Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մամուլի Տարի. Մամուլի Տարի…

Յունուար 26, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ի հարկէ, Արամ Ա. կաթողիկոս, երբ 2019-ը կը յայտարարէ «Մամուլի տարի», մտահոգութիւն ունի եւ մեր ուշադրութիւնը կ’ուզէ հրաւիրել: Ժամանակները փոխուած են, փոխուած ենք` որպէս անհատներ, որպէս համայնքներ, որպէս ինքնութիւն կրող ազգ: Հեռացումներ կան արմատներէն, զորս երբեմն չենք ուզեր տեսնել:

«Մամուլի տարի»-ն առիթ պէտք է ըլլայ իսկական հաշուեկշիռը ընելու հայ մամուլին` առանց սեթեւեթի խօսելով անոր ազգային, մշակութային, քաղաքական որակի, ընդհանրապէս որակի, տպաքանակի, ընթերցողներու համրանքի, անկախութեան, ազդեցութեան եւ ընդունուածութեան մասին: Կ’ըսենք` մամուլ, բայց այլեւս զայն պէտք է ըմբռնել իր լայն իմաստով, նաեւ` ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ ընկերային ցանցեր (internet եւ réseaux sociaux):

Սփիիւռք(ներ)-ի պարագային կայ անշրջանցելի եւ հիմնական խնդիր մը. միլիոններով գնահատուող հայ մարդոց ո՞ր տոկոսը «հայկական մամուլ»-էն կը ստանայ իր տեղեկութիւնները, կամ այդ մամուլը անոնց ո՞ր տոկոսին կը հասնի իրենց յարկին տակ: Արագ գնահատումով մը կրնանք բացասական ենթադրութիւն մը ընել եւ ըսել, որ «հայկական մամուլ»-ը փակ շրջանակի ակումբ է, հետզհետէ` աւելի սեղմուող, ինքնագոհութեամբ ապրող, փոքրամասնութիւնը եւ մասնակին ամբողջ համարող ինքնախաբէութեամբ:

«Հայկական մամուլ»-ի խնդիրը կարելի չէ առանձնացնել սփիւռք(ներ)-ի հոլովոյթէն, անոր ազգային որակէն եւ դիմագիծէն: Պէտք է պատասխանել կարգ մը պարզ հարցումներու: Օտարաբարբառ դարձած «հայկական մամուլ»-ը իր ստեղծման պատճառներուն իրապէս բաւարարութիւն տուա՞ծ է, թէ՞ ան փակ ակումբ»-ի պէս է: Պէտք է խօսիլ թիւերով. տպաքանակ, ընթերցող, լսող եւ դիտող (audimat): Այսինքն սադայէլի շրջանակէն դուրս պէտք է գալ եւ մեր փափաքները իրականութիւն չհամարել, ոչ ալ աւանդական եւ կողմնապաշտական ժամանակավրէպ վերաբերումներով գնահատումներ ընել:

Մեր պատմութեան եւ կացութեան բերումով,  «հայկական մամուլ»-ը միայն լրատուամիջոց չէ: Այդպէս եղած է իր ստեղծման օրէն: Անցեալի պոլսական մամուլը Թիֆլիսի «Մշակ»-ը, սփիւռքի մամուլը գրական բեմեր էին, ուրկէ յայտնուեցան Դանիէլ Վարուժան, Գրիգոր Զոհրապ, Րաֆֆի, Զարդարեան եւ ուրիշներ: Այդ ունէր իր տրամաբանութիւնը. գրականութիւնը կը յայտնուէր որպէս ինքնութեան նուաճում եւ քաղաքական ազնիւ հեռանկար: Այսինքն «հայկական մամուլ»-ը զարտուղութիւն է, ան չէ եղած սոսկ լրատուամիջոց:

«Հայկական մամուլ»-ի մասին երբ պիտի խօսինք, անոր դերը պիտի գնահատենք եւ անոր դեր սահմանենք, ժողովներէ առաջ ուսումնասիրութիւններ պէտք է կատարել, պէտք է խօսիլ թիւերու լեզուով, քանի որ անոնք ենթակայական չեն, վիճելի չեն: Ժողովները լոյս չեն սփռեր այս կացութեան վրայ, անոնք կը ծառայեն բարի ցանկութիւններու հաստատումներ ընելու: Արժանթինի 100.000 հայերէն (իրենք կու տան այս թիւը) քանի հարիւրեակները «հայկական մամուլ» կը տեսնեն: Լիբանանի մէջ ԱԶԴԱԿ, ԶԱՐԹՕՆՔ եւ ԱՐԱՐԱՏ թերթերը համայնքի ընտանիքներու ո՞ր տոկոսին կը հասնին իրենց յարկին տակ: Ի՞նչ է անոնց ընթերցողներու տարիքային սանդղակը: Նոյն հարցումը կրնանք ուղղել Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Յունաստանի, Ֆրանսայի, Սուրիոյ, Քանատայի, Պոլսոյ համար: Կարելի՞ է մշուշի մէջ գնահատումներ ընել, առաջադրանքներ ունենալ:

Եւրոպական կարգ մը թերթեր կը գրեն, թէ այդ օրուան համարի տպաքանակը որքա՛ն է: Եթէ փորձուէինք այս ընել, ճիշդ է, չընթերցողները չէին անհանգստանար, բայց առնուազն դեռ հետաքրքրուող եւ ընթերցող հաւատաւորները կը ստիպուէին մտածել եւ դուրս գալ յիշուած «փակ ակումբէն»:

Այս հարցերուն քննութիւնը եւ լուծումները ինքնագոհութեամբ չեն կրնար իրականանալ: Չենք կրնար routine-ով գոհանալ: Բայց ի՞նչ պէտք է ընել եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի routine-ով չգոհանանք եւ ունենանք ազգին ծառայող ապագայակերտ վերաբերում` վերանայելով սովորութիւններու եւ ժառանգութիւններու համակարգը:

Ժողովներ օգտակար կ’ըլլան, եթէ անոնց օրակարգին գտնուին առարկայական եւ ոչ սիրողական կերպով կազմուած տուեալներ, թիւեր, հաշուեկշիռներ: Այլապէս մենք մեզ կը գտնենք հոն,  ուր որ էինք երէկ, այդ ալ` լաւատեսութեամբ: «Մամուլի տարի»-ն կրնա՞յ ըլլալ էական հարցերու գիտակցման, քննարկման եւ անսեթեւեթ իրականանալի եզրակացութիւններու տարի:

«Հայկական մամուլ»-ը ազգին համար, ոչ միայն` համայնքին, տոկալու եւ տեւելու պատուանդան է: Բայց այդ պատուանդանը պէտք է համապատասխանէ օրուան ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային տուեալներուն եւ պահանջներուն, որոնք սեւով ճերմակի վրայ պէտք է գրուին եւ ներկայացուին:

Եւ այդպէս է, որ ժողովները առնչուելով տուեալներու` կրնան որոշումներ կայացնել:

17 յունուար 2019, Նուազի-լը Կրան

 

 

Նախորդը

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Յաջորդը

Տաւոսեան Առաքելութիւն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?