ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Անցեալ շաբաթ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել այցելեց Վրաստան, Հայաստան եւ Ազրպէյճան: Ըստ լրատուական միջոցներու հաղորդումներուն, անոր Հայաստան այցելութիւնը եւ հանդիպումները Հայաստանի ղեկավարութեան հետ շատ կառուցողական էին: Կ՛ակնկալուի ընդլայնել հայ-գերմանական քաղաքական, մշակութային եւ առեւտրային յարաբերութիւնները: Մերքելի այցը խիստ անհրաժեշտ խթան էր Հայաստանի նոր ժողովրդավարական կառավարութեան համար:
Զգայուն հարցերէն մէկը, որուն ուշադիր կը հետեւէին ինչպէս հայերը, նոյնպէս ալ` միջազգային հանրութիւնը, վարչապետ Մերքելի մեկնաբանութիւններն էին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Գերմանիոյ խորհրդարանը (Պունտեսթակ) 2016-ին գրեթէ միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ եւ յայտարարեց, որ` «Գերմանական կայսրութիւնը մասնակի մեղսակցութիւն ունի այդ իրադարձութիւններուն մէջ»:
Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունումէն անմիջապէս ետք Թուրքիա յետս կոչեց իր դեսպանը Պերլինէն եւ սպառնաց խզել կապերը Գերմանիոյ հետ: Թէեւ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները տարբեր պատճառներով կը շարունակեն մնալ լարուած, սակայն կը սպասուի, որ անոնք կը բարելաւուին սեպտեմբերի վերջը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի Գերմանիա կատարելիք այցէն ետք:
Երեւանի մէջ Մերքել այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր, ծաղկեպսակ դրաւ 1,5 միլիոն հայ զոհերու յիշատակին եւ ծառ տնկեց յուշահամալիրի տարածքը գտնուող ծառուղիին վրայ: Մերքել, սակայն, Երեւանի մէջ խուսափեցաւ օգտագործելէ «ցեղասպանութիւն» եզրը` Թուրքիոյ զանգուածային սպանութիւնները որակելով իբրեւ «հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած հրէշային ոճրագործութիւն», որ` «կարելի չէ եւ պէտք չէ մոռցուի»: Ան նաեւ յայտարարեց, որ այցելած է Ցեղասպանութեան յուշահամալիր` «Պունտեսթակի 2016-ի բանաձեւին ոգիին համահունչ»: Ան պարզաբանեց, որ կիրարուած լեզուն «քաղաքական գնահատական էր, այլ ոչ թէ` իրաւական»:
Հակառակ Հայաստանի նկատմամբ Մերքելի բարեացակամութեան եւ անոր շատ դրական յայտարարութիւններուն` յոյսով եմ, որ Հայաստանի ղեկավարները անոր յիշեցուցին այն, որ 1,5 միլիոն հայերու ծրագրուած ոչնչացումը նկարագրելու համար իսկական եզրը «ցեղասպանութիւնն» է, այլ ոչ թէ` պարզապէս «հրէշային ոճրագործութիւն»-ը:
Հայաստանի ղեկավարները կրնային Գերմանիոյ վարչապետին տեղեկացնել գերմանական «Տոյչէ Վելէ»-ի (Deutsche Welle) լրագրող Պեն Նայթի վերջին հաղորդման մասին` Գերմանիոյ Ռայխի կողմէ օսմանեան թրքական զօրքերուն տրամադրուած զինամթերքի վերաբերեալ, Հայոց ցեղասպանութիւնը իրականացնելու նպատակով:
Համաձայն «Տոյչէ Վելէ»-ի` ««Մաուզեր»-ը, որ Գերմանիոյ հրաձգային զէնքերու հիմնական արտադրողն էր երկու համաշխարհային պատերազմներու ընթացքին, միլիոնաւոր հրացաններ եւ ատրճանակներ մատակարարած է Օսմանեան Կայսրութեան, զէնքերը օգտագործուած են Ցեղասպանութեան ընթացքին` գերմանացի սպաներու աշխուժ աջակցութեամբ: Բացի այդ, մէջբերելով «Կլոպըլ Նեթ»-ի «Դադրեցուցէք զէնքի առեւտուրը» յօդուածէն, «Տոյչէ Վելէ» յայտարարած է, որ` «թրքական բանակը նաեւ յագեցած էր Էսսեն գտնուող «Քրուփ» (Krupp) ընկերութեան արտադրած հարիւրաւոր թնդանօթներով, զորս Թուրքիա օգտագործած է ընդդէմ Մուսա Լերան դիմադրութիւնը իրականացուցած հայ մարտիկներու, 1915 թուականին»:
«Կլոպըլ Նեթ»-ի յօդուածի հեղինակ Վոլֆկանկ Լենտկրեպեր գրած է, որ` «Օսմանեան կայսրութեան համար «Մաուզեր»-ը իսկապէս որ հրացանի մենաշնորհ ունէր»:
«Տոյչէ Վելէ» բացայայտած է, որ` «յօդուածին մէջ առաջին գերմանական զեկոյցներէն շատերը վերցուած են նամակներէն Մէյըր կոմս Էպերհարտ Վոլֆըսքեհլի, որ 1915 հոկտեմբերին կը գտնուէր Ուրֆա` թրքական հարաւարեւելեան քաղաքը: Ուրֆան բնօրրանն էր մեծ թիւով հայերու, որոնք պատնէշներ ստեղծած էին իրենց տուներուն մէջ` ընդդէմ թրքական հետեւակի: Վոլֆըսքեհլ կը ծառայէր որպէս պետ` Օսմանեան կայսրութեան 4-րդ բանակի հրամանատարի տեղակալ Ֆախրի փաշայի զօրամասին, եւ կոչուած էր այդ զօրամասը ամրապնդելու համար»:
Մէյըր Վոլֆըսքեհլ իր կնոջ գրած նամակին մէջ անամօթաբար պարծանք ապրած է գերմանական զօրքերու կողմէ Ուրֆայի մէջ հայերու սպանութիւններով. «Անոնք [հայերը] կ՛ապրէին եկեղեցւոյ հարաւը գտնուող բազմաթիւ տուներու մէջ: Երբ մեր հրետանին հարուածեց տուներուն վրայ, ներսը գտնուող շատ մարդիկ եւ ուրիշներ փորձեցին պատսպարուիլ եկեղեցւոյ մէջ: Սակայն … անոնք ստիպուած էին եկեղեցին շրջանցել եկեղեցւոյ բակով: Մեր հետեւակը բակին ձախ կողմէն արդէն հասած էր տուները եւ սպաննեց եկեղեցւոյ բակի ճամբով փախչող մարդիկը: Ընդհանուր առմամբ, հետեւակը, զոր օգտագործեցի հիմնական յարձակման ընթացքին … հոյակապ կերպով լաւագոյնս արդարացուց ինքզինք»:
Լենտկրեպեր նաեւ տեղեկացուցած է, որ «մինչ գերմանական ընկերութիւնները զէնք կը մատակարարէին, իսկ գերմանացի զինուորները` փորձագիտական խորհրդատուութիւն, թէ ինչպէս օգտագործել զէնքերը, գերմանացի սպաները նաեւ գաղափարական հիմքեր կը դնէին» Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ:
Գերմանական ռազմածովային կցորդ, գերմանաթրքական սպայական բաժանմունքի անդամ եւ Օսմանեան կայսրութեան ռազմական նախարար Էնվեր փաշայի մտերիմ Հանս Հիւմեն գրած է. «Հայերը ռուսերու հետ իրենց ունեցած դաւադրութեան պատճառով պէտք է, քիչ թէ շատ, ոչնչացուին: Այդ թէեւ դժուար է, բայց օգտակար»:
Բացի այդ, Լենտկրեպեր իր զեկոյցին մէջ գրած է «փրուսական հրամանատար-մէյըր Քոլմար Ֆրիհեր Վոն Դեր Կոլցի մասին, որ 1883-ին օսմանեան պալատի համար ռազմական կարեւոր խորհրդական դարձած էր եւ ինքնիրեն որպէս լոպիիստ կը տեսնէր գերմանական ռազմական արդիւնաբերութեան գծով, այլեւ կ’աջակցէր թէ՛ «Մաուզեր» եւ թէ՛ «Քրուփ» ընկերութիւններուն` թրքական գնումները ապահովելու անոնց ջանքերուն: (Անգամ մը ան հպարտացած է իր օրագրին մէջ, այսպէս. «Կրնամ պնդել, որ առանց ինծի [թրքական] բանակի վերազինումը գերմանական մոտելներով տեղի չէր ունենար»): Կոլց «օգնեց համոզել սուլթանը` փորձել եւ միանգամընդմիշտ վերջ դնել Հայկական հարցին…»:
Վերոնշեալ մէջբերումները կը հաստատեն Պունտեսթակի 2016 թուականի բանաձեւով ընդունումը, ըստ որուն, Գերմանիա մեղսակից է Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ 2015-ին Գերմանիոյ նախագահ Եոհաքիմ Կաուքի կողմէ Գերմանիոյ «համատեղ պատասխանատուութեան» ճանաչումը` Հայոց Ցեղասպանութեան: Գերմանիոյ վարչապետ Մերքել, քաջատեղեակ ըլլալով այս փաստերուն, պէտք է Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանէր իր իսկական անունով` «Ցեղասպանութիւն»…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ