Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցականի Երդումով Հպարտ Ընկեր Դրօ Մանտալեան

Ապրիլ 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Պիելի մէջ, բազմահազար հայորդիներու ներկայութեամբ:

Յաջորդ առաւօտ, Դրոն այցելեց Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ եւ խնդրեց ընդունիլ իր կողմէ պատկառելի գումար մը` իբրեւ նուէր 125-ամեակին առիթով:

Իրեն յատուկ խանդավառութեամբ, աչքերէն խայտացող բերկրանքով փոխանցեց ո՛չ միայն իր, այլ նաեւ իր շրջապատի համակիր հայրենակիցներու գնահատանքը ձեռնարկին կազմակերպուածութեան, յայտագիրին, արտասանուած խօսքերուն, ուղղուած պատգամներուն, բայց մանաւանդ այն խոր ոգիին, որ Դաշնակցութիւնը փոխանցած է տասնամեակներու ընթացքին մեր ժողովուրդին:

Իր տարերքին մէջ, յանկարծ Դրոն յուզուեցաւ, «փոքրացաւ» եւ ամօթխածութեամբ ըսաւ. «Խնդրանք մը ունիմ, որ չեմ ուզեր մերժես: Վաղ երիտասարդութեան տարիքի մէջ չեմ, հասուն տարիքի հասած եմ, եւ գիտակցաբար որոշած եմ միանալ Դաշնակցութեան ընտանիքին` համակիրի աստիճանէն դառնալու ՀՅ Դաշնակցութեան անդամ»:

Անհրաժեշտ դաստիարակչական ծրագիրին հետեւելէ ետք, Դրոն երդում տուաւ մաս կազմելու Դաշնակցութեան շարքերուն:

Երդման արարողութենէն ետք, շնորհաւորութեան ընթացքին, այրուող աչքերով ըսաւ. «Ընկե՛ր Յակոբ, հիմա չես կրնար հաւատալ, թէ ինչքա՛ն հպարտ եմ երդումովս, որ անաղարտ պիտի պահեմ մինչեւ մահս: Հիմա ինքզինքս ամբողջական դաշնակցական կը զգամ»:

Երբ մահուան բօթը ստացայ կիրակի երեկոյեան, անմիջապէս եւ առաջին մտածումս գնաց ա՛յս Դրոյին, որ հպարտ էր իր դաշնակցականի երդումով:

Համակիր թէ շարքային կուսակցական, Դրօ Մանտալեան միշտ նոյնն էր, ամէն օր քիչ մը աւելի հասուն, քիչ մը աւելի խոհական, քիչ մը աւելի պատասխանատու, բայց տեւաբար, անխոնջ, շէնշող, շարժուն, կայտառ, ծառայասէր, ընկերասէր, զոհաբերող, լուռ կարեկցող, բարերար, բոլորին հասանելի ու բոլորին հասնող երիտասարդը, որուն մօտ «Ոչ»-ը համազօր էր տկարութեան, մերժումը համազօր էր անմարդկային վերաբերումի:

Կուսակցութեան, ՀՄԸՄ-ի թէ մեր կառոյցներուն լայն կարիքներուն ծանօթ Դրոն, օժանդակութեան դիմումի չէր սպասեր, այլ ինք կը նախաձեռնէր եւ իրեն հետ կը մղէր ուրիշները ո՛չ միայն օժանդակելու, այլեւ մանաւանդ կը մղէր զանոնք «հայանալու» եւ ընծայաբերելով սորվելու ազգին օգտակար ըլլալու հաճոյքը, անհատականէն վեր հաւաքական նուաճումներ արձանագրելու համար:

Դրօ Մանտալեան սովորական հայ չէր: Ան երեւոյթ էր մեր իրականութեան մէջ: Գօտեպնդող, յուսադրող, դրականը տեսնող, լաւատես անձնաւորութիւն, որուն համար անունն ու դիրքը, ցուցադրականութիւնը կամ յարգանքը երկրորդական էին:

Վերջին շրջանին ան անդամ էր Կեդրոնական կոմիտէի տնտեսական յանձնախումբին: Երկրին տնտեսական, ելեւմտական եւ առողջապահական տագնապները դժուարացուցած էին յանձնախումբի գործունէութիւնը: Բայց Դրոն տեւական շարժումի մէջ էր: Շաբաթ չէր անցներ, որ խապրիկով մը, գումարով մը, ծրագիրով մը, օժանդակութեան բացիկով մը չթեթեւցնէր տագնապին յառաջացուցած բեռը:

Ծանր է կորուստը իր ընտանիքին համար, իր շրջապատին համար, մեր բոլորիս համար:

Քաղցր է իր յիշատակը եւ գօտեպնդիչ` իր օրինակը:

Հաւաքական տագնապի այս օրերուն ինչքան կարիքը կը զգանք Դրոյին:

Դաշնակցական երդումով հպարտ Դրոյին:

Սիրելի՛ Դրօ,

Քու սիրած ձեւովդ քեզի երթաս բարով պիտի ըսեմ: Ցը…

Միշտ մեզի հետ պիտի մնաս:

 

 

Նախորդը

Նոր Գիրք` Արամ Ա. Կաթողիկոսին Գրիչէն Turning To God (Դարձ Առ Աստուած)

Յաջորդը

Առողջապահական Եւ Երկրագործական Նիւթերու Յատկացումներ` Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?