Յօդուածներ

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Հայ Մամուլի Տարի. Մամուլի Տարի…

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ի հարկէ, Արամ Ա. կաթողիկոս, երբ 2019-ը կը յայտարարէ «Մամուլի տարի», մտահոգութիւն ունի եւ մեր ուշադրութիւնը կ’ուզէ հրաւիրել: Ժամանակները փոխուած են, փոխուած ենք` որպէս անհատներ, որպէս համայնքներ, որպէս ինքնութիւն կրող ազգ: Հեռացումներ կան արմատներէն, զորս երբեմն չենք ուզեր տեսնել: «Մամուլի տարի»-ն առիթ պէտք է ըլլայ իսկական հաշուեկշիռը ընելու հայ մամուլին` առանց սեթեւեթի խօսելով անոր ազգային, մշակութային, քաղաքական որակի,...

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Զօր. Մովսէս Սիլիկեան Մովսէս Սիլիկեան (Սիլիկով).- Ռուսական եւ հայկական բանակներու ռազմական գործիչ, ազգային հերոս, ռուսական բանակի ընդհանուր հրամանատար (22 սեպտեմբեր 1917), Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան բանակի զօրավար-տեղակալ (28 մայիս 1919), Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի Ռազմական խորհուրդի անդամ: Ծնած է 14 սեպտեմբեր 1862-ին, Նուխի, տոհմիկ եւ ազնուական ընտանիքի մէջ, անոր տոհմը եղած է ռազմական գործիչներու տոհմ: Սիլիկեանները բնակած են Գանձակի նահանգի...

Հարցազրոյց` Հայոց Լեզուի Պոլսահայ  Երկու Ուսուցիչներու Հետ

Հարցազրոյց` Հայոց Լեզուի Պոլսահայ Երկու Ուսուցիչներու Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Այս շաբաթ Լիբանան կը գտնուին Պոլսոյ Թարգմանչաց վարժարանէն երկու ուսուցիչներ` Ժերմեն Գանթարճըօղլուն եւ Դալար Քէօսէօղլուն: Անոնք շաբթուան մը տեւողութեան պիտի այցելեն Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան, պիտի ծանօթանան հայոց լեզուի ուսուցիչներուն, հայերէնի դասագիրքերուն եւ ներկայ ըլլալով հայոց լեզուի դասապահերուն` պիտի տեղեկանան դասաւանդուած հայերէնի ծրագիրին եւ մեթոտաբանութեան: Անոնց նպատակն է նոր գաղափարներով, ծրագիրներով եւ դասագիրքերով զինուած` վերադառնալ...

Շտապ Օգնութեան Դասընթացք.  Ամերիկեան Հիւանդանոցի «Չեմփս Ֆոնտ»-ի Ծանօթացում

Շտապ Օգնութեան Դասընթացք. Ամերիկեան Հիւանդանոցի «Չեմփս Ֆոնտ»-ի Ծանօթացում

2018-2019 կրթական տարեշրջանին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն խորհուրդը կրթական ծրագրին մէջ ներառեց շտապ օգնութեան եռամսեայ դասընթացք մը` երկրորդականի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն համար: Արդարեւ, անցնող երեք ամիսներուն վարժարանի հիւանդապահուհի Լիզա Գոճայեանը շաբաթական դրութեամբ պահեր ունեցաւ երկրորդականի աշակերտներուն հետ` անոնց սորվեցնելու համար անմիջական օգնութեան անհրաժեշտ սկզբունքներն ու գործնական քայլերը: Դասընթացքը իր աւարտին հասաւ ուրբաթ, 18 յունուարին` ներկայութեամբ Լիբանանի Կարմիր...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի Թնճուկը

Միացեալ Նահանգներու նախագահին` Թուրքիան տնտեսապէս քանդելու սպառնալիքը, եթէ վերջինս ամերիկեան ուժերու Սուրիոյ հիւսիսային շրջանէն հեռանալէն ետք յարձակում գործէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն վրայ, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ զանազան ուժերու նկրտումներուն ցուցանիշն է փաստօրէն: Այս շրջանին մէջ կը բախին Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ, քրտական պաշտպանական ջոկատներու եւ բուն հողատիրոջ` Սուրիոյ շահերը: Իւրաքանչիւր կողմ իր մշակած ռազմավարութեան դիտանկիւնէն կը հետեւի նշեալ բախումի ալիքին:...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն. 100-ամեակ. Հայոց Լեզուի Վերականգնումի Աշխատանքներ` Ռուսացումի Քաղաքականութենէն Ետք – Բ.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2019-ը «Մամուլի տարի» հռչակելուն առիթով կը շարունակեմ անդրադառնալ 1917-1921 տարիներու Հայաստանի մամուլին` լուրեր, յօդուածներ եւ կարծիքներ: Ծանօթ. այս յօդուածաշարքին (1) համար օգտագործուած են համացանցին միջոցով տրամադրելի, պատճէնահանուած եւ ոչ թէ որոնումի կարելիութեամբ թուայնացած, երբեմն անընթեռնելի դարձած եւ ոչ ամբողջական 1917-1921 մամուլի արխիւը` մակերեսային ընթերցումի հիման վրայ: Ուստի հաւանական է, որ...

Պատանիներու Հոգեկան Եւ Մտային Աճող Տագնապներուն Առաջքը Առնելու Միջոցներ

Պատանիներու Հոգեկան Եւ Մտային Աճող Տագնապներուն Առաջքը Առնելու Միջոցներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ներկայ ժամանակներու մէջ հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնայ դեռահասներու մօտ հոգեկան տագնապներու աճը: Կենսական այս հարցին լուծումով մտահոգ են դպրոցներու պատասխանատուներ, ծնողներ եւ կառավարութիւններ: Տագնապը կարելի է լուծել բոլորին համագործակցութեամբ: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը այս առնչութեամբ երկու յօդուածներ հրատարակած է:  Ընկճուածութենէ Եւ Հոգերէ Տառապող Աշակերտներու Խնամք Անգլիոյ Դպրոցներուն Մէջ Քննադատներ Կ՛ըսեն, Որ Մտային Առողջութեան Կենսական Ծրագիրը 2019-ին Սկսիլը...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Հայաստան-Չինաստան Յարաբերութիւններու Մարտահրաւէրները

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Վերջերս Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ ծայր առած հակաչինական ցոյցերը այս հարցով զգուշացում մը պէտք է ըլլան Հայաստանին: Պիշքեքի ցոյցերը կը հետապնդէին երեք նպատակ: Առաջին` կառավարութիւնը պէտք է քննէ չինական ընկերութիւններու օրինականութիւնը եւ անոնց գործելաոճին մէջ թափանցիկութեան պակասն ու փտածութեան տարածումը: Երկրորդ` արգիլել չիներուն տալ խըրխըզական քաղաքացիութիւն, որովհետեւ խըրխըզները մտահոգուած են, որ իրենց երկրին ժողովրդագրական պատկերը կրնայ փոխուիլ ի...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Տեսակէտ. «Բարեկարգո՞ւմ, Թէ՞ Յեղափոխութիւն» Դարձնել Այժմէական Քննարկման Նիւթ

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 15 յունուարին կը զուգադիպէր մարքսական լեհ-գերմանացի տեսաբան, փիլիսոփայ, տնտեսագէտ, հրապարակախօս, հակապատերազմական ու յեղափոխական շարժումներու աշխուժ մասնակից եւ ձախակողմեան քաղաքական գործիչ Ռոզա Լիւքսեմպուրկի մահուան 100-ամեակը: Երբ որ կը լսենք Ռոզա Լիւքսեմպուրկին անունը, մեր միտքերը կ՛երթան դէպի նախորդ դարասկիզբ` 1905-ի ռուսական առաջին յեղափոխութիւն եւ մանաւանդ 1919-ի գերմանական յեղափոխութեան օրերուն անոր տարած գործունէութիւնը` իբրեւ աշխատաւորական շարժման կազմակերպիչ եւ հրապարակախօս, երբ յեղափոխութիւններու...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Ազրպէյճանական Ընթացիկ Գայթակղութիւնը. Ալիեւի Դուստրերը Փորձած Են Լոնտոնի Մէջ 76 Միլիոն Տոլար Արժողութեամբ Տուն Մը Գնել

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը 21 դեկտեմբեր 2018-ի իր թիւով բացայայտեց նիւթական վերջին գայթակղութիւնը` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դուստրերուն վերաբերեալ: Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաները Լոնտոնի մէջ ուզած են ձեռք բերել 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ երկու շքեղ բնակարաններ` օգտագործելով գաղտնի ստուերային ընկերութիւն մը: Նշեալ գումարը կը ներառէր յաւելեալ 4 միլիոն տոլար` երկու տուները մէկ բնակարանի...

Ակնարկ.  Հանդիպումներու Զրոյցներէն  Դէպի Բանակցային Փուլ

Ակնարկ. Հանդիպումներու Զրոյցներէն Դէպի Բանակցային Փուլ

Տուշանպէէն եւ Փեթերսպուրկէն ետք Տաւոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ երրորդ հանդիպումը կը կայանար: Վարչապետ Փաշինեան կը պարզաբանէր, որ նախապէս համաձայնեցուած հանդիպում չէ, եւ միջազգային հաւաքներու առիթով կազմակերպիչներուն կողմէ նախաձեռնուած հանդիպման հրաւէրի երկկողմանի ընդառաջում է, որ նախապէս երկու ղեկավարները համամտութիւն տուած են: Նման առիթներու հանդիպելու պարագային չխուսափիլ հանդիպելէ: Երեք հանդիպումներն ալ ըստ վարչապետին ոչ պաշտօնական զրոյցներ են...

Իրաքի Քիւրտերը Եւ Անկախ Քիւրտիստանի Երազը

Թուրքիոյ Քիւրտերուն Ճգնաժամը Աթաթուրքէն Մինչեւ Սուլթան Էրտողան

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ Ներկայիս Էրտողան կը փորձէ իր դիրքերը ամրապնդել Սուրիոյ հիւսիսային քրտաբնակ շրջաններուն մէջ եւ հոն քիւրտերը կը հալածէ, մինչ Միացեալ Նահանգները  քիւրտերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ մղած իրենց պայքարի ամենամեծ դաշնակիցը կը համարեն: Թուրքիան նաեւ զիջումներ կ՛ընէ  Ռուսիոյ` Սուրիոյ տագնապին հարցով: Սակայն ինչո՞ւ ան կը հալածէ Սուրիոյ քիւրտերը: Ի՞նչ է գինը անոր զիջումներուն` Ռուսիոյ, եւ ի վերջոյ, ի՞նչ ձեռք պիտի...

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Կ՛այցելէ Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարան

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահը Կ՛այցելէ Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարան

Հինգշաբթի, 17 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան: Ան դիմաւորուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանին, թեմի Ազգային երեսփոխանական եւ Ազգային վարչութեանց անդամներուն կողմէ, ներկայութեամբ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետին եւ խուռներամ բազմութեան: Այցելութեան սկիզբը ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած յուշարձան-խաչքարին դիմաց, ապա Սրբոց Նահատակաց...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա ՍՕԽ-ի Գամիշլիի Եւ Տէրիքի Մասնաճիւղերու Վարչութիւններու Հանդիպում 28 դեկտեմբեր 2018-ին Տէրիքի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը` Սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) Գամիշլիի «Արցախ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Անի Սարգիսեանին եւ Տէրիքի «Սարտարապատ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լուսին Յովհաննէսեանին միջեւ: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան երկու մասնաճիւղերը հետաքրքրող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ...

Հայաստանի Սահմանապահը…

Հայաստանի Սահմանապահը…

ՎԻԳԷՆ ՍԵՐՈԲԻ ԱՐԱՊԵԱՆ «Զուարթնոց» օդակայանում եմ, սահմանային անցակէտում, հանրապետութիւնից դուրս եմ գալիս. հերթս է. մօտենում եմ սահմանապահ ծառայողի պատուհանին: Յանձնում եմ անձնագիրս: Ծառայողը ռուսերէն է խօսում իմ հետ, ռուս է: Ես հայերէնով պատասխանում եմ` «խնդրում եմ` հայերէն խօսէք». ծառայողը շարունակում է խօսել ռուսերէն: Պատասխանում եմ` «մենք Ռուսաստանում չենք, մենք Հայաստանում ենք, ու Հայաստանում մայրենի լեզուն հայերէն է»: Կրկնում եմ իմ...

Թզուկներու Փնտռտուքը Եւ Տօնական Օրերու Պատգամը

Թզուկներու Փնտռտուքը Եւ Տօնական Օրերու Պատգամը

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին, գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, մասնակցութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն, 28 դեկտեմբեր 2018-ին Աղբալեան-ՀՄԸՄ մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Թզուկներու փնտռտուք» թատերական ձեռնարկը: Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, այսպիսի ձեռնարկ մը տեղի կ՛ունենայ համալիրին մէջ` նպատակ ունենալով հայ ակումբին եւ կառոյցներուն շուրջ համախմբել բոլոր հայ մանուկները` գաղութի մատղաշ...

Անդրադարձ.  Հակադիր Ձգտումներ

Անդրադարձ. Հակադիր Ձգտումներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Շրջանային կացութիւնը խիստ վտանգաւոր է: Կարգ մը արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ զայն կը նմանցնեն ականի վրայ կանգնած անձի մը իրավիճակին: Ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացման մօտալուտ հեռանկարը իր շուրջ ստեղծած է այդ հեռացումը արագացնելու եւ զայն արգելակելու երկու հակադիր ձգտումներ: Ամերիկեան ուժերու հեռացումը կը բխի Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ շահերէն, որոնք պիտի լեցնեն ստեղծուած բացը, պիտի սկսին աւելի ազատ գործել...

Յարգանք Իր Արուեստին Եւ Ոչ` Անձին

Յարգանք Իր Արուեստին Եւ Ոչ` Անձին

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Ռուբէն Հախվերդեանը շաբաթ օր «Առաջին լրատուական»-ին հետ իր կատարած հարցազրոյցին ընթացքին անկապ ու անիմաստ համեմատութեամբ  մը գովաբանեց Քիմ Քարտաշեանի յետոյքով կատարած գործը` զայն նկատելով «աւելի մեծ գործ», քան ինչ որ «ամբողջ Դաշնակցութիւնը» կը կատարէ. եւ այս յայտարարութեամբ ցնցեց ամբողջ համացանցը: Ճիշդ է` ոմանք շատ ուրախացան այս յայտարարութեամբ, «Առաջին լրատուական»-ը մինչեւ իսկ այդ համեմատութիւնը օգտագործեց որպէս վերնագիր (պարզ է`...

Պաքուի Կեցուածքներուն Դէմ Դնելու Զէնքը Ունինք

Պաքուի Կեցուածքներուն Դէմ Դնելու Զէնքը Ունինք

Ա. Ա. Արցախի տագնապին մասին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար էլմար Մամետեարովի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն միտք բանին թէեւ նորութիւն չէ, սակայն առիթ կու տայ հարցադրումներու` առաւելաբար տագնապին լուծման պատկերացման Պաքուի հետեւողական քաղաքականութեան դէմ հայկական քարոզչական մեքենան եւ Երեւանի ու Ստեփանակերտի դիւանագիտական ողջ համակարգը լաւագոյնս գործի լծելու հեռանկարով: Մամետեարով եւ Ալիեւ զանազան առիթներով եւ բաւականին համակարգուած ձեւով շեշտեցին քանի մը...

Նամակ` Ծանօթ-Անծանօթ Բարեկամիս

Նամակ` Ծանօթ-Անծանօթ Բարեկամիս

Զ. ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ Տարիներէ կը խորհիմ` ինչպէ՞ս հաղորդակցութեան մէջ մտնեմ քեզի հետ. խաբուսիկ էիր, կ՛երեւնայիր ու կ՛անհետանայիր, ինչպէս երեւցած էիր, անսպասելի: Այնուամենայնիւ քեզի հետ պէտք է խօսէի, որովհետեւ կը հաւատամ, որ կարեւոր է հետդ բաժնեկցիլ այն, ինչը կը մտատանջէ զիս, հաւատալով, որ դուն կրնաս անկեղծօրէն գործակցիլ` բառնալու մտահոգութիւնս: Հաւատացած եմ, որ կարողութիւններուդ սահմաններուն մէջ է: Եւ դուն ալ շահագրգռուած պիտի ըլլաս...

Page 615 of 1111 1 … 614 615 616 … 1,111

Արխիւներ