ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Շրջանային կացութիւնը խիստ վտանգաւոր է: Կարգ մը արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ զայն կը նմանցնեն ականի վրայ կանգնած անձի մը իրավիճակին:
Ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացման մօտալուտ հեռանկարը իր շուրջ ստեղծած է այդ հեռացումը արագացնելու եւ զայն արգելակելու երկու հակադիր ձգտումներ: Ամերիկեան ուժերու հեռացումը կը բխի Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ շահերէն, որոնք պիտի լեցնեն ստեղծուած բացը, պիտի սկսին աւելի ազատ գործել եւ իրենց վերահսկողութիւնը ամրապնդել: Հեռանկար մը, որուն լոյսին տակ Իսրայէլի շահերէն կը բխի ամերիկեան ուժերը պահել իրենց տեղը:
Անգարայի համար Սուրիոյ քիւրտերուն ներկայացուցած վտանգի չէզոքացման հիմնական արգելքը ամերիկեան ուժերուն ներկայութիւնն է: Ահա թէ ինչու, մինչ Ռուսիան եւ Իրանը կը թուին աւելի համբերատար ըլլալ, Թուրքիան կ՛ուզէ արագացնել այդ ուժերուն հեռացման հոլովոյթը` Սուրիոյ քիւրտերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել չստիպուելու համար: Անգարա այդ նպատակին իրագործման համար կ՛օգտագործէ շրջանին մէջ իր խաղաքարտերէն մէկը` ՏԱՀԵՇ-ը:
Պատահական չէ, որ վերջինս ամերիկեան ուժերու հեռացման հոլովոյթին սկիզբէն ետք, յանկարծ սկսաւ յարձակումներ գործել արդէն իսկ շրջանէն հեռացող այդ ուժերուն դէմ: Անտրամաբանական քայլ մը, որ կու գայ վկայելու պատուէրի մը գոյութեան մասին: Մընպեժի եւ Հասաքէի մէջ արձանագրուած անձնասպանական գործողութիւններէն ետք, ահաբեկչական խմբաւորումը յաւելեալ յարձակումներով կը սպառնայ ամերիկեան ուժերուն` ընդգծելով, որ Մընպեժի եւ Հասաքէի մէջ տեղի ունեցածը միայն նախաբանն է գալիքին: Այս իրողութեան լոյսին տակ, զարմանալի չէ, որ Էրտողան Թրամփի հետ իր հեռաձայնային վերջին հաղորդակցութեան ընթացքին Թուրքիոյ Մընպեժի հարցով զբաղելու պատրաստ ըլլալուն մասին յայտարարելէ ետք, իր զրուցակիցին յիշեցուց նախորդ շաբաթ Մընպեժի մէջ կատարուած յարձակումին պատճառով արձանագրուած ամերիկացի 4 զոհերուն մասին: Պատգամը յստակ է. «Յաւելեալ զոհեր չտուած, հեռացէ՛ք»:
Միւս կողմէ, Իսրայէլ 20 եւ 21 յունուարին օդային յարձակումներ գործեց Սուրիոյ մէջ իրանեան դիրքերուն դէմ: Երկրորդ օրուան յարձակումը երեք ճակատներէ էր եւ բաւական լայնածաւալ: Ըստ իսրայէլեան կողմին, ատիկա հակադարձութիւն մըն էր Իրանի կողմէ բռնագրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն ուղղութեամբ արձակուած հրթիռի մը: Իսրայէլի տեղեկահաւաքի եւ փոխադրամիջոցներու նախարար Եսրայէլ Քաց յայտարարեց, թէ իր երկիրը Իրանի հետ մտած է «բաց եւ բացայայտ» ճակատումի մէջ եւ պատրաստ է «անհրաժեշտութեան պարագային» դիմելու մագլցողական քայլերու: Կը թուի, թէ ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացումին նկատմամբ խիստ մտահոգութիւն արտայայտած Թել Աւիւի մօտ գոյութիւն ունի այն համոզումը, թէ Իրան-Իսրայէլ ճակատում մը անորոշ թուականով պիտի յետաձգէ իր գլխաւոր դաշնակիցին ու հովանաւորին Սուրիայէն հեռացումը:
Կը մնայ սպասել եւ տեսնել, թէ այս բոլորը ի շահ որո՞ւ պիտի աւարտի` ամերիկեան ուժերու հեռացումը արագացնել փորձող Թուրքիո՞յ, թէ՞ այդ հեռացումը ականահարել փորձող Իսրայէլի: