Յայտարարութիւն
Սփիւռքահայ արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեանի ընտանիքը 2017 թուականին հիմնեց «ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ» հիմնադրամը` արժեւորելու հայրենի թէ սփիւռքահայ գրողներու հայերէն նորատիպ գրական-գեղարուեստական երկերը: Այս առիթով կը յայտնենք, որ կազմուած է հնգանդամ Գնահատիչ մարմին, որ ստացուած գրական նիւթերէն մասնագիտական ընտրութիւն կատարելէ ետք, եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը պիտի յայտարարէ 2019 հոկտեմբերին` Հայ մշակոյթի ամսուան փառաւոր հանդիսութեան օրերուն: Ինչպէս անցեալին, հետաքրքրուած հեղինակներէն կը...



















