ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Քառասուն օրեր առաջ, դժուար ու երբեմն տառապալից կեանքի մը ճանապարհորդութենէն ետք, մահացաւ Այնճարի երիցուհի եւ վաստակաշատ կրթական մշակ Արփինէ Գարագաշեան: Գիւղի հաւաքական կեանքի աշխատանքներուն մէջ, Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանի կողքին, հանգուցեալը ունեցաւ հիմնական դերակատարութիւն եկեղեցւոյ կեանքի պայծառացման, կիրակնօրեայ դպրոցի, տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի աշխատանքներուն մէջ: Այս բոլորի կողքին անշուշտ, ան չզլացաւ իր դերակատարութիւնը գիւղի միութենական կեանքի բոլոր աշխատանքներուն մէջ:
Անկախ երէցկինի եկեղեցական ու կրթական վաստակէն, պէտք է լուսարձակի տակ բերել նաեւ իր զաւկին եւ իմ դասընկերոջս` Պետոյի հանդէպ ցուցաբերած անսահման գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եւ անոր ի ծնէ ունեցած լեզուական ու լսողական դժուարութիւնները յաղթահարելու գերբնական ճիգը եւ այդ բոլորը ինքնաշխատութեամբ աճած իր մասնագիտական եւ բծախնդիր հմտութեամբ ու պաշարով: Համակող օրինակ մը, որուն մասին վկայելու բարոյական իրաւունքը կու տամ ինծի, որովհետեւ թէ՛ իբրեւ դասընկեր եւ թէ՛ ընտանեկան մօտիկ յարաբերութեան մէջ միասին կազմաւորուած տղաք, ամէն օր կը տեսնէի երէցկինին ցուցաբերած ճիգը եւ ականատես կը դառնայի անոր ապրած ուրախութեան, երբ Պետոն իր արտայայտութիւններուն մէջ նոր յառաջդիմութիւն մը արձանագրէր:
Այն սերունդը, որուն կարկառուն մէկ ներկայացուցիչն էր Արփինէ Գարագաշեան, կամաց- կամաց կը հեռանայ մեր կեանքէն: Այդ սերունդը յատուկ նկարագիր ու ջերմութիւն փոխանցեց գիւղի առօրեայ կեանքին, երբ դրացին, գործընկերը, կուսակցական եւ միութենական կեանքի պատասխանատու անդամները իրենց յարաբերութիւնները կ՛աճեցնէին ընտանեկան կեանքի առթած համազօր մտերմութեամբ ու ընկերականութեամբ` գիւղը դարձնելով օրինակելի մեծ ընտանիք, ուր բոլորը անխտի՛ր իրարու հարազատ ու ազգական էին:
Անշուշտ, այսօրուան ժամանակակից պայմանները իրենց առարկայական ու ենթակայական գործօններու ազդեցութեան ներքեւ շատ բան փոխած են մեր հաւաքական կեանքի արժեհամակարգէն: Կարօտի զգացում մը չէ, որ կ՛ուզեմ փոխանցել, սակայն համոզուած եմ, որ արդի պայմաններուն մէջ ալ նորացուած ճիգով կարելի է այդ հարազատութիւնն ու ջերմութիւնը վառ պահել եւ երէցկինի ու իր սերնդակիցներու աշխատանքը եւ վաստակը դարձնել մեր կեանքին մէջ համակող ներկայութիւն:
Այո՛, գիւղին երէցկինն էր տիկին Արփինէ Գարագաշեան, որ ապրեցաւ գիւղացիի բոլոր տագնապները, հպարտացաւ անոր բոլոր նուաճումներով եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ իր գործը աւարտած հրաժեշտ տուաւ ընտանիքին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանին եւ ընդհանրապէս Այնճար հայաւանին:
Կը խոնարհինք իր անմոռաց յիշատակին դիմաց: