Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանական Ընթացիկ Գայթակղութիւնը. Ալիեւի Դուստրերը Փորձած Են Լոնտոնի Մէջ 76 Միլիոն Տոլար Արժողութեամբ Տուն Մը Գնել

Յունուար 25, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը 21 դեկտեմբեր 2018-ի իր թիւով բացայայտեց նիւթական վերջին գայթակղութիւնը` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դուստրերուն վերաբերեալ:

Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաները Լոնտոնի մէջ ուզած են ձեռք բերել 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ երկու շքեղ բնակարաններ` օգտագործելով գաղտնի ստուերային ընկերութիւն մը: Նշեալ գումարը կը ներառէր յաւելեալ 4 միլիոն տոլար` երկու տուները մէկ բնակարանի վերածելու համար: Բնակարանները կը գտնուին Պեքինկհեմ պալատի պարտէզին մօտակայքը, կը յայտնէ «Կարտիըն»-ի թղթակից Լիւք Հարտինկ:

2016-ին Հարտինկի ստորագրած նախկին յօդուածին մէջ «Կարտիըն»-ը հաղորդած էր, որ Ալիեւի դուստրերը ստեղծած էին գաղտնի ստուերային ընկերութիւն մը բրիտանական Վիրճինիըն կղզիներուն վրայ` բազմամիլիոն արժէք ունեցող իրենց կալուածներուն կառավարման համար:

Երկու դուստրերը «Էկզելթէյշըն լիմիթըտ»-ի բաժնետէրերն են. ընկերութիւնը արձանագրուած է 2015-ին` «Մեծն Բրիտանիոյ սեփականութիւնը պահպանելու» նպատակով: Ստուերային ընկերութիւնը հիմնադրուած է Լոնտոնի «Չայլտ էնտ չայլտ» իրաւաբանական ընկերութեան կողմէ, որ խաբեբայութեամբ պնդած է, որ ալիեւեան կիները «քաղաքական կապեր չունին»: Այս տեղեկութիւնը քողազերծուած է այն ատեն, երբ Փանամայի փաստաթուղթերը` ստուերային Mossack Fonseca-ի իրաւաբանական ընկերութեան գաղտնի տուեալները տարածուած են միջազգային լրատուական միջոցներով:

Ըստ «Կարտիըն»-ի տուեալներուն, Ալիեւի դուստրերը «ստեղծած են սեփական գործարարութեան հսկայական կայսրութիւններ: Անոնք շքեղ բնակարաններ ունին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ շահաբաժիններ` հեռահաղորդակցութեան բնագաւառի մէջ եւ ոսկիի հանքերէ: Արդէն յայտնի էր, որ հիւսիսային Լոնտոնի մէջ Լէյլա Ալիեւա ձեռք բերած է 22 միլիոն տոլարնոց սեփական տուն` Համփսթետ լենի մէջ»: Բացի ասկէ` Ալիեւներու ընտանիքը 140 միլիոն տոլար արժող շքեղ բնակարաններ ունի ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ տուները միայն յայտնի սեփականութիւններն են` ըստ Կազմակերպուած յանցանքի եւ կաշառակերութեան հետաքննութեան ծրագիրին: Ալիեւները ունին նաեւ 8 միլիոն տոլար արժող բնակարան, որ բացուած է Լոնտոնի «Հայտ փարք»-ի հռետորներու անկիւնին վրայ, 44 միլիոն տոլար արժողութեամբ ինն ծովեզերեայ բնակարաններ` Տուպայի մէջ, ամարանոց Մոսկուայի մօտերը` նուազագոյնը 37 միլիոն տոլար արժողութեամբ, եւ 1,1 միլիոն տոլար արժողութեամբ վիլլա` Չեխիոյ Քարլովի Վարի առողջարանային քաղաքի իւրայատուկ շրջանին մէջ:

Բրիտանական կանոններուն համաձայն, Ալիեւի դուստրերը կը դասակարգուին իբրեւ «քաղաքականապէս հանրաճանաչ անձեր» (PEP)` դրամատուներու կողմէ զանոնք ենթարկելով առաւել մեծ ուշադրութեան եւ արժանահաւատութեան ստուգումներու: «Կարտիըն»-ը կը հաղորդէ, որ Չայլտ էնտ չայլտ ընկերութիւնը Բրիտանիոյ կառավարութեան չէ յայտնած այս երկու կիներուն բարձր կարգավիճակին մասին: Պաշտօնական թերթիկին վրայ, որուն մէջ կը հարցնեն, թէ արդեօք իրենք PEP-նե՞ր են, իրաւաբանական ընկերութիւնը գրած է «Ո՞չ»` «Այո»-ի փոխարէն:

Բրիտանացի այլ փաստաբան մը` Տերիք Ֆրենչ, «հիմնած է երկրորդ գաղտնի փանամական հիմնադրամը` Եունիվըրսըլ Ֆաունտէյշըն (Եու. Էֆ.) անունով, «որ կը վերահսկէր Ազրպէյճանի ամէնէն մեծ  ընկերութիւններէն մէկուն` «Աթա հոլտինկ»-ի բաժնետոմսերուն մեծ մասը, կը հաղորդէ «Կարտիըն»-ը: 2003-ին հիմնադրուած «Աթա հոլտինկ»-ը կը պատկանի Ազրպէյճանի հարկային նախարար Ֆազիլ Մամետովի` 600 միլիոն տոլար արժողութեամբ ընկերութեան գաղտնի վերահսկիչ փաթեթով: «Աթա հոլտինկ»-ի, Ալիեւի երեք զաւակներուն հետ միասին, կը պատկանին «երկու մեծ դրամատուներ, շինարարական ընկերութիւններ եւ Պաքուի հինգ աստղանի «Էքսելսիըր» պանդոկը»:

2005-ին UF Universe Foundation-ի կառավարումը անցաւ ուրիշի մը ձեռքը: Նախագահ Ալիեւի երեք զաւակները` Լէյլա, Արզու եւ անոնց եղբայրը` Հէյտար, որ այն ատեն եօթը տարեկան էր, հիմնադրամին մէջ ունէին 50 տոկոս շահաբաժին: Անոնց մայրը` Մեհրիպան, «հովանաւոր»-ի անանուն դերով կը վերահսկէր հիմնադրամը: Միւս «հովանաւորը» Մամետովն էր` իր 30 տոկոս բաժնեմասով: «Ata»-ի նախագահ Ահմետ Էրենթոք կը ստանար 15 տոկոս: 2007-ին, UF Universe Foundation-ը փակուեցաւ, սակայն Լէյլա եւ Արզու Ալիեւաները նշուած էին իբրեւ «Ata»-ի հիմնական սեփականատէրեր` փանամական մէկ այլ` Hughson Management ընկերութեան մը միջոցով: Նախագահ Ալիեւի մտերիմ Ճաւատ Մարանտի Ալիեւա քոյրերը ներկայացուցած էր «Չայլտ էնտ չայլտ» իրաւաբանական ընկերութեան, կը հաստատէ բրիտանական դատարանը: «Չայլտ էնտ չայլտ»-ի աւագ գործընկեր փաստաբան Խալիտ Շարիֆ այնուհետեւ երկու քոյրերուն անունով ստեղծած էր Exaltation Limited-ը` Բրիտանական Վիրճինիըն կղզիներու ընկերութիւնը:

Նախագահ Ալիեւի դուստրերուն` Լոնտոնի մէջ 76 միլիոն տոլար արժողութեամբ բնակարանի ձեռքբերման գործով բրիտանական կարգապահական դատարանը Շարիֆը ենթարկած է 57 հազար տոլար տուգանքի եւ արձանագրած 51 հազար տոլար` իբրեւ ծախս` դրամի լուացման ստուգումներ չիրականացնելուն եւ իր մասնագիտական չափանիշները չպահելուն համար:

Պայմանագիրը կնքելէ ետք Ալիեւա քոյրերը սկսած են կատարելու լոնտոնեան երկու բնակարաններու գնման վճարումները` փոխանցելով 13 միլիոն տոլար: Սակայն «2016-ին գործարքը ձախողեցաւ, երբ յայտնի դարձաւ անոնց սեփականութիւնը»:

Զարմանալի չէ, որ «Կարտիըն» թերթը բացայայտած է, որ «Միացեալ Նահանգներու գաղտնազերծուած դիւանագիտական հեռագիրներուն մէջ կ՛ենթադրուի, որ Ազրպէյճանի ամէնէն հարուստ մարդը նախագահ Ալիեւն է…»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Յունուար 1969)

Յաջորդը

Տեսակէտ. «Բարեկարգո՞ւմ, Թէ՞ Յեղափոխութիւն» Դարձնել Այժմէական Քննարկման Նիւթ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?