Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Մինչեւ Առուն Ջուր Գայ…»

Օգոստոս 31, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Եմէնի «բաժանումը»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Միջազգային լսատեսողական եւ գրաւոր լրատու աղբիւրներ երեքշաբթի, 28 օգոստոսին, լայն արձագանգ եղան Եմէնի ողբերգական վիճակին մասին նոյն օրը լոյս աշխարհ եկած` ՄԱԿ-ի խումբ մը մասնագէտներու այն տեղեկագիրին, որ «բոլոր կողմերը» յանցաւոր կը նկատէ աւելի քան 3 տարիէ ի վեր շարունակուող նախճիրներուն եւ կը խոստանայ յառաջիկայ ամիս ամբողջական տեղեկագիր մը ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` հիմնաւորելով իր մեղադրանքները:

Զօր. Մին Աունկ Հլանինկ

Խմբակին բանբերը` Չարլզ Կերըուէյ, լայն տեղեկութիւններ տուաւ տարուած աշխատանքին մասին` հաւաստելով, որ մասնագէտներու խմբակին յայտնաբերած տուեալները «կրնան հետեւցնել տալ, որ պատերազմական ոճիրներ» կը գործուին Եմէնի մէջ: Ինչ կը վերաբերի մանրամասնութեանց, Կերըուէյ նշեց, որ Եմէնի կառավարութիւնը, նախագահ Հետիի գլխաւորութեամբ, ու վայելելով Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակից ուժերուն զօրակցութիւնը, անընդհատ յարձակումներ գործած է ու կը շարունակէ հութի ընդդիմադիրներուն դէմ, որոնք զօրակից ունին Իրանը: Ան բացայայտ դարձուց, որ սէուտցիներու համախմբումին ետին կը կանգնին` Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա, այսինքն բոլորն ալ մեղսակից են ու կրնան իրենց «արդար բաժինները» ստանալ յառաջիկայ ամիս խոստացուած ամբաստանագիրէն:

Ոճիրները կատարուած են բազմապիսի ձեւերով. բնակարանային շրջաններու, շուկաներու, հիւանդանոցներու, յուղարկաւորներու եւ հարսնեւորներու ռմբակոծում, քաղաքներու պաշարում, բազմապիսի բռնարարքներ` բանտարկութիւն, տանջանք եւ այլն. ըստ պաշտօնական վիճակագրութեանց, 3 տարիներու ընթացքին ինկած են աւելի քան 6500 զոհ, աւելի քան` 10.500 վիրաւոր, 3 միլիոն քաղաքային բռնագաղթի ենթարկուած է 22 միլիոն բնակիչ սննդանիւթի սուր տագնապի մատնուած է, իսկ ժանտախտը իր «հովանին» տարածած է աւելի քան մէկ միլիոն բնակիչի վրայ: Տեղեկագիրը բացայայտ կը դարձնէ, որ զոհերուն թիւը շատ աւելի մեծ է եւ ցաւ կը յայտնէ, որ կողմերը ոչինչ կ՛ընեն անմեղ զոհերուն թիւը նուազագոյնի իջեցնելու համար…

Ռմբակոծումէն փրկուած մանուկ մը` աւերակներու մէջ

Առաջին ակնարկով պէտք է գնահատել ՄԱԿ-ի մասնագէտները, որոնք յայտնապէս «առիւծի կաթ» խմած են ու կը յանդգնին նման տեղեկագիրով մը աշխարհի աչքերը բանալ լռութեան մատնուած ողբերգութեան մը վրայ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան նպատակով ճիչ բարձրացնել ու արդարութեան սուրը շողշողացնել: Միւս կողմէ, սակայն, պէտք է անպայման հարց տալ, թէ նման տեղեկագիրներ ինչո՞ւ այսպիսի ուշացումով հրապարակ կու գան. Իրաքի, Սուրիոյ նախընթացները բաւարար ահազանգ չէի՞ն… Պէ՞տք էր 3 տարի սպասել, բազմատասնեակ մանուկներ փոխադրող փոխադրակա՞ռք մը պէտք էր ռմբակոծուէր ու փոխադրուողները զոհաբերուէին մեծերու մրցակցութեան զոհասեղանին վրայ, որպէսզի տեղ մը բան մը շարժէր, յետոյ ալ` «կրնան հետեւցնել տալ հաւանական ոճիրներու մասին», մինչդեռ փաստերը իրենց ձեռքին է. արդեօք ինչո՞ւ պէտք է սպասել «մինչեւ յառաջիկայ ամիս»: Անկէ ետք, Աստուած գիտէ, թէ Ապահովութեան խորհուրդը որքա՛ն ժամանակի պիտի կարօտի, որպէսզի զսպումի քայլ առնէ, պահ մը մոռնալով, որ նոյն այդ մեծերը անատամ թողած են Ապահովութեան խորհուրդ կոչուող առիւծը: Վերջապէս, ի՞նչ պէտք է հասկնալ «զոհերուն թիւը նուազագոյնի իջեցնել» ակնարկութենէն: Քանի՞ անմեղ զոհ կը նկատուի «նուազագոյն թիւ»…

Գաղթականներուն մէջ բազմաթիւ մանուկներ

Ի դէպ, ՄԱԿ-ի մարդոց «առիւծի կաթ խմած ըլլալուն» մէկ այլ ապացոյցին ականատես եղանք օր մը առաջ, երբ երկուշաբթի, 27 օգոստոսին, քննիչներու այլ տեղեկագիր մը նմանօրինակ «ռումբ» մը պայթեցուց` Միանմարի զինուորական պատասխանատուները յականէ անուանէ ամբաստանելով իբրեւ ցեղասպաններ, աշխարհին յիշեցնելով լուսանցքային վիճակի մատնուած ուրիշ ողբերգութիւն մը` ռուհինճաներու սպանդն ու բռնագաղթը: Զոհերուն թիւը անորոշ է, աւելի քան 700.000 ռուհինճաներ բռնագաղթուած են Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի արժանացած Աունկ Սան Սու Չիի երկրին մէջ, բազմաթիւ գիւղեր ու բնակավայրեր հրկիզուած են, որպէսզի բռնագաղթուածները չմտածեն վերադառնալու մասին: ՄԱԿ-ի տեղեկագիրը կը սպառնայ Լա Հէյի միջազգային ատեանին ներկայացնել միայն… 6 բարձրաստիճան զինուորականներ` գլխաւորութեամբ  ընդհանուր հրամանատար զօր. Մին Աունկ Հլանինկի, իբրեւ անմիջական պատասխանատուները ողբերգութեան: Բնականաբար նոյն հարցումները կարելի է կրկնել հոս ալ:

Եւ ինչպէ՞ս հարց չդնել` «Մինչեւ առուն ջուր գայ…»: Նաեւ` «Այսօր ո՜վ կը յիշէ…»:

28 օգոստոս 2018

Նախորդը

Տեսակէտ. Ընտրանքը

Յաջորդը

Վրաստանի Մէջ 10 Երկիրներու Մասնակցութեամբ Միջազգային Հրամանատարական Ռազմափորձեր

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?