Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայոց յուշատետրին մէջ օգոստոս 26-ին վերապահուած էջը պատուած է ահաւոր սեւով:
Արիւն եւ սուգ կայ այնտեղ…
26 օգոստոս 1915-ին ցեղասպան թուրքը մարմնաւորող ոճրագործներ դաշոյններով մորթոտեցին Հայկեան Հանճարին ճառագայթող մեծութիւններէն երկուքը` անզուգական Դանիէլ Վարուժանն ու Ռուբէն Սեւակը:
Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանական մեծ ոճիրին մասին պատմագրական եւ արխիւային հսկայական գրականութիւն մը գոյութիւն ունի: Հաստափոր հատորներ կը կազմեն հայ ժողովուրդի նահատակութեան վերաբերեալ ականատեսներու վկայութիւնները: Թէեւ այդ վկայութեանց շարքին հազուադէպօրէն կը հանդիպինք 24 ապրիլ 1915-ին ձերբակալուած, աքսորուած եւ նահատակուած հայ մտաւորականութեան անհատ առ անհատ դիմագրաւած ահաւոր վախճանը նկարագրող արխիւային նիւթերու, այսուհանդերձ, մեծանուն մեր արժէքներէն ոմանց նահատակութեան պարագաներուն վերաբերեալ վկայութիւններ գոյութիւն ունին, որոնք ուղղակիօրէն սահմռկեցուցիչ են` գործուած ոճիրին բարբարոսական, վայրագ եւ անմարդկային բնոյթը պարզելու առումով:
Այդ վաւերագրութանց շարքին է վկայութիւնը Հասան անունով թուրք կառապանի մը, որ կը նկարագրէ քստմնելի մանրամասնութիւնները հայ գրականութեան հպարտութիւնը կազմող Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի ահաւոր նահատակութեան:
Այսօր 103-րդ տարելիցն է նահատակութեան մէջ եղբայրացած մեծատաղանդ մեր երկու գրագէտներուն ողբերգական վախճանին: Դանիէլ Վարուժանի եւ Ռուբէն Սեւակի անկորնչելի վաստակին, հանճարեղ ստեղծագործութեան եւ անկրկնելի տեղին մասին ըստ արժանւոյն անդրադառնալու առիթներ կ’ընձեռէ յուշատետրը: Այսօր առանձին կեդրոնացումով խօսքը կը պատկանի թուրք կառապանին, որպէսզի ականատեսի իր վկայութեամբ պատմէ իր ցեղասպան թուրք ազգակիցներուն գործած քստմնելի ոճիրին մասին («Շամտանճեանի յուշագրութիւն»-էն առնուած վկայութիւնը լոյս տեսած է Մուշեղ Իշխանի «Արդի հայ գրականութիւն» դասագիրքերու շարքին երրորդ հատորի մէջ 120-121-ին վրայ).
«Պատմողն է Հասան անունով կառապան մը, որ հայերու Չանղըրը աքսորուած միջոցին նոյն քաղաքին մէջ կը գտնուի: Իրիկուն մը, երբ նստած է ախոռին առջեւ, անծանօթ եւ դաժան դէմքով ձիաւոր մը, առանց ասպնջականութիւն խնդրելու, կու գայ իր ձին կը կապէ Հասանի ախոռին մէջ ու, հեռանալէ առաջ, յիշեալին կը հրամայէ խնամել իր ձին եւ պատրաստել յաջորդ առտուան համար: Հասան գաղտնի կը հետեւի անծանօթին, որ կը մտնէ ծանօթ իթթիհատականներէն մէկուն տունը, ուր քանի մը օրէ ի վեր ժողովներ կը գումարուին եղեր:
«Այժմ թողունք, որ թուրք կառապանը ինք խօսի.
«Հետեւեալ օրը, արեւածագէն առաջ ուրիշ անձ մը եկաւ ձին առնելու: Այդ մարդը ինծի միաժամանակ ազդարարեց, թէ պարտաւոր էի կառքովս միասին երթալու գիւղէն քառորդ ժամ հեռու տեղ մը եւ ինքզինքս դնելու ոստիկանութեան տրամադրութեան տակ: Հրաման մըն էր, որ ինծի կը հաղորդէր. հարկադրուեցայ հնազանդելու: Առաջադրուած տեղին մէջ ուրիշ կառք մը կեցած էր: Հոն կը գտնուէին ոստիկանական պաշտօնեայ մը` ոստիկան զինուորի մը ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ` Պոլսէն Չանղըրը աքսորուած հինգ էֆենտիներ: Անոնցմէ մէկը երիտասարդ մըն էր, սեւ մօրուքով ու վառվռուն աչքերով: Անոնք ամէնքն ալ քաղաքին պէյերուն պէս լաւ հագուած էին: Ձեռքերնին կապուած էր: Մտահոգ եւ ընկճուած երեւոյթ մը ունէին: Ոստիկանական պաշտօնեան զանոնք առաջնորդեց իմ կառքս եւ ինքն ալ մտաւ միւսին մէջ` ոստիկան-զինուորներն ալ միասին: Մեզի հրաման տրուեցաւ ճամբայ ելլելու Թիւնէյ գիւղի ուղղութեամբ, որ Չանղըրըէն վեց ժամ հեռու է:
«Ժամ մը յառաջացած էինք, երբ ճամբու դարձած մէկ կէտին վրայ տեսնուեցաւ իրիկուան ձիաւորը, որ մեր ճամբան խաչաձեւեց եւ առաջ անցաւ` առանց բառ մը արտասանելու: Քիչ վերջ կրկին ու երկրորդ անգամ խաչաձեւեց մեր ճամբան` մեր շուրջ դեգերելու երեւոյթով մը: Թիւնէյի կէս ժամ մօտեցած էինք, երբ յանկարծ միեւնոյն անձը մեր առջեւ տնկուեցաւ: Շիտակ կառքիս վրայ եկաւ, իջաւ ձիէն եւ իմ ձիերուս սանձերը բռնելով` ուզեց կառքը առաջնորդել ճամբէն դուրս, բլուրին տակը, հեղեղատէ գոյացած խորունկ ձորամէջը: Գետին ցատկեցի, նոյնը ըրաւ նաեւ ոստիկան-զինուորը. կարծեցինք, որ աւազակներէ յարձակում պիտի կրենք եւ ինքնապաշտպանութեան կը պատրաստուէինք, բայց վրայ հասաւ ոստիկանութեան պաշտօնեան եւ մեզի հրամայեց քաշուիլ ու միաժամանակ մեծ ակնածանքով անծանօթին բարեւեց: Այդ ռոպէին մեր առջեւ ցցուեցան չորս հոգիներ` մինչեւ իրենց ակռաները զինուած:
«Անծանօթը, որ կը թուէր, թէ անոնց պետն էր, նշան մը տուաւ: Այս մարդիկը բռնեցին զիս եւ միւս կառապանը, մեր ձեռքերը կապելէ ետք կառքէն վար իջեցուցին հինգ աքսորականները, որոնց հրամայեցին իրենց ունեցած դրամները յանձնել: Եւ որովհետեւ ձեռքերնին կապուած էր, զանոնք խուզարկելու գործը ստանձնեցին ոստիկանները, որոնք անոնցմէ կողոպտեցին, ինչ որ ունէին` դրամ, զանազան առարկաներ, սիկառնիկ, թղթապանակ, համրիչ: Ոստիկանը քանի մը բառեր փսփսաց չեթէներու պետին ականջին: Կ’երեւայ, թէ վերջինէս խնդրեց կողոպուտը իրեն եւ ոստիկան-զինուորին թողուլ: Այս գործողութիւնն ալ աւարտելէն ետք ոստիկանը եւ ոստիկան-զինուորը միւս կառքը նստելով` մեկնեցան: Իմ ձեռքերս ալ քակելով` արտօնեցին, որ քաղաք վերադառնամ: Գալով աքսորականներուն, չորս չեթէներուն եւ անոնց պետին կողմէ հրամայուեցաւ իրենց հետեւիլ:
«Զանոնք հեռուէն կը դիտէի. հետաքրքրութիւնը զիս անհանգիստ կ’ընէր… արդեօք այդ էֆենտիները ո՞ւր կը տանէին: Ձորամէջը կտրելով` անցան միւս եզրը, ուր փոքր անտառիկ մը բլուրը կը զարդարէ: Քիչ մը աւելի յառաջանալով` անոնց պետը արտասանեց քանի մը բառեր, որոնք չկրցի հասկնալ, քանի որ ես անոնցմէ բաւական հեռու էի: Ասկէ ետք մարդիկը յարձակեցան էֆենտիներուն վրայ, անոնց զգեստները հանեցին եւ բոլորովին մերկացուցին… չեմ կրնար նկարագրել այն տեսարանը, որուն ներկայ եղայ…
«Այս խեղճ զոհերը մէկիկ-մէկիկ ծառերուն կապուեցան: Իրենց ձեռքերը կապուած ըլլալով` չէին կրնար ինքզինքնին պաշտպանել: Յետոյ չեթէապետը եւ իր մարդիկը իրենց դաշոյնները մերկացուցին եւ սկսան դանդաղօրէն ու հանդարտ կերպով զանոնք մորթոտել: Դատապարտեալներու աղաղակը եւ անոնց յուսահատ կատաղութիւնը սիրտս կը ճմլէին…»:
103 տարուան հեռաւորութնէն իսկ քստմնելի ոճիրի այդ պահը այսօր ալ կը փշաքաղէ ընթերցողին ողջ էութիւնը:
Աւելորդ են մեկնաբանութիւնները:
Այսպէ՛ս նահատակուեցան Վարուժան եւ Սեւակ:
Այսպիսի՛ անասնական վայրագութեամբ եւ ցեղապաշտական մոլուցքով գործադրուեցաւ թրքական պետութեան ծրագրած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդի աւելի քան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն դէմ:
Իսկ քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը ոչ միայն օրին Պիղատոսի պէս ձեռքերը լուաց, այլեւ մինչեւ մեր օրերը ահա անպատիժ ձգած է յանցագործ ցեղասպանը` անոր նորանոր ոճիրներուն նկատմամբ ձեռնածալ մնալով…
«Դէ՜, ե՛կ վարդապետ եւ մի՛ խելագարուիր»…