Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան-Չինաստան Յարաբերութիւններու Մարտահրաւէրները

Յունուար 25, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Վերջերս Խըրխըզիստանի մայրաքաղաք Պիշքեքի մէջ ծայր առած հակաչինական ցոյցերը այս հարցով զգուշացում մը պէտք է ըլլան Հայաստանին: Պիշքեքի ցոյցերը կը հետապնդէին երեք նպատակ: Առաջին` կառավարութիւնը պէտք է քննէ չինական ընկերութիւններու օրինականութիւնը եւ անոնց գործելաոճին մէջ թափանցիկութեան պակասն ու փտածութեան տարածումը: Երկրորդ` արգիլել չիներուն տալ խըրխըզական քաղաքացիութիւն, որովհետեւ խըրխըզները մտահոգուած են, որ իրենց երկրին ժողովրդագրական պատկերը կրնայ փոխուիլ ի նպաստ չիներուն: Վերջապէս, ցուցարարները պահանջեցին, որ կառավարութիւնը վերջ դնէ Չինաստանէն հսկայական գումարներով պարտքեր առնելուն: Նշենք, որ 2017-ին Խըրխըզիստանի կառավարութիւնը 6.307 չին աշխատաւորներու տրամադրեց մէկ տարուան գործի արտօնագիր եւ այս թիւը 2018-ին բարձրացաւ 7.210-ի («Եուրէյժիանեթ», 17 յունուար 2019):

Վերջերս արդէն իսկ զգալի է չին աշխատաւորներու մուտքը Հայաստան, ուր անոնք սկսան կառուցել բաւական երկար սպասուած «Հիւսիս-հարաւ» ճանապարհը, որ Իրանը Հայաստանի միջոցով պիտի կապէ Վրաստանին:

Ըստ քաղաքագէտ Ռիչըրտ Կիրակոսեանին, Չինաստանի հետ քաղաքական յարաբերութիւնը Հայաստանի համար կրնայ այլընտրանք ըլլալ «Ռուսիա կամ Արեւմուտք հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան»: Քաղաքագէտին համաձայն, Հայաստանի դէպի արեւելք ուղղուածութիւնը կրնայ առիթ հանդիսանալ` նուազեցնելու Երեւանի ենթակայութիւնը Մոսկուայէն («Ասիա Թայմզ», 14 յունուար 2019):  Սակայն այս յարաբերութիւնը ունի նաեւ մարտահրաւէրներ:

Երեւանի մէջ Չինաստանի կառուցած 40.000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ դեսպանատունը (երկրորդ մեծագոյն դեսպանատունը` նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ), ապա օգոստոսին` բացումը Չինական-հայկական բարեկամութեան դպրոցին, որուն ծախսը հասաւ 12 միլիոն տոլարի, եւ վերջերս Չինաստանի կողմէ հայկական բանակին տրամադրուած զինուորական օժանդակութիւնը կը հիմնաւորեն այն միտքը, որ Չինաստան շահագրգռուած է Հայաստանի հետ իր ռազմավարական եւ տնտեսական յարաբերութիւնը զարգացնելով: Ուրեմն, Հայաստանը իր աշխարհագրական դիրքով կարեւոր տեղ կը գրաւէ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» չինական նախաձեռնութեան մէջ, որուն ընդմէջէն ան Չինաստանը պիտի կապէ Եւրասիոյ եւ Ափրիկէին: 2013-2016 Չինաստան հայկական բանակին տրամադրեց տարեկան 740.000 տոլար օժանդակութիւն, իսկ 2017-ին այդ օժանդակութեան գումարը բարձրացաւ 1,5 միլիոն տոլարի («Ասիա Թայմզ», 14 յունուար 2019):

Չինաստանը Հայաստանի առեւտրական երրորդ մեծագոյն գործընկերն է, առեւտուրի ցուցանիշը երկու երկիրներուն միջեւ բարձրացած է 41 առ հարիւրով: Ըստ Հայաստանի մէջ Չինաստանի դեսպանին յայտարարութեան, անցեալ տարի 7000 չին զբօսաշրջիկներ այցելած են Հայաստան («Նոյեան Տապան», 17 յունուար 2019): Չինական ընկերութիւններ նաեւ կատարեցին մօտ 500 միլիոն տոլարի ներդրումներ` Հայաստանի երեք հանքերու մէջ («Արմինիըն Ուիքլի», 3 յունուար 2019):  Հայաստան նաեւ այն մտավախութիւնը ունի, որ Փաքիստանի կամ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն նման` ինք եւս մխրճուի չինական հսկայական պարտքերու մէջ, եւ ասոր արդիւնքը ըլլայ Չինաստանի քաղաքական տիրութիւնը Հայաստանի գերիշխանութեան հաշուոյն: Օրինակ` 2016-ին հայկական կողմը 78 թայուանցի քաղաքացիներ արտաքսեց Չինաստան: Անոնք, ըստ չինական կողմին, խարդախութեամբ կասկածուած էին: Ասիկա դիւանագիտական բողոքի ալիք բարձրացուց Թայուանի կողմէ («Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւն, 8 սեպտեմբեր 2016): 2015-ին, երբ Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանը այցելեց Փեքին, ան խոստացաւ ոչ մէկ յարաբերութիւն հաստատել Թայուանի հետ եւ պաշտպանել Չինաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը («Ասիա Թայմզ», 14 յունուար 2019):

Չինական «Սինօ Հայտրօ» ընկերութիւնը ներկայիս կը կառուցէ «Հիւսիս-հարաւ» ճանապարհը, եւ անիկա ամբաստանուած է մարդոց իրաւունքները խախտելու եւ զանոնք չարաչար օգտագործելու յանցանքներով: Վերջապէս, Հայաստանի արտաքին պարտքէն 340 միլիոն տոլարը կը պատկանի չինական ընկերութիւններու, եւ մօտիկ ապագային Հայաստան դժուարութեան պիտի մատնուի` վերադարձնելու այս գումարը («Արմինիըն Ուիքլի», 3 յունուար 2019):

Այս բոլորով հանդերձ, Հայաստան պէտք է օգտուի Չինաստանի տնտեսական ու ռազմական վերելքէն եւ ներդրումային ու ռազմական օժանդակութենէն: Սակայն միշտ հաշուի պէտք է առնել, որ միջազգային յարաբերութեան մէջ ոչ մէկ բան «պարապ ափսէով» կը հրամցուի: Չինաստանի համար Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը Հարաւային Կովկասի մէջ կարեւոր է ո՛չ միայն տնտեսական առումով, այլ նաեւ Հայաստան կղզիին` իսլամական եւ թրքական ովկիանոսին մէջ գոյատեւումը Չինաստանի հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ ապահովութիւն կը ներշնչէ թրքալեզու անջատողականութեան դէմ դնելու իմաստով:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Նախորդը

Տեսակէտ. «Բարեկարգո՞ւմ, Թէ՞ Յեղափոխութիւն» Դարձնել Այժմէական Քննարկման Նիւթ

Յաջորդը

Պատանիներու Հոգեկան Եւ Մտային Աճող Տագնապներուն Առաջքը Առնելու Միջոցներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?