Յօդուածներ

Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Կոմիտասին

Մարդ, Որ Լեռները Կը Քալեցնէր

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ Կոմիտասի երգերը այսօր լսելով որքանո՞վ կ՛ազդուի մարդ` չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ բոլոր անոնք, որոնք Կոմիտասը հարազատ աչքերով տեսնելու, ականջներով լսելու բախտաւորութիւնը ունեցած են, ապրած են աննկարագրելի զգացում մը, որ բառերով դժուար թէ կարելի ըլլայ բացատրել: Այդ խոր ու տպաւորիչ զգացումը ապրած են մանաւանդ անոնք, որոնք հայրենի հողէն հեռու կը գտնուին: Կոմիտասի տուած զգացողութիւնը հասկնալու համար պէտք է...

Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն

Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Այս գրութիւնը երկրորդ մասն է Թուրքիոյ կողմէ հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ հրեաների հետապնդումներու եւ մարդու իրաւունքներու համակարգուած խախտումներու երեք մասերէ բաղկացած յօդուածին, զոր գրած է թուրք պատմաբան Այշէ Հիւրը: - 1930 սեպտեմբեր 18. Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Մահմուտ Էսաթ Պոզքուրթը հանդէս եկաւ իր նշանաւոր հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Իմ կարծիքս ու համոզումս այն է, որ այս երկիրը բացարձակապէս թրքական է: Անոնք,...

Լոյս Տեսաւ Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ Գիրքը» Հատորը Հայերէն Թարգմանութեամբ

Լոյս Տեսաւ Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ Գիրքը» Հատորը Հայերէն Թարգմանութեամբ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Իտալերէնէ թարգմանուած` Վարդան Մատթէոսեանի կողմէ, «Սիս» հրատարակչութիւն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի, Նիւ Եորք, 2025, 104 էջ: Հատորը լոյս տեսած է ի յիշատակ տիկ. Անահիտ Գասարճեանի (Նիւ Ճըրզի): Իտալաբնակ, Փատովայի համալսարանի իտալական գրականութեան պատուակալ դասախօս Արսլան վիպակի ձեւով ներկայացուցած է ոդիսականը Առաքելոց վանքին մէջ պահուած Մշոյ ճառընտիրի (գրուած ու նկարազարդուած` 1200-1202 թուականին, Բաբերդի Սեպուհ լերան Աւագ վանքին մէջ),...

2025-ին «Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը Հայաստանին 41 Միլիոն Տոլարի, Իսկ Լիբանանին 4 Միլիոն Տոլարի Դեղորայք Հայթայթած Է

2025-ին «Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը Հայաստանին 41 Միլիոն Տոլարի, Իսկ Լիբանանին 4 Միլիոն Տոլարի Դեղորայք Հայթայթած Է

2025-ին «Հայաստան-Արցախ ֆոնտ»-ը 45 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով կեանք փրկող եւ զանազան տեսակի դեղորայք ու բժշկական պիտոյքներ նուիրեց Հայաստանին (41 միլիոն տոլար) եւ Լիբանանին (4 միլիոն տոլար): Այս դեղերը եւ պիտոյքները Հայաստան եւ Լիբանան ուղարկուեցան օդային ու ծովային 30 անջատ առաքումներով: «Շատ բարձր կը գնահատենք այս արժէքաւոր դեղերը եւ պիտոյքները, նուիրուած` ամերիկեան բազմաթիւ առեւտրական մեծ ընկերութիւններու եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու կողմէ,...

Նորին Խորհուրդը

Նորին Խորհուրդը

ԱՐՄԷՆ ԱԲՂՅ. Դարձեալ Նոր տարի է: Նոր յոյսերով, նոր երազներով, նոր իղձերով ու փափաքներով կը դիմաւորենք նոր տարի մը: Մեր մէջ կ՛արթննայ նորին երթալու, նորը տեսնելու եւ շօշափելու խոր մարմաջ մը: Բայց երբ կ՛ըսենք` «Նոր տարի», ի՞նչ կը հասկնանք. միայն թիւի փոփոխութի՞ւն, տարիքի ա՞ճ, թէ՞ անցեալը ետին ձգելու եւ անկէ դասեր քաղելու փորձ: Նոր տարին կոչ մըն է` նոր մարդ...

Կը  Բուժուի՞նք Մեր «Մեղքի Բաժին»-էն

Կը Բուժուի՞նք Մեր «Մեղքի Բաժին»-էն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Յաճախ կը յիշեմ լուսարձակներէ եւ խօսափողներէ հեռու հայրենասէր հայ «Հայաստաններ»-ու ժառանգութեան տիրոջ գիտակցութեամբ ապրող եւ գործող ՀԱՅ ակադեմիկոսի մը երկտողին  մէջ արձանագրուած այն միտքը, որ` «Մենք ալ մեր մեղքի բաժինը ունենք»: «Մեղք»` ինչ կը վերաբերի մեր պարտութիւններուն, նահանջներուն, ձախողութիւններուն, լքումներուն: Այս «ինքնաքննադատական «բիրտ վճիռ»-ին մասին շատ կը մտածեմ,  յաճախ կը յիշեմ, ամէն առիթով կը յիշեցնեմ եւ կը կրկնեմ:...

2026 Թուականը

2026 Թուականը

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Անչափ երազում էի այս տարուայ իմ առաջին գրութիւնը սկսել` ուրախ լուրերով, ազգային լուսաւոր վերելքով, մեր երկրի յաջողութեան թուարկումներով, սակայն ներիր ինձ, սիրելի ընթերցող, որ ոչ միայն յուսադրող որեւէ իրադարձութիւն չգտայ, այլ առաւել մտահոգիչ իրականութեան մէջ յայտնուեցի: Թւում էր` մարդկութեան դարաւոր յոյսը 2026-ին ինչ-որ չափով կ՛իրականանայ, աւելի խաղաղ եւ բարեկեցիկ տարի կը լինի բոլորի համար, սակայն դա...

Լոյսին Բոցավառ

Ճգնաժամ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Երկիր, ցաւդ պղտորած է ներաշխարհս, թոյլ չի տար որ կեդրոնանամ կամ մտածեմ ձգտումներուս կամ հարցերուս մասին բազում: Կը կասկածիմ քաղաքական ամէն քայլի մասին առկայ, ամէն կնքուած, բայց անորոշ հռչակագրի ... Կը սողոսկի պատուհանէն գիշերը մութ` պարուրելու զիս մեղմօրէն: Կը կորսուի կարծես անդարձ ամէն պայծառ նշոյլ յոյսի, եւ անձկութեամբ կը տուայտիմ: Կարծես վերը, տարածութեան մէջ անհունի Ծիր Կաթինը կը...

Air Bag

Անձնագիր

ՍԱՐԳԻՍ ՔԷԼ ԽԱՉԵՐԵԱՆ Անուն - Միայն մօրս ձայնին վայել: Մականուն - Անտես պորտալար, որ զիս կը կապէ հօրս հետ: Հօր անուն - Հեղում: Մօր անուն - Երկունք: Ծննդեան թուական - Երբ լոյսը քիչ էր, բայց տառապանքը` շատ: Ծննդավայր - Որտեղ մեռածներ ամէն բան կապոյտ կը տեսնեն: Քաղաքացիութիւն - Երկիր մը, որտեղ անձդ միշտ կասկածելի է: Աչքերու գոյն - Լուսամուտէն ներս...

Կիրակոս Գույումճեան Պարգեւատրուած Է Քուէյթի Մարդասիրական Բարեկամութեան Միութեան Կողմէ

Կիրակոս Գույումճեան Պարգեւատրուած Է Քուէյթի Մարդասիրական Բարեկամութեան Միութեան Կողմէ

Քուէյթի Մարդասիրական բարեկամութեան միութիւնը (KHF) չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին «Սենթ Ռեժիս» պանդոկին մէջ  կազմակերպեց իր տարեկան բարեսիրական ընթրիքը՝ ներկայութեամբ միութեան անդամներուն եւ հանրային տեղացի ու օտար անձնաւորութիւններու: Հիւրերու շարքին էր Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Արսէն Առաքելեան: Քուէյթի Մարդասիրական բարեկամութեան միութիւնը հիմնուած է 2018-ին, նպատակն է՝ աջակցիլ ուսանողներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ բժշկական օժանդակութիւն ցուցաբերել անոնց։ Իւրաքանչիւր տարի միութիւնը իր...

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

«Ապառաժ»-ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանի Հետ «Ապառաժ»-ը 2025 տարին ամփոփեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանի հետ կատարած հետեւեալ հարցազրոյցով. «ԱՊԱՌԱԺ».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք 2025-ը, ի՞նչ է արուել եւ արւում Արցախի ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան ուղղութեամբ: ԱՐԱ ՊՈՒԼՈՒԶԵԱՆ.- Այսօր ՀՀ իշխանութիւնների ծրագրերից բաւարարուած չէ Արցախի ժողովուրդը: Թէ՛ աջակցութիւնների կրճատումը, թէ՛ բնակարանային ապահովման, թէ՛ աշխատանքի տեղաւորման ծրագրերը...

Բարութեա՞մբ, Վայրագութեա՞մբ, Թէ՞ Մասամբ Նորին…

Բարութեա՞մբ, Վայրագութեա՞մբ, Թէ՞ Մասամբ Նորին…

 ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Իմ իրատես եւ արդարամիտ ընթերցող, Ամանորի առիթով յաճախ մտորումներ կ՛ունենանք: Իմ համեստ կարողականութեամբ (հիմնուած կեանքի այն փորձառութիւններու եւ փորձութիւններու վրայ, որոնք ոչ միայն դրոշմուած են յիշողութեանս մէջ, այլ նաեւ հետք ձգած` կեանքիս վրայ), պիտի փորձեմ նժարի վրայ դնել անցեալն ու ներկան, եզրայանգումներն ու ապագան` վստահելով ձեր բանիմաց ու խելամիտ դատողութեան... Մովսէս Հերկելեան Որովհետեւ կրնամ սխալիլ, յաճախ խուսափած եմ...

Ոտնակոխ Տունը

Կանացի Աչքերով Զ.

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Շարժապատկերի «ԿԻՆ» փառատօնի 22-րդ տարուան ցուցադրութիւններուն ներառուած էին 21 երկիրներ` շուրջ 50 ժապաւէններով: Մրցութային բաժնի ժապաւէնները, ժանրային առումով, կը ներկայացնէին հետեւեալ պատկերը`  20 խաղարկային, 7 վաւերագրական  եւ 2 գծանկարային (animation): Իսկ պատկանելիութեան առումով, եւրոպական երկիրներ` 12,  Հայաստան` 7, Ռուսիա` 5 եւ  այլ` 5: Ժապաւէնները ընդհանուր առմամբ կարճամեթրաժ էին` 5-30 վայրկեան տեւողութեամբ: Միջին տեւողութիւն` 13 վ: Նկատելի է աւարտաճառի...

Երբ Կը Խօսինք Արժէքներու Մասին

Երբ Կը Խօսինք Արժէքներու Մասին

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Հարց տանք, թէ որո՞նք են մեր արժէքները, որոնք մեր մնայուն մտասեւեռումին առարկան են, պէ՛տք է ըլլան։ Առաջին գիծի վրայ կ՚ուզեմ դնել ինքնաճանաչումը, այլ խօսքով՝ մեր ինքնութեան գիտակցութիւնը, որ ունի իր բազում շերտերը, սկսելով մայրենիի տիրապետումէն (առանց անտեսելու այլ լեզուներու, միջազգային թէ տարածքային լեզուներու հմտութիւնը), անցնելով մեր մշակոյթի ճանաչումէն, մեր պատմութեան ու հայրենիքի տեղավայրի ծանօթութենէն (նոյնպէս առանց մոռնալու մեր լայնատարած...

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Վանայ ձայն»-ի 2025 թուականի աւարտին առիթով յատուկ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով անցնող տարուան ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն, նշեց, որ մեծ պետութիւնները իրենց ծրագրաւորումը կը կատարեն տասնեակ տարիներ առաջ, ընդգծելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ պարզուած այսօրուան պատկերը պատահական չէ, այլ նախապատրաստուած է` երեք իրականութիւններու վրայ հիմնուած. այդ իրականութիւններն...

Ստացուած Գիրքեր.  «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ»  Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

1900 թուականին Ասֆուրիէի հիւանդանոցի հիմնադրութենէն մինչեւ նորագոյն զարգացումները, այս գիրքը կը ներկայացնէ Լիբանանի մէջ հոգեբուժութեան հետաքրքրական զարգացումը: Ասֆուրիէի, Տէյր Սալիպի, Տար Աժազայի եւ Ֆանարի մեծ հոգեբուժական հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ այնպիսի ականաւոր անհատներու միջոցով, ինչպէս` Թէոֆիլ Վալտմայերը եւ Հենրի Այուպը, այս գիրքը կը խորանայ Մերձաւոր Արեւելքի եզակի բժշկական եւ մարդկային ժառանգութեան մէջ: Պատմական նիւթերու, ռահվիրաներու կենսագրութիւններու եւ հասարակական մարտահրաւէրներու ներկայացումով «Հոգեբուժութեան...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ Շուշիի Ղազանչեցոց Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին` հրթիռակոծուած ազրպէյճանական զինուժին կողմէ, 8 հոկտեմբեր 2020 թ. Քրիստոնէական ընկալումով, Ս. Ծնունդը յոյսի, սիրոյ, խաղաղութեան եւ մարդկութեան հանդէպ Աստուծոյ անընդմիջելի մերձակայութեան տօնն է: Աւետարանի այս պատգամը, սակայն, բազմիցս կտրուկ կը հակադրուի պատմական եղելութիւններուն, պետութիւններու որդեգրած քաղաքական իրականութեան ու անկէ թելադրուած դիւանագիտական գործողութիւններուն: Այս հակասութիւնը յատկապէս ակնյայտ կը դառնայ այն պարագային, երբ...

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Գործադիր Տնօրէն Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Ս. Ծննդեան մասին բազմաթիւ պատմութիւններ գրուած են, բայց անոնցմէ ոչ մէկը այնքան գեղեցիկ եւ նշանակալից է, որքան այն պատմութիւնը, զոր կը կարդանք Աւետարան ըստ Մատթէոսի եւ Ղուկասի առաջին գլուխներուն մէջ: Այնտեղ  կայ պարագայ մը, որ գուցէ երբեմն մեր ուշադրութենէն կը վրիպի, բայց եւ այնպէս, սրտառուչ եւ այժմէական պատգամ մը...

Խաւարէն Դէպի Լոյս

Խաւարէն Դէպի Լոյս

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Վասնզի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ: Անոր անունը պիտի կոչուի սքանչելի, խորհրդակից, հզօր Աստուած, յաւիտենականութեան հայր, խաղաղութեան իշխան: Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր թագաւորութեանը վրայ Անոր իշխանութեան մեծնալուն ու խաղաղութեան սահման չկայ: Որպէսզի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան իրաւունքով ու արդարութեամբ հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա»: Եսայեայ 9:6-7 Եսայի մարգարէին...

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ «Եւ Բանն մարմին եղեւ եւ բնակեաց ի մեզ» - «Եւ Բանը մարմին եղաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ» (Յովհ. Ա, 14): Ուոլթերս պատկերասրահ, Աւետարան, թ. 539, 208բ, ծաղկող` Թորոս Ռոսլին, վայր` Հռոմկլա(՞), 1262 թ. Հայ մամուլի յարգարժան ներկայացուցիչներ, սիրելի՛ հարազատներ եւ բարեկամներ, Աստուած կը մարդանայ, իր աչքերը լոյսին կը բանայ գոմի մը անհիւրընկալ կիսամութին մէջ, կը փաթթուի...

Page 58 of 1110 1 … 57 58 59 … 1,110

Արխիւներ