Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ի 6-րդ Միջազգային Նաւապտոյտը Հասաւ Իր Աւարտին

August 31, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՕՄ-ի 6-րդ նաւապտոյտին` դէպի Եւրոպայի տարբեր երկիրներ ու Ռուսիա,  280 մասնակիցները վերադարձան իրենց տուները` խանդավառ յուշերով: Նաւապտոյտը սկիզբ առաւ յուլիս 22-ին, Սթոքհոլմէն եւ 2 շաբթուան ընթացքին այցելեց 7 երկիրներ:

Նաւագնացութեան առաջին օրը ճամբորդները առիթը ունեցան հանդիպելու Շուէտի միաւորի ՀՕՄ-ուհիներուն, որոնք յատուկ շրջագայութիւն մը կազմակերպած էին դէպի թագաւորական պալատ, հայկական եկեղեցի եւ Հայ կեդրոն: Մասնակից անդամներն ու ճամբորդները ծանօթացան իրարու` փոխանակելով իրենց գաղութներուն առօրեայ լուրերն ու աշխատանքները:

Յետոյ նաւապտոյտը ճամբայ ելաւ Սթոքհոլմէն դէպի Ֆինլանտա եւ հասաւ` Ս. Փեթերսպուրկ, Ռուսիա: Նաւագնացները երեք օրերու ընթացքին շրջեցան քաղաքին մէջ` այցելելով պալատներ, տաճարներ ու թանգարաններ: Այցելեցին նաեւ հայոց Ս. Կատարինէ եկեղեցի, ուր Եզրաս արք. Ներսիսեանի խնդրանքով նաւապտոյտի հիւրը երգեց Կոմիտասի «Հորովել»-ը:

Նաւապտոյտին ընթացքին ՀՕՄ-ի կողմէ կազմակերպուած էին զանազան ձեռնարկներ եւ ելոյթներ: Հայկական խրախճանքներուն ընթացքին Էլի Պէրպէրեան եւ իր նուագախումբը, առանց դադարի, խանդավառ պահեց իր ունկնդիրները` իր ներկայացուցած երաժշտութեան որակով եւ այլազանութեամբ: Միաժամանակ, ՀՕՄ-ի օրուան առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սոնիա Աքէլեանը հանդիսականներուն ներկայացուց Հայ օգնութեան միութեան գործունէութիւնն ու աշխատանքները, որմէ ետք ներկաներուն առիթ տրուեցաւ ծանօթացման ու ապագայ ծրագիրներու հաղորդակցութեան եւ համադրման: Շրջագայութիւններու ընթացքին մասնակիցները առիթը ունեցան այցելելու` Էսթոնիա, Լատվիա, Լիթուանիա եւ Դանիոյ տարբեր քաղաքները, որմէ ետք նաւապտոյտը հասաւ իր աւարտին` Քոփենհակընի մէջ:

ՀՕՄ-ի 6-րդ միջազգային նաւապտոյտի աւարտին, մասնակիցները, ցրուելէ առաջ, արդէն կ՛ուզէին իմանալ յաջորդ նաւապտոյտին թուականը: «Երախտապարտ ենք բոլո՛ր անոնց, որոնք իրենց ամառնային արձակուրդը որոշեցին անցընել ՀՕՄ-ի հետ», ըսաւ  Շաքէ Պասմաճեանը` նախկին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ նաւապտոյտի յանձնախումբի ատենապետուհի: «Իրենց մասնակցութեամբ կարելի եղաւ զօրավիգ կանգնիլ իրենց սիրեցեալ միութեան եւ միաժամանակ անմոռնալի յիշատակներ ստեղծել», նշեց ան:

Նախորդը

Տեսակէտ. Միատեսակ Մտածելու Վնասները Մեր Երկիրը Մէկ Անգամ Արդէն Ապրել Է

Յաջորդը

Տեսակէտ. Ընտրանքը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.