Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահէին Պարտէզը

Սեպտեմբեր 1, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. ԹՈՐԻԿԵԱՆ

Չեղաւ, չպատահեցաւ… չստացուեց:

Բազմիցս խոստացած էի այցելել Վահէին պարտէզը, բնագաւառ մը կամ աւելի մօտիկ ըլլալով բնութեան` գործունէութեան դաշտ մը, որ սրտիս երբեք չէ խօսած: Միշտ ալ քաղաքի մէջ ապրած ըլլալով` վարժուած եմ պոռչտուքի, երթեւեկի, իրարանցումի, փոշիի, ձայնի, բարձր ձայնի, բաղաձայնի, սուր աղմուկի եւ շարունակ գերաղմկալի աղմուկի:

Տարբեր էր Վահէին հորիզոնը: Ան ակնածանքով եւ խանդով կ՛անդրադառնար, թէ որքա՜ն հաճելի էր կապուիլ հողին, յատկապէս` հայրենի հողին. զայն ջրել, խնամել, մշակել… «դաստիարակել»: Իր սրտին խօսած պարտէզ մը, ուր պիտի աւարտէր իր կեանքը… այդ նոյնինքն սիրտը իրեն դաւաճանած ըլլալուն պատճառով:

Միշտ ալ կարճ տեւողութիւն ունէր Երեւան այցելութիւնս, այնքան մը որ, ըստ Վահէին բացատրութեան եւ սրամտութեան, այն օդանաւով, որ կը ժամանէի, անով ալ կը մեկնէի:  Շատ կ՛ուզէր, որ երկար ժամանակ ստեղծուէր, եւ այցելէի իր այդ պարտէզը:

Մայիսեան հարիւրամեակի տօնակատարութեան առթիւ միեւնոյն օդանաւով պիտի չվերադառնայի ու գրեթէ շաբաթ մը մնայի եւ կը կարծէի, որ այս անգամ ի վերջոյ առիթ պիտի ունենայի Վահէին մշակած պարտէզը այցելելու: Սակայն չեղա՜ւ:

Անգամ մը եւս առիթ չեղաւ անոր ջրած պարտէզը ըմբոշխնելու:

***

Ընդդիմատետրի ընկերս էր, շատ մօտիկ ընկերս` Վահէն:

Ինքը…ՀՈՆ իր հանգչած տեղէն, փոքր ժպիտ մը դէմքին … շուտով հասկցաւ ըսածս, սակայն կարդացողին համար հաւանաբար կարճ բացատրողական մը աւելի յստակացնէ թուղթին յանձնուած այս քանի մը տողերը:

Միշտ ալ կը կատակէի Վահէին հետ, թէ այնքան ատեն որ անգործ չեմ, ամուսնալուծուած չեմ, հիւանդ չեմ եւ …դեռ ողջ եմ, պիտի չունենամ Ֆէյսպուք` Դիմատետր, այսինքն պիտի ունենամ ընդդիմատետր:

Եւ հակառակ այս գոյավիճակին` կարծես օրական կապ կը հաստատէինք: Աւելի զարմացնեմ ընթերցողն ու անմիջական ծանօթներն ու պարագաները, ե-նամակով ալ հետեւողական կերպով կապ չէինք հաստատեր, նոյնիսկ ընկալուչն ալ սակաւաթիւ անգամներ կը վերցնէինք, սակայն երբ որ հանդիպէինք, կարծես դեռ  երէկ իրարու հետ երկար զրուցած էինք:

***

Շատեր պիտի գրեն հաւատաւոր կուսակցական, ազգային տիպար Վահէին մասին: Պիտի անդրադառնամ իր անձին մասին, շատ աւելի դժուար պարտականութիւն մը, մանաւանդ որ մօտէն ծանօթ ըլլալով իր նկարագիրին, ան միշտ ալ լռիկ-մնջիկ տիպար մը եղած է եւ խուսափած` երեւելու  տենդէն:

Եօթանասունականներու վերջերուն, Պարսկաստանէն ժամանած էր ան` տասնեակ մը ընկերներու հետ Համազգայինի հայագիտական հիմնարկին մէջ մասնագիտանալու: Քաղաքական իրադարձութիւնները պատճառ դարձան, որ Վահէին բերած օդանաւը զինք Լիբանան փոխադրէ եւ հոն ալ ձգէ: Այսպէս սկսաւ մեր բարեկամութիւնը, որ հետագային շատ աւելի խորացաւ «Ազդակ»-ի երդիքին տակ եւ արեւմտեան Պէյրութի մէջ:

Ընկերային միջավայր մը ստեղծած էինք: Տարբեր ձիրքեր, զբաղումներ ու հետաքրքրութիւններ: Թուղթ խաղալ, ժամեր շարունակ ուտել, խմել ու ճառախօսել… այս բոլորը չէինք սիրեր:

Կը նախընտրէինք դիտել եւ ո՛չ դիտուիլ, նաեւ` ունկնդրել եւ ո՛չ ունկնդրուիլ, կարդալ ու կարդալ…

Եւ այսպէս միասին կ՛ունկնդրէինք երաժշտութիւն եւ բազմիցս կ՛ուղղուէինք շարժապատկերի սրահ` ըմբոշխնելու համար ոչ հոլիվուտեան աւելորդաբանութիւններ:

Մեր նախասիրած շարժապատկերի սրահը «Քլեմանսօ»-ն (այժմ փակուած) էր, ուր բացի ցուցադրուող ժապաւէններէն` ամէն բան լքուած, փոշով ծածկուած եւ ապականած էր: Ի դէպ, ցուցադրուող ժապաւէններն ալ նոր պատրաստութիւններ չէին, բայց մակարդակ ունեցող գործեր էին, որոնք կրկին անգամ կը ցուցադրուէին: Իսկ ամէնէն կարեւորը, միշտ ալ պարապ էր այդ սրահը` մեր օրերու «Cinema Paradiso»-ն, ուր պաստառը լուսաւորող ոսպնեակին խշրտոցը շատ աւելի մտերմիկ մթնոլորտ մը կը ստեղծէր: Այսպէս, լաւապէս բազմած եւ իրարմէ հեռու կ՛ըմբոշխնէինք ցուցադրուող ժապաւէնը:

Հոն, Չեփլինը կարծես գետին ինկած ծաղիկը, կոյր աղջկան յանձնելու ժամանակ մեզ ալ կը դիտէր եւ համակրելի պեխին փոքր շարժում մը տալով, կը ժպտար` այն տպաւորութիւնը ձգելով, որ, միացէ՛ք ինծի եւ դուք ալ օգնեցէ՛ք այս դժբախտ աղջկան: Իսկ Նիւ Եորքի թաքսիի խենթուկ վարորդ Ռապըրթ Տը Նիրոն, հայելիի ընդմէջէն իր զայրոյթը մեզի ալ կը յայտնէր` «Are you talking to me?» մը հարցադրելով եւ զէնքով սպառնալով:

***

Տարիներ ետք… գործ, ամուսնութիւն, ընտանեկան կեանք… փոխուած էր Վահէին շաբաթավերջի զբաղումը:

Այսպէս, իր բոլոր հոգերն ու մտահոգութիւնները մէկդի դրած, յատկապէս կիրակի օրերը մշակ-բանուոր Վահէն  կը ջրէր ու կը մշակէր իր պարտէզը: 17-րդ դարաշրջանէն վոլթերեան պարզ փիլիսոփայական «Մշակենք մեր պարտէզը» («Քանտիտ») հասկացողութիւն մը, որ ան կը կիրարկէր…դարեր ետք:

Զանազան տեսակի բոյսեր, պտուղներ ու թուփեր կը մշակէր ան: Ու կը ջրէր, շարունակ կը ջրէր: Ան լաւապէս հոգ կը տանէր հողին` զայն խնամելով եւ արգասաբեր դարձնելով: Հողը թեթեւցած էր եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ Վահէին համար: Կարիք չկայ հողին թեթեւութեան մասին ակնարկելու:

Երկու խօսք ալ` հոն ծիլ առած ծաղիկներուն ու պտուղներուն մասին: Անոնք երբեք որդնոտած չէին… թարմ ու համեղ էին: Կը կատակէի իրեն հետ, թէ` Արտամետի խնձորի հունտերը իր պարտէզին մէջ  տեղ ունէին, շարունակ մատնանշելով միայն հունտերը եւ ո՛չ թէ` որդերը:

***

Աւա՜ղ: Միասնաբար ծրագիրներ ունէինք, որոնք բոլորն ալ ջուրը ինկան: Այսպէս, մեր Bucket list-ին (կատարելիքներ` նախքան անդենական մեկնիլը) մէջն էր միասնաբար Արեւմտահայաստան երթալ… Անի, Վան, Համշէն: Շատ կը փափաքէի, որ միասնաբար ըմբոշխնենք դաշնակահար Պրետ Մելտաուն` իր բնութեան յար եւ նման երաժիշտ մը: … Ի վերջոյ նաեւ այդ կատարելիքներու ցանկին մէջ էր պարտէզ այցելութիւնս:

Դժուար եղաւ այս քանի մը մտածումներն ու յուշերը թուղթին յանձնելս: Բայց վստահ եմ` ան գոհ պիտի մնայ:

Կարմիր գիծը չանցայ:

Փաքաքածն ալ կատարեցի: Ոչ մէկ յիշատակելի յատուկ անուն կամ մանրամասն նկարագրականով դէպք:

Դժուար օրեր անցուցած ենք, անբացատրելի զարհուրելի եւ սահմռկեցուցիչ վայրկեաններ, սակայն ամէնէն ահաւորը եղաւ այն օրը, երբ ստիպուած եղանք միասնաբար թուղթին յանձնել մեր մօտ մահացած ընկերոջ մասին մահագրութիւն մը: Ի՜նչ զարհուրելի եւ ընկճելի ակնթարթներ էին:

Հիմա ալ առանձնացած, Վահէին մասին մահագրութիւն… ի՜նչ ճակատագիր:

 

 

Նախորդը

Վահէին Յիշատակին… (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ. 18 Դիմումի Ընդառաջում` Օգոստոս Ամսուան Ընթացքին 16-ամսեայ Հաշուեկշիռ` 288 Պարագայ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?