Յօդուածներ

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում  Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Հետ

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Հիւսիսային Իրանի Կենտրոնական Կոմիտէի

Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի նախօրէին Հայաստանի վարչապետի աթոռն զբաղեցնող անձը` Նիկոլ Փաշինեանը եւ իշխանական շրջանակները հանդէս են գալիս հայ-թուրքական եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնների կարգաւորման, Թուրքիայի եւ Ազրպէյճանի թշնամական պետութիւնների հետ «ոչ թշնամական» յարաբերութիւնների ձեւաւորման յայտարարութիւններով եւ «խաղաղասիրութեան» ուղղակի կամ սքողուած ազգադաւ քարոզով, որոնք հեռաւոր աղերս անգամ չունեն հայ ժողովրդի ազգային շահերի, իղձերի, նկարագրի եւ արժեհամակարգի հետ: Ակնյայտ է, որ Հայաստանի գործող իշխանութիւնները...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Սէուտական Արաբիա Պէտք Է Դատ Բանայ Թուրքիոյ Դէմ` Մոհամետ Մարգարէի Անձնական Իրերը Գողցած Ըլլալուն Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր 28 մարտին «Արաբ Նիւզ» թերթը յօդուած մը հրապարակեց` «Սէուտցի հեղինակին գիրքը կը  բացայայտէ օսմանեան վայրագութիւնները Մետինէի մէջ» վերնագիրով: Գիրքը գրած է պատմաբան Մոհամետ Ալ Սէյիտ, որ բացայայտած է օսմանեան վայրագութիւնները` իրագործուած 1918-ին, Սէուտական Արաբիոյ Մետինէ սուրբ քաղաքի մահմետական բնակչութեան դէմ, այն օրերուն, երբ քաղաքը Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէր: Ալ Սէյիտ իր...

«Hyperallergic» Հանդէսի Յաւելուած` Արցախեան Վտանգուած Մշակոյթին Նուիրուած

«Hyperallergic» Հանդէսի Յաւելուած` Արցախեան Վտանգուած Մշակոյթին Նուիրուած

  Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած «Hyperallergic» արուեստի առցանց հանդէսը հիմնուած է 2009-ին, Հրակ Վարդանեանի եւ Վիգէն Կէյիկեանի կողմէ: Անոր գլխաւոր խմբագիրն է Հրակ Վարդանեանը: Հանդէսին 28 փետրուար 2021-ի կիրակնօրեայ յաւելուածը նուիրուած է Արցախի մէջ սպառնալիքի տակ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութեան, յուշարձաններու, եկեղեցիներու, եւ տարբեր վայրերու ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ` ինքնութեան անտեսուած հարցերու: Տարբեր անուանի ակադեմականներ եւ լրագրողներ ներդրում ունեցած են այս...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմարներ. Ընտրական Օրէնք, Կարմիր Շուկայ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ապրիլ 1-ը կատակի օր է, սակայն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կատակելու տրամադրութիւն չկայ, այլ կայ... անհեթեթութիւններու նոր մրցանիշ հաստատելու տենդ: Ա. Հայաստանի խորհրդարանը միայն «իմքայլականներու» քուէով, որդեգրեց ընտրական օրէնքի փոփոխութեան «իմքայլական» առաջարկը: Ցարդ պաշտօնապէս չյայտարարուած` ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան համամասնական ցանկերով: Էտմոն Մարուքեանն ու իր «լուսաւոր»-ները դէմ են փոփոխութեան, իսկ Գ. Ծառուկեանի «Բարգաւաճ»-ը մէկ կողմ քաշուած է, չմասնակցեցաւ...

Սպասում

Արմ-Մոնօ Եւ Մենաթատրոնի Ընկալման Թուաբանական Ձեւաւորումի Փորձ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Անցեալ ամառ Հայաստանի մէջ կայացած մենաթատրոնի փառատօնը` «Արմմոնօ 18»,  նուիրուած էր Հրանտ Մաթեւոսեանի ծննդեան 85-ամեակին: Սեռային .- Բացման եւ փակման ելոյթներու ընթացքին Նարինէ Գրիգորեան ներկայացուց «Գոմէշը», որ հիմնուած է Մաթեւոսեանի համանուն պատմուածքին վրայ: Դերասանուհին միաժամանակ ներկայացման բեմադրիչն էր: Այս երեւոյթը կը թուի ձեւաչափ դարձած ըլլալ ժամանակակից մենաթատրոնի համար: Ակնբախ էր նաեւ, որ փառատօնի հեղինակ-կատարողներու առնուազն երկու երրորդը կիներ...

ԱԶԴ

ԱԶԴ

Հանրութեան ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել, թէ այս օրերուն Հայաստան կը գտնուին խումբ մը անձեր, որոնք ներկայանալով ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութեան անունով լծուած են երեւութապէս «մարդասիրական», սակայն մեզի համար ամբողջովին անծանօթ ու կասկածելի գործունէութեան: Այսու կը յայտարարենք, թէ նշեալ խումբը ոչ մէկ կապ ունի ՀՅ Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին հետ: Հետեւաբար Կեդրոնական կոմիտէս ոչ մէկ պատասխանատուութիւն կը կրէ այդ խմբակին...

Վաստակաշատ Համեստը

Վաստակաշատ Համեստը

Քառասուն օրեր առաջ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը զրկուեցաւ երկար տասնամեակներ իրմով շնչած ու իրմով ապրած Ժաք Պոյաճեանի հայրական եւ պատկառելի ներկայութենէն: «Մեծ եղբայրը» ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ իր պաշտած ու սիրած միութենէն, սակայն ան իր ետին ձգեց հարուստ բարոյական ժառանգ, իրմով հպարտանալու բազմաթիւ յիշատակներ եւ իր օրինակելի ՀՄԸՄ-ականի տիպարին հետեւելու յստակ կտակ: Իր երկար տարիներու միութենական գործունէութեան ընթացքին եղբ. Ժաքին անունը մնայուն կերպով...

Յարգելի Տիպարի Մը Կորուստը (ՀՄԸՄ-ական Պասքեթպոլի Մեծ Երախտաւորին` Ժաք Պոյաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յարգելի Տիպարի Մը Կորուստը (ՀՄԸՄ-ական Պասքեթպոլի Մեծ Երախտաւորին` Ժաք Պոյաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ Տերեւաթափը կը շարունակուի: Լիբանանն ու ՀՄԸՄ-ը քառասուն օրեր առաջ կորսնցուցին մարզական փայլուն դէմք մը, յարգելի տիպար մը, որուն անունը աւելի քան քառասուն տարի կապուեցաւ պասքեթպոլի զարգացման ու տարածման: Սերունդները երախտապարտութեամբ պիտի յիշեն Ժաք Պոյաճեանը, որ հարազատներուն եւ սիրելի միութեան հրաժեշտ տուաւ 21 փետրուար 2021-ին` ՀՄԸՄ-ին եւ Լիբանանին հանդէպ իր պարտքը լիուլի կատարած ըլլալու արդար գոհունակութենամբ: Ժաք (Յակոբ) Պոյաճեան...

Անվեհեր Վերադարձ  (Ժաք Պոյաճեանի Յիշատակին)

Անվեհեր Վերադարձ (Ժաք Պոյաճեանի Յիշատակին)

ԹՈՐԳՈՄ Վերադարձը միշտ կարելի է, եթէ կամքն ու հաւատքը արմատաւորուած են: ՀՄԸՄ Պէյրութի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը վերադարձաւ իր հարազատ տեղը` Ա. դասակարգ: Այս առիթով «Ազդակ» ուրբաթ, 22 օգոստոս 2014-ի թիւով առաջին էջին վրայ հրապարակած էր խմբային յատկանշական լուսանկար մը, որուն մէջ մարզիկներն ու պատասխանատուները վերջին մրցումէն ետք արդարօրէն ուրախ են, եւ լայն ժպիտ մը դրոշմուած է իրենց դէմքերուն վրայ: Սքանչելի՛...

Վաստակաշատ Դերասան Մարի Ռոզ Մանուկեանի Յիշատակին

Վաստակաշատ Դերասան Մարի Ռոզ Մանուկեանի Յիշատակին

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ «Իտալական յարդէ գլխարկ» Քառասուն օրեր առաջ լոյս մը եւս մարեցաւ լիբանանահայ թատերաբեմէն` Մարի Ռոզ Մանուկեանին լոյսը: Վերջին անգամ ան 2016-ին բեմ բարձրացած էր` Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կազմակերպած մեծարանքի երեկոյին: Անոր թատերական ուղեւորութեան մասին հակիրճ կերպով մեզի կը պատմէ իր ընկերներէն դերասան Զաւէն Պաաքլինին: «Վարուժան Խտըշեան, Լոնտոնէն վերադարձին, եկաւ Համազգայինի Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղ` իբրեւ բեմադրիչ եւ...

Ակնարկ.  Վիեննայէն Պէյրութ. Պատժամիջոցներ  Եւ Բարեկարգումներ

Ակնարկ. Վիեննայէն Պէյրութ. Պատժամիջոցներ Եւ Բարեկարգումներ

Վիեննայի հանդիպումները` Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններու վերսկսումը նախապատրաստելու առումով, տակաւին բեկումնային փուլ նկատուելէ հեռու են: Ուաշինկթըն առաջին անգամը չէ որ իր կողմէ պատժամիջոցներու ենթարկուող Իրանին կ՛առաջարկէ վերադառնալ բանակցային սեղան: Խնդիրը այն է, որ բանակցային սեղան նստելու առաջարկը կը կատարուի պատժամիջոցային քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին: Հետեւաբար այստեղ տրամաբանօրէն աւելի պարզ կը դառնայ Թեհրանի նախապայմանը` պատժամիջոցները նախ պէտք է վերացնել, ապա նստիլ բանակցային սեղան: Առաջադրուած...

Դաշնակցականի Երդումով Հպարտ Ընկեր Դրօ Մանտալեան

Դաշնակցականի Երդումով Հպարտ Ընկեր Դրօ Մանտալեան

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Պիելի մէջ, բազմահազար հայորդիներու ներկայութեամբ: Յաջորդ առաւօտ, Դրոն այցելեց Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ եւ խնդրեց ընդունիլ իր կողմէ պատկառելի գումար մը` իբրեւ նուէր 125-ամեակին առիթով: Իրեն յատուկ խանդավառութեամբ, աչքերէն խայտացող բերկրանքով փոխանցեց ո՛չ միայն իր, այլ նաեւ իր շրջապատի համակիր հայրենակիցներու գնահատանքը ձեռնարկին կազմակերպուածութեան, յայտագիրին, արտասանուած խօսքերուն, ուղղուած պատգամներուն, բայց մանաւանդ այն խոր...

Անպատիւ Մուրացկաններ

Անպատիւ Մուրացկաններ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մուրացկանութիւնը Անգլիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ունի երկար, բարդ պատմութիւն, իսկ արհեստավարժ մուրացկանները յաճախ կ՛ընկալուէին որպէս մարդիկ, որոնք արժանի չէին օգնութեան: Մուրացկանները մարդկային հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունին պատմութեան առաջին օրէն: Փողոցային մուրացկանութիւնը տեղի  ունեցած է աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, թէեւ ատոր չափերը եւ  ձեւերը տարբեր են: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ այժմ պետական օրէնքով արգիլուած է մուրացկանութիւնը, սակայն ճարպիկները...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Անտեսուող Լուսանցքներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 20 յունիսին Ազգային ժողովի կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպելու վարչապետ Ն. Փաշինեանի միանձնեայ որոշումին յաջորդած շաբթուան ընթացքին մեծ մասամբ արդարացան այն նախատեսութիւնները, որ Հայաստան, կամայ թէ ակամայ, ինկած է քուէի որսորդութեան ոլորապտոյտին մէջ: 10 նոյեմբերէն ետք ըստ բաւականին յստակացած պատկերը հիմա ալ ըստ բաւականին տակն ու վրայ եղած է ու աղաւաղուած: «Սա օրուան պահանջած քաղաքական խաղն է»-ի պատճառաբանութեամբ, կ'ուրուագծուին համաձայնութիւններ,...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Մերձեցման Պայմանը` Ճանաչում Եւ Աւելի՛ն

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մերձեցման Պայմանը` Ճանաչում Եւ Աւելի՛ն

Շաբաթասկիզբին, երբ հայ զինուորներու դիակներ (այո՛, դեռ փնտռտուքը կը շարունակուի դժբախտաբար) փոխադրող ինքնաշարժ մը կը քարկոծուէր Արցախի մէջ, երբ դեռ բազմաթիւ զինուորներ կը մնան գերի կամ անգտանելի, երբ գրեթէ ամէնօրեայ յաճախակիութեամբ եկեղեցիներ, յուշակոթողներն ու մշակութային ժառանգութիւններ հետեւողական եւ կազմակերպուած ձեւով կը քանդուին...Այս բոլորին դիմաց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը յանկարծ սքանչելի՜ «գիւտ» մը հրապարակ նետեցին,...

Բանաստեղծին, Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

Նահատակներուն Հարցումը

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Ի՞նչ ընել, երբ զայրոյթդ իսկ անտեսումի, թերեւս նաեւ` արհամարհանքի, պատին կը բախի: Հաւաքաբար փլել պատը, պարիսպը, կամ ինչ աժդահայ որ է: Ինչպէ՞ս կը դիմանան խոշտանգուածներուն ծնողները: Այլեւս անոնց ուզածը զաւկէն բեկոր մըն է: Ոչ թէ կեանքը, ոչ թէ աճիւնը, այլ` բեկո՜ր մը գոնէ: Ցաւին ահեղութիւնը ժամանակաւորապէս կ՛օգնէ, որ իրենց մարմինը չպատռտի կարօտէ ու կատաղութենէ: Մօտ օրէն, սակայն, պիտի...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Երբ Հայաստանը Հայուն Չի Պատկանիր

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ըսինք երեք տարի առաջ` այսօրուան պատահելիքներու մասին: Ըսինք` Արցախը պիտի յանձնեն: Ըսինք`պահանջատիրութեան վերջ պիտի դնեն: Ըսինք` երկիրը պիտի ապազգայնացնեն: Ըսինք` օտարի գործակալներ պիտի տիրանան երկրի ղեկին: Մտիկ ընող չեղաւ: Հիմա ըլլալիքը եղած է, բայց չէ աւարտած: Շուտով պիտի ըլլան այնպիսի արարքներ, այնպիսի զիջումներ, այնպիսի նահանջներ ու քանդումներ, որոնք պիտի խնդրական դարձնեն Հայաստանի գոյատեւելիութիւնը: Գալիքը միայն ցեղասպանութիւն պիտի չըլլայ:...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Ղարպիյէ» Գուրգէն Փափազեան Ի՞նչ է քու ծրագիրդ: Ծրագիրս արեւմտեան Պէյրութի անցեալի եւ ներկայի հայութեան մասին առցանց հրապարակուելիք կարճ հարցազրոյցներու շարք մըն է: Ծրագիրին նպատակն է արեւմտեան Պէյրութի նախկին եւ ներկայ կարգ մը բնակիչներու յուշերուն ընդմէջէն յայտնաբերել շրջանի հայութեան կեանքը բնորոշող յատկանշական հիմնական երեւոյթներ (ժամանակագրական զանազան հանգրուաններով): Կ՛ըսուի, որ անցեալ դարու կէսին արեւմտեան Պէյրութի մէջ ապրած է 40 հազարէ աւելի հայ...

Այս Տղաների Սխրանքն Է, Որ Մեզ Յոյս Է Տալիս Արցախը Պահել Եւ Զարգացնել

Այս Տղաների Սխրանքն Է, Որ Մեզ Յոյս Է Տալիս Արցախը Պահել Եւ Զարգացնել

Արցախի Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կենտրոնում կամաւորական հիմունքներով աշխատանքի է անցել Օշին Տինկիզեանը: Նա ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնից է եւ Լիբանանի Պէյրութ քաղաքի`  Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուլճեան» ընկերաբժշկական կենտրոնի ու «Ռազմիկ Պէօճեքեան» սեփական դարմանատան ֆիզիոթերափիսթ: Ստորեւ ներկայացնում ենք «Ապառաժ»-ի հարցազրոյցը նրա հետ: «ԱՊԱՌԱԺ».- Ինչպէ՞ս որոշեցիք գալ Արցախ: ՕՇԻՆ ՏԻՆԿԻԶԵԱՆ.- Արցախեան վերջին պատերազմի առաջին օրուանից որոշել էի, որ պէտք է...

Տառադարձութիւն

Հայրենի Յուշեր (9)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Մեր թռիչքը նախատեսուած էր երեքշաբթի օրուան, ներքին ինչ-որ օդակայանէ մը, որուն անունը հիմա չեմ յիշեր: Երբ «ներքին» ըսուեցաւ, այնպէս կը կարծէի, որ պիտի գտնէինք տնավարի կցմցուած համեստ կառոյց մը. որքա՜ն կը սխալէի: Այդ ներքին կոչուածը ինքնին քանի մը անգամ աւելի ընդարձակ էր` քան Պէյրութի միջազգային համբաւ վայելող օդակայանը, ուր միշտ հիացումով ոտք դրած եմ Հարիրիի բարեկարգումներէն ետք: Ուրեմն...

Page 436 of 1112 1 … 435 436 437 … 1,112

Արխիւներ