Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2025-ին «Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը Հայաստանին 41 Միլիոն Տոլարի, Իսկ Լիբանանին 4 Միլիոն Տոլարի Դեղորայք Հայթայթած Է

January 13, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

2025-ին «Հայաստան-Արցախ ֆոնտ»-ը 45 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով կեանք փրկող եւ զանազան տեսակի դեղորայք ու բժշկական պիտոյքներ նուիրեց Հայաստանին (41 միլիոն տոլար) եւ Լիբանանին (4 միլիոն տոլար):

Այս դեղերը եւ պիտոյքները Հայաստան եւ Լիբանան ուղարկուեցան օդային ու ծովային 30 անջատ առաքումներով:

«Շատ բարձր կը գնահատենք այս արժէքաւոր դեղերը եւ պիտոյքները, նուիրուած` ամերիկեան բազմաթիւ առեւտրական մեծ ընկերութիւններու եւ բարեգործական կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք կը հանդիսանան «Հայաստան-Արցախ ֆոնտ»-ի երկարամեայ գործընկերները», յայտնեց ֆոնտի նախագահ Յարութ Սասունեան:

Անցեալ 36 տարիներուն ֆոնտը եւ զայն նախորդած «Միացեալ հայկական ֆոնտ»-ը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են առաւել քան 1,1 միլիառ տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն` 168 թռիչքներով եւ 2624 ծովային արկղերով:

«Հայաստան-Արցախ ֆոնտ»-ին կանոնաւորաբար կ՛առաջարկուին, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ: Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի բոլոր բժշկական կեդրոններուն: «Հայաստան-Արցախ ֆոնտ»-ին յատկացուած բոլոր նուիրատուութիւնները տուրքէ զերծ (tax-deductible) են», յայտնեց Սասունեան:

Յաւելեալ տեղեկութեան համար կը խնդրուի դիմել [email protected] հասցէին:

 

Նախորդը

Նորին Խորհուրդը

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ Գիրքը» Հատորը Հայերէն Թարգմանութեամբ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.