Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ներկայ ժամանակներու մէջ հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնայ դեռահասներու մօտ հոգեկան տագնապներու աճը: Կենսական այս հարցին լուծումով մտահոգ են դպրոցներու պատասխանատուներ, ծնողներ եւ կառավարութիւններ: Տագնապը կարելի է լուծել բոլորին համագործակցութեամբ:
Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը այս առնչութեամբ երկու յօդուածներ հրատարակած է:
Ընկճուածութենէ Եւ Հոգերէ Տառապող
Աշակերտներու Խնամք Անգլիոյ Դպրոցներուն Մէջ
Քննադատներ Կ՛ըսեն, Որ Մտային Առողջութեան Կենսական Ծրագիրը 2019-ին Սկսիլը Կանուխ Չէ

Ընկճուածութենէ եւ հոգերէ տառապող աշակերտներու խորհրդատուութիւն պիտի յատկացուի Անգլիոյ կառավարութեան ծրագիրով, որուն նպատակն է լուծել երիտասարդներու մէջ տարածուած մտային առողջութեան տագնապները:
Անգլիոյ դպրոցներու եւ քոլեճներու մէջ աշակերտներ առիթը պիտի ունենան ներկայ գտնուելու ախտաբուժներու պահերուն` փորձելով դադրեցնել հոգեբանական դժուարութիւններ, որոնք կրնան խորանալ եւ կեանքի երկարատեւ հարցերու վերածուիլ:
Ամէն դպրոցէ նոյնպէս պիտի պահանջուի նշանակել ուսուցիչ մը` համակարգելու համար բարելաւուած աջակցութիւն մտային հարցեր դիմագրաւող աշակերտներուն, որոնց թիւը արագ կ՛աճի: Անոնցմէ շատեր իրենք իրենց առողջութեան եւ մարմիններուն վնասներ կը պատճառեն` վախի, անձկութեան, քննութեան պրկումի, դժգոհութեան, մարմնի կազմուածքի, տնային բարդութիւններու եւ այլ գործօններու իբրեւ հետեւանք:
Առողջապահութեան եւ կրթութեան նախարարութիւնները անցեալ կիրակի հրապարակեցին ծրագիրները:
Աւելի բարդ խնդիրներ ունեցող երեխաներու համար նոր երաշխաւորուած առաւելագոյն չորս շաբթուան սպասման ժամանակաշրջան կը հաստատուի` արձագանգելով այն մտահոգութիւններուն, թէ մինչեւ 18 տարեկանէն վար այն խոցելի պատանիները, ներառեալ` անձնասպանութեան սեմին հասածները, ստիպուած են սպասել խնամքին, կամ անոնց զլացուած է օգնութիւնը, քանի որ Ազգային առողջապահական ընկերակցութիւնը կամ այլ ծառայութիւններ ծանրաբեռնուած են:
«Բոլոր հոգեկան-մտային հիւանդութիւններու կէսը կը սկսի 14 տարեկանէն առաջ, ուրեմն շատ կարեւոր է, որ երեխաներուն օգնութիւն ցուցաբերուի ճիշդ այն ժամանակ, երբ անոնք ատոր կարիքը ունին` դասարանին մէջ: Եթէ մենք հոգեկան հիւանդութիւնը կանուխ յայտնաբերենք, կրնանք բուժել եւ դադրեցնել` նախքան աւելի լուրջ բանի մը վերածուիլը», կ՛ըսեն մասնագէտները:
«Երիտասարդ միտքեր» բարեսիրական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Սառա Պրենան կ՛ողջունէ ծրագիրները: Ան կ՛ըսէ. «Մենք դասարաններուն մէջ կը դիմագրաւենք տագնապներ, եւ բազմաթիւ աշակերտներ չեն ստանար այն օգնութիւնը, որուն կարիքը ունին: Շատ յաճախ մենք կը լսենք պատանիներու մասին, որոնք իրենք իրենց վնաս կը պատճառեն, անձնասպանական հակումներ կը դրսեւորեն կամ դպրոցէն դուրս կը դրուին ճիշդ օգնութիւնը սպասելու ատեն»:
Բարելաւումները պիտի սկսին ընթացիկ տարուան մէջ եւ պիտի վայելեն զօրակցութիւնը կառավարութեան քանի մը տարուան մէջ յատկացնելիք 300 միլիոն փաունտնոց նոր հիմնադրամին: Անգլիոյ մէջ Տնօրէններու ազգային ընկերակցութիւնը, որ կը ներկայացնէ նախակրթարաններու տնօրէններուն մեծամասնութիւնը, ողջունեց միայն 4 շաբաթ սպասելու ծրագիրը` ատիկա որակելով կատարեալ յառաջընթաց` 18 տարեկանէն վար պատանիներուն համար, որոնք այժմ մինչեւ 18 ամիս կը սպասեն:
Երեք հարիւր միլիոն փաունտնոց հիմնադրամին շուրջ 215 միլիոն փաունտը պիտի յատկացուի դպրոցներուն մէջ ստեղծելու հոգեկան-մտային առողջութեան աջակցող խումբեր: Առողջապահութեան եւ կրթութեան նախարարները կը նշեն, որ երեխաներու եւ պատանիներու առողջութեան քանի մը հազար պատասխանատուներ, ախտաբաններ գլխաւորաբար պիտի աշխատին աշակերտներուն հետ` անոնց մօտ հոգեկան-մտային հարցերու կանուխ բացայայտումով, դպրոցներու հիւանդապահուհիներու եւ կրթական հոգեբաններու մասնակցութեամբ:
Նախարարները կը յուսան, որ ասիկա պիտի աւելցնէ կանուխ միջամտութիւնը եւ նուազեցնէ թիւը այն երեխաներուն, որոնք երբ չափահաս ըլլան, հոգեկան-մտային տագնապներ կ՛ունենան:
Սակայն նախաձեռնութիւնները նախապէս պիտի փորձարկուին ատոնց արդիւնաւէտութիւնը գնահատելու համար, ուրեմն նախատեսուող աջակցութեան նոր ձեւերը չեն կրնար մատչելի ըլլալ Անգլիոյ մէջ մինչեւ 2020: Կառավարութեան ձգտումը միայն այն է, որ 2022-23 թուականներուն ատոնք երկրի մէկ հինգերորդին մէջ գործեն:
Հոգեբաններու արքայական քոլեճի տնօրէն, երեխաներու հոգեբան տոքթ. Պեռնատքա Տուպիսքան դժգոհ է, որ յաւելեալ օգնութիւն մատչելի պիտի չըլլայ աւելի կանուխ:
Մինչ ան կ՛ողջունէ չորս շաբթուան բուժումի խոստումը, ան նոյնպէս կը հարցնէ, թէ ուրկէ՞ պիտի գան հոգեկան առողջութեան մասնագէտները` արագացնելու համար խնամքի ծրագիրը:
Պաշտօնական ցուցանիշները ցոյց կու տան, որ 2013 թուականէն ի վեր Անգլիոյ Ազգային առողջապահական ընկերակցութեան մէջ աշխատող մանկական յատուկ հոգեբուժներուն թիւը նուազած է:
Առողջապահական խորհուրդի նախագահ, Անգլիոյ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Սառա Ուոլսթընը ողջունեց նախարարութիւններուն յայտարարութիւնը, բայց ըսաւ, որ ինք կ՛ուզէ յաւելեալ մանրամասնութիւններ տեսնել: «Մենք պէտք է ունենանք աւելի մեծ կեդրոնացում` կանուխ միջամտելու եւ արգիլելու աշխատանքին մէջ: Ատոր յատկացուող որեւէ գումար լաւ բան մըն է», ըսաւ ան:
Ան նոյնպէս ողջունեց աւելի լաւ համագործակցութիւն` դպրոցներու եւ Ազգային առողջապահական ընկերակցութեան միջեւ, բայց ըսաւ, որ դպրոցները արդէն լաւ կ՛աշխատին առողջապահական ծառայութիւններու հետ, եւ ուրիշներ պէտք է դասեր քաղեն այս վայրերէն:
«Շատ յաճախ հարցը աղբիւրներու տրամադրումն է: Պատանիներուն մեծ մասը կը նախընտրէ, որ այդ ծառայութիւնները մատուցուին դպրոցին մէջ, քանի որ այդ ձեւով աւելի մատչելի կ՛ըլլայ: Երեխաները զգուշ են եւ չեն ուզեր հոգեբուժական ծառայութիւններու դիմելու պատճառով ուրիշներու ծաղրանքին ենթարկուիլ», ըսաւ Սառա Ուոլսթընը:
Երեխաներու հոգեկան առողջութեան բարեսիրութիւն բարեսիրական ծառայութեան գործադիր տնօրէն Քաթըրին Ռոշը ըսաւ. «Մենք կ՛ողջունենք նախարարութիւններու ստանձնած յանձնառութեան նախագիծը եւ խանդավառ ենք տեսնելով, որ մարդիկ կ՛ընդունին, որ կենսական է հոգեկան առողջութեան օգնութիւն տրամադրել դպրոցներուն մէջ: Մենք կը հաւատանք, որ ամբողջական դպրոցի մօտեցումը հոգեկան առողջութեան` կենսական է կառուցելու համար բաց եւ հասկացողութեան մշակոյթ մը, անհրաժեշտութեան պարագային մատչելի դարձնելով հոգեկան առողջութեան համապատասխան մասնագէտները»:
Ազատական Ժողովրդավարական երեսփոխան, քոալիսիոնի առողջապահութեան նախարար Նորման Լամպը ըսաւ. «Մենք 2015 թուականի մարտին հրապարակեցինք «Ֆիւչըր ին մայնտ» զեկոյցը: Ատիկա երեխաներու եւ երիտասարդներու հոգեկան առողջութեան ծառայութիւններու արդիականացման ծրագիր էր: Անոնք չկրցան այդ ծրագիրը իրականացնել: Ինչո՞ւ պէտք է ակնկալենք, որ ասիկա տարբեր պիտի ըլլայ: Անոնք պէտք է ատիկա՛ գործադրէին: Այդ ծրագիրին նպատակն էր դպրոցները աւելի սերտ առնչել առողջապահական ծառայութիւններուն: Երկու տարի ետք` տեժա վիւ»:
Աշխատաւորական կուսակցութեան հոգեկան առողջութեան նախարար Պարպարա Քիլին իր կարգին կ՛ըսէ. «Ծրագիրները ձգեցին բազմաթիւ անպատասխան հարցումներ, ներառեալ` յաւելեալ գումարներու յատկացումը, եւ թէ` արդեօ՞ք բոլոր դպրոցներն ալ պիտի կրնան օգնել ամէն աշակերտի, որ ատոր կարիքը կ՛ունենայ: Բազմաթիւ այդպիսի աշակերտներ շատ երկար սպասած են»:
Քունէ Զրկուած Աշակերտները
Յաւելեալ Կարիք Ունին Անկողինին
Մասնագէտները կը նշեն, որ դպրոցական օրը պէտք է ժամ մը ետ տանիլ, լուծելու համար անբաւարար արդիւնքները, անձկութիւնը եւ` պայքարելու գիրութեան դէմ:
Քունի մասնագէտները կը զգուշացնեն դպրոցական տարիքի երեխաները` քունէ զուրկ մնալու համաճարակի մասին: Կարգ մը մասնագէտներ կոչ կ՛ընեն կրթական մարմիններուն` փոխելու դպրոցական ժամերը, թոյլ տալով, որ դեռահասները երկար մնան անկողինին մէջ:
Համարժէք, բաւարար քնանալը դեռահասներու բարօրութեան եւ հոգեկան առողջութեան ամէնէն ուժեղ գործօնն է, եւ պակասը կ՛առնչուի ուսումնական վատ արդիւնքներու, անհանգստութեան եւ գիրութեան:
Ֆրանսայի կրթութեան նախարարը վաւերացուց 15-18 տարեկան ուսանողներու դպրոցական օրը առաւօտեան ժամը 9-ին սկսելու առաջարկը Փարիզի մէջ:
Ատիկա հետեւեցաւ դեկտեմբերին Սիաթըլի մէջ գտնուող դեռահասներու ուսումնասիրութեան մը հրատարակման: Ուսումնասիրութիւնը յայտնաբերած էր` դպրոցական օրը սկսիլը գրեթէ ժամով մը յետաձգելէ ետք «զգալի բարելաւում ուսանողներու քունի տեւողութեան ժամանակ»:
«Փարիզեան որոշումը կրնայ միայն լաւ ըլլալ երեխաներու համար», կ՛ըսէ «Ինչպէս լաւ քնանալ» գիրքին հեղինակը` տոքթ. Նիլ Սթենլին: Ան նշած է երեխաներու եւ դեռահասներու շրջանակներուն մէջ քունի մեծցող խնդիրները: «Մեր երեխաներու շահերուն համար դպրոցական օրը սկսելու ժամը պէտք է տեղափոխել ժամ մը ուշ` զանոնք նոյն գիծին վրայ դնելու համար պատանիներու կենսաբանական կշռոյթներուն հետ»:
Միլփոնտ երեխաներու քունի բուժարանի հիմնադիր Մանտի Կառնին կը նշէ, որ վերջին 12 ամիսներու ընթացքին դպրոցական երեխաներու շրջանակին մէջ քնանալու աճ եղած է 30 առ հարիւրով:
Դպրոցական օրուան փոփոխութիւնը օգտակար կ՛ըլլայ անչափահասներուն, սակայն ատիկա յաջողցնելու համար զանգուածային մեծ արշաւ անհրաժեշտ է: Դպրոցական օրը ծրագրուած է աշխատանքային դասական օրուան մը պատշաճելու համար: Դպրոցի ղեկավարները աւելի շատ մտահոգութիւն կը յայտնեն գերյոգնած երեխաներու մասին` նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ: Այս մասին կը հաստատեն ե՛ւ ուսուցիչներ ե՛ւ մասնագէտներ:
Բայց ցարդ չկան բաւարար «ծանր փաստեր»` արդարացնելու համար դպրոցներու ժամերը փոխելու «կտրուկ քայլը»:
Ըստ մասնագէտներու, հիմնական հարցը այն է, որ դպրոցներու պատասխանատուները շատ հետաքրքրուած են որեւէ մօտեցումով, որ կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ աշակերտներու սորվելու հոլովոյթին վրայ, բայց կան լուրջ թեքնիք դժուարութիւններ` դպրոցական օրը փոփոխութեան ենթարկելու հարցին մէջ, մանաւանդ` աշխատող ընտանիքներուն համար:
Պատանիներու քունի մասնագիտական խումբը Անգլիոյ մէջ ուզած է ճշդել դպրոցական օրը աւելի ուշ սկսելու ազդեցութիւնը երեխաներուն վրայ, բայց բաւարար թիւով դպրոցներ չեն արձանագրուած այդ փորձին: Այժմ խումբը կը քննարկէ «քունի կրթութեան» հետեւանքները դպրոցներուն մէջ: Արդիւնքները պիտի հրապարակուին գարնան:
Անցեալ ամիս ուսուցիչներուն տրամադրուեցան 7- 16 տարեկան աշակերտներու համար քնանալու դասընթացքներու ուղեցոյց:
Գիտնականները կը նշեն, որ մարդոց մարմինի ժամացոյցը, որ կը ղեկավարէ քնանալու եւ արթուն մնալու ծիրը, կը փոխուի պատանեկութեան ատեն: Անոնք կ՛ուզեն քնանալ եւ աւելի ուշ արթննալ: «Անոնք կարծես թէ ուրիշ ժամանակի գօտիի մը մէջն են: Մենք իրենցմէ կը պահանջենք արթննալ` իրենց մարմինի ժամացոյցին պատրաստ ըլլալէն առաջ, որովհետեւ անչափահասներու աշխարհը այդպէս կը գործէ: Այնպէս որ, պատանիներու մեծ մասը քունէ զրկուած կ՛ըլլան», կ՛ընեն մասնագէտները:
«Քունը ամէնէն ուժեղ նախատեսողն է պատանիներու առողջութեան», կ՛ըսէ Լոնտոն քոլեճ համալսարանի պատանիներու եւ երեխաներու առողջապահութեան դասախօս Շարլ Ուայնըրը: Ան համահեղինակն է «Բրիտանական Առողջապահական Ամսաթերթ»-ին մէջ նոյեմբերին լոյս տեսած յօդուածի մը, որ հիմնուած է 15 տարեկան աւելի քան 120 պատանիներու ուսումնասիրութեան մը վրայ, որ կը նշէ աճող փաստերը անբաւարար քունի վտանգներուն:
«Երբ մենք կը մտածենք բոլոր այն բաներուն մասին, որոնք մտահոգութիւն կը պատճառեն ծնողներուն, քունի ազդեցութիւնը շուրջ չորս անգամ աւելի է, քան` սմարթֆոնի օգտագործումի ազդեցութիւնը: Արբունքի շրջանին ուղեղի մեծ զարգացում կայ: Մենք պէտք է վերադառնանք հիմնականին, աւելի շատ ուշադրութիւն դարձնենք քունին, ֆիզիքական գործունէութեան եւ սննդականոնին», ըսաւ ան:
Այլ մասնագէտ մը` Ա. Ֆարքուհար ըսաւ. «Եթէ մենք աշխարհը վերադասաւորենք պատանիներուն յարմարելու համար, մենք պիտի տեսնենք օգուտները: Բայց ատիկա ընելու համար գործնական դժուարութիւններ կան: Ուրեմն, որպէս սկիզբ, դպրոցները պէտք է թուաբանութեան դասը առաջին պահերուն ծրագրեն եւ թերեւս օրը սկսին մարզանքի պահով»:
Ն.