Յօդուածներ

Լիբանանի Համար Ժամանակաւորապէս Բարենպաստ Զարգացում

Լիբանանի Համար Ժամանակաւորապէս Բարենպաստ Զարգացում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Իրանի մէջ զարգացումները բարենպաստ եղան Լիբանանի համար. անոնք դարձան Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինաթափման համար մինչեւ 2025 թուականի աւարտը ճշդուած պայմանաժամի երկարաձգման ու Իսրայէլի զինուորական ծրագիրի գործադրութեան յետաձգման պատճառը եւ անոր յարձակողական ախորժակները զսպելու կարեւորագոյն ազդակը: Իրանի մէջ ցոյցերէն առաջ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի զինուորական գործողութեան մը հաւանականութիւնը բարձր էր: Երբ լիբանանեան բանակը զէնքի մենաշնորհման առաջին փուլի իրագործումը յայտարարող հաղորդագրութիւն...

Վարդան Աշըգեանի Յիշատակին

Վարդան Աշըգեանի Յիշատակին

ՄԱՆՈՒՇԱԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ Այնճար, 9 դեկտեմբեր 2025, կէսօրուան ժամը 1:00, Ս. Պօղոս եկեղեցի: Սգակիրներու հոծ բազմութիւն մը խռնուած է ներսը: Դուրսը` ամպամած երկինք, անձրեւը անընդհատ կը տեղայ: Ներսը` խորանին առջեւ, սգոյ սեղանին վրայ դագաղ մը կը հանգչի մոմերու խորհրդաւոր լոյսերուն տակ: Բացարձակ լռութիւն, ցաւի ու ափսոսանքի մթնոլորտ մը կը տիրէ: Դագաղին մէջ կը հանգչի Վարդան Աշըգեանը... Կարելի՞ է երեւակայել արդեօք, որ...

Տօն Ծննդեան Սուրբ Յովհաննու Կարապետի

Տօն Ծննդեան Սուրբ Յովհաննու Կարապետի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սուրբ Ծննդեան ութօրէքին (յունուար 6-13) կը յաջորդէ Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի ծննդեան տօնը: Սուրբ Յովհաննէս Քրիստոսի Կարապետն ու Մկրտիչն է, Զաքարիա քահանայի եւ Եղիսաբէթի որդին: Զաքարիա քահանայ Տիրոջ տաճարին մէջ խնկարկելու ժամանակ աւետիս ստացաւ Գաբրիէլ հրեշտակէն, թէ` զաւակ մը պիտի ունենայ: Սակայն ծերունի Զաքարիա թերահաւատութեամբ ընդունեց բարի լուրը եւ կասկածամտութեան իբրեւ պատիժ համր դարձաւ: Սուրբ Կոյս Մարիամ եւ Եղիսաբէթ...

ՎԱԽ

Առօրեայ Մտորումներ

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Առաւօտեան սուրճին հետ Դիմատետրը թերթելը, բարեկամներուս, դասընկերներուս եւ ծանօթներուս լուրերը կարդալը օրս եռանդով կը լեցնէ, մանաւանդ երբ կը մտածեմ` իրենց բոլոր ըրածներուն քով իմ ըրածներս ի՜նչ են որ... եւ կը ծրագրեմ աւելին ընել: Վերջերս, սակայն, ըստ պատմութեան կամ ժամանակի հաշուարկին, վերջին մէկ վայրկեանը=քառորդ դարը, անասելի բռնութիւններու, անարդար դէպքերու, քաղաքական սրիկայութիւններու եւ քաղաքականօրէն զօրաւորին ապիկար լկտիութեան անկասելի «շքերթ»-ի մը...

Մոնրոյի Վարդապետութեան Վերականգնումը

Մոնրոյի Վարդապետութեան Վերականգնումը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ 3 յունուարին Վենեզուելայի դէմ կայծակնային գործողութեամբ մը ձերբակալեց անոր նախագահ Նիքոլա Մատուրոն:Ցնցիչ արարք մը, որ մեծ հարուած հասցուց միջազգային համակարգին եւ աշխարհը վերադարձուց Համաշխարհային Բ. պատերազմին ու ՄԱԿ-ի ստեղծման նախորդող ժամանակաշրջան: Իրողութիւն մը, որ առաւել եւս ընդգծուեցաւ, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ օրեր ետք «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Միջազգային օրէնքին կարիքը...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Քեսապցիներու Ծածկանունները

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քաջածանօթ ենք, որ իւրաքանչիւր շրջան, նահանգ, գաւառ, քաղաք կամ գիւղ ունի իր իւրայատուկ բարքերն ու սովորութիւնները: Եւ բնական է, որ ծննդավայրս` Քեսապը, նաեւ ունենայ իր իւրայատկութիւնները: Այդ իւրայատկութիւններէն է հանրութեան կողմէ մարդոց մակդիր ու ածական տալը: Իմացած եմ, որ նոյն սովորութիւնները ունին նաեւ Քեսապի դրացի մուսալեռցիները: Ծածկանունները, որոնք իրենց ետին կը պահեն երբեմն իմաստութիւն, սրամտութիւն կամ հաճելի...

Ստացուած Գիրքեր.  «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութեան Գիտաժողովի Նիւթեր» (21-22 Ապրիլ, 2024)

Ստացուած Գիրքեր. «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութեան Գիտաժողովի Նիւթեր» (21-22 Ապրիլ, 2024)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Անթիլիասի տպարանէն 2025-ին լոյս տեսաւ «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի թիւ 18 հատորը` «Արցախի դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան գիտաժողովի նիւթեր», բաղկացած` 362 էջերէ: «Մտածումներ ու առաջադրութիւններ հայկական աշխարհը դիմագրաւող տագնապներուն ու զարգացումներուն գծով» խօսքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ կ՛ըսէ, որ հայ ժողովուրդը կ՛ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրական փուլերը: Հայաստանի եւ սփիւռքի ռազմավարութեան վրայ կեդրոնանալով վեհափառը կը շեշտէ, որ անհրաժեշտ...

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ինչպէ՞ս «գերագոյն հրամանատարը» լքած է զայն եւ երեք երեխաները` համաշխարհային ահաբեկչութիւն իրականացնելու համար: Վերջին ժամանակաշրջանին կրկին կը խօսուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու վերակենդանացման մասին, սակայն ընդհանրապէս լուռ են պետական ահաբեկչութիւններու մասին, որոնց ամէն օր ականատես կ՛ըլլանք, եւ որոնք շատ աւելի մահաբեր են, քան` հրոսակախումբերու յանցագործութիւնները: Ամէն պարագայի, բրիտանական «Տէյլի Մէյլ»-ը հրապարակած է, այսպէս կոչուած, «ընտանիքի» մը պատմութիւնը... Ն. «Իսլամական պետութեան»...

Վահէ Օշական` «Իմ Սիրելի Սփիւռքս»

Վահէ Օշական` «Իմ Սիրելի Սփիւռքս»

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ. Գ. 1- «Մտքի Վիճակ» 1995-ին Համազգայինի հրաւէրով Վ. Օշական Պէյրութ եկած էր իր գրական 50-ամեայ վաստակին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկին համար: Եւ Պուրճ Համուտի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ: Դասախօսութիւնը ձայներիզի վրայ արձանագրած էի: Նոյն ատեն, արձանագրած էր նաեւ Իշխան Չիֆթճեան: Ձայնագրածս խմբագրելով, լոյս ընծայեցի «Յառաջ/Միտք Եւ Արուեստ» 2000 հոկտեմբեր 1-ի...

Իր Ազգային Փոքրամասնութիւններուն Դէմ Թուրքիոյ Շարունակական Պատերազմի Ժամանակագրութիւնը  (1941-2007)

Իր Ազգային Փոքրամասնութիւններուն Դէմ Թուրքիոյ Շարունակական Պատերազմի Ժամանակագրութիւնը (1941-2007)

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը յաճախ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ քաղաքակրթութիւններու կամուրջ` երկիր մը, որ իւրայատուկ կերպով տեղակայուած է մայրցամաքամասերու, մշակոյթներու եւ պատմութիւններու խաչմերուկին վրայ: Սակայն այս յղկուած պատմութեան ետին թաքնուած է շատ աւելի մտահոգիչ իրականութիւն. երկարատեւ, պետականօրէն հաստատուած խտրականութիւն եւ զանգուածային բռնութիւններ` հայերու, յոյներու, հրեաներու եւ ասորիներու նկատմամբ: Այս ազգային  փոքրամասնութիւններու համայնքները տարիներ շարունակ բախած են այնպիսի քաղաքականութիւններու եւ գործողութիւններու,...

Կովկաս, Հայաստան, Մթագնող Երկինք

Կովկաս, Հայաստան, Մթագնող Երկինք

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ «Երեւանն է խօսում...»: Տասնամեակներ շարունակ, սփիւռքահայերս, մանաւանդ` Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ ապրող գաղութահայեր, մեծ թէ փոքր, բոլորս,  ամբողջ օրուան մը խոնջէնքէն եւ պարտաւորութիւններէն ետք, ձմեռ երեկոներ, շատ յաճախ ընտանիքներով ու զաւակներով, կը խմբուէինք ու կը բոլորուէինք մեր ապրած թաղի մէջ մեզմէ մէկու մը տան մէջ, նոյնիսկ երբեմն վրայ վրայի ու մեծ անհամբերութեամբ, աւելի շատ ոգեւորութեամբ կը սպասէինք այդ...

Մեր Օրերի Իրականութիւնն Ու Փետրւարեան Ապստամբութեան Արդիական Գաղափարները

Իրանը Ճնշման Ներքոյ, Բայց` Ոչ Փլուզման Եզրին Ներքին Լարուածութիւն, Արտաքին Ուղղորդում, Վերահսկելի Ճգնաժամ

ԱՐԱՄ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Իրանում վերջին օրերին արձանագրուած ներքաղաքական լարուածութիւնը եւ դրան ուղեկցած զանգուածային անկարգութիւնները պէտք է դիտարկել ոչ թէ մեկուսացուած դրուագների, այլ երկարատեւ եւ բազմաշերտ գործընթացների համատեքստում, որոնց հիմքում ընկած են թէ՛ ներքին ընկերային-տնտեսական, ինչպէս նաեւ` քաղաքական խնդիրները, եւ արտաքին համակարգային ազդեցութիւնները: Սակայն, ի տարբերութիւն արեւմտեան լրատուամիջոցների եւ դրանց քարոզչութեան պատճառով ընկերային հարթակներում ձեւաւորուող խօսոյթների, տեղի ունեցող զարգացումները չեն կրում դասական...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Վերյիշելով…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Այդ երեկոն տարիներու հեռաւորութենէն ե՛ւ կարօտով ե՛ւ լուսաւոր զգացումով կը յիշեմ: Որոշած էի ծննդավայր Հալէպիս փողոցներով անցնիլ: Քալել: Միայն քալել: Ամիսը արդէն կիսուած էր: Պարզ գիշեր էր, եւ դուրսը ծոյլ քամի մը կար: Անձրեւը դարձեալ նոյն հողն էր, որ կը ծեծէր: Շաբաթէ մը ի վեր ժամեր շարունակ երկինքը թաց տաղտուկ մը ձգած էր: Անօրինակ տաղտուկ մը կար նաեւ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Կիպրոս Ազգայիններ Պարգեւատրուեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կողմէ Կիպրոս կատարած հայրապետական այցելութեան ծիրին մէջ, 6 դեկտեմբեր 2025-ին Նիկոսիոյ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ Կիպրոսի հայ համայնքը նշեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան եւ օծման 30-ամեակը: Այս առիթով կազմակերպուած յոբելենական ճաշկերոյթին բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Յակոբ Գազանճեանը` թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետը: Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան...

Սթափելու Ժամանակը

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանական ղեկավարները եւ անոնց աջակցող լրագրողներն ու մեկնաբանները կը փորձեն համոզել հանրութիւնը, որ արտաքին ուժեր հիպրիտային պայքար կը մղեն հայկական պետութեան դէմ: Ի՞նչ բան է հիպրիտը: Այս օտար բառով կ՛որակուին երկու տարբեր տեսակներէ յառաջացած էակները, ինչպէս օրինակ ջորին, որ կը յառաջանայ ձիու եւ էշի խաչաձեւումէն: Նմանատիպ բոյսեր եւս յառաջացած են: Բառը օգտագործուած է նաեւ ճարտարարուեստի մէջ,...

Նոր Հրատարակութիւն.  «Յովհան Գ. Օձնեցի  Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը  Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

Նոր Հրատարակութիւն. «Յովհան Գ. Օձնեցի Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

Լոյս տեսաւ «Յովհան Գ. Օձնեցի (իշխ. 717-728) սուրբը, կանոնագէտը եւ Մեծ վարպետը հայ միջնաշխարհեան մշակոյթի եւ դիւանագիտութեան»-ը, որ երկրորդ երկլեզու հատորն է Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի մատենաշարին` «Հիմնահարցեր եւ հանգրուաններ արեւմտեան հայաշխարհի կազմաւորումին մէջ»*: Առաջինն է «Ներսէս Դ. Շնորհալի սուրբ եւ դիւանագէտ եւ ժողովուրդին ու Եկեղեցիին գոյատեւումը արեւմտեան հայաշխարհին մէջ (2025)**: Մատենաշարին երրորդ գիրքը ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մըն է...

Կեանքի Նժարին Մէջ

Մէկ Միտք, Բազում Հետեւանքներ

ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ Մարդու կեանքին մէջ կան պահեր, երբ ան կանգ կ՛առնէ ոչ թէ հանգստանալու,այլ իր  անցած ուղին լուռ կշռադատելու համար: Այդ ժամանակ ան կը դառնայ իր իսկ միտքերուն ունկնդիրը. կը յիշէ իր ձեռքբերումները, որոնք լուռ հպարտութեամբ կը ջերմացնեն հոգին, եւ` երազները, որոնց իրականացումը տակաւին անսպառ փափաք կը մնայ: Այդ մտորումներուն մէջ կը յայտնուին նաեւ ապրելակերպի այն մեծ ու փոքր փոփոխութիւնները,...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Վահան Յովհաննիսեանի Յիշատակի Օրը Երդման Արարողութիւն Անոր Շիրիմի Մօտ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակէն հաղորդեցին, որ 28 դեկտեմբերին` ականաւոր քաղաքական գործիչ, դաշնակցական Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակի օրը, անոր շիրիմին մօտ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն: Իրենց դաշնակցականի երդումը տուին եւ ՀՅԴ-ի շարքերուն միացան ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններէն տասնեակ մը երիտասարդներ: «Արցախ. Վտանգուած...

Քեսապ` Հայկական Հին Եւ Պատմական Բնօրրան

Քեսապ` Հայկական Հին Եւ Պատմական Բնօրրան

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քեսապ գաւառ մըն է Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան ծայրամասին վրայ, թառած` պատմական Կասիոս լերան հարաւային լանջերուն: Կը գտնուի Լաթաքիայէն 60 քիլոմեթր հիւսիս, իսկ Անտիոքէն 55 քիլոմեթր հարաւ, Սուրիա-Թուրքիա սահմանին վրայ: Բնական գեղեցկութիւններով, կալսիի մշտադալար անտառներով, վեհ սարերով, սառնորակ աղբիւրներով եւ կանաչազարդ պարտէզներով յատկանշուող գաւառը բաղկացած է տասներկու գիւղերէ. Քեսապ, Գալատուրան, Պաշորտ, Սեւ Աղբիւր, Էսկիւրան, Չինարճըգ, Չագալճըգ, Քէօրքիւնա, Էքիզօլուք, Տիւզաղաճ, Վերի...

Ո՞վ  Է Կոմիտասը

Ո՞վ Է Կոմիտասը

Ներկայացրեց` ԱՐՄԻՆԷ Կ. ԿՈՒՆԴԱԿՋԵԱՆ Ներքեւ` ներկայացնում եմ Պարոյր  Սեւակի եզակի մտքերը Կոմիտասի մասին: 3 օգոստոս 1896, Պերլին Ճիշդ է, որ «Ամէն համեմատութիւն կաղում  է»: Բայց կան համեմատութիւններ էլ, որ ուղղակի  աղերսւում են` Կոմիտաս Առաջինի եւ Նարեկացու, Սայաթ Նովայի եւ Աբովեանի, Թորամանեանի: Ճշմարտութեան մեծ պատառ կայ այդ բաղդատութիւնների մէջ, թէպէտ չհամնկնող եզրերը նոյնպէս որոշակի են: Սակայն ամէնից աւելի ճիշդ է, ըստ...

Page 57 of 1110 1 … 56 57 58 … 1,110

Արխիւներ