ՎԱՀԷ Յ. ԱԲԷԼԵԱՆ
«Ղազար Չարըգը պէտք է հալածեն,
Պէտք է ազատիլ այդ անիծածէն
Իր գործերն իր պէս միշտ առեղծուած են,
Կ՛արժէ, որ խածնեն ու միշտ հալածեն»
Մէջբերումը ըրած եմ Թուրիկէն` «Ծիծաղ ազգային միջազգային» գիրքէն, որ լոյս տեսած է Պէյրութ, 1982-ին (էջ 190). «Քառեակ»-ը նախ լոյս տեսած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ 1 յունուար 1938-ին: Թուրիկը նման ակնարկներ ըրած է նախորդող տարիներուն ալ, նմանապէս «Ազդակ»` օրաթերթին մէջ, ուր ստորագրած է, Եդուարդ Տարօնեանին բառերով` «Հանրային առօրեայ հարցեր, սրամիտ խորհրդածութիւններով եւ զուարթ քաշքշուքներով համեմուած» գրութիւններ:
Ղազար Չարըգին մասին իմ տպաւորութիւններս, սակայն, կը սկսին այդ թուականէն շուրջ երեսուն եւ աւելի տարիներ ետք, երբ արդէն շատ ջուրեր հոսած պիտի ըլլային իր կեանքի կամուրջին տակէն: Շատ բան փոխուած պիտի ըլլար իր կեանքին մէջ: Որպէս մնայուն իրողութիւն` շատ հաւանաբար հետեւեալ երեք բաները մնացած էին իրեն համար` իր բնակավայրը, «Օթել լիւքս» պանդոկը եւ անոր պանդոկատէր տէր եւ տիկին Յովհաննէս եւ Զուարթ Աբէլեանները` իրենց ընտանիքով:
Առեղծուածային բան մը միշտ ընկերացած էր պրն. Ղազար Չարըգին: Արդէն անունն ալ արտասովոր էր` որպէս հայկական մականուն: Գիտէի, քանի որ իր մասին ընտանեկան խօսակցութիւններէն իմացած էի, որ Էրզրումէն էր: Բայց ոչ ոք գիտէր եւ չգիտցաւ` ուրկէ՞ ո՛ւր եւ ինչպէ՞ս կարնեցի այս մարդը հասած էր Լիբանան եւ դարձած էր Ազգային իշխանութենէն ներս հեղինակութիւն մը եւ տնօրէնը Էշրեֆիէի Ազգային վարժարանին, որ երկար ժամանակ ճանչցուած էր իր անունով, ինչպէս կը վկայէ իր նախկին աշակերտներէն Պօղոս Շահմելիքեանը իր մէկ յուշագրութեան մէջ:
Հայկազուն Եափուճեան իր «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» (Պէյրութ, 2015) յուշապատումին մէջ հետեւեալը կը յուշագրէ. «Ղազար Չարըգը ճանչցայ 1939 թուին, երբ ստանձնած էր արդէն Էշրեֆիէի ազգային վարժարանին տնօրէնութիւնը: … Շատերու ծանօթ է Էշրեֆիէի նախկին տխուր եւ խեղճ վիճակը: Կիսաւեր տախտակաշէն վարժարան, խարխուլ եկեղեցի, աղքատ ժողովուրդ, ցնցոտիապատ աշակերտութիւն: Այս պայմաններուն մէջ ստանձնել տնօրէնի պաշտօն` կը պահանջէր անհատում կորով եւ ուժ» (էջ 190):
Ղազար Չարըգի մասին միակ յուշագրութիւնն է, որ կարդացած եմ` Հայկազուն Եափուճեանին վերոյիշեալ գիրքին մէջ: «Չկայ շինութիւն մը Էշրեֆիէի ազգապատկան կալուածներուն վրայ, որուն հիմերուն մէջ Ղազար Չարըգ քրտինք թափած չըլլայ: Ժողովուրդը արդարօրէն վարժարանը կը կոչէր Ղազար Չարըգի դպրոցը» (նոյն): Այդ ամբողջը տակաւին հոն է: Եթէ բան մը չկայ, այն ալ պրն. Ղազար Չարըգին անունին յիշատակութիւնն է տեղ մը: Այդ դպրոցը հետագային նորոգուեցաւ եւ կը ճանչցուի որպէս Չաթալպաշեան Ազգային վարժարան:
Արտաքինով գեղադէմ մարդ մըն էր: Միշտ կոկիկ հագուած` անխուսափելի իր բաճկոնակով եւ փողկապով: Միակ փոփոխութիւնը իր վերարկուն էր` ձմրան ցուրտ օրերուն համար: Իր առօրեայ շարժումներն իսկ ծանրաբարոյ էին, բայց խոժոր չէր: Ընդհակառակը, զուարթախօս էր, գէթ` պանդոկի ընկերային շրջապատէն ներս: Կը յիշեմ, որ զինք պատահմամբ տեսայ երջանկայիշատակ Զարեհ կաթողիկոսին յուղարկաւորութեան դագաղին հետեւող բազմութեան մէջ: Իր սովորական ծանր քայլերով եւ գլխարկով կը հետեւէր դագաղին: Նոյն այդ հեղինակութեամբ կը գործածէր հեռաձայնը, երբ պատահէր որ հեռաձայն ընելու կարիքը ըլլար պանդոկէն: Հիմա իսկ կը պատկերացնեմ զինք` ուղիղ կանգած, ընկալուչը ձեռքը: Իսկ հեռաձայնելէն ետք նոյն բացագանչութիւնը շուրջին` «Եղբա՛յր, հրաշալիք մըն է այս գործիքը»:
Այսպէս տարիներ անցան: Ծառուկեանին յիշած երբեմնի երրորդութենէն ինք մնացած էր միայն` կարծես որպէս մնացորդ մը: Իր կեցութեան առեղծուածը, բայց, տակաւին կը շարունակուէր: Նոյնիսկ Տէյզին, որ ամուսնանալով Հրաչին հետ` Եգիպտոսէն հարս եղած էր Թուրիկեաններուն, կը քաշքշէր պրն. Ղազարը, երբ պանդոկը եղած ըլլար հաւաքական ճաշի մը:
Պատահեցաւ անխուսափելին, եւ հօրս պէտք եղաւ ընկերակցիլ իրեն հիւանդանոց: Ի յայտ եկաւ, որ կ՛ապրէր նաւահանգիստին մօտերը, ուր կը գտնուէր նաեւ պանդոկը, արաբ ընտանիքի մը տան մէջ, սենեակի մը մէջ: Ունեցածը եղած են` անկողին մը եւ պահարան մը: Իր գրած գիրքէն, որ «Կարինապատում» կը կոչուէր, մնացած օրինակները պահ դրուած էին պանդոկ տեղ մը: Հիւանդանոցէն ետք եկաւ պանդոկ` բնակելու մեր ընտանիքին համար վերապահուած բաժինին մէջ, բայց շատ տկար էր: Մայրս միշտ մտահոգ էր իրմով: Իր սենեակին պատուհանը ներսէն պատուած էր անթափանց թուղթով: Մայրս պզտիկ մը քերեց, որ ճեղք մը բացուի, որպէսզի կարենայ հետեւիլ պրն. Ղազարին:
Հակառակ իր ուժասպառ վիճակին` ամէն ջանք կ՛ընէր եւ հագուած կու գար պանդոկի ճաշարանը` դիտելու համար նարտ խաղցողները: Անգամ մը հոն որոշ ժամանակ անցընելէ ետք վերադարձած էր իր սենեակը: Մայրս եկաւ ըսելու մեզի. «Պրն. Ղազարը առանց ժաքեթը կարենալ հանելու` փռուած է անկողնին վրայ»:
Կիրակի օր մըն էր, ճաշին հազիւ կրնար մասնակցիլ: Մայրս հարցուց իրեն, թէ սիրտը որեւէ ճաշ կ՛ուզէ՞: «Չե՞ս կարծեր, որ ալ անիմաստ է, Զուա՛րթ», ըսաւ: Մայրս երկար տարիներ պատեհ առիթներու կը յիշէր պրն. Ղազարին այդ խօսքը:
Չեմ յիշեր յուղարկաւորութիւնը: Ըսուեցաւ, որ պզտիկ ալ խնայողութիւն մը ունեցած է, որ նուիրած է կաթողիկոսարանին: Թաղուած է Հայ ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին մէջ:
Տարիներու ընթացքին պարբերաբար մօրս հետ յիշած ենք երկու ամուրիները` պրն. Եդուարդ Տարօնեանը եւ պրն. Ղազար Չարըգը: Մայրս կշտամբած, չըսելու համար այպանած է զիրենք, որ անձնակեդրոն եղան եւ ընտանիք չկազմեցին: Ուսուցչուհիին համար ընտանիք ունենալն էր, որ կ՛արդարացնէր ամէն բան, իսկ ընտանիք կազմելու նախաձեռնողը այրն է: Ես չէի համաձայներ իրեն: Վերջ ի վերջոյ երկուքն ալ հանրութեան մէջ ծանօթ եւ յարգուած մարդիկ էին: Բայց իրենց դիրքը նուազագոյն իսկ տարողութեամբ արդարացնող ընտանիք պահելու նիւթական կարելիութիւնը չունէին:
Պիտի չզարմանամ, որ պրն. Ղազարին եւ պրն. Տարօնեանին գլխաւոր պարտականութիւնը եղած է ապահովել դպրոցին պիւտճէն: Արդէն պրն. Ղազարին հեղինակութիւնը` որպէս տնօրէն, կարծես աւելի շատ շուկային մէջ ունեցած իր վարկին շնորհիւ էր` ապահովելու համար իր դպրոցի պիւտճէն:
Այս կը հաստատեմ, քանի որ Սուրբ Նշանը աւարտելէս անմիջապէս ետք ծնողքիս առաջարկեց, որ ես աշկերտութեան մտնեմ հանրածանօթ վաճառականի մը քով որուն ինքը բարեխօս եղած է: Արդէն մեր ընտանիքին անդամը կը նկատէր ինքզինք եւ ուզած է բարեխօսել` իմ ապագայիս մտահոգութեամբ տարուած: Բայց մայրս զիս լաւ կը ճանչնար եւ գիտեր, որ իմ սէրս գիտութիւնն էր եւ ընթերցանութիւնը: Մայրս բացարձակապէս եւ կտրուկ մերժեց պրն. Ղազարին առաջարկը: Յաճախ կը մտաբերեմ այդ խօսակցութիւնը եւ ես ինծի հարց կու տամ, հապա՞ եթէ մայրս այդպէս չի մտածեր…
Այսպէս, կը կասկածիմ, որ ամսէ ամիս ամսական մը ստանալու հաւաստիութեան պերճանքը ունեցած եղած ըլլան այս երկու ամուրի տնօրէնները` Եդուարդ Տարօնեանը եւ Ղազար Չարըգը: Թերեւս եթէ այդպէս բացատրէի մօրս, չբաժնէր կարծիքս, բայց կը հաւատամ, որ ինքն իր ըսածին իրողութիւնը ապրած չէր եւ եթէ, այսպէս ըսուած, իրենց կօշիկներուն մէջ ըլլար, տարբեր բան պիտի չընէր:
Պատմեմ հետեւեալը.
Ամերիկա գաղթելէն ետք, 1976-ին, մայրս յաջորդ քանի մը տարիներուն եկաւ այցելութեան, մինչեւ որ դասաւորուի իր ալ գաղթը: Տարի մը միասնաբար հեռատեսիլ կը դիտէինք, որ ցոյց կու տար ցոյց մը: Մայրս հարց տուաւ, թէ որո՞նք էին ցուցարաները եւ ի՞նչ կ՛ուզէին: Ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներ էին, որոնք ամսականի յաւելում կը պահանջէին, բացատրեցի իրեն: Մօրս անմիջական եւ բնազդային պատասխանը եղաւ տառացիօրէն` «անօթի կը սատկիմ, բայց աշակերտներուս առջեւ դրամի համար ասանկ ցոյց չեմ ըներ»:
Հապա ի՞նչ պիտի ընէին ազգային վարժարանի տնօրէններ պրն. Եդուարդ Տարօնեանը եւ պրն. Ղազար Չարըգը: Որմէ՞ ինչ պիտի պահանջէին: Պատահած է, որ զուարթախօսութեամբ, պրն. Ղազարը իր մականունը նման ձայնահնչութիւնը ունեցող թրքերէն բառին նմանցնէ` դիւրացնելու համար սեղանակիցի մը իր մականունը յիշելը: Կատա՞կ էր: Ֆրէոյտեան վրիպում մը չէ՞ր արդեօք:
Սփիւռքը կառուցելու համար մատաղի պէտք կար: Երկուքը դարձան ինքնակամ պարարտ խոյերը այդ զոհասեղանին:
Յարգա՛նք եւ ակնածանք իրենց յիշատակին: