Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ Գիրքը» Հատորը Հայերէն Թարգմանութեամբ

January 13, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Իտալերէնէ թարգմանուած` Վարդան Մատթէոսեանի կողմէ, «Սիս» հրատարակչութիւն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի, Նիւ Եորք, 2025, 104 էջ: Հատորը լոյս տեսած է ի յիշատակ տիկ. Անահիտ Գասարճեանի (Նիւ Ճըրզի):

Իտալաբնակ, Փատովայի համալսարանի իտալական գրականութեան պատուակալ դասախօս Արսլան վիպակի ձեւով ներկայացուցած է ոդիսականը Առաքելոց վանքին մէջ պահուած Մշոյ ճառընտիրի (գրուած ու նկարազարդուած` 1200-1202 թուականին, Բաբերդի Սեպուհ լերան Աւագ վանքին մէջ), կամ սխրագործութիւնը երկու անանուն հայուհիներու` 28 քիլօ կշռող գիրքին կէսը 1915-ին Մուշէն Երեւան հասցնելու պատմութիւնը (միւս կէսը` թաղուած Կարնոյ հայկական վանքին մէջ, 1916-ին ռուս սպայ մը գտած ու տարած է Թիֆլիս): 1929-ին է, որ երկու կէսերը միացած են Ս. Էջմիածնայ մէջ, ապա փոխադրուած` Մատենադարան, ուր կը հանդիսանայ մեր ամէնէն մեծ ձեռագիրը:

Գիրքը նախապէս թարգմանուած է արեւելահայերէնի ու անգլերէնի, բայց, դիտել կու տայ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոս, թէ պատմաբան, բանասէր ու առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Մատթէոսեան սիրով ստանձնած է թարգմանել այս գործը` «ի ճաշակումն մեր ընթերցասէր հասարակութեան` յատկապէս զայն տրամադրութեան տակ դնելով մեր հայ վարժարաններու աշակերտութեան, որպէսզի անոնց մէջ վերընձիւղուի հայուհիի դարաւոր մաքրամաքուր ջինջ ոգին: Սա վիպակ չէ, այլ` դիւցազնավիպակ»:

Հեղինակը ««Մշոյ գիրքը»-ի բազմաթիւ լեզուները» իր յառաջաբանին մէջ կ՛ըսէ. «Պատմութիւն մըն է, որ խորապէս սեփական կը զգամ, թէեւ հոն չի խօսուիր հայ ընտանիքիս ու անոր ճակատագրին, այլ թանկագին գիրքի մը փրկութեան մասին, որ դիմակայութեան հզօրագոյն խորհրդանիշ մըն է վտանգուած ու հալածուած ժողովուրդիս ոչնչացման դէմ»:

Յիշենք, որ բազմաթիւ այլ գիրքերու եւ հայերէնէ իտալերէնի թարգմանութիւններու շարքին յատուկ ուշադրութեան արժանացած է իր ընտանիքի Հայոց ցեղասպանութեան փրկութեան պատմութիւնը, որ դարձած է «Արտոյտներու ագարակը» վէպը` թարգմանուած 20 լեզուներու, ունեցած` 46 հրատարակութիւններ ու շարժանկարի վերածուած (The Skylark Farm)` յայտնի բեմադրիչներ Փաոլօ եւ Վիթթորիօ Թաւիանիներու կողմէ:

 

 

Նախորդը

2025-ին «Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը Հայաստանին 41 Միլիոն Տոլարի, Իսկ Լիբանանին 4 Միլիոն Տոլարի Դեղորայք Հայթայթած Է

Յաջորդը

Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն

RelatedPosts

Ո՞վ  Է Կոմիտասը
Անդրադարձ

Ո՞վ Է Կոմիտասը

January 13, 2026
Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Կոմիտասին
Անդրադարձ

Մարդ, Որ Լեռները Կը Քալեցնէր

January 13, 2026
Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն
Անդրադարձ

Թուրքիոյ Կողմէ Ազգային Փոքրամասնութիւններու Հալածանքները 1930-1941 Թուականներուն

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.