ԷԼՕ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Թէեւ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի կառուցումն ու իրագործումը կը կատարուէր բացառապէս Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ջանքերով, այնուամենայնիւ, իր ստեղծման առաջին օրէն, համարեա յիսնամեակ մը, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի յաջորդական վարչութիւնները հաւատարիմ մնալով բացման օրուան իրենց յայտարարութեան` զայն տրամադրած են ամբողջ լիբանանահայութեան անխտի՛ր:
Ինչո՞ւ այս հաստատումը.
1980-ական թուականներուն թատերասրահը կ՛ապրէր իր «ոսկեդար»-ը, թատերական ներկայացումները մէկը միւսին կը յաջորդէին օրացուցային ճշգրտութեամբ: Անոնք կը բեմադրուէին լեփլեցուն սրահներու մէջ. հանդիսատեսներէն շատեր մուտքի տոմս գտնելու դժուարութիւն կ՛ունենային, յաճախ շաբաթամէջի օրերուն եւս ներկայացումներ տեղի կ՛ունենային: Որպէսզի ոչ ոք դուրս մնար, սրահի վարչութիւնը կ՛որդեգրէր մուտքի տոմսերը թուագրելու եւ կնքելու որոշումը. այն հանդիսատեսը, որ իր ձեռքին թատերասրահի կնիքով տոմս չէր ապահոված, ինքնաբերաբար դուրս կը մնար այդ օրուան ելոյթէն: Հրապարակի վրայ էին յոյլ մը կայացած կամ երիտասարդ թատերախումբեր. թուելու համար յիշենք մէկ քանին միայն. Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, «Թատրոն 67»-ը, «Փորձառական թատրոն»-ը, «Հայկական շրջուն թատերախումբ»-ը, «Երիտասարդական թատրոն», ինչպէս նաեւ` զանազան մշակութային միութիւններու կամ անհատ բեմադրիչներու այլ թատերախումբեր:
Խանդավառուած այս մշակութային եռուզեռէն` վարչութիւնը կը ձեռնարկէր սրահի բարեզարդման աշխատանքներու, առաջին յարկի նախամուտքի տարածքը բարեզարդելով հայ թատրոնի կարկառուն դէմքերու լուսանկարներով եւ բուն սրահի մուտքի աջ եւ ձախ կողմերը նոյնպէս բարեզարդելով մին եռագոյն դրօշով, միւսը` լիբանանեան: Այս երեւոյթը արդէն աւանդութեան վերածուած էր եւ յաջորդական տարիներու ընթացքին դրօշակներու տեղադրումը անբաժան մէկ մասնիկն էր սրահի ամբողջութեան: Ոչ ոք դժգոհ էր եւ ոչ ոք առարկութիւն ունէր: Ընդհակառակը, իր հայաբոյր մթնոլորտով, ուր տեղի կ՛ունենային զանազան միջդպրոցական մրցումներ, ու յաճախ կը ներկայացուէին մանկապատանեկան թատրոններ, հայ աշակերտներուն համար փոքրիկ հայրենիքի մը տպաւորութիւնը կը թողուր այս շքամուտքը` լիբանանեան դրօշակի կողքին իր եռագոյն դրօշով:
1980-ական թուականներն էին: Հայաստան տակաւին կը գտնուէր խորհրդային վարչակարգի տակ: Թատերասրահին վարչութիւնը Ժորժ Սարգիսեանի (մինչեւ անոր մահը) գլխաւորութեամբ, հեզասահօրէն իր ժողովները կը գումարէր չորեքշաբթի օրերը` տնօրինելով ընթացիկ աշխատանքները, եւ կարեւոր որոշումներ տալէ առաջ կը դիմէր Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցչին, որ կապն էր եւ ի հարկին` իր պատասխանատուութեամբ որոշում կայացնողը: Ներկայացումները ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենային շաբաթավերջի օրերուն, ներառեալ` կալայի երեկոյթները: Սրահի վարչութենէն կարգ մը անձեր (մանաւանդ` քարտուղարութիւնը) կամաւոր ներկայ կը գտնուէին շաբաթավերջի խճողուած օրերուն` վարչութեան գրասենեակը բաց պահելով հետեւելու եւ հարկն ու պատշաճը տնօրինելու պատրաստակամութեամբ: Բայց ահա, օրերէն օր մը, չես գիտեր` ինչու, չես գիտեր` ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ բանէ դրդուելով, ոմանք կը փորձէին այս լուսաւոր մթնոլորտը մթագնել: Տուեալ շաբաթավերջի կիրակիի կալայի գիշերուան ելոյթին համար սրահը վարձակալած թատերախումբի բեմադրիչն ու վարչութիւնը անբացատրելի կերպով պայման կը դնեն սրահի վարչութեան, որ միայն այդ ելոյթի նախօրէին եռագոյն դրօշակը վերցուի սրահի մուտքէն: Միւս ելոյթներուն, որոնք քանի մը շաբթուան վրայ պիտի երկարէին, ոչ մէկ զգայնութիւն գոյութիւն ունէր. այլ խօսքով, կարելի՛ էր (ըստ այդ թատերախումբի ցանկութեան) պահել եռագոյնը իր տեղը: Արդ, մէկ բան պարզ էր, որ տուեալ թատերախումբը սրահը վարձելու նախօրէին քաջ տեղեակ էր, որ եռագոյն դրօշակը կը հանգչէր սրահի աջին: Ի՞նչ փոխուած էր, արդեօք ի՞նչ անպատեհութիւն կամ ի՞նչ արգելք կար, որ միմիա՛յն այդ երեկոյթին դրօշակը պէտք էր հեռացուէր հոնկէ: Ո՜վ պիտի համարձակէր նման երկչոտ ստորնացուցիչ քայլ մը առնելու: Նոյնիսկ քննարկման առարկայ պէտք չէր ըլլար այդ թեման. ի՞նչ հարկ կար դրօշակը մէկ օրով միայն պահելու: Դժբախտաբար այնպիսի մթնոլորտ ստեղծուած էր, որ կարծես թէ «վտանգուած» էր եռագոյն դրօշակի պահպանումը: Ոմանց համար պարզ տեքորի փոփոխութիւն մըն էր դրօշակի վերացումը… Հասած էին կիրակի ցերեկոյթի ժամերը եւ անհասկացողութեան թէ անհանդուրժողութեան մթնոլորտը առկախ կը մնար: Նախ` շատ վիրաւորական էր նման առաջարկ-պարտադրանքի մը դրսեւորումը վարչութեան համար` իբրեւ ոչ քննարկելի խնդիր, առաւել եւս նման հարցի մը պատասխան ստանալու համար հարցադրողը պէտք էր սպասէր առնուազն մէկ շաբաթ` պաշտօնական պատասխան մը ստանալու համար. այլապէս ամէն ինչ կար ու կը մնար այնպէս ինչպէս որ էր ի սկզբանէ: Այստեղ փակագիծ մը բանալով` ըսենք, որ Լիբանան կ’ապրէր համեմատական խաղաղութեան դիւրաբեկ շրջան մը, եւ որեւէ արտաքին ազդակ կրնար խանգարել կարծեցեալ կայունութիւնը: Հայկական իմաստով, Պուրճ Համուտի թաղերը կը հսկուէին մեր տղոց կողմէ, այնուամենայնիւ ներկայացումները կը խաղցուէին հանդիսատեսներով լեցուն սրահներու մէջ:
Անկախութեան դրօշ, վտանգուած էր քու գոյութիւնդ քու իսկ հարազատ Ժողովրդային տանդ սրահին մէջ: Սրահի գործադիր տնօրէնը` իբրեւ աւելի քան յիսուն տարուան երդուեալ կուսակցական, բազմիցս հերթապահ ընտրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն մըն էր: Մեծ էր անոր ընդվզումը եւ անդրդուելի` դրօշակը պահպանելու իր որոշումին մէջ: Լուրեր տարածուած էին, որ ներկայացման բացման նախօրէին ամէն գնով, թէկուզ սրահի պաշտօնեաներու ձեռքով դաւադրաբար ի հեճուկս վարչութեան կամքին պիտի վերցուէր դրօշակը սրահի մուտքէն, որպէսզի պաշտօնական հիւրերը անոր ներքոյ խոնարհելով` մուտք չգործէին ներկայացման: Ի՜նչ պիտի ըլլար իմ կեցուածքը` իբրեւ այդ պահուն հոն գտնուող քարտուղարուհիիս: Գործադիր տնօրէնը մօտենալով ինծի` հայրաբար յուզուած ու ինքնավստահ առոգանութեամբ ըսաւ, որ` «Մեր կուսակցականի ազգային պարտականութիւնն է պաշտպանել ազատ, անկախ Հայաստանի դրօշակի վարկը»:
Պաշտօնական հիւրերը, անտեղեակ ամէն ինչէ սովորականէն կանուխ ժամանած էին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ, եւ ինչպէս որ կարգն է, նախ այցելեցին վարչութեան գրասենեակ, հիւրընկալուեցան ջերմութեամբ եւ բարձրացան վեր` առանց դոյզն վերապահութեան: Անոնք Խորհրդային Հայաստանի Սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէի անդամներն էին` մինչ այդ անոնք տարբեր առիթներով եւս այցելած էին առանց որեւէ զգայնութիւն դրսեւորելու եւ արտայայտելու եռագոյնին հանդէպ:
Այսպիսով, մենք համոզուած էինք, որ ամէն ինչ ճիշդ ընթացած էր:
Բայց.
Բայց յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին երէց ընկերս ու ես մեր կուսակցական կեանքի առաջին գրաւոր նկատողութիւնը կը ստանայինք օրուան Կեդրոնական կոմիտէէն` անհնազանդութեան համար: Պարզ էր, որ դաւադրութեան մը զոհն էինք: Կ.Կ.-ը ապատեղեկատուութեան հիման վրայ պատիժ սահմանած էր: Երբ բացատրութիւն պահանջեցինք, թէեւ գնահատուեցաւ մեր արարքը բերանացի, բայց փաստը կը մնար փաստ: Ըստ օրինի, մենք պարտաւոր էինք նախ գերադաս մարմինին կարծիքը առնելու եւ ապա միայն գործելու. սակայն ԿԿ-ի ժողովը տեղի պիտի ունենար ներկայացումէն ետք միայն, եւ մենք առիթը չունէինք զիրենք տեղեկացնելու: Յանձն առինք (ի հարկին) պատժուելու հնարաւորութիւնը` փրկելու համար եռագոյնին պատիւը: Իբր թէ թատերախումբի վարչութիւնը դիմած ըլլար ԿԿ-ի պատասխանատու ընկերոջ եւ անոր համաձայնութիւնը ապահոված` դրօշակը վերցնելու իրաւունքին. մեզի ոչինչ փոխանցուած էր բնականաբար:
Խորհուրդ տրուեցաւ բողոքի նամակ գրել եւ բացատրութիւն ու պատիժի բեկանում հայցել: Դէպքերը գահավէժ ընթացք առին: Մէկ կողմէ, մեր վիրաւորանքն ու ընդվզումը եռագոյն դրօշի պաշտպանութեան ի խնդիր, միւս կողմէ` մութ ձեռքերու կողմէ դաւադրաբար դաշնակցական ղեկավար ընկերոջ մը վերահաս սպանութիւնը զգաստութեան հրաւէր էր մեր ներքին հարցերը շրջանցելու: Յառաջիկայ շաբթուան այն օրը, երբ մեր բողոքի նամակը կը հասնէր ԿԿ-ի նիստին, մենք իբրեւ նոյն ընտանիքի անդամները, մեծով ու փոքրով կը բոլորուէինք Դաշնակցութեան պանթէոնի շուրջ` հողին յանձնելու Դաշնակցութեան մեծ կորուստը: Այլեւս մենք իրաւունք չունէինք ո’չ մէկ պահանջ ներկայացնելու: Պահը այդ կը թելադրէր: Յետս կը կոչէինք մեր նամակը: Այստեղ համայնական լինելութեան խնդիր կար:
Եռագոյն դրօշ, սիմվոլը` մեր ինքնութեան: Այսօր բոլոր ազգերու դրօշներուն նման, բոլոր ազգերու դրօշներուն կողքին, դո՛ւն կը ծածանիս աշխարհով մէկ իբրե’ւ անձնագիր հայու գոյութեան, իբրե’ւ անցագիր հայու գոյատեւման:
Այժմ, յետադարձ ակնարկով մը, երբ կը վերյիշեմ ու կը փորձեմ գնահատել մեր արարքը, ես ոչ միայն զղջումի զգացումով չեմ պարուրուիր, այլ նաեւ հպարտ եւ ինքնասիրութիւնս շոյուած կը զգամ եռագոյն դրօշը պաշտպանելու ի խնդիր իմ ստացած պատիժի հաշուոյն: