Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շտապ Օգնութեան Դասընթացք. Ամերիկեան Հիւանդանոցի «Չեմփս Ֆոնտ»-ի Ծանօթացում

January 25, 2019
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2018-2019 կրթական տարեշրջանին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէն խորհուրդը կրթական ծրագրին մէջ ներառեց շտապ օգնութեան եռամսեայ դասընթացք մը` երկրորդականի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներուն համար:

Արդարեւ, անցնող երեք ամիսներուն վարժարանի հիւանդապահուհի Լիզա Գոճայեանը շաբաթական դրութեամբ պահեր ունեցաւ երկրորդականի աշակերտներուն հետ` անոնց սորվեցնելու համար անմիջական օգնութեան անհրաժեշտ սկզբունքներն ու գործնական քայլերը:

Դասընթացքը իր աւարտին հասաւ ուրբաթ, 18 յունուարին` ներկայութեամբ Լիբանանի Կարմիր խաչէն խումբ մը կամաւորներու, ինչպէս նաեւ` Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցի «Չեմփս ֆոնտ»-ի տնօրէն բժշկուհի Մունա Օսմանի:

Առաջին հերթին, Օսման ներկայացուց «Չեմփս հիմնարկ»-ի առաքելութիւնն ու նպատակը: «Փաուըր փոյնթ»-ի ներկայացումով ան բացատրեց, որ ֆոնտը հաստատուած է իբրեւ նախազգուշական կեդրոն` պատանիներու եւ երիտասարդ մարզիկներու մօտ սրտի անակնկալ հարցեր կանխարգիլելու նպատակով: Ան ներկայացուց վիճակագրութիւններու արդիւնքներ` Լիբանանի մէջ անակնկալօրէն մահացող պատանիներու եւ մարզիկներու մասին: Օսման ըսաւ, որ հիմնարկը կանխազգուշացման վարժանիստեր կը կատարէ դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ, եւ Լիբանանի Կարմիր խաչ կազմակերպութեան հետ գործակցաբար կը կազմակերպէ սրտի անակնկալ տագնապներու պարագային որդեգրուելիք  շտապ օգնութեան միջոցառումներու եւ արհեստական շնչառութեան  փորձերու կիրարկումներ:

Զեկուցումի աւարտին Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտները բաժնուեցան խմբակներու: Իւրաքանչիւր խմբակ կ՛առաջնորդէր Կարմիր խաչի կամաւորներէն մէկը: Մօտաւորապէս երկու ժամուան ընթացքին աշակերտները նախ սորվեցան, թէ ի՛նչ քայլերու պէտք է դիմեն, եթէ անակնկալօրէն մէկը իյնայ եւ սիրտը դադրի բաբախելէ. ապա անոնք մէկ առ մէկ փորձեցին արհեստական շնչառութեան ձեւերը, ինչպէս նաեւ սորվեցան գործածութիւնը սիրտը վերակենդանացնող ելեկտրական սարքին:

Աշակերտները աւելի ուշ պիտի ստանան այս աշխատանքին մասնակցած ըլլալու հաստատագիրներ:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի Թնճուկը

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Հայոց Լեզուի Պոլսահայ Երկու Ուսուցիչներու Հետ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.