Սփիւռքի Նախարարութեան Հարցը Լո՞ւրջ Է
ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Բաւականի՛ն: Անցնող շաբաթներուն ընթացքին առատ մելան հոսեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մօտօրէն կազմուելիք կառավարութեան մէջ սփիւռքի նախարարութեան ջնջումին մասին: Անշուշտ կայ նաեւ մշակոյթի նախարարութեան ջնջման մասին ըսելիք, սակայն այդ առանձին քննարկման առարկայ ըլլալու է հաւանաբար: Բազմաթիւ էին տրուած պատճառները` այս լուծարման առնչուող: Ըսուեցաւ, որ այս նախարարութիւնը հոկտեմբեր 2008-ի կազմութենէն ի վեր սկսած իր գործունէութեամբ չէր արդարացուցած ինքզինք (այլ խօսքով,...



















