Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ընտրանքը

August 31, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Գաղտնիք չէ արդէն, որ ապրիլեան թաւշեայ յեղափոխութեամբ հայ ժողովուրդը իր արդի պատմութեան կարեւորագոյն նուաճումներէն մէկը արձանագրեց` կոտրելով զինք արիւնաքամ ընող աւատապետական համակարգի անել թուացող օղակը ու վերցնելով ինքնիշխանութեան ա՛յն ձեռնոցը, որ գետին շպրտուած մնացած էր արդէն աւելի քան քսանամեակէ մը:

Ցաւօք, հայ քաղաքական աւագանին միայն թերի ներկայացուցչութեամբ կրցաւ քայլ պահել ժողովրդային պատմական այս ոստումին հետ, եւ եղան անոնք, որոնք ոչ միայն խուլ մնացին հասարակութեան արդար պոռթկումին, այլ ծառացան ու կը շարունակեն ծառանալ անոր դէմ: Ահա այսօր, միեւնոյն այդ քաղաքական ուժերը, հակառակ իրենց ռազմաշունչ ելոյթներուն, կը դիմագրաւեն խիստ լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնցմէ ամէնէն հրատապը կը կայանայ հետեւեալ հարցադրման մէջ. մնա՞լ անցեալի անհեթեթ դիրքերուն վրայ, իմա` հին ռեժիմի ապականած կլիմային մէջ, թէ՞ սեփական վերաքննութեան, ախտաճանաչման ու ինքնասրբագրման ճամբով փորձել վերագտնել հանրութեան բազկերակը ու անսալ անոր թելադրանքներուն:

Առաջին ընտրանքը զինք որդեգրող քաղաքական ուժերը կրկնակի տարողութեամբ ետ պիտի մղէ դէպի յետադիմութեան աւելի խոր նկուղները, ուր սեփական թեզն ու կողմնորոշումը արդարացնելու համար թռիչք պիտի առնեն դաւադրական նոր տեսութիւններ, պիտի փնտռուին քաւութեան նոր նոխազներ, պիտի ստեղծուին երեւակայական նոր թշնամիներ, եւ փորձ պիտի կատարուի զօրակոչ յայտարարել այդ երեւակայական թշնամիներուն դէմ: Աւելի՛ն. ողջ ժողովուրդին զզուանքին արժանացած երկրի կառավարման նախկին կիրարկումները պիտի ներկայացուին որպէս ժամանակի անխուսափելի անհրաժեշտութիւններ, անոնց հեղինակները` ազգանուէր մարտիրոսներ, մինչ հրապարակը իր բազմահազար հայորդիներով պիտի համարուի մոլեգնած ու տգէտ ամբոխի հաւաքավայր: Վերջապէս, այս խրամին մէջ բոլոր քննադատութիւնները դաւաճանական արարքներ պիտի սեպուին, անդին` ոչ իսկ անդրադարձ մը պիտի ըլլայ անոնց տուն տուող իսկական պատճառներուն:

Երկրորդ ուղղութիւնը, ի հակասութիւն առաջինին, համարձակութիւն ենթադրող ընտրանք մըն է, որ վերատեսութեան ու խոկումի բազմագլուխ գործընթացի մը պիտի մատնէ խնդրոյ առարկայ քաղաքական ուժերը: Հոս անհրաժեշտութիւն կայ ձերբազատելու թապուներու ու անսխալական ըլլալու բարդոյթներէն ու, ըստ այնմ, կողքէ կողք քննելու սեփական կենսագրութեան ժամանակակից մատեանը, որովհետեւ անաչառ տրամադրութիւններով կատարուած այդ քննութիւնները միայն կրնան մեկնարկել վերականգման հոլովոյթի սկզբնական փուլը: Այս շրջանակին մէջ աշխատանքը աւելի քան դժուար է` վերստին վաստկելու ժողովուրդին վստահութիւնն ու համակրանքը, բայց այլընտրանք գոյութիւն չունի, հետեւաբար եւ ճիգ պէտք չէ խնայել վերադարձնելու համար այն ծով վարկը, որ անխնայ կերպով մսխուեցաւ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան օրով:

Յիշեալ քաղաքական ուժերը, թէեւ ցայժմ զբաղած են յեղափոխութեան նսեմացման ու խեղաթիւրման աշխատանքով եւ տէ ֆաքթօ արդէն կատարած` իրենց ընտրանքը, այնուամենայնիւ դեռ կարելի չէ վարագոյրը իջած համարել օրուան քաղաքական բեմին վրայ: Հետեւաբար, թերեւս վերջին առիթ մը տակաւին գոյութիւն ունի զգաստանալու եւ տատանող նաւերը ուղղելու դէպի ժողովուրդի կամարտայայտութեան հարազատ փարոսները:

 

 

Նախորդը

ՀՕՄ-ի 6-րդ Միջազգային Նաւապտոյտը Հասաւ Իր Աւարտին

Յաջորդը

Ակնարկ. «Մինչեւ Առուն Ջուր Գայ…»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.