Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Կեցուածքներուն Դէմ Դնելու Զէնքը Ունինք

January 23, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Արցախի տագնապին մասին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար էլմար Մամետեարովի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւններուն միտք բանին թէեւ նորութիւն չէ, սակայն առիթ կու տայ հարցադրումներու` առաւելաբար տագնապին լուծման պատկերացման Պաքուի հետեւողական քաղաքականութեան դէմ հայկական քարոզչական մեքենան եւ Երեւանի ու Ստեփանակերտի դիւանագիտական ողջ համակարգը լաւագոյնս գործի լծելու հեռանկարով:

Մամետեարով եւ Ալիեւ զանազան առիթներով եւ բաւականին համակարգուած ձեւով շեշտեցին քանի մը կէտեր` Արցախի տագնապին լուծման Պաքուի պատկերացումներուն վերաբերեալ: Առաջին կէտը կը վերաբերէր Ազրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան» պահպանման կարեւորութեան, թէ` «Լեռնային Ղարաբաղը է ու կը մնայ Ազրպէյճանի անբաժան մէկ մասը, եւ տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղօրէն` Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման ենթահողին վրայ»: Մամետեարով, որ 2004-էն ի վեր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարն է, Հայաստանի պետութեան յաջորդաբար երեք արտաքին գործոց նախարարներու` Վարդան Օսկանեանի, Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Զոհրապ Մնացականեանի հետ բազմաթիւ իր հանդիպումներէն ետք, միշտ ալ խօսած է Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման մէջ Պաքուի իշխանութիւններուն անզիջող կեցուածքին մասին: Սակայն 19 դեկտեմբեր 2018-ին Պաքուի մէջ գործող օտար դեսպաններուն դիմաց արտասանած իր խօսքին մէջ Մամետեարով բառախաղով մը ուզեց ձգել այն տպաւորութիւնը, թէ հայաստանցի իր պաշտօնակիցին` Զոհրապ Մնացականեանի հետ հասած է աննախընթաց պայմանաւորութեան մը, որ Արցախի տագնապին լուծման հեռանկարային լաւատեսութիւն մը կը պատճառէ: Անշուշտ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հակադարձեց եւ լուսաբանեց Մամետեարովի լաւատեսական յայտարարութեան բովանդակութիւնը, որ պարզապէս ապագային հանդիպումներու մասին նախնական պայմանաւորուածութեան մը կը վերաբերէր:

Մամետեարով նաեւ Պաքուի պաշտօնական դիրքորոշման երկրորդ բաղադրիչին մասին յաճախ խօսեցաւ, եւ որ Արցախի լայն ինքնավարութեան կարգավիճակին կ՛առնչուի: Այսինքն Արցախ անկախ պետութիւն չի կրնար ըլլալ: Երբ Ազրպէյճանի կազմին վերադառնայ, Պաքու պատրաստ է լայն ինքնավարութիւն շնորհել Արցախի:

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւ ամբողջացուց Մամետեարովի դիւանագիտական յայտարարութիւններուն երանգապնակը` Ամանորի առիթով ազրպէյճանցիներուն ուղղած իր խօսքին մէջ շեշտելով, որ Ազրպէյճան կողմնակից է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման, սակայն պիտի շարունակէ զինարշաւը եւ ազրպէյճանական բանակը պիտի զինէ ամէնէն արդիական զինատեսակներով: Այսինքն պատերազմի միշտ պատրաստ է, երբ Ազրպէյճանի «հողային ամբողջականութիւնը» մասնատուի` Լեռնային Ղարաբաղի անջատողական փորձերուն պատճառով:

Ազրպէյճանական այս բաւական յստակ կեցուածքներուն դիմաց Հայաստանէն վճռական կեցուածք արձակուեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանին կողմէ, որ տարեվերջի հարցազրոյցի մը մէջ շեշտեց, որ Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ Երեւանի համար կարեւորագոյնները Արցախի կարգավիճակին եւ ապահովութեան կը վերաբերին: Այլ խօսքով, Արցախի Հանրապետութեան անկախ եւ գերիշխան կարգավիճակին եւ Հանրապետութեան ապահովութեան երաշխաւորութիւնը սակարկութեան նիւթ չեն: Ան նաեւ անդրադարձաւ զիջումներու ընտրանքին` շեշտելով «փոխադարձ զիջումներ» հասկացողութեան վրայ, յատկապէս` Ազրպէյճանի կողմէ փոխադարձ զիջումներու պատրաստակամութեան բացակայութիւնը լուսարձակի տակ բերելով:

Գաղտնիք չէ, որ Երեւան – Ստեփանակերտի եւ Պաքուի կեցուածքներուն եւ դիրքորոշումներուն միջեւ ոչ մէկ հասարակ յայտարար գոյութիւն ունի: Իրարմէ շատ հեռու են հայկական եւ ազրպէյճանական պատկերացումները` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման հեռանկարներուն մասին: Պաքու կը խօսի Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պարագային անզիջողութեան մասին, Երեւան կը շեշտէ Արցախի կարգավիճակին եւ ապահովութեան երաշխաւորումը, իսկ Ստեփանակերտ նոյնիսկ կը պնդէ, որ գրաւեալ հողային տարածք չկայ` կտրականապէս մերժելով հողային տարածքներու դէմ Արցախի պետութեան անկախութեան երաշխաւորման ընտրանք – պատկերացումը:

Արցախի տագնապին շուրջ այսպիսի կացութեան մը մէջ կը թեւակոխենք 2019 տարեշրջանը, որուն ընթացքին հայկական դիւանագիտութիւնը եւ մամուլը բաւական պատասխանատու աշխատանք ունին կատարելիք, որպէսզի ո՛չ մէկ պարագայի, ո՛չ մէկ ամպիոնի եւ հարթակի վրայ ազրպէյճանցիք շահագործեն կացութիւնը եւ ապատեղեկատուութեան ճամբով ազրպէյճանամէտ մթնոլորտ ստեղծեն:

Համակարգում, յստակացում եւ յարատեւութիւն, որպէսզի պայքարը ճիշդ ուղիով շարունակուի:

 

 

Նախորդը

Նամակ` Ծանօթ-Անծանօթ Բարեկամիս

Յաջորդը

Յարգանք Իր Արուեստին Եւ Ոչ` Անձին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.