Հինգշաբթի, 17 յունուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան:
Ան դիմաւորուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանին, թեմի Ազգային երեսփոխանական եւ Ազգային վարչութեանց անդամներուն կողմէ, ներկայութեամբ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետին եւ խուռներամ բազմութեան:
Այցելութեան սկիզբը ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն նուիրուած յուշարձան-խաչքարին դիմաց, ապա Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք, որմէ ետք սրբազանն ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ուղղուեցան դէպի «Սուրէն Գոժագեան» սրահ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներէն ետք ելոյթ ունեցաւ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանը, որ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, թեմի Ազգային իշխանութեան եւ հաւատաւոր ժողովուրդին` ողջունեց նախագահը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մօտաւորապէս անցնող մէկ տարուան ընթացքին Արմէն Սարգսեանին արձանագրած յաջողութեանց: Խօսելով թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն մասին` սրբազանը ըսաւ. «Հայաստանի արդի պատմութեան մէջ մեծատառ անուններով պիտի յիշուի ձեր ունեցած դերակատարութիւնը` յատկապէս վտանգէ հեռու պահելով Երեւանի փողոցները իջած հազարաւոր ժողովուրդը»: Ապա սրբազան հայրը անդրադարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութին կողմէ Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուած պատրաստակամութեան` կառուցելով Ապու Տապիի մէջ գործող Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առաւ անոր ունեցած դերակատարութիւնը` Հաղարծին վանքի վերանորոգութեան եւ ուրիշ շատ մը այլ անհատական թէ հաւաքական ներդրումներուն` հայրենիքին մէջ:
Խօսքի աւարտին սրբազան հայրը, յանուն գաղութին, անգամ մը եւս պատրաստակամութիւն յայտնեց օգտակար դառնալու Հայաստանի Հանրապետութեան բարգաւաճութեան ու ծաղկեցման: Ապա յաջողութիւն եւ իմաստուն ղեկավարութիւն մաղթեց Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանրապէս կառավարութեան ու յատկապէս նախագահին: Ան խօսքը աւարտեց հետեւեալ նախադասութեամբ. «Մեզի համար` իբրեւ սփիւռքահայ գաղութի, հին կամ նոր Հայաստան գոյութիւն չունի, այլ կայ ազատ, անկախ եւ միացեալ հայրենիք` հզօր իր սփիւռքով, վրիժառու իր Արցախով եւ ապահով իր հայկական բանակով»:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը, որ լայնօրէն անդրադարձաւ իր այցելութեան ու յատկապէս անոր ունեցած յաջող ընթացքին: Ան բարձրօրէն գնահատեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ գաղութը, որ մեծ վաստակ եւ լաւ տպաւորութիւն ձգած է տարածաշրջանին մէջ: Նախագահը իր ելոյթին մէջ 21-րդ դարը բնորոշեց որպէս հայ ժողովուրդի յաջողութեան դար` մատնանշելով, որ հայութիւնը Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդն է:
Այցելութեան աւարտին տեղի ունեցան նուէրներու փոխանակում, ապա նախագահը, ընկերակցութեամբ իր պատուիրակութեան, շրջեցաւ Արա Խանոյեան ազգային միօրեայ վարժարանին մէջ: