Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. «Բարեկարգո՞ւմ, Թէ՞ Յեղափոխութիւն» Դարձնել Այժմէական Քննարկման Նիւթ

Յունուար 25, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

15 յունուարին կը զուգադիպէր մարքսական լեհ-գերմանացի տեսաբան, փիլիսոփայ, տնտեսագէտ, հրապարակախօս, հակապատերազմական ու յեղափոխական շարժումներու աշխուժ մասնակից եւ ձախակողմեան քաղաքական գործիչ Ռոզա Լիւքսեմպուրկի մահուան 100-ամեակը:

Երբ որ կը լսենք Ռոզա Լիւքսեմպուրկին անունը, մեր միտքերը կ՛երթան դէպի նախորդ դարասկիզբ` 1905-ի ռուսական առաջին յեղափոխութիւն եւ մանաւանդ 1919-ի գերմանական յեղափոխութեան օրերուն անոր տարած գործունէութիւնը` իբրեւ աշխատաւորական շարժման կազմակերպիչ եւ հրապարակախօս, երբ յեղափոխութիւններու օրերուն ան բարձրաձայն կը յայտարարէր. «Ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը կը ձգտի եւ կը գտնէ ուղիներ եւ մասնաւորապէս նշանաբաններ բանուորներու պայքարին մէջ` միայն այս պայքարի զարգացումով, եւ կը շահի ուղղութիւններ` ի շահ միայն այս պայքարի յառաջընթացին»: Բանուորական զանգուածը, լսելով այս եւ ասոր նման այլ խօսքեր, կը համակրէր ընկերվար-ժողովրդավարութեան եւ նեցուկ կը կանգնէր անոր ներդրումներուն, մասնաւորապէս` յեղափոխութեան ժամանակաշրջանին, որուն ընթացքին ընկերվար-ժողովրդավարութեան միջոցով այդ դասակարգի պայքարը ստացաւ գաղափարական դիմագիծ:

Սակայն Ռոզա Լիւքսեմպուրկը չենք կրնար յիշել միայն իբր կազմակերպիչ եւ հրապարակախօս, այլ ամէնէն կարեւորը` իբրեւ մարքսական տեսաբան, մասնաւորաբար իր «Բարեկարգո՞ւմ, թէ՞ յեղափոխութիւն» տեսաբանական գիրքով:

Հեռու նախորդ դարու ուղղափառ մարքսականութեան «պրոլետարական յեղափոխութեան» կարգախօսէն, այսօր յեղափոխականութիւնը ընկերային-տնտեսական մարզին մէջ դարձեալ միջազգայնօրէն հրապարակի ու քաղաքական ատեաններու վրայ է` շնորհիւ նոր-ազատականութեան ձախող քաղաքականութիւններուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք` ընկերային անհաւասարութեան, անգործութեան, աղքատութեան եւ շուկայացման:

«Բարեկարգո՞ւմ, թէ՞ յեղափոխութիւն» նիւթին քննարկումը ներկայիս կու գայ դարձեալ գերիշխելու եւրոպական ընկերվար-ժողովրդավարութեան մտածողութեան հարթակներուն վրայ: Երրորդ ուղին ձախողեցաւ նոր-ազատականութիւնը մարդկայնացնելու գործընթացին մէջ: Ան ի զօրու չեղաւ նոր-ազատական, ազատ շուկայական տնտեսական համակարգը մերձեցնել ընկերային եւ տնտեսական արդարութեան սկզբունքներուն հետ, այլ` հակառակը, ուր որ երրորդ ուղի դաւանող ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւն կը կառավարէր 2008-ի միջազգային ելեւմտական ճգնաժամին ընթացքին, դիմուեցաւ խստամբերական քաղաքականութեանց, հետեւաբար ընկերվար-ժողովրդավարութեան աւանդական ընտրող զանգուածը` բանուորութիւնը, հեռացաւ ընկերվար-ժողովրդավարութենէն:

Մեր կողմէ` վերը մէջբերուած Լիւքսեմպուրկի խօսքին մէջ արդէն նշուած էր, որ ընկերվար ժողովրդավարութիւնը «կը շահի ուղղութիւններ` ի շահ միայն այս պայքարի (բանուորներու պայքար) յառաջընթացին», եւ հոս կու գանք այն եզրակացութեան, որ ընկերվար- ժողովրդավարութիւնը խորթ է` առանց բանուորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, եւ բանուորներու իրաւունքներուն պաշտպանութենէն հեռացումին պատճառով է, որ այսօր ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը տկարացած է արեւմտեան աշխարհի մէջ: Նոյնինքն Ռոզա Լիւքսեմպուրկը կը մատնանշէ այդ փոխյարաբերութիւնը այլ խօսքով մը` ըսելով. «Որքան ընկերվար-ժողովրդավարութիւնը զարգանայ, աճի եւ դառնայ հզօր, այնքան բանուորներու զարգացած զանգուածները ձեռք պիտի ձգեն իրենց կամքը, իրենց շարժման ղեկավարութիւնը եւ այդ շարժումին ինքնորոշումը պիտի ըլլայ իրենց սեփական ձեռքերուն մէջ»:

Հայկական հասարակական կեանքին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ներկայանալով իբրեւ ընկերվարական կուսակցութիւն եւ հայաստանեան քաղաքական իրականութեան մէջ գործելով իբրեւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժ, կարիքը ունի քննարկումի դնելու «Բարեկարգո՞ւմ, թէ՞ յեղափոխութիւն» նիւթը ընկերային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ եւ դիմելու ընկերային ազատագրութեան` ընկերային-տնտեսական մակարդակի վրայ արմատական բարեկարգումներ մտցնելով, արհեստակցական, համագործակցական միութիւններու, բնապահպանական, կնոջական եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները պաշտպանող միութիւններու հետ համագործակցաբար, այսպիսով դառնալով ընկերային-տնտեսական ազատագրութեան դրօշակիր` ի շարունակումն անցեալ տարուան ապրիլի թաւշեայ յեղափոխութեան, կերտելու համար քաղաքականօրէն, ընկերայնօրէն եւ տնտեսականօրէն ժողովրդավարական համակարգ:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանական Ընթացիկ Գայթակղութիւնը. Ալիեւի Դուստրերը Փորձած Են Լոնտոնի Մէջ 76 Միլիոն Տոլար Արժողութեամբ Տուն Մը Գնել

Յաջորդը

Հայաստան-Չինաստան Յարաբերութիւններու Մարտահրաւէրները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?