ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Շաւարշ Միսաքեան
(1884-1957)
* Եթէ ուրիշ որեւէ արժէք մէկդի դնէինք, միայն կռուած ըլլալու իրողութիւնը բաւական էր, որպէսզի մարդիկ երկիւղածութեամբ խոնարհէին մայիս 28-ի յիշատակին առջեւ:
Եւ ի՜նչ կռիւ… Նոյնիսկ եթէ միայն ինքնապաշտպանութեան համար մղուած ըլլար:
Միայն մեր մէջ է, որ մարդիկ շուտ կը մոռնան անցեալը, կամ բանգիտութիւն կը սեպեն «պատահմունք»-ի, «դէպքերու դասաւորման» վերագրել անվիճելի նուաճումներ եւ փաստեր:
Եւ միայն մեր մէջ է, որ նոյնիսկ թափուած արեան խորհուրդը կը շփոթեն առօրեայ իմաստութեանց հետ:
Ո՞վ կրցաւ նկարագրել այդ օրերը` 1918 մայիս 28-ի սկիզբէն մինչեւ մայիս 28: Ո՞վ պիտի կրնար պատկերացնել այսօր այն ահաւոր հեռանկարը, որ կը սպառնար Արարատեան դաշտն ալ խեղդել արեան գետերու մէջ:
* Կ՛ըսեն «ոմանք ի նոցանէ».
Կ՛արժէ՞այդքան պանծացնել մայիս 28-ը: Պարզապէս` պատահմունք, դէպքերու դասաւորում, որ իրեն հետ բերաւ յուսայատութիւն, աւեր եւ արիւն: Եւ ի՞նչքան կրցաւ տեւել, ոչ իսկ` երեք տարի: Եթէ ռուսն ալ օգնութեան հասած չըլլար…
– Մի՛ փրփրիր եւ լսէ՛, ցամա՛ք հոգի: Սորվէ՛ լսել:
Եթէ առիթը ունեցած ես պատմութիւն թղթատելու, գոնէ` ժամանակակից պատմութիւնը սերտելու, պիտի տեսնես բազմաթիւ նման «պատահմունքներ»: Շա՜տ շատերը այսօրուան ազատ ու անկախ ազգերէն` իրենց փրկութիւնը կը պարտին այդպիսի դասաւորումներու: Աշխարհ մը կը բռնկի, ամբողջ ժողովուրդներ կրակը կ՛իյնան: Ճակատներ կը փայլատակին ու կը խորտակուին, ուրիշներ կը բոցավառին ու կը յաղթանակեն: Դժուար է գիտական ճշդութեամբ նախատեսել ճակատամարտերու ելքը: Շատ բան կախում ունի աշխարհագրական, զինուորական, նիւթական ազդակներէ: Իսկ այդ բոլորին վերեւ` բարոյական կորովն է, որ կը սրէ նայուածքները եւ աւիշ կը հոսեցնէ երակներուն մէջ:
Արմէն Անուշ
(Մարաշլեան, 1907-1958)
* Մայիսեան յաղթանակէն առաջ հայ քաղաքական միտքը դեռ կը դեգերէր բարենորոգումներու եւ այլ անել բաւիղներու մէջ: Սարդարապատի եւ Ղարաքիլիսէի դիւցազնական կռիւները եւ անոնց յաջորդող անկախութիւնը մեր ժողովուրդը եւ անոր քաղաքական մտածողութիւնը դրին նոր դարձակէտի մը առջեւ` միացեալ եւ անկախ Հայաստան: Այս գաղափարաբանութիւնը ծնունդ առաւ մայիսի 28-ով եւ հետզհետէ դարձաւ ազատատենչ եւ մարտնչող հայութեան քաղաքական ուղեգիծը:
* Մայիսը հայ դարաւոր արիւնին եւ յաղթականին տօնն է, Պանք Օթոմանէն մինչեւ Սարդարապատ, Խանասորէն մինչեւ Բաշ Ապարան նահատակուող հերոսներու արիւնին պսակումն է եւ մեր դիւցազնական պատմութեան լուսաւոր հանգրուաններէն մէկը:
* Մայիսը, Իսրայէլ Օրիէն սկսած, մեր բոլոր գաղափարապաշտ գործիչներուն հաւատքին լուսեղէն ցայտն է եւ պայծառ իրականացումը` մեր ժողովուրդի երազներուն:
* Բաշ Ապարա՛ն,
Հայոց հողի լոյս ընդերքէն նուիրական,
Ծիրանափոռ ծովէն ժայթքող կարմիր արեւ,
Դուն մաքրեցիր մեր ճակատին արատը սեւ,
Յետոյ եղար անմահոգին մեր պատմութեան,
Բաշ Ապարա՛ն:
Բաշ Ապարա՛ն,
Կ՛անցնին օրերն ու արեւներն հրանման,
Կ՛անցնին դարերն աղմկայոյզ ու խելագար,
Կ՛անցնին բոլոր բռնակալները վատթար,
Դուն կը մնաս գագաթը մեր նոր պատմութեան,
Բաշ Ապարա՛ն:
* … Մայիսեան յաղթանակը մեր ժողովուրդի քաղաքական գիտակցութեան եւ անոր յատուկ ըմբռնումին եւ լուսաւոր գալիքին տօնն է, հայ քաղաքական մտքին յաղթանակն է ան եւ` ազգային-քաղաքական ծրագրի մը սկիզբը:
* Մայիսեան տօնը` ուրեմն, մեր անկախութեան սկիզբն է, փառաշուք յաղթանակի մը տարեդարձը եւ նոր յաղթանակներու տանող լուսաշող ճամբան:
Գաբրիէլ Լազեան
(1893-1959)
* Կրկնե՛նք: Հայ մը կրնայ իրեն վերապահուած որեւէ պատճառով չհետաքրքրուիլ մայիսի 28-ի ազգային տօնակատարութեամբ: Բայց ինչո՞ւ դէմ պիտի ըլլայ, երբ իր ազգակիցները կ՛ուզեն տօնել, փառաբանել յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք արիաբար մարտնջեցան Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի, Սարդարապատի մէջ եւ թոյլ չտուին, որ ապրիլ 24-ը կրկնուի Արարատեան դաշտին վրայ:
* Եւ առանց այդ նկատառումներուն` համոզուած ենք, որ իր երակներուն մէջ հայու արիւն կրող ամէն հայ, ինչ յարանուանութեան կամ քաղաքական հոսանքի ալ պատկանի, ամէն տարի մայիսի 28-ին խոր յարգանքով ու յուզումով կ՛ոգեկոչէ յիշատակը բոլոր նահատակներուն, որոնք ռազմադաշտերու վրայ ինկան` ի փառս յաւիտենական Հայաստանին:
Յարութիւն Չագրեան
(1900-1961)
* Ինքնամփոփման այս շրջանին մէջ, թէեւ` տարագիր, մենք խոր հաւատքով կ՛ողջունենք մայիսի 28-ը` անոր ամէն մէկ տօնակատարութիւնը համարելով ամրապնդում եւ ուժերու խտացում:
Ոչ մէկ ընկրկում` այն ճամբուն վրայ, որ կը կոչուի միացեալ եւ անկախ Հայաստան:
Մայիսի 28-ով բացուեցաւ այդ ճամբան, կռիւով եւ արիւնով:
Ճամբուն կէսը կտրած ենք արդէն, եւ անյաղթելի չէ մնացեալ կէսը, եթէ միայն ուղիղ նայինք նշանակէտին եւ ամուր քալենք ազգովին ու համերաշխաբար:
* Անոնք, որոնք տեղի անտեղի գոհունակութիւն կը մատուցեն այսօրուան մանրանկար Հայաստանին ու կը հաւատան անոր ապագային, այդքանն իսկ ցնորք կը համարէին երէկ:
Մենք վստահ ենք, որ ուշ կամ կանուխ անոնք նոյնքան ջերմեռանդութեամբ պիտի հաւատան մայիսի 28-ին, պիտի համախմբուին անոր շուրջը:
Գուրգէն Մխիթարեան
(1890-1962)
* Ի՜նչ ողորմելի պիտի ըլլայինք մենք, եթէ 1915-ին համատարած կոտորածներուն եւ աքսորին, Ուրֆայէն Գարահիսար ու Վանէն Սուէտիա` չվառէին դիւցազնական հրդեհները, որոնք անվարան բռնկումներն էին Դաշնակցութեան անթեղած պայքարի կայծերուն: Առանց այդ հերոսամարտերուն` մենք այսօր պիտի մնայինք գլխիկոր ու կորաքամակ, երկչոտ եւ ամօթխած: Դարձեալ Դաշնակցութիւնն էր, որ ստեղծեց այսօրուան Հայաստանը, կազմակերպեց պետականութիւն, ստեղծեց բանակ, հիմնեց համալսարան եւ մեր երկրին տուաւ զուտ մերազն բնակչութիւն:
Յովակիմ Մելիքեան
(1885-1964)
* Մայիս 19-ի առաւօտեան նահանջեցինք Սարդարապատ: Արաքս կայարանից մեր առջեւ բացուեց մի հրաշաքեղ տեսարան: Ձախ կողմում կանգնած էր Արագած սարը, որ կարծես ծաղրել էր ուզում մեր նահանջը: Իսկ աջ կողմում կանգնած էր սպիտակափառ, վեհապանծ Մասիսը: Այդ երկու սարերը, կարծէք, ծաղրում էին մեզ` իրենց հարազատ զաւակների փութկոտ նահանջը…
Մայիս 22-ին սկսուեց շատ ուժեղ կռիւ…
Մինչեւ մեր գնդի գործողութիւնները անցնելը` ձախ թեւից հայ պարտիզանական գնդի հեծելազօրը խփեց թուրքերին… որոնք գլխակորոյս լքում էին դիրքերը եւ փախչում: Այս գործողութիւնը որոշեց պատերազմի բախտը:
Եդուարդ Պոյաճեան
(1915-1966)
* Ընկերային բոլոր խաւերուն մէջ ապրող հայերուն գաղափարական ու թռիչք տալու համար բաւարա՛ր է Մայիս 28-ի լուսեղէն հրաշքը, պէտք է բոլորը ցնցուին , տօնական այս գերագոյն օրուան մէջ:
* Կա՛նք:
Պիտի մնա՛նք:
Վճռած ենք ատիկա:
Մեր վերջին խօսքն է, որ ահա առաջ կ՛ըսենք:
Ապրելու մեր հաւատամքին իբրեւ խարիսխ` ունինք մեր պատմութիւնը, սկիզբէն մինչեւ այսօր:
Սեւ փոթորիկը չկրցաւ բնաջինջ ընել մեզ:
Քանի մը տարի ետք, հեղեղային շքեղութեամբ մայիսին, աշխարհ տեսաւ, թէ կորսուած հայը ստեղծած է իր անկախութիւնը: Կը քալէ բարձրագլուխ ու պայծառ դրօշով, յաղթական եռագոյնով:
* Հայ պետական ազատ կեանքի յարութեան օրն է մայիս 28-ը, մեր անկախութեան ադամանդեայ խորհուրդն է ասկէ վերջ, մեր ազգային գոյութեան մայր ուղեգիծը:
* Ամէն տարի, մայիս 28-ի առտուն, հայոց նոր գրականութիւնը պէտք է իր ցնծութեան խորունկ մէկ պահը ապրի. պէտք է մեր գրողներուն հոգին առատանայ, ծովանայ, շողարձակէ ինքզինք այդ որ մինչեւ իրիկուն ու մինչեւ ուշ գիշեր, Մեծ թուականին համար մեծ արարքներ ու մեծագոյն ուխտեր հարկաւոր են. հարկաւոր են խոշոր լռութիւններ ու հաւատքի աւելի եւս խոշոր ձայներ, երաժշտութիւններ, ներշնչո՛ւմ:
* Եղերական միլիոնի մը թուականը` անդրադարձած հայութեան մէջ նախ որպէս յաւիտենական սուգ եւ բարկութիւն, եղած է տակաւ ու կը շարունակէ ըլլալ որպէս ազատ ազգ ապրելու կատաղի կամք մը, մայիս 28-ով հսկայական այդ կամքը մեր էութեան խարիսխն է ալ, իւրաքանչիւր հայ անհատի երկրորդ բնութիւնը, առաջին բնութենէն աւելի գերազա՛նց բնութիւն մը:
Համաստեղ
(Համբարձում Կէլէնեան, 1895-1966)
* «ՏՈՒԱ ըրէք եզայ լէն ճակտին եւ մշակին», կ՛ըսէ հայ գիւղացին: Այն եզն ու մշակը հայ ժողովուրդն է` արիւնով գծուած Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս: Այնտեղ է, որ սերմնացանը բուռը կը լեցնէ ցորենի սերմերը նետելու: Մեծ համբերութիւնով եւ զոհողութիւնով աշխատանք տարուած է արդէն քարերը մաքրելու: Մենք կը հաւատանք հողի բարութիւններով մեր ժողովուրդի խաղաղ ու համբերատար աշխատանքին: Ան արտը պիտի դարձնէ բերրի ու բարգաւաճ:
Եդուարդ Տարօնեան
(1896-1967)
* Մայիսի 28-ը պատմական ճշմարտութիւն մըն է, զոր կարելի չէ ուրանալ: Ասի որոշում մը չէ, որ կարենանք հաճոյակատարութեամբ ետ առնել, այլ` իրողութիւն մը, զոր ժամանակը իր ծալքերուն մէջ տարաւ, եւ որմէ այլեւս անհնար է որեւէ բան խլել: Անցեալը փոփոխութեան ենթարկել, պատմութեան էջերը սրբագրել` մեր ուժերէն վեր է:
* Մայիսի 28-ը մերն է. հայ ռազմիկի արիւնին մէջ ծլած ծաղիկ մը, հայ տղամարդու բազուկով կերտուած կոթող մը:
Արսէն Երկաթ
(1893-1969)
* Չարութեան եւ ժխտումի զօրութիւնները փորձեցին պարտադրել մեզի,
Որ հետզհետէ տժգունած յիշատակի մը վերածէինք քեզ:
Թանձրածալ սեւ վարագոյր մը իջեցուցին
Վեհասքանչ տեսիլքիդ վրայ.
Խժալուր աղաղակներով խափանեցին
Լուսադաշնակ համանուագը հերոսաշունչ քայլերգիդ,
Որ կը կոչուի Սարդարապատ:
* …Ամէն անգամ, երբ կը ղօղանջեն յարութեան զանգակներն աւետաբեր,
Երբ գերեզմանէ գերեզման կը փոթորկի կանչ մը կարօտաձայն,
Ինչպէս մինչեւ հեռատարած հորիզոնը թաւալող կոհակները ծովուն,
Ձայն մը մոլեգնասաստ, յաւերժութեան ձիւնասպիտակ բեւեռներէն հասնող.
«Սարդարապա՜տ, ամրոց անանցանելի»:
Սիմոն Վրացեան
(Գրուզինեան, 1882-1969)
* Ի՞նչ պատահեցաւ 1918 մայիս 28-ին: Հայ ժողովուրդը ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնելով, անպատում տառապանքներ կրելով, մեծ զոհեր տալով` ծնունդ տուաւ Հայաստանի անկախութեան: Շատեր ըսին` վաղաժամ ծնունդ: Հայ ժողովուրդը մնացած էր մինակ, կտրուած` հարեւաններէն, Ռուսաստանէն: Երես առ երես իր մահացու թշնամի թուրքին հետ մահու եւ կենաց կռիւ էր: Վճռական ժամ էր: Կա՛մ հայ ժողովուրդին վերջին մասն ալ դատապարտուած էր մեռնելու, կորսուելու, կա՛մ ժողովուրդը պիտի կարողանար պաշտպանել ինքզինք: Եւ հայ ժողովուրդը` առանց դասակարգի, դաւանանքի եւ գաղափարի խտրութեան, միահամուռ ծառացաւ: Թշնամին ստիպուած եղաւ Հայաստանը ճանչնալ իբրեւ անկախ պետութիւն: 11 հազար քառ. քմ Հայաստանը հետզհետէ ընդարձակուեցաւ, տարածուեցաւ. հողամասեր, որոնք գրաւուած էին, անցան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ այլ վաղաժամօրէն ստեղծուած Հայաստանը միջազգային ճանաչում ունեցաւ, մասնակցեցաւ խաղաղութեան ժողովին` ստորագրելով Սեւրի դաշնագիրը: Այդպիսով գոյացաւ Հայաստանի միացեալ եւ անկախ հանրապետութիւնը, որուն սահմանները գծուեցան նախագահ Ուիլսընի կողմէ:
* 1918թ. մայիսին քաղաքական դէպքերի բերումով եւ հայ ժողովրդի առնական բազուկով ստեղծուեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Երկու եւ կէս տարուայ ընթացքին անձեւ քաոսի եւ աւերածութեան միջից ծնուած մանուկ պետութիւնը հասակ նետեց, կազմակերպուեց, ամրացաւ, քաղաքական կերպարանք ստացաւ, ճանաչուեց արտաքին ուժերի կողմից, ուրիշ մեծ ու փոքր պետութիւնների հետ միասին ստորագրելով Սեւրի դաշնագիրը` հասաւ Հայկական հարցի տրամաբանական լուծման եւ հաւասարէ հաւասար մտաւ ազգերի միջազգային համակեցութեան մէջ:
* Այսպիսով, Հայաստանի անկախութեան յայտարարութեան օրը իսկապէս պէտք էր համարուէր մայիս 30-ը: Հակառակ դրան` համարւում է մայիս 28-ը, այսինքն` այն օրը, երբ Ազգ. Խորհուրդը վճռեց հաշտութեան պատուիրակութիւն ուղարկել Պաթում: Անուղղակի կերպով այս օրն էլ կարող է համարուել անկախութեան սկզբնաւորութիւն, որովհետեւ թուրքերը հաշտութեան բանակցութիւններ վարելու համար նախապայման էին դրել անկախութեան յայտարարութիւնը: Ընդունելով թիւրքերի պայմանը` Ազգ. խորհուրդը դրանով իսկ հաստատած էր լինում անկախութեան փաստը:
Այսպէս թէ այնպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան ծագման օրը ընդունուեց Մայիս 28-ը: Այդ օրը դարձաւ նուիրական` հայ ժողովրդի համար եւ մտաւ ազգային տօնացոյցի մէջ` իբրեւ սրբազան օրերից մէկը:
* 1918-ին ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ հիմնովին փոխեց հայ ժողովուրդի քաղաքական մտածելակերպը:
Հայաստանը իբրեւ միջազգային, քաղաքական եւ իրաւական միաւոր` կը ներկայացնէր մեր ամբողջ ժողովուրդի բաղձանքը. անկախ ըլլալ:
* Պէտք չէ մոռնալ, թէ ի՛նչ ժամանակաշրջան էր 1920 թուականի ամառը: Հայաստան արդէն կազմակերպուած եւ միջազգային ճանաչում ստացած պետութիւն էր: Օգոստոս 10-ին, Սեւրում, մեծ պետութիւնների շարքին, Հայաստանի պատուիրակն էլ ստորագրեց Խաղաղութեան դաշնագիրը Թուրքիայի հետ, որով Հայաստանի Հանրապետութիւնը ամբողջացած` դառնում էր անկախ ազգերի համակեցութեան իրաւատէր անդամ: Թւում էր, թէ հայ ժողովրդի դարաւոր իղձերը իրականանում էին:
* Վարչաձեւերը ժամանակաւոր երեւոյթներ են: Ժամանակաւոր են եւ վարիչները: Յաւերժական են ազգերն ու հայրենիքները, հայրենի հողի վրայ նստած ժողովուրդները: Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխելով` կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը:
Ժամանակները յղի են դէպքերով: Պատմութիւնը վերջացած չէ: Մենք հաւատում ենք, որ Հայաստանը նորից կը լինի ազատ եւ անկախ, աւելի լայն ազգային սահմաններով: Ընդունակ` տեղ տալու իր ծոցում ի սփիւռս աշխարհի հողմացրիւ եղած զաւակներին:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակում է ապրել հայ ժողովուրդի սրտում, որպէս մշտավառ յուշ` անցեալի եւ իբրեւ կենդանի յոյս` ապագայի:
* … Ընդ հուր եւ ընդ սուր անցնելով` Հայաստանը կոչուեց անկախ կեանքի: Ցնծութեան աղաղակներով ու ծափերով չընդունուեց հանրապետութեան ծնունդը: Ընդհակառակը, շատերի համար նա նկատւում էր անժամանակ ծնունդ: Հիւանդ երեխայ աշխարհ բերած մօր պէս, հայ ժողովուրդը գլուխ էր ծեծում սգաւոր` շշնջալով. «Դու իմ եւ ուրախութիւնն ես, դու` դժբախտութիւնը իմ…»: Այո՛, արցունքի ու տառապանքի ծովից ծնուեց Հայաստանի անկախութիւնը: Ոմանք չէին հաւատում նրան, անկախութիւն ու հանրապետութիւն բառերը դնում էին չակերտի մէջ: Եւ այդպէս վարուելու հիմքերը շատ էին զօրաւոր. իրօք որ, զարհուրելի էին պայմանները, եւ անկախութիւնը այդ պայմաններում թուում էր հեգնանք…
* Վերջապէս ներքին ազգային կեանքի մէջ մայիս 28-ը հիմնովին յեղաշրջեց հայ անհատի հոգեբանութիւնը. հպատակ էր ան` դարձաւ քաղաքացի, թափառական էր` հայրենիք ու պետութիւն ունեցաւ: Տեսաւ ազգային դրօշակ, հայկական անցագիր, դրամ, նամակադրոշմ: Հայկական խորհրդարան, կառավարութիւն, բանակ ու ոստիկանութիւն, դեսպան ու հիւպատոս: Հայ պետութեան ներկայացուցիչներ տեսաւ միջազգային ժողովներու մէջ: Այս փաստերէն չէր կրնար չազդուիլ ու հոգեպէս չվերածնիլ հայ մարդը: Փաստերը թէեւ ջնջուած են, բայց հոգեբանութիւնը չի կրնար ջնջուիլ բռնակալ ձեռքերով: Այսօրուան հայը հակառակ բոլոր դառն ապրումներուն` այն չէ, ինչ որ էր մայիս 28-էն առաջ:
* … Իսկ գործ շատ կար: Վերից վար պէտք էր կառուցել պետական մեքենան: Երկիրը կատարեալ քաոսի եւ անիշխանութեան մէջ էր, պէտք էր կարգ ու օրէնք հաստատել: Գաղթականութիւնը սնունդ ու բնակարան էր պահանջում, պէտք էր տալ: Պէտք էր կարգադրել պարենաւորման ու դրամական հարցերը: Սահմանների վրայ ընդհարումներ էին տեղի ունենում, մահմետական խռովութիւնները երկրում չէին վերացած իսպառ, պէտք էր հաշտութիւնը գործնականացնել արտաքին ու ներքին թշնամու հետ: ՄԻ ԽՕՍՔՈՎ, ՊէՏՔ ԷՐ ՈՉՆՉԻՑ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՍՏԵՂԾԵԼ…
* Մայիս 28-ին փարած հայու պահանջը բացառիկ շնորհ մը չէ: Ան կը ձգտի ունենալ այն, ինչ որ ունին ուրիշ ժողովուրդներ նոյն չափով եւ միեւնոյն սահմանումով: Անկախ եւ ազատ` այնպէս, ինչպէս անկախ եւ ազատ են ուրիշ ազգեր: Այս են մայիս 28-ի իմաստն ու խորհուրդը եւ հայ ժողովուրդին հաւատումն ու ձգտումը: Եւ «Յայսմ հաւատոց զմեզ ոչ ոք կարէ խախտել, ո՛չ հրեշտակք եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուր, ո՛չ հուր, ո՛չ ջուր, ո՛չ ամենայն զինչ եւ են դառն հարուածք» (Եղիշէ):
Այո՛, ոչ ոք կարէ խախտել:
* Պատմական իրողութիւն է, որ® Խորհրդային Հայաստանը շարունակութիւնն է Հայաստանի Հանրապետութեան: Եթէ տեղի չունենային այն մաքառումները, որոնք յանգեցրին հայկական անկախ պետութեան ստեղծման 1918թ. մայիսի 28-ին, եթէ գոյութիւն չունենար Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ազգային կազմով ու նկարագրով, այսօր գոյութիւն չէր ունենայ եւ Խորհրդային Հայաստանը ազգային կազմով ու դիմագծով:
Հայաստանի խորհրդային վարչաձեւը շատ ճիգ թափեց, որպէսզի ազատագրուի հայ ժողովրդի քաղաքական ժառանգութիւնից. մերժեց ընդունել «ամենայն հայոց կառավարութեան» դերը, հրաժարուեց Հայկական Հարցի հետապնդումից, ուրացաւ հայկական սփիւռքի գոյութիւնը: Ի զուր: Ժամանակը պարտադրեց նրան ճանաչել ե՛ւ Հայկական հարցը, ե՛ւ հայկական սփիւռքը, եւ անբնական չի լինի, եթէ վաղը իր վրայ առնէ եւ «ամենայն հայոց կառավարութեան» պատմուճանն էլ:
Ժամանակը ունի եւ իր խորհուրդը: Հայաստանի Հանրապետութեան սերունդը եւ իր յաջորդները այդ օրուան են սպասում եւ պայքարում են այդ օրուայ համար:
Վարչաձեւերը ժամանակաւոր երեւոյթ են:
Ժամանակաւոր են վարիչները:
Յաւերժական են ազգերն ու հայրենիքները, հայրենի հողի վրայ նստած ժողովուրդները:
Յաւերժական է ազատատենչ հայ ժողովուրդը, որ մահուամբ մահը կոխկռտելով` կերտեց հայրենիքի անկախութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակում է ապրել հայ ժողովրդի սրտում որպէս մշտավառ յուշ` անցեալի եւ իբրեւ կենդանի յոյս` ապագայի:
(Շար. 5)