Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թզուկներու Փնտռտուքը Եւ Տօնական Օրերու Պատգամը

Յունուար 24, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին, գործակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, մասնակցութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն, 28 դեկտեմբեր 2018-ին Աղբալեան-ՀՄԸՄ մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Թզուկներու փնտռտուք» թատերական ձեռնարկը:

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, այսպիսի ձեռնարկ մը տեղի կ՛ունենայ համալիրին մէջ` նպատակ ունենալով հայ ակումբին եւ կառոյցներուն շուրջ համախմբել բոլոր հայ մանուկները` գաղութի մատղաշ սերունդը:

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդը եւ խմբապետական կազմը եռանդով ստանձնեցին ձեռնարկի կազմակերպչական աշխատանքը: Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներն ալ իրենց կարգին խանդավառութեամբ ստանձնեցին գեղարուեստական յայտագիրի պատրաստութիւնը այս յատուկ առիթին համար:

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը աշխատանքներու ընթացքին օգտագործեցին արդի բոլոր միջոցները, անոնք մեծ աշխատանք տարին քարոզչութեան վրայ` ապահովելու մեծ թիւով փոքրիկներու մասնակցութիւնը: Ձեռնարկին նախորդող շաբաթները սկսան համալիրին մէջ աշխատանքները` յարկերուն եւ անցորդներուն մէջ ստեղծելով վարակիչ հետաքրքրութիւն եւ խանդավառութիւն: Սկաուտական կազմը փոքրերով եւ մեծերով լծուած էր աշխատանքի. լեցուեցան 500-էն աւելի կաղանդչէքի տոպրակներ, պատրաստուեցան պաստառներ եւ զարդարանքներ, դասաւորուեցան ձայնի եւ լոյսի սարքաւորումները: Շնորհիւ փորձառու ՀՄԸՄ-ի սկաուտական կազմին` բոլորին ծանօթ «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» պասքեթպոլի դաշտը մէկ օրուան համար վերածուեցաւ թատերական սրահի` պատրաստ ընդունելու բոլոր հիւրերը:

«Թզուկներու փնտռտուքը» ներկայացման հեղինակն է Հրայր Գալեմքէրեանը, որ երկու տարիէ ի վեր Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցի եւ նոյնանուն մանկապատանեկան թատերախումբի բեմադրիչն է:

Նիւթը` Կաղանդ պապան իր հսկայ աշխատանքներուն համար պէտք ունի թզուկներու եւ իր օգնականին (որ կը մարմնաւորէր Սէրուժ Յովսէփեանը), որոնց միջոցով կը ձեռնարկէ փնտռտուքի մը:

Յայտագրին ընթացքին յաջորդաբար բեմ ներկայացան` «Արեգ» թատերական դպրոցին սաները,  «Գայեանէ» պարախումբէն  «Արեւներ», «Զանգեզուր» եւ «Մուշ» խմբակները (պարուսոյցներ` Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեանները) եւ «Կարկաչ» մանկական երգչախումբը (խմբավար` Զաքար Քէշիշեան), ինչպէս նաեւ` ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղէն գայլիկներ եւ արծուիկներ: Բոլորը խանդավառութեամբ եւ գոհունակութեամբ կատարեցին իրենց ներկայացումները` հաճոյք պատճառելով իրենց տարեկից հանդիսատեսներուն:

Կաղանդ պապան, որ ներկայացման ամբողջ տեւողութեան քուլիսներէն կը հետեւէր փոքրիկներու պարերուն, երգերուն եւ թատերական սքեչներուն, դժուարութիւն ունեցաւ ընտրելու թզուկի լաւագոյն թեկնածուները, ուստի բոլորը հրաւիրեց միանալու իր աշխատակազմին: Ներկայացման պատգամներէն մէկը այն էր, որ իւրաքանչիւր փոքրիկ թաքնուած կամ բացայայտ տաղանդ մը ունի եւ իւրաքանչիւրը կրնայ դեր մը ստանձնել իրեն յարմարող մարզին մէջ եւ օգտակար դառնալ իր շրջապատին:

Աւելի քան 500 փոքրիկներ իրենց ծնողներուն հետ մասնակցեցան այս ձեռնարկին:  Փոքրիկները ուշադրութեամբ եւ հաճոյքով հետեւեցան ներկայացումին: Աւարտին, բոլորին բաժնուեցան նուէրներ, որոնք տրամադրուած էին Անթիլիասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հայկ Ոսկերիչեանին կողմէ:

Ահա արդէն Նոր տարին սկսաւ, տօնական օրերը վերջացան,  բոլորը վերադարձան իրենց աշխատանքներուն եւ դասերուն: Սակայն ձեռնարկին ձգած յիշատակները եւ պատգամները վառ կը մնան:  Սկաուտական կազմին համար այս  ծանր աշխատանքը, թէկուզ` յոգնեցուցիչ, շարունակութիւնն էր ՀՄԸՄ-ի, հայ միութիւններու,  կառոյցներու եւ դպրոցներու առաքելութեան` հայ  փոքրիկը թեւերը բաց ընդունելու, անոր  համար ստեղծելու ապահով եւ ուրախ միջավայր, միջավայր մը, ուր ան կրնայ զարգանալ եւ զարգացնել իր գիտելիքները եւ հմտութիւնները, ըլլան անոնք միութենական, մշակութային,  գիտական կամ մարզական: Այսպիսի ներկայացումի մը եւ ձեռնարկի մը միջոցով կազմակերպիչ մարմինը հանդիսատեսները քիչ մը աւելի մօտեցուց հայ սկաուտական շարժումին, հայ պարի, թատրոնի ու երգի դպրոցներուն եւ հայ ակումբին:

Բոլորին վարձքը կատար:

ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Տնային Պարտականութիւնները Կատարել Մերժող Երեխան

Յաջորդը

Հայաստանի Սահմանապահը…

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?