Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ` Ծանօթ-Անծանօթ Բարեկամիս

Յունուար 23, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ

Տարիներէ կը խորհիմ` ինչպէ՞ս հաղորդակցութեան մէջ մտնեմ քեզի հետ. խաբուսիկ էիր, կ՛երեւնայիր ու կ՛անհետանայիր, ինչպէս երեւցած էիր, անսպասելի: Այնուամենայնիւ քեզի հետ պէտք է խօսէի, որովհետեւ կը հաւատամ, որ կարեւոր է հետդ բաժնեկցիլ այն, ինչը կը մտատանջէ զիս, հաւատալով, որ դուն կրնաս անկեղծօրէն գործակցիլ` բառնալու մտահոգութիւնս: Հաւատացած եմ, որ կարողութիւններուդ սահմաններուն մէջ է: Եւ դուն ալ շահագրգռուած պիտի ըլլաս իմանալով զիս մտահոգողը, մանաւանդ որ քեզի հարազատ միջավայրի եւ հասողութեանդ մէջ գտնուող շրջապատի մէջ պէտք է կատարուի առաքելութիւնը:

Յարգելի՛ս, գիտեմ` Ռուսիա կը մնաս եւ այնտեղի կեանքին մերուած ես, իսկ նիւթս Ռուսիոյ մասին է, զոր կը սիրես, թէ չես սիրեր, ծանօթ չեմ, բայց շահագրգռուած ես, քանի որ այդ երկրին մէջ կը բնակիս եւ հետամուտ պէտք է ըլլաս, որ այդ երկրին հետ ամէն ինչ կարգին ըլլայ:

Ես անծանօթ եմ այդ երկրին, երկու անգամ, աւելի քան երեսուն տարի առաջ, Մոսկուա եւ անգամ մը Ս. Փեթերսպուրկ եղած եմ իբրեւ զբօսաշրջիկ. պատմութեան քիչէն շատէն ծանօթ եմ, մանաւանդ  ինչ կը վերաբերի Հայաստանին եւ հայոց, մեր իղձերուն եւ սպասումներուն, ապրած տառապանքին եւ հիասթափութիւններուն, իսկ ներկայիս, մեկնած գիտելիքներէս, վտանգ կը նախզգամ, աւելի՛ն, պարզ աչքով կը տեսնեմ. Ռուսիա խորտակման եզրին կը մօտենայ:

Արեւելքէն թէ արեւմուտքէն իր ախոյեաններուն, հակառակորդներուն, մրցակիցներուն մասին չեմ խօսիր: Կը խօսիմ ներքնապէս քայքայման մասին, ուր քաղաքական համակարգը, տնտեսութիւնը, ընկերային վիճակը, ռազմական հայեցակարգը թէ ժողովրդագրական ողբալի վիճակը հետեւանք են եւ ոչ` պատճառ:

Եթէ թոյլ կու տաս, միտքս շարունակեմ, որ ակնյայտ է եւ նորութիւն չէ ըստ ամենայնի, սակայն ուշադրութեան չ՛արժանանար մեր կողմէ: Շնորհակալ եմ թոյլատուութեան համար:

Պատճառը, կ՛ըսէի, ներքին է, ռուս ժողովուրդի էութեան կապուած, իր կազմաւորումին, իր աշխարհահայեացքին, իտէալներուն եւ ցանկութիւններուն, եթէ անհատ ռուսն ունի զանոնք` վոտքայէն եւ զաքուսկիէն (աղանդեր, Ա.) անդին:

Երբեք չեմ թերագնահատեր ռուսերու ազգային ընդունակութիւնները, իրենց տոկունութիւնը, յամառութիւնը, աշխատանքը, մշակոյթը եւ գիր-գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը, ընդհանրապէս` արուեստները: Փոքր տարիքէս սիրած եմ պալալայքան եւ ռուս ժողովրդական երգ-երաժշտութիւնը: Անշուշտ այդ թոյլ առնչութիւնները չեն Ռուսիան հետաքրքրական դարձնողները: Այդ մասին` քիչ ետք: Զիս կը մտատանջէ այն հեռանկարը, որ Ռուսիա ուշ կամ կանուխ այնքա՛ն կրնայ կերպարանափոխուիլ, որ Բիւզանդական կայսրութեան նման` դառնայ Օսմանեան: Դիմագիծ եւ դաւանանք փոխէ, պատմութեան անիւը յետ շրջուի, եւ իր դարեր առաջուան յաղթական բարձրացումը թատերաբեմ` վերածուի անփառունակ եւ վերջնական անկման:

Գիտեմ` ծանր խնդիրներ կը բանամ, բայց ճար չունիմ, ճարը, դարմանը կը գտնուի, եթէ ճիշդ ախտորոշենք եւ պատշաճ բուժում նշանակենք, միասի՛ն: Յաւակնութիւն չունիմ բժիշկ ալ ըլլալու:

Բիւզանդիան օրին Հայաստանի անկման եւ ուժասպառ դառնալուն պատճառ եղաւ: Նախ Պարսկաստանի Շապուհին հետ պայմանաւորուեցաւ ու մեր երկիրը բաժնեց չորրորդ դարու վերջին, իսկ այնուհետեւ իր յոռի սովորութիւնը շարունակեց մինչեւ Անիի դաւադրական առումը` դժբախտաբար կաշառելով օրուան Ամենայն Հայոցը եւ հայ աւագ իշխան մը: Սակայն ինք ալ երկար չվայելեց հայու տունը քանդելու իր մտասեւեռման արդիւնքը. Մանազկերտը շուտով վրայ հասաւ. 1045-էն 1071, 26 տարի: Թուրք սելճուքները ներխուժեցին եւ մօտ չորս դար ետք` 1453-ին արդէն Կոստանդնուպոլիսը Օսմանեա՛ն կայսրութեան մայրաքաղաքն էր: Դէ ի՞նչ, պատմութիւնը պիտի չվերապատմեմ այստեղ:

Այսօր կ՛ըսենք, որ մենք դարաւոր բարեկամ ժողովուրդներ ենք յոյներուն հետ, հոգ չէ, թէ դարեր շարունակ փորձած են ամէն կերպով մեզ իրենց ենթարկել, մանաւանդ` քաղաքակրթականօրէն: Այս ամէնը` կայսրութեան համար: Այժմ կայսրութիւնը չկայ: Անին ու Կարսը, Վանն ու Կարինն ալ մեզի չեն պատկանիր: Սակայն կրնամ վստահ ըսել, համոզուած եմ, Անին, Կարսը, Վանն ու Կարինը դարձեա՛լ մերը կ՛ըլլան, սակայն հելլենական մշակոյթի կրող Բիւզանդիան երբե՛ք չի վերականգնիր: Հելլենական մշակոյթի, քաղաքակրթութեան պարտութիւնը սկիզբ առաւ այդ հեռաւոր դարերուն եւ այսօր դանդաղ կը տարածուի բոլոր այն երկրամասերուն մէջ, որոնք իրենք զիրենք կը նկատեն հելլենական մշակոյթի ժառանգորդներ:

Պատճա՞ռը, թէ ինչո՛ւ այդպէս կը կարծեմ. քաղաքակրթական սնանկութիւնն է, նիւթական արժէքներու տրուիլը եւ անոնց գերի դառնալը: Այսօր ամէնուրեք կայսրութիւններ զարգացնելու հետամուտ են, կարեւոր չէ հողային տարածութիւնը, տնտեսական եւ արհեստագիտական կայսրութիւնը կը բաւէ: Գերմանիան, Ֆրանսան լաւագոյն օրինակներն են, սակայն այս մասին` ուրիշ առիթով: Զիրենք կանխած էին Մ. Նահանգները:

Սակայն դառնանք մեր այսօրուան առարկային` Ռուսիոյ: Ամենամօտիկ ժառանգորդը Բիւզանդիոնի, նաեւ` դաւանանքով եւ, դժբախտաբար, քաղաքականութեամբ ու ծաւալապաշտութեամբ: Այսօր արդէն` անկման սեմին յայտնուած, իմ կարծիքով: Նոյն այդ անփառունակ վախճանն է զիս մտատանջողը, ոչ թէ, որովհետեւ ինք հիւսիսի խաչապաշտ մեր «քեռի»-ն է, թէեւ այս ալ հաշուի մէջ է, այլ որովհետեւ մեր քաղաքակրթութեան, բնական համարած դաշնակից թումբ մըն ալ, աւելի ճիշդ` ամբարտակ մըն ալ կրնայ քանդուիլ ու նժարը թեքել ու վերջին կործանարար հարուածը հասցնել հելլենական քաղաքակրթութեան ինքնիրեն ժառանգորդ ու շարունակող համարող Արեւմուտքին:

Խնդիրը եթէ լուրջ չըլլար, թերեւս մտածէի` քեզ անհանգստացնելու կարիք չկայ: Սակայն այդպէս չէ: Մանրուքներով զբաղած, երբեմն` պատմութեան հետեւանքները դարմանելու հոգսերով տարուած, ժամանակ չենք տրամադրեր պատմութիւնը վերստին կարդալու: Եթէ տեսնէի, որ քաղաքակրթականօրէն աւելի առողջ ուժ մը կը փոխարինէ ռուսը, չէի մտահոգուեր:

Լա՛ւ, ուրեմն, արդէն քիչ թէ շատ կռահեցիր միտքս. քաղաքակրթական միջամտութիւն կատարելու պէտք է պատրաստուիս: Նա՛խ առաքելութեան պիտի պատրաստուիս, յետոյ ներգործես:

Առաջին հերթին ինքնավստահ պիտի ըլլաս, որ կարող ես կատարել այս բազմերես եւ տարածուն առաքելութիւնը: Եւ ինչո՞ւ չկարենաս: Լեզուին ալ կը տիրապետես, ծանօթութիւններու ալ պակաս չունիս, մտաւոր պաշարդ ալ կը բաւարարէ: Պարզապէս հրամայականին պիտի համոզուիս, երկրորդ` անձնական փառասիրութիւններդ ալ, եթէ այդպիսին ունիս, պիտի խորհիս, որ կրնաս լիովին բաւարարել: Վերջապէս, այդ դաշտին վրայ առաջին հայը չես: Շատ հայեր ծառայած են ռուսական զէնքի յաջողութեան, գիտութեան զարգացման, մշակոյթի եւ տնտեսութեան յառաջդիմութեան, բայց անոնք չեն ծառայած ռուսի բարեփոխմանը, ընդհակառա՛կը, ամրացուցած են կայսրութիւնը եւ ատով իսկ` արջի ծառայութիւն մատուցած: Միակը, որ թէ՛ մտածումն ունեցած է, թէ՛ հնարաւորութիւնն ու ձեռնհասութիւնը, 19-րդ դարու պետական մեծ գործիչ Լորիս Մելիքովն է, որ փորձած է դարու ոգիին համապատասխան կազմակերպութեամբ եւ համակարգով օժտել պետութիւնը, սակայն` դաւադրաբար ձախողութեան մատնուած, երբ արդէն յաջողութեան շատ չէր մնացած: Տեղեակ ես անշուշտ այդ ցաւալի պատմութեան, որ այնքան արեան եւ արցունքի պատճառ դարձաւ եւ դեռ կրնայ շարունակուիլ մինչեւ Ռուսիոյ խորտակումը:

Բարենորոգչութեան դէմ ուժեր կան, որոնք կը պայքարին` կարծելով, որ կրնան յաջողիլ եւ իրենց վերջնանպատակին հասնիլ: Անոնք չարիք գործած են ու կը գործեն մարդկութեան դէմ եւ ցարդ պատասխանատուութեան չեն կանչուած, սակայն բազում անմեղ հաւատակիցներ զոհ տուած են` առանց աչք թարթելու, աշխարհին ու մարդկութեան տիրելու իրենց ծարաւին:

Նման դրուագի մը զոհ դարձաւ Մելիքովի բարենորոգչական ձեռնարկն ալ, որուն յաջողութեան անտարակոյս պիտի հետեւէին մշակութային այլ երեւոյթներ` ամրապնդելու համար ձեռքբերումը եւ զարգացման նոր ուղիի վրայ դնէին ռուսական կայսրութիւնը` իբրեւ սահմանադրական միապետութիւն: Սակայն եղաւ այն, ինչ եղաւ: 1881-ի Ալեքսանտր Բ. կայսեր սպանութեան հետեւեցաւ սեւ հարիւրակային յետադիմութիւնը, որուն ցաւալի հարուածները ազգովին մե՛նք ալ մեր մորթին վրայ  զգացինք` սկսելով բռնի ռուսականացման քաղաքականութենէն, աւելի ուշ յանգելու համար պոլշեւիկեան յեղաշրջման, քաղաքացիական կռիւներուն եւ նոր բռնատիրութեան հաստատման, որ, ինչպէս պատմութիւնը կ՛աւանդէ, գերուած ժողովուրդներուն համար աւելի վատն էր, քան նախորդը` ցարականը:

Գիտեմ` երկարեցի, բայց կարեւոր է պատմութեան անիւի թաւալգլոր անկումը կասեցնելու համար, որովհետեւ ի շարս այլոց` մեր հայրենիքն ու ազգն ալ ծանր, թերեւս անդարմանելի կորուստներու ենթարկուին այդ անկման պատճառով:

Ռուսիա եւ Բիւզանդիոն նոյն վերաբերմունքն ունեցած են բոլորին հանդէպ, բայց ի մասնաւորի` մեզի, հայոց ու Հայաստանի: Երբ չեն յաջողած մեզ հելլենացնել կամ ռուսացնել, ամէն գնով տկարացուցած են, մասնատած են, ջարդարարներու ձեռքերը ազատ ձգած են անզէն ու կայսրութեան պաշտպանութեան ապաւինած հայը կոտորելու համար: Անհասկնալի է, թէ ի՛նչ շահած է ռուս մարդը, պետութիւնը: Տրամաբանօրէն հայուն բարեկամութիւնը շահաւէտ պիտի ըլլար իրեն, ինչպէս շահաւէտ էր ու եղաւ այն բոլոր ազգերուն ու պետութիւններուն, ուր ապաստան գտաւ վտարանդի դարձած մեր ազգի զաւակը: Չեմ կարծեր, որ Քրեմլինը, ինչպէս` Պոլսոյ սուլթանական պալատը, այդքան տհաս ու կարճատես էր իր շահը չճանչնալու համար. նաեւ` փորձած եմ գտնել, սակայն չեմ գտած պատճառ, որ հայուն մահացու հարուածներու արժանի գտնէին եւ դառնացնէին զայն, բացի անկէ, որ ժառանգորդ ենք այնպիսի արժէքներու եւ ըմբռնումներու, մտային ու կամային յատկանիշներու, որոնք կրնան ահ պատճառել թշնամիին, սակայն երբեք` բարեկամին, զինակիցին:

Մէկ խօսքով, բարեկա՛մս, մենք շարունակ դաւաճանուած ենք ու կոտորուած, այնուհանդերձ, գիտակցաբար, լրջօրէն կը մտածեմ մեզի դաւաճանած ազգը փրկել իր պետական համակարգէն ու փոխարինել աւելի արդի ու արդիւնաւէտ մտածումի վրայ խարսխուած համակարգով:

Պիտի ըսես, եղբա՛յր, եկո՛ւր նախ մեր պետութիւնը կարգի դնենք, յետոյ մտածենք ուրիշին մասին: Իրաւո՛ւնք ունիս: Բայց եկուր տես, որ Քրեմլինը` Մոսկուան այդպէս չի մտածեր. ան շատ թելադրող դիրքեր պահած եւ ձեռք բերած է մեր երկրին մէջ, զորս շրջանցել չես կրնար: Մեր մօտ նախատիպը` մոտելը, Մոսկուայէն կու գայ, եղեր է ընկերային, տնտեսական, նոյնիսկ կրիմինալ, ոճրայինը: Հայաստան լուրջ փոփոխութիւն կարելի է յուսալ միայն նախկին-այժմու Կեդրոնի բարեշրջմամբ միայն: Իսկ եթէ այն չփոխուի, անդունդը գլորի, այդ ալ հազիւ մեզ փրկէ: Խորհրդային կայսրութեան ծանր ժառանգութիւնը, մեր ազգի զաւակներու ցրուածութիւնը Ռուսիոյ թէ Կեդրոնական Ասիոյ պետութիւններու տարածքին` առաջին թոյլ օղակն է մեր, իսկ Հայաստան առնուազն դեռ չէ խզած զինք ճակատագրով Մոսկուային կապող հազարումէկ թելերը, սկսելու համար` հեռու է ինքնաբաւութենէ, իսկ ասկէ անդին կայ ստեղծուելիք ուժային դատարկութեան խառնարանէն հոսող շիկացած լաւայի սեւ հեռանկարը:

Իմ պատկերացումով, պարտաւոր ես կրկնել մոնկոլներու մօտ Կիլիկիոյ Հեթում Ա. արքայի քաղաքակրթական միջամտութեան փորձը: Հեթումի հեռատեսութիւնը եւ առնուազն ճիգը` փրկելու քաղաքակրթական միջավայրը, եզակի է մեր պատմութեան մէջ ու արքային ապահոված է ստեղծագործ դիւանագէտի եւ պետական գործիչի ամուր պատուանդան ու հռչակ: Մեր այսօր ունեցած գործիչները շա՛տ ընթացիկ են ու թռիչքազուրկ, հետեւակ` բաղդատմամբ մարտահրաւէրներուն:

Եթէ չես ձանձրացած, վերջացնելու համար շարունակենք:

Ռուսիոյ մէջ քաղաքակրթական ներգործութիւնը եթէ կիրարկուի, պիտի ունենայ հիմքեր: Անոնց, ինչպէս քիչ վեր ըսինք, փրկարարական գործողութեան նպատակը ռուսական գիտակցութեան մէջ ամրապնդելն է, որ տիրած հողային հսկայ տարածքն ու անոր մակերեսի թէ ընդերքի պաշարները, գումարած` գիտական միտքին ու ընկերվար-ժողովրդավարական ապակեդրոն նորոգ համակարգը, կարող են ապահովել Ռուսիոյ ազգաբնակչութեան եւ պետութեան բարեկեցութիւնն ու յառաջդիմութիւնը: Մոսկուա կարիք չունի հետամտելու երկրի սահմաններու ընդարձակման, մեծաթիւ բանակ պահելու, ռազմական արդիւնաբերութեան վրայ կեդրոնանալու եւ միայն զայն զարգացնել աշխատելու: Հարկ է քաղաքացիական սպառողական ապրանքի տեսականին ընդլայնել, որակեալ եւ մրցունակ դարձնել, բան մը, զոր յաջողցուց Չինաստանը:

Այսքանը բաւարա՞ր է վերջացնելու իր խնդիրները, միամիտ կ՛ըլլայ մտածելը: Սա սկիզբ մըն է, զոր յաջող կերպով կրնան ըստ պահանջի ու պարագայի զարգացնել: Կարեւորը` սկզբունքներն են: Հրաժարիլ նուաճողական ծաւալապաշտութենէն, խաղաղութեան հաւատալ եւ ծառայել անոր, խթանել ժողովուրդի բարեկեցութիւնը երկրով մէկ, քաղաքական ազատութիւնները երաշխաւորել ընկերային պայմանագիրի հիման վրայ` կայսերական ծանր ժառանգութեան տակէն նուազ վնասով դուրս գալու համար, նպաստել ռուս ժողովուրդի աշխարհահայեացքը եւ կենցաղը անհատական թէ հաւաքական լուսաւոր հեռանկարներու վրայ խարսխելու, ընտանեկան արժէքները վէմել անոնց նուիրականութեան գիտակցութեամբ եւ բազմածնութեան քաջալերութեամբ, վերջապէս, քաղաքակրթականապէս ներգործել կայսրութեան մաս կազմող այլազգ ցեղերուն վրայ, զի չի բաւեր կրթութիւնը, գիտութիւնը: Խորհրդային դարաշրջանը վկայ, կրթութիւն ապահովելով` չյաջողեցաւ արժէքներ սերմանել, խաղաղութեան քարոզչութեան հաւատացնել իր բազմազգ հպատակները: Կրօններուն դէմ պայքարեցաւ` առանց զանոնք բարոյական նոր արժեհամակարգով փոխարինելու կարողութիւնն ունենալու: Մենք կենդանի վկաներն ենք, թէ ինչ հետեւանք ունեցաւ այդ թերացումը:

Դառնալով Արեւմուտք` ներդաշնակութեան հետամուտ ըլլալ, աջակից դառնալով վերականգնման ընդհանուր ճիգին:

Իսկապէս, բարեկա՛մ, Արեւմուտքի` այսպէս կոչուած քրիստոնեայ աշխարհին մէջ բարոյական անկումը, արժէքներու գունաթափումն ու ոտնակոխումը առանձին հարց է, մետալին միւս երեսն է, որուն պէտք է անդրադառնալ հետագային: Կրնաս դուն ալ անդրադառնալ, եթէ կը բաժնես զիս կրծող մտահոգութիւնը:

Եթէ հարցումներ կան` խնդրեմ, իսկ եթէ պատրաստ ես առաքելութեան, պատասխանդ մի՛ ուշացներ:

 

 

 

Նախորդը

Սփիւռքի Նախարարութեան Հարցը Լո՞ւրջ Է

Յաջորդը

Պաքուի Կեցուածքներուն Դէմ Դնելու Զէնքը Ունինք

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?