կարելի եղած փութով աւարտի նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարութիւնը: Որպէս անմիջական հետեւողը եւ հսկողը այդ աշխատանքներուն` կը վկայենք, որ հաւաքական աշխատանքի գիտակցութեամբ, ձեռք ձեռքի տուած, ուրախութեամբ աշխատեցաք: Ձեզի հետ կը բաժնենք հոգեկան այն բաւարարութիւնը, որ կը զգաք` ի տես գեղակերտ եկեղեցիին եւ հաւատացեալներու բերկրանքին»:
2016-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ հռչակուած «Ծառայութեան տարուան» առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը գնահատագիր շնորհեց Վարդան Խանճեանին` լուսարձակի տակ առնելով եկեղեցւոյ մէջ իր բազմամեայ ծառայութիւնն ու նուիրեալ վաստակը:
Արդարեւ, Վարդան Խանճեան անդադրում եւ անշահախնդիր կերպով ծառայեց 1991-էն մինչեւ անակնկալ մահը` իր ետին թողելով լուռ ու խօսուն պատգամ մը` ծառայել Աստուծոյ եւ Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ ամբողջ սրտով, հոգիով եւ անշահախնդրութեամբ:
Ան բուռն ընթերցասէր էր: Ամէնօրեայ դրութեամբ ծայրէ ծայր կը կարդար «Ազդակ» օրաթերթը եւ երբեմն ալ` ուրիշ օրաթերթեր: Հայրենիքի անկախութիւնն ու բարգաւաճումը կ՛ոգեւորէին զինք: Վարդան Խանճեան Հայաստան այցելութեամբ յագեցուց իր սէրը` այս ձեւով անկախացած հայրենիքի իր տեսլականը իրականացած տեսնելով:
Իր կազմած ընտանեկան բոյնը բուրեց հայկականութեամբ եւ ազգասիրութեամբ: Որպէս տիպար հայր եւ ամուսին` իր կնոջ` տիկին Էլիզին հետ նուիրուեցաւ զաւակներուն դաստիարակութեան աշխատանքին: Բախտաւորուեցաւ թոռներով, որոնք իրեն մեծ ուրախութիւն պատճառեցին: Սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ իր շրջապատէն` շնորհիւ իր բարեմասնութիւններուն, ինչպէս` լաւատեսութիւն, ծառայութիւն, ճշմարտախօսութիւն, ճշդապահութիւն, գործին հանդէպ հաւատք, եկեղեցասիրութիւն:
Վարդան Խանճեանի անժամանակ կորուստով կը սգան այսօր ոչ միայն իր ընտանիքն ու հարազատները, այլ նաեւ` ՀՅԴ «Ռուբէն» կոմիտէութիւնը եւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը:
Սիրելի՛ պրն. Վարդան, մահուանդ քառասունքին առիթով այս վկայութիւնը թող անուշ խունկ ու մշտական աղօթք դառնայ շիրիմիդ վրայ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ: