Յօդուածներ

Անձեռնմխելիութեան Սահմանադրաիրաւական Հաստատութիւնն Արցախում

Անձեռնմխելիութեան Սահմանադրաիրաւական Հաստատութիւնն Արցախում

ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Արցախի Հանրապետութեան վաստակաւոր իրաւաբան Իրաւաբանական իմաստով անձեռնմխելիութեան եզրոյթի տակ հասկացւում է մարդու եւ քաղաքացու, պետութեան որոշ պաշտօնատար անձանց կարգավիճակը, տուեալ դէպքում` նրանց պաշտպանուածութիւնը ցանկացած հակաիրաւական ոտնձգութիւնից: Անձեռնմխելիութեան հաստատութիւնը հազարամեակների պատմութիւն ունի: Դեռեւս Հռոմէական կայսրութիւնում, պատրիկների եւ պլեբէյների միջեւ պայքարի արդիւնքում պլեբէյները հասան նրան, որ նրանց կողմից ընտրուած ներկայացուցիչների` ժողովրդական տրիբունների անձը յայտարարուեց սրբազան ու անձեռնմխելի, եւ ցանկացած մարդ,...

Արցախը Մեր Հպարտութիւնն Է. (Արցախի Անկախութեան Հռչակման 27-ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Մեր անմիջական շրջապատին մէջ յաճախ կը լսենք, թէ այլեւս պէտք է զանց առնել դասականութիւն բուրող խորագիրներ, ձերբազատիլ կարգախօսային բառերու շքերթէն, շրջանցել, այսպէս ըսած,  կաղապարուած մտածումներու պարտադրանքը եւ հարցերուն մօտենալ առարկայականօրէն, քննական միտքով եւ առանց բարդոյթի: Այսինքն, ըսել ուզուածը հաւանաբար այն է, որ յօդուածները պէտք է ըլլան հատու` իրենց բովանդակութեամբ, եւ ցնցիչ` իրենց խորագիրով, որպէսզի ընթերցասէր (եթէ տակաւին գոյութիւն...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Չինաստան Մուտք Կը Գործէ Կովկաս` Երեւանի Ճամբով

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Չինաստանը այսօր միջազգային քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մէջ իր հաստատուն տեղը ունեցող երկիր է: Փորձագէտներու գնահատականներով, անիկա իր տնտեսական ուժով մօտակայ 20 տարուան մէջ պիտի գերազանցէ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական ուժը: Հայ-չինական յարաբերութիններուն մասին գրելը բաւական խոր պատմագիտական ուսումնասիրութեան կը կարօտի: Այս յօդուածով պիտի անդրադառնամ, թէ վերջին տասնամեակին ի՛նչ ոլորտներու մէջ զարգացան այդ յարաբերութիւնները, եւ թէ ինչպէ՛ս ապագային Հայաստանը կրնայ...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

26 Օգոստոս 1915. Ցեղասպան Թուրքեր Մորթոտելով Սպաննեցին Դանիէլ Վարուժանն Ու Ռուբէն Սեւակը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հայոց յուշատետրին մէջ օգոստոս 26-ին վերապահուած էջը պատուած է ահաւոր սեւով: Արիւն եւ սուգ կայ այնտեղ... 26 օգոստոս 1915-ին ցեղասպան թուրքը մարմնաւորող ոճրագործներ դաշոյններով մորթոտեցին Հայկեան Հանճարին ճառագայթող մեծութիւններէն երկուքը` անզուգական Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը: Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանական մեծ ոճիրին մասին պատմագրական եւ արխիւային հսկայական գրականութիւն մը գոյութիւն ունի: Հաստափոր հատորներ կը...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

«Բարեգործութիւններ»-ը` Իբրեւ Ընտրակաշառքի Մաս

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Իւրաքանչիւր քաղաքական կուսակցութիւն ունի իր քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական աշխարհահայեացքը, որուն կը հետեւի եւ կ՛արտայայտուի իր ծրագիրին ու դաւանած գաղափարաբանութեան համաձայն: Կան կուսակցութիւններ, որոնք մոլեռանդօրէն ազատ շուկայական տնտեսութեան գաղափարախօսութեան կը հետեւին: Քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամէն երեւոյթ կը դիտեն շուկայի ակնոցով: Անոնց համար պետութեան եւ քաղաքացիին միջեւ յարաբերութիւնները հիմնուած են շուկայի շահերուն վրայ, այլ ոչ թէ` հասարակութեան համընդհանուր...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Հակառակ Մերքելի Հայաստան Կատարած Յուսադրող Այցելութեան` Ան Չարտասանեց «Ցեղասպանութիւն» Բառը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Անցեալ շաբաթ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել այցելեց Վրաստան, Հայաստան եւ Ազրպէյճան: Ըստ լրատուական միջոցներու հաղորդումներուն, անոր Հայաստան այցելութիւնը եւ հանդիպումները Հայաստանի ղեկավարութեան հետ շատ կառուցողական էին: Կ՛ակնկալուի ընդլայնել հայ-գերմանական քաղաքական, մշակութային եւ առեւտրային յարաբերութիւնները: Մերքելի այցը խիստ անհրաժեշտ խթան էր Հայաստանի նոր ժողովրդավարական կառավարութեան համար: Զգայուն հարցերէն մէկը, որուն ուշադիր կը հետեւէին...

Խմբագրական.  Երկրորդ Հանրապետութեան Ճանաչման Ընդառաջ Արցախեան Ժողովրդավարութիւնը` Ընդդէմ  Ազրպէյճանական Բռնատիրութեան

Խմբագրական. Երկրորդ Հանրապետութեան Ճանաչման Ընդառաջ Արցախեան Ժողովրդավարութիւնը` Ընդդէմ Ազրպէյճանական Բռնատիրութեան

Արցախի Հանրապետութեան 27-ամեակի նշումը ինքնին փաստացի իրականութիւն է, որ հայոց երկրորդ հանրապետութիւնը պետականաշինութեան եւ անոր ընդհանուր շրջագիծին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր ոլորտներուն ուղղութեամբ ժամանակի եւ բազում մարտահրաւէրներու ուղղութեամբ կարեւոր փորձառութիւն կուտակած է: Անդառնալի ուղղութիւններ են անոնք` պաշտպանական, կրթական, մշակութային, գիւղատնտեսական, զբօսաշրջային, ֆինանսատնտեսական, ներդրումային, վերաբնակեցման, որոնք կը համոզեն, որ կայացած է իրողապէս անկախ հանրապետութեան գոյառման, զարգացման բոլոր նախադրեալները արդէն իսկ ամբողջացուցած...

Տեսակէտ.  Ճիշդ Որոշում

Տեսակէտ. Ճիշդ Որոշում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 30 օգոստոսին ցաւակցական հեռագիր յղեց Ռուսիոյ պետական Տումայի երեսփոխան Իոսիֆ Քոպզոնի մահուան առիթով, սակայն նոյնը չըրաւ (առնուազն մինչեւ այս պահս) Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Ճոն ՄքՔէյնի մահուան առիթով, ինչ որ ճիշդ որոշում մըն է: Հարցը այն է, որ առաջինը, ինչպէս վարչապետ Փաշինեան իր հեռագիրին մէջ նշած է, «հայ ժողովուրդի հաւատարիմ ընկեր, հայ-ռուսական յարաբերութիւններու...

Վահէին Պարտէզը

Վահէին Պարտէզը

Զ. ԹՈՐԻԿԵԱՆ Չեղաւ, չպատահեցաւ... չստացուեց: Բազմիցս խոստացած էի այցելել Վահէին պարտէզը, բնագաւառ մը կամ աւելի մօտիկ ըլլալով բնութեան` գործունէութեան դաշտ մը, որ սրտիս երբեք չէ խօսած: Միշտ ալ քաղաքի մէջ ապրած ըլլալով` վարժուած եմ պոռչտուքի, երթեւեկի, իրարանցումի, փոշիի, ձայնի, բարձր ձայնի, բաղաձայնի, սուր աղմուկի եւ շարունակ գերաղմկալի աղմուկի: Տարբեր էր Վահէին հորիզոնը: Ան ակնածանքով եւ խանդով կ՛անդրադառնար, թէ որքա՜ն հաճելի...

Յայտարարութիւններ (23 Յուլիս 2018)

Վահէին Յիշատակին… (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ՓԱՌԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ 1981-ի աշնան, ուսումս ամբողջացնելու միտումով, որոշեցի երթալ Լիբանան եւ հետեւիլ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ուսումնական քառամեայ ծրագրին: Այնտեղ էր, որ առաջին անգամ հանդիպեցայ Վահէին` ի շարս այլ տղոց ու աղջիկներու, որոնք նոյն նպատակով ժամանած էին Պէյրութ այդ տարիներուն: Այդ օրերուն պարսկահայ ուսանողներուն թիւը կը գերազանցէր այլ երկիրներէ եկած ուսանողները, որոնց համար իբրեւ հանրակացարան` տրամադրուած էր Նշան Փալանճեան ճեմարանի...

Անդրադարձ.  Առյաւէտ Կորսնցուցինք Արեւմտահայերէնի Պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը

Պարսկահայ Վահիկը

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ Պարսկահայ Վահիկը: Այսպէս ճանչցուած էր, երբ տակաւին զինք նոր ճանչցայ: Ութսունական թուականներու սկիզբներն էր, երբ քանի մը ընկերներով եկած էին Լիբանան եւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի մէջ կը հետեւէին Հայագիտականի դասընթացքներուն: Ամէն առաւօտ կը հանդիպէինք իրարու, երբ ինք կու գար իր գրասենեակը, «Երեւանեան» կեդրոն, եւ յաճախ միասին` ընկերներով կը նախաճաշէինք կեդրոնին դիմացը գտնուող ֆուլ պատրաստողին քովէն: Ընդհանրապէս կէսօրները...

Անկարելի Նամակ Թիւ 3.   Քառասունքի Մտորումներ

Անկարելի Նամակ Թիւ 3. Քառասունքի Մտորումներ

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ Սիրելի՛ Արմէն Յարութիւնեան, Գրեթէ քառասուն օր եղաւ, եւ գացիր առանց ըստ սովորութեանդ ՑԸ մը ըսելու: Յուղարկաւորութենէդ ետք գրեցի քեզի հասցէագրուած թիւ 2 նամակը:  Պիտի չստանաս անիկա, պարզ այն պատճառով, որ չղրկեցի, մտածելով թէ ... Գրած էի յուղարկաւորութեանդ ու թաղումիդ մասին:  Նամակս շարունակած էի նաեւ անդենական մեկնումիդ խորհրդածութիւններով:  Մտորումներ, որոնք արտայայտեցի այնպիսի դիտարկումներով, որոնք անկարելի է, որ չանհանգստացնէին հայատառ մամուլի...

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Շէնքը 1,5 Միլիոն Տոլարով Ծախու Կը Հանուի

Թուրքիոյ Մէջ Հայկական Եկեղեցւոյ Շէնքը 1,5 Միլիոն Տոլարով Ծախու Կը Հանուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքի Սեթպաշ թաղամասին մէջ գտնուող եւ մօտաւորապէս 300 տարուան հինութիւն ունեցող հայկական եկեղեցին վաճառքի հանուած է 1,5 միլիոն տոլարով: Եկեղեցւոյ վաճառքին մասին յայտարարութիւնը «սեփականատիրոջ» կողմէ տեղադրուած է «Bursasehirportali.com» կայքին վրայ: Նկատի ունենալով, որ նշեալ անձը կը գտնուի արտասահման, վաճառքով կը զբաղի անշարժ գոյքի գործակալ մը: Պուրսայի հիմնադրամներու շրջանային վարչութեան արձանագրութեանց մատեանին մէջ  1986-ին նշուած է, որ...

Դէմքեր Եւ Դէպքեր Պանդոկէն-Ամուրիները –  Ամուրիները` Ղազար Չարըգ

Դէմքեր Եւ Դէպքեր Պանդոկէն-Ամուրիները – Ամուրիները` Ղազար Չարըգ

ՎԱՀԷ Յ. ԱԲԷԼԵԱՆ «Ղազար Չարըգը պէտք է հալածեն, Պէտք է ազատիլ այդ անիծածէն Իր գործերն իր պէս միշտ առեղծուած են, Կ՛արժէ, որ խածնեն ու միշտ հալածեն» Մէջբերումը ըրած եմ Թուրիկէն` «Ծիծաղ ազգային միջազգային» գիրքէն, որ լոյս տեսած է Պէյրութ, 1982-ին (էջ 190). «Քառեակ»-ը նախ լոյս տեսած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ 1 յունուար 1938-ին: Թուրիկը նման ակնարկներ ըրած է նախորդող տարիներուն ալ, նմանապէս «Ազդակ»` օրաթերթին...

Հայը… Մենք Ենք

Շաբաթ Մը Ծովու Վրայ

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Արձակուրդով Ալասքա երթալու ժամանակ, շաբաթ մը ծովու վրայ հաճելի օրեր անցուցինք ընտանիքս ու ես: Այդ շաբթուան ընթացքին, դիտումնաւոր, աշխարհէն կտրուած էի: Չէի ուզեր ո՛չ կարդալ, ո՛չ ալ գրել: Շքեղ զբօսանաւուն վրայ, տեղեակ չէի, թէ ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ մեր մոլորակին վրայ: Զբօսանաւուն վերելակներուն գետնի գորգերը ամէն օր կը փոխարինուէին այդ օրուան անունը կրող տարբեր գորգով մը, որ մեզի...

Ակնարկ.  Միջավայրային Նախապայմաններ

Ակնարկ. Միջավայրային Նախապայմաններ

Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահին Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնը Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ հին յանկերգի վերահնչումն է: Եըլտըրըմը պարզապէս վերաբանաձեւած է նախապայմանային քաղաքականութեան առաջին բաղադրիչը: Եթէ Հայաստանը «չվերադարձնէ Ազրպէյճանի գրաւուած հողերը», ապա հայ-թրքական յարաբերութիւնները չեն կրնար կարգաւորուիլ: Ան խօսած է նաեւ «Հայ-ազրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու մէկ ամբողջութիւն ըլլալուն մասին` պարզ դարձնելով, որ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման նախափուլը Պաքու-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացումն է: Եւ ուրեմն`...

Անդրադարձ.  Սպասելով Իտլիպի Հարցի Մօտալուտ Լուծման

Անդրադարձ. Սպասելով Իտլիպի Հարցի Մօտալուտ Լուծման

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Վերջերս բոլորը` ՄԱԿ-ը, անոր ընդհանուր քարտուղարը, Մոսկուան, Ուաշինկթընն ու Փարիզը, ինչպէս նաեւ տեղական, շրջանային ու միջազգային մամուլը կը խօսին Սուրիոյ մէջ զինուորական նոր գործողութիւններու մասին: Մինչ ամերիկեան կողմը մտահոգութիւն կը յայտնէ սուրիական բանակին կողմէ Իտլիպի դէմ սպասուող յարձակումին առնչութեամբ եւ կը սպառնայ Սուրիան հարուածել, եթէ կառավարական ուժերը այդ յարձակումին ընթացքին քիմիական զէնք օգտագործեն, ռուսական կողմը մտահոգութիւն կը յայտնէ...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Ակնարկ. «Մինչեւ Առուն Ջուր Գայ…»

Եմէնի «բաժանումը» Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միջազգային լսատեսողական եւ գրաւոր լրատու աղբիւրներ երեքշաբթի, 28 օգոստոսին, լայն արձագանգ եղան Եմէնի ողբերգական վիճակին մասին նոյն օրը լոյս աշխարհ եկած` ՄԱԿ-ի խումբ մը մասնագէտներու այն տեղեկագիրին, որ «բոլոր կողմերը» յանցաւոր կը նկատէ աւելի քան 3 տարիէ ի վեր շարունակուող նախճիրներուն եւ կը խոստանայ յառաջիկայ ամիս ամբողջական տեղեկագիր մը ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` հիմնաւորելով իր մեղադրանքները:...

Տեսակէտ.  Պասքեթպոլէն Անդին

Տեսակէտ. Ընտրանքը

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ Գաղտնիք չէ արդէն, որ ապրիլեան թաւշեայ յեղափոխութեամբ հայ ժողովուրդը իր արդի պատմութեան կարեւորագոյն նուաճումներէն մէկը արձանագրեց` կոտրելով զինք արիւնաքամ ընող աւատապետական համակարգի անել թուացող օղակը ու վերցնելով ինքնիշխանութեան ա՛յն ձեռնոցը, որ գետին շպրտուած մնացած էր արդէն աւելի քան քսանամեակէ մը: Ցաւօք, հայ քաղաքական աւագանին միայն թերի ներկայացուցչութեամբ կրցաւ քայլ պահել ժողովրդային պատմական այս ոստումին հետ, եւ եղան անոնք,...

ՀՕՄ-ի 6-րդ Միջազգային Նաւապտոյտը Հասաւ Իր Աւարտին

ՀՕՄ-ի 6-րդ Միջազգային Նաւապտոյտը Հասաւ Իր Աւարտին

ՀՕՄ-ի 6-րդ նաւապտոյտին` դէպի Եւրոպայի տարբեր երկիրներ ու Ռուսիա,  280 մասնակիցները վերադարձան իրենց տուները` խանդավառ յուշերով: Նաւապտոյտը սկիզբ առաւ յուլիս 22-ին, Սթոքհոլմէն եւ 2 շաբթուան ընթացքին այցելեց 7 երկիրներ: Նաւագնացութեան առաջին օրը ճամբորդները առիթը ունեցան հանդիպելու Շուէտի միաւորի ՀՕՄ-ուհիներուն, որոնք յատուկ շրջագայութիւն մը կազմակերպած էին դէպի թագաւորական պալատ, հայկական եկեղեցի եւ Հայ կեդրոն: Մասնակից անդամներն ու ճամբորդները ծանօթացան իրարու` փոխանակելով...

Page 662 of 1111 1 … 661 662 663 … 1,111

Արխիւներ