Միացեալ Նահանգներու նախագահին` Թուրքիան տնտեսապէս քանդելու սպառնալիքը, եթէ վերջինս ամերիկեան ուժերու Սուրիոյ հիւսիսային շրջանէն հեռանալէն ետք յարձակում գործէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն վրայ, Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ զանազան ուժերու նկրտումներուն ցուցանիշն է փաստօրէն:
Այս շրջանին մէջ կը բախին Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ, քրտական պաշտպանական ջոկատներու եւ բուն հողատիրոջ` Սուրիոյ շահերը: Իւրաքանչիւր կողմ իր մշակած ռազմավարութեան դիտանկիւնէն կը հետեւի նշեալ բախումի ալիքին:
Միացեալ Նահանգներ, որ կը ծրագրէ հեռացնել իր ուժերը շրջանէն` առանց տարածքը յանձնելու Սուրիոյ պետութեան, կ’աշխատի ամէն գնով պահել Եփրատի արեւելեան շրջանի իր զինուորական կայաններն ու լծակները` մինչեւ տարածաշրջանի ապագային վերաբերեալ գերպետութիւններու վերջնական համաձայնութեան գոյացումը: Ու թէեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ձեւականօրէն իր ընդվզումը կը յայտնէ թրքական ուժերուն յառաջխաղացքին պատճառով, իրականութեան մէջ, սակայն, ան չ’ուզեր խզել կապը իր դաշնակիցին` Թուրքիոյ հետ, քաջ իմանալով, որ վերջինս իր դէմ լարուելով` կրնայ մետասաներորդ պահուն դէպի Ռուսիա թեքիլ:
Թուրքիա, որ կը փորձէ իր վերահսկողութիւնը հաստատել առաւելաբար քրտաբնակ շրջաններուն մէջ, ամէն միջոցի կը դիմէ, որ ե՛ւ Միացեալ Նահանգներ, ե՛ւ Ռուսիա, ե՛ւ Իրան սուրիական տագնապին առնչուող քաղաքական որեւէ բեմագրութեան պարագային իր ազդեցիկ դերը նկատի ունենան: Միեւնոյն ատեն, սակայն, ան կը ձգտի մէկընդմիշտ չէզոքացնել քրտական վտանգը:
Փաստօրէն քիւրտերը ծանր կացութեան մէջ յայտնուած են: Անոնք մէկ կողմէ չվստահելով զիրենք թրքական կրակին դիմաց առանձին թողած Միացեալ Նահանգներուն, միւս կողմէ` զգուշանալով Եփրատի արեւելեան շրջանի քրտաբնակ գիւղերուն մէջ Աֆրինի բեմագրութեան կրկնութենէն, կը փորձեն կանխել թրքական նախատեսուած յարձակումը` Դամասկոսի հետ համաձայնութեան եզրեր որոնելով:
Այս բոլորին ի տես, հողին տէրն ու տիրականը` Սուրիան, խոհեմութեամբ կը դիտարկէ քաղաքական եւ զինուորական զարգացումները` օգտուելու բոլոր կողմերուն սխալներէն, սուրիական հողերէն ոչ մէկ շերտ զիջելու սկզբունքային մօտեցումով, զերծ մնալով անմիջական հակադարձութենէ, քաջ իմանալով, որ տագնապի սուրիական օրակարգին համապատասխանող լուծումը ժամանակի կը կարօտի:
Սուրիա տագնապի սկիզբէն ամէն ճիգ ի գործ կը դնէր զուսպ մնալու, քիւրտերուն դէմ լարուածութիւն չդրսեւորելու համար: Ան քիւրտերը կը համարէր Սուրիոյ ժողովուրդին անբաժան մասնիկը` անոնց վերահսկողութեան տակ պահելով կարգ մը տարածքներ:
Սուրիա հիւսիսային շրջանի հարցին առումով եւս կը շարունակէ զուսպ մնալ` քաղաքական զարգացումները իր դաշնակիցներուն հետ խորհրդակցաբար հակակշռի տակ պահելու, իսկ զինուորական որեւէ յառաջխաղացքի պարագային, սուրիական բանակին վստահելու երկրին ամբողջական ու վերջնական ազատագրումը: