Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Դրամատիրութիւնը Վերջ Պիտի Գտնէ

May 25, 2018
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ Օ. ԷԼՊԷՔԵԱՆ

Իրավիճակ

Շատեր կ՛ընդունին, որ պէտք է աշխարհի տնտեսութիւնը որոշ փոփոխութիւններէ անցնի: Սակայն բոլորս կ՛անտեսենք դրամատիրութեան մեծագոյն քննադատը` Քարլ Մարքսը: Տարօրինակ պէտք չէ թուի մեզի, որ զինք կ՛անտեսենք,  որովհետեւ ընդհանրապէս իր միտքերուն եւ գաղափարախօսութեան գործադրումը վատ գործնականացում ունեցած է: Բայց պէտք չէ անմիջապէս անտեսենք զինք: Դրամատիրութիւնը պէտք է բարեկարգուի, եւ Մարքսի միտքերը մաս պիտի կազմեն այդ բարեկարգման:

Դրամատիրութեան Հարցերէն

– Գործի օտարացումը (Entfremdung)

Ըստ Մարքսի, գործը պէտք է ըլլայ միջոց մը, որմէ աշխատաւոր մը իր հոգեկան գերագոյն հանգստութեան հասնի: Աշխատանքը մեզի առիթ կու տայ, որ առարկայականացնենք մեր միտքերը, սակայն ասիկա իրականացնելը հետզհետէ կը դժուարանայ, որովհետեւ գործերը  աւելի եւս կը մասնագիտանան, եւ ասիկա թոյլ չի տար, որ աշխատաւոր մը կարենայ տեսնել, թէ ինչի՛ կը ծառայէ իր աշխատանքը: Այսօրուան գործերը մարդիկը փոխարինելի կը դարձնեն, եւ այս մէկը կը պատճառէ մարդու մը հոգեկանի ընկճումը, օրինակ, «anxiety»: Այլեւս գործը անձի մը ամբողջութիւնը եղած է: «Ի՞նչ պիտի աշխատիս, երբ աւարտես», կամ` «այս ճիւղը դրամ չի բերեր…»: Սարթր յստակօրէն ըսած է. «Ան, որ կը գծէ, իրաւունք չունինք զայն միայն գծագրիչ կոչելու, ան նաեւ ամբողջական մարդ է, եւ զինք չենք կրնար ամփոփել իր գործով:»

– Շա՞հ, թէ՞ Շահագործում

Դրամատէրը կ՛ենթադրէ, որ շահը օգուտ է, սակայն Մարքս կը քննադատէ այդ տեսակէտը` ըսելով, թէ անիկա գողութիւն է: Իմ կարծիքովս, աշխատաւորները կ՛աշխատին իրենց արհեստագործական տաղանդները օգտագործելով, սակայն շահը գրասենեակին մէջ ոտքերը երկնցնող «վարպետ»-ին կ՛երթայ:

– Երիտասարդի Իրավիճակ

Այսօր բոլորս հազարաւոր տոլարներ կը թափենք ուսումի համար, որ ապագային գործի ապահովութիւն կը խոստանայ, ապա, երբ գործի ընդունուինք, եթէ ընդունուինք, մեզմէ «ստեղծագործականութիւն» կը սպասուի, եւ երբ երիտասարդը յանձնէ իր միտքերը կամ գաղափարները, «համբաւը» ամբողջութեամբ վարպետին կ՛երթայ: Շատ լսած ենք անարդարութեան պատմութիւններ եւ վստահաբար ընդվզած ենք, սակայն տակաւին գլուխ կը ծռենք գործատեղիի անարդարութեան առջեւ: Կրնանք նաեւ արծարծել քսաներորդ դարու ֆեմինիստական շարժումը, որ կեդրոնացաւ գործի աշխարհին մէջ կիներու դերին բարելաւման վրայ: Գործը պատճառ եղած էր անհանգստութեան եւ մարդկայնութեան քանդումին. Մարքս չէր ուզեր, որ նոր սերունդի երիտասարդները կաշկանդումի մատնուին դրամատիրութեան կողմէ: Այդ պատճառով համաձայն չէր այս մօտեցումին, որովհետեւ պէտք էր կինը եւ տղամարդը հաւասարապէս առիթը ունենային ոչ թէ գործի, այլ` վայելելու կեանքը (Leisure): Հաւասար գործի առիթ պահանջելու փոխարէն` պահանջենք կեանքը վայելելու հաւասար առիթ, ինչպէս, օրինակ` վճարուած արձակուրդ…

Դրամատիրութեան Հետեւանք

2008-ի տնտեսական տագնապը համաշխարհային մակարդակի վրայ հարցեր ստեղծեց, ինչ որ կրնար նմանիլ 1930-ի տնտեսական տագնապին, որ Բ. Համաշխարհային պատերազմին պատճառներէն էր: Երբ մեծ գնելիք ունենանք, ինչպէս` տուն, յաճախ դրամատուներէ փոխառութիւն կը կատարենք: Իրականութեան մէջ փոխառութեամբ դրամ ստանալը դժուար էր, սակայն գրաւադրութեան (mortgage) օրէնքները փոխուելու էին, երբ գրաւադրութիւնը ինքնին շահի միջոց դարձաւ: Այդ պատճառով ընկերութիւններ, որոնք ուղղակի ներդրումներ կը կատարէին գրաւադրութիւններու մէջ, թոյլ տուին ժողովուրդին, որ ստանան փոխառութիւն, եւ այդ փոխառութիւններու գրաւադրութիւններու վճարման միջոցները անտանելի դարձուցին տոկոսներու միջոցով, իսկ ամէն մարդ չկրցաւ հասնիլ իր պարտքերը փակելու, եւ այդ պատճառով տագնապը սկսաւ:

Տոկոսները փոխանակ օգտագործուէին հանրային հատուածին բարելաւման համար, դարձան շահագործումի միջոց եւ տագնապի գլխաւոր պատճառներէն:

Կոչ Բարեկարգման

Համաշխարային յեղափոխութեան կոչ մը չէ, այլ` ժամանակակախեալ (ժամանակ պահանջող, աստիճանական) բարեկարգման կոչ մը: Այս ժամանակաշրջանին բոլորս պէտք է Մարքսի ընկերային-տնտեսային մօտեցումը որդեգրենք, որպէսզի գտնենք նոր տնտեսական միջոցներ, որոնք վերջ պիտի բերեն մեր ստրկութեան, մեզ ազատ պիտի արձակեն դրամական շղթաներէն եւ ընկերային հաւասարութիւն պիտի ստեղծեն ժողովուրդներու միջեւ: Երբ երիտասարդութիւնը անդրադառնայ այս բոլոր հարցերուն եւ սուտերուն, միայն այդ ատեն է, որ երկրի մը ապագան կը փոխուի: Իսկ այդ անդրադարձը կու գայ ուսումէն, փորձառութիւններէն եւ այլն…

«Փիլիսոփաները մինչեւ այս օրը միայն ուսումնասիրած են աշխարհը տարբեր միջոցներով, սակայն նպատակը զայն փոխելն է», Քարլ Մարքս

Ըլլանք Մարքսի հասկացողութեամբ ապագայի փիլիսոփաներ, որոնք կը միտին աշխարհը ոչ թէ բացատրել, այլ փոխել:

 

 

 

Նախորդը

Մի՛ Զմռսեր

Յաջորդը

Վարձքդ Կատար` Ժոզէ Անթոնիօ Ապրէօ Կամ` Երաժշտութիւն Յանուն Ընկերվարութեան

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

October 2, 2026
«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Զաւարեանական

«Երբ Ոտքդ Դնես Արարատի Գագաթին, Արդէն Հասած Կ՛Ըլլաս Իտէալին, Ճշմարտութեան Եւ Կատարեալին» ՍԱԳՕ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

October 2, 2026
Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն
Զաւարեանական

Արարատ` Երազէն Դէպի Իրականութիւն

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.