Յօդուածներ

Խոստովանանք

Եւրոպա Եւ Հայաստանս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Տարիներ առաջ էր եւ` կրկին ամառ: Ամբողջ աշխարհը գրեթէ արձակուրդի մէջ էր: Մենք ալ` նոյնպէս: Խորքին մէջ ինծի համար արձակուրդ ըսուածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` փախուստ մը սովորական եւ միօրինակ առօրեայէն: Այլ խօսքով նաեւ վերանորոգուելու արդար եւ միաժամանակ ծախսալից փորձ մը: Հաճելի ակնկալութիւն մը` կեանքիդ որոշ եւ ճշդուած օրերը տարբեր ձեւով ընդունելու եւ ապրելու գաղտնիքով: Նախաբանս չեմ...

Նամակնե՜ր… Ճակատագիրնե՜ր…

Նամակնե՜ր… Ճակատագիրնե՜ր…

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ներկայ ժամանակներուն մէջ, երբ հաղորդակցութեան բազմաթիւ գործնական եւ արագ միջոցներ ամէն օր կը ստեղծուին, տակաւին նամակատան եւ նամակաբաշխի միջոցով նամակներ ստանալը տարբեր մթնոլորտ մը կը ստեղծէ: Մանաւանդ ձեռագիր նամակները աւելի անմիջականութիւն ունին: Նամակները, սակայն, պատմութեան ընթացքին զանազան ճակատագիրներ ունեցած են, եւ բաշխումի թերացումը ճակատագրական եղած է ոմանց համար: «Պի.Պի.Սի.»-ի կայքէն քաղելով` կը ներկայացնենք քանի մը դրուագներ: Ն....

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Տիգրան Բեկզատեան Տիգրան Բեկզատեան. քաղաքական-պետական գործիչ, անկուսակցական: Կ՛ենթադրուի, որ ծնած է 1875-ին: Ան եղած է Պաքուի հայկական եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի նախագահ, որ գործած է 1906-ին եւ կը գտնուէր Պաքուի ուսումնարանի փողոցը: Ազգային խորհուրդի անդամ: Հայաստանի անկախացումէն եւ հանրապետութեան կերտումէն ետք եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ: 1919-ին մասնակցած է հայ-ազրպէյճանական խորհրդաժողովին, ապա` անդրկովկասեան...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսակէտ. Խնդիր Կայ Այստեղ

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ 2018-2019 կրթական տարեշրջանը պիտի դիմաւորենք մտահոգ վիճակի մէջ: Լիբանանահայ կրթական համակարգը դժուար վերամուտի սեմին է: 2018-2019 տարեշրջանին լիբանանահայ վարժարանները տնտեսական, կրթական, թիւի եւ կրթական մշակի լուրջ հարցերու առջեւ կը գտնուին: Ուսուցիչներու ամսաթոշակներու յաւելումի օրէնքը եւ անոր ընկերակցող կրթաթոշակներու բարձրացումը բնականաբար դէպի օտար` ձրիավարժ վարժարաններու հոսք մը ստեղծած է: Երկարաժամկէտ ծրագիրով պետութիւնը յստակօրէն իր պետական ձրիավարժ վարժարաններուն թափ տալու...

Պահակները Արթուն Են. ՀՄԸՄ Պէյրութի Մասնաճիւղի Բանակումին Առիթով

Շաբաթ, 25 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան Քֆար Մաթթայի շրջանին մէջ ՀՄԸՄ Պէյրութի տարեկան բանակումի խարուկահանդէսն էր. եւ եթէ հոն գտնուող ներկաներէն մէկը, տարբեր պատճառներով, կամայ թէ ակամայ, ծանօթ չէր ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան, անոր անշեղ նպատակներուն եւ դաւանած արժէքներուն, բայց մանաւա՛նդ անտեղեակ էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն ամբողջականօրէն հայեցի դիմագիծէն եւ որոշիչ դերակատարութենէն, ապա ան առիթը ունեցաւ այս բոլորին գործնական արտայայտութեան եւ նպատակաուղղուած աշխատանքին...

Ակնարկ.  Ուշացումը  Չ՛արդարացուիր

Ակնարկ. Ուշացումը Չ՛արդարացուիր

Լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ արձանագրուած յայտարարողական հարթութիւնը երկիրը կ՛առաջնորդէ կրակի եւ արդարութեան արանքին: Խօսքը բնականաբար կը վերաբերի միջազգային դատարանի մօտալուտ վճիռին առիթով կատարուած տրամագծօրէն հակառակ ուղղութիւններ բովանդակող յայտարարութիւններուն: Ներլիբանանեան հանգոյցներու վերագրուող կառավարութեան կազմութեան արգելակումի տեսութիւնը տեղի կու տար յաճախ` շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող զարգացումներու հետ կապուած գործընթացներու հետեւանքային ազդեցութիւններու վարկածներուն: Այժմ ո՛չ միայն ներլիբանանեան-շրջանային, այլ նաեւ միջազգային նոր թնճուկներ կ՛աւելնան`...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ. Ինչպէ՞ս Մերժուեցաւ Հայաստանի Հոգատարութիւնը` «Յառաջ» Օրաթերթի 17 Յուլիս 1920-ի Լրատուութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ա. Աշխարհամարտէն ետք յաղթական ուժերը իրարու միջեւ բաժնեցին պարտուած Օսմանեան կայսրութեան տարածքները: Թուրքիոյ եւ Հայաստանի պարագային, Ազգերու լիկայի Գերագոյն խորհուրդը փափաք յայտնեց, որ Ամերիկան ստանձնէ անոնց հովանաւորութիւնը եւ ճշդէ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը: Ընդառաջելով այս փափաքին` Ամերիկայի նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն քաղաքական եւ զինուորական երկու առաքելութիւններ Փոքր Ասիա եւ Հայաստան գործուղելէ ետք, 24 մայիս 1920-ին դիմեց ծերակոյտին` վաւերացնելու համար...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Դարձեալ Ազրպէյճանը Շփոթեցին Աֆղանիստանի Հետ

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Դա երեւի թէ լեզուի թռիչք էր, որ թոյլ էր տուել գերմանացի լրագրողուհի Քիւֆները Պաքւում` Գերմանիայի վարչապետ Անկելա Մերքելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի համատեղ ասուլիսի ժամանակ: Գերմանիայի առաջնորդը, ինչպէս յայտնի է, Պաքւում էր գտնւում Հարաւային Կովկաս  օգոստոսի 23-26 կատարած իր  համայցի շրջանակներում: Վերջին հանգրուանը Պաքուն էր: Մինչ այդ նա Երեւանում էր, ուր ժամանել էր Թիֆլիսից: Ընդ...

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2017-2018 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2017-2018 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

Ամէն տարուան նման, այս տարի ալ ՀՄԸՄ-ի ՊԷյրութի սկաուտները յատկացուցին իրենց ամրան 10 օրերը մասնաճիւղային տարեկան բանակումին, որուն նպատակն էր համախմբել մասնաճիւղի բոլոր խումբերը մէկ վայրի մէջ եւ գործադրել տարուան ընթացքին ամբարուած գիտելիքները` անոնց վրայ աւելցնելով նորեր, համեմուած` չարքաշ կեանքի ապրելակերպով: Բանակումը այս տարի տեղի ունեցաւ 17-26 օգոստոս 2018-ին, Քֆար Մաթթա գիւղի շրջակայքը: Շաբաթ, 25 օգոստոսին տեղի ունեցան բանակումին փակման...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Ուսուցչական Համագումար Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Ուսումնական խորհուրդի, 21-23 օգոստոսին Քեսապի «Ինճէճիկեան-Կիւլպէնկեան մշակութային կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցչական համագումար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին թեմի ազգային վարժարաններու (Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Քեսապ) տնօրէններն ու ուսուցիչները, թիւով 70 հոգի: Համագումարին բացումը կատարուեցաւ 21 օգոստոսին, սրբազան հօր Տէրունական աղօթքով: Սրբազան հայրը բարի գալուստի...

Ճանչնանք Մեր Հերոսներն Ու Նահատակները,  Մեր Անցեալն Ու Ներկան, Անոնց Կտակով Կերտենք Ապագան*

Ամերիկեան Պատժամիջոցները, Անդրկովկասը Եւ Հայաստանը

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Այսօր Միացեալ Նահանգներու շղթայազերծած տնտեսական աննախընթաց պատերազմը եւ ծաւալած պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը` Քուպայի, Չինաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ նկատմամբ, եւ վերջինին ցուցաբերած ոչ բանաւոր  միջպետական յարաբերութիւններու Թրամփի կառավարութեան մարտավարութիւնը եւ նոր ոճը իրապէս աշխարհը վերածած են անկանխատեսելի միջազգային քաղաքական եւ տնտեսական անապահով թատերաբեմի մը: Արդարեւ, ներկայ միջազգային անորոշ, հակասական եւ տարաբնոյթ կացութեան լոյսին տակ, ուր նախկին ռազմաքաղաքական դաշնակիցներու փոխյարաբերութիւնները...

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ազգային Բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեան Թալիշի Բարերարը

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Ազգային Բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեան Թալիշի Բարերարը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի երկար տարիներու պատուոյ բարերարներէն լոսանճելըսաբնակ Անդրանիկ Պաղտասարեանը գլխաւոր դեր ունեցաւ ապրիլեան պատերազմի ծանր վնաս կրած Թալիշ գիւղի վերակառուցման գործին մէջ: Ազրպէյճանի սահմանէն հազիւ քանի մը վայրկեան հեռու գտնուող Թալիշը արցախեան առաջին համայնքն էր, որ ազրպէյճանցիներուն կողմէ յարձակման ենթարկուեցաւ 1 ապրիլ 2016-ի կանուխ ժամերուն: Պատերազմի աւարտին Թալիշը հաստատապէս կը մնար հայկական տիրապետութեան տակ, բայց աւերակի վերածուած էր: Մեծ...

Հանդիսատեսի Դիրքէն Դուրս Գալու Հրամայականը

Գաղափարը Մի՛ Հարուածէք, Ապարդիւն Է

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ Քանի մը օր առաջ լիբանանահայ ընկեր մը Դիմատետրի վրայ հրապարակեց նկար մը, որ անմիջապէս ցանցի հայ օգտատէրերուն մեկնաբանութիւններուն թիրախ դարձաւ: Սովորութիւն դարձած է այլեւս, որ ամէն «յարմար առիթի» կարելիութիւնը պէտք չէ փախցնել` հակադաշնակցական քարոզչութիւն տանելու: Ես միշտ համբերութեամբ կը հետեւէի նման ապազգային արարքներուն, բայց այս անգամ համբերութեանս բաժակը յորդեցաւ այլեւս: Ո՜վ յուսալքուած, նեղացած, անձնատուր եղած հայ երիտասարդ, քեզի...

Դիմաւորել 100-Ամեակը – 20.  100-ամեակին Կ՛ունենա՞նք Հայրենադարձութեան  Ծրագիր Եւ Գործադիր Մարմին

Հայաստան Կանգնած Է Անկիւնդարձի Մէջտեղը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Այս օրերուն շատ դժուար է Հայաստանի մէջ խօսիլ օրէնքի, արդարութեան, խորհրդարանի եւ դատարանի մասին: Երբ ցուցարարներ կը մերժեն դատարանի վճիռը եւ կը պահանջեն դատաւորներու աշխատանքէ հեռացումը, հարց կը ծագի, թէ ո՞ւր կը մնայ օրէնքի պետութիւնը, ինչպէ՞ս պէտք է վերաբերիլ օրէնքի գերակայութեան հետ: Օրէնքը անանձնական է: Ան հեռու պէտք է մնայ մասնակի մեկնաբանութիւններէ, անմիջական շահերէ, մանաւանդ` յուզումներէ, զգացումներէ, քէներէ:...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Օգոստոս Դ. –   Նոր Հայաստանի Արշալոյսը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Օգոստոս Դ. – Նոր Հայաստանի Արշալոյսը

Ապրելով սփիւռքի մէջ, մեր ողջ ուշադրութիւնը բնականաբար կը կեդրոնանայ հայրենիքի քաղաքական զարգացումներուն վրայ: Հայաստանը յեղափոխութիւն կ՛ապրի: Յեղափոխութիւն մը, որ կոչուած է` բարելաւելու երկրի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային կեանքը, վերացնելու անվստահութեան մթնոլորտն ու փտածութիւնը, վերջ տալու շահագործումներուն, մենաշնորհումներուն, ժողովրդավարութեան ազատ ու խաղաղ ընթացքի խափանման փորձերուն ու վերջնականապէս քանդելու արհեստական պատը` ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն միջեւ: Սա դրական յառաջխաղացք է, որուն յաջողութեան պէտք է...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Սփիւռքի Նախարարը Ամփոփեց Կիպրոս Եւ Միացեալ Նահանգներ Կատարած Այցելութիւններուն Արդիւնքը Օգոստոս 21-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ նախարար Մխիթար Հայրապետեանին մամլոյ ասուլիսը, որուն նպատակը նախարարին Կիպրոս եւ Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութիւններուն արդիւնքին ամփոփումն ու հետագայ համագործակցութեան հեռանկարներու ներկայացումն էր: Անդրադառնալով Կիպրոսի նախագահին արտերկրեայ եւ մարդասիրական հարցերով յանձնակատար Ֆոտիու Ֆոտիսի հրաւէրով Կիպրոս կատարած պաշտօնական այցելութեան` սփիւռքի նախարարը նշեց,...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.   Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները Մկրտիչ Վարդապետ Խրիմեան` Միաբան Ուխտին Աղթամարայ

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները Մկրտիչ Վարդապետ Խրիմեան` Միաբան Ուխտին Աղթամարայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մկրտիչ Խրիմեան, ազգին, հայրենիքին եւ եկեղեցիին ծառայելու ուխտով, որոշած էր կուսակրօն հոգեւորական դառնալ: Ան 10 փետրուար 1854-ին իր քեռիենց` Ջրբաշեաններուն ձին առնելով իրենց տան ծառային հետ հեռացաւ տունէն եւ գնաց Արտամետ, ուր իջեւանեցաւ քահանային տունը: Ծառան ձին առնելով վերադարձաւ Վան: Նոյն գիշերը Մկրտիչ Արտամետի ծովափէն առագաստանաւ առնելով Աղթամար կղզին ցամաք ելաւ: Աղթամարի Սուրբ Խաչ տաճարը Կէս գիշերը անց...

Լուսահոգի Գարեգին Առաջին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ծննդեան Տարեդարձի Առիթով

Լուսահոգի Գարեգին Առաջին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ծննդեան Տարեդարձի Առիթով

ԱՇՈՏ ՎԱՒԵԱՆ Օգոստոսի 27-ը երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց հայրապետի ծննդեան տարեդարձն է, ով նաեւ Կիլիկիոյ Աթոռի գահակալն էր նախքան Ս. Էջմիածնում իր կաթողիկոսութիւնը: Այսօր նա կը դառնար 86 տարեկան: Գարեգին կաթողիկոսն իր աննախադէպ մտաւոր ու հոգեւոր կարողութիւններով մեծ ներդրում ունեցաւ Հայաստանեայց եկեղեցու եւ հայ ժողովրդի կեանքում: Նա կամուրջներ կառուցեց հայոց զոյգ կաթողիկոսութիւնների, Հայ առաքելական եւ օտար եկեղեցիների միջեւ, հոգեւորականների...

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ.  Երախտագիտութեան Եւ Արժեւորման Փորձ

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ. Երախտագիտութեան Եւ Արժեւորման Փորձ

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Գրեթէ մէկ ամիս անցած է Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան դարադարձին նուիրուած պաշտօնական եւ ժողովրդային հանդիսութիւններէն: Մանաւանդ այս օրերուն, երբ շատերս քննադատութեան մէկական վարպետներ ենք, յաճախ ձեռնածալ նստած` կը քննադատենք այս կամ այն միութեան ըրածը կամ չըրածը, սխալներն ու, մարտահրաւէրները նշելու կողքին, գործնական ու ազդու լուծումներ չենք առաջարկեր, «եթէ մենք չենք կազմակերպողը, ուրեմն թերի-անկատար է»-ի հոգեբանութեամբ կը գործենք ու...

Կոմիտասը` Երաժշտութեան Ճամբով

1914-ի Ընդհանուր Պատերազմին Սսոյ Վանքին Հարստութիւնը Ինչպէ՞ս Հալէպ Փոխադրուեցաւ

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Մտքերը թարմացնելու համար ըսենք, որ պատմական մեծ արժէք ներկայացնող սոյն յօդուածը կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն ե՛ւ որպէս պատմական, ե՛ւ որպէս այժմէականն արժէք ներկայացնող գրութիւնը մը, որուն վրայ հիմնուելով` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շուրջ երկուտարի առաջ Հայ դատը ներկայացուց թէ՛ թրքական եւ թէ՛ եւրոպական ատեաններու մէջ` պահանջելով Սսոյ վանքին կալուածները վերադարձնելու իր իրաւատիրոջը` հայ ժողովուրդին Վանքին Կարաւանը 1914-ի ամառնամուտին...

Page 663 of 1111 1 … 662 663 664 … 1,111

Արխիւներ