Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երբ Հայաստանը Հայուն Չի Պատկանիր

Ապրիլ 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Ըսինք երեք տարի առաջ` այսօրուան պատահելիքներու մասին:

Ըսինք` Արցախը պիտի յանձնեն: Ըսինք`պահանջատիրութեան վերջ պիտի դնեն: Ըսինք` երկիրը պիտի ապազգայնացնեն: Ըսինք` օտարի գործակալներ պիտի տիրանան երկրի ղեկին:

Մտիկ ընող չեղաւ:

Հիմա ըլլալիքը եղած է, բայց չէ աւարտած: Շուտով պիտի ըլլան այնպիսի արարքներ, այնպիսի զիջումներ, այնպիսի նահանջներ ու քանդումներ, որոնք պիտի խնդրական դարձնեն Հայաստանի գոյատեւելիութիւնը: Գալիքը միայն ցեղասպանութիւն պիտի չըլլայ: Գալիքը պիտի ըլլայ բնաջնջումը փոքր հողատարածքի մը, որ այսօր կը կոչուի Հայաստան:

Այսօր կ՛ողբանք կորուստները, կը քննադատենք մեր հայրենիքը այս վիճակին մատնող խաթարուած իշխանաւորները, կը բողոքենք մեր ժողովուրդը այս մռայլութեան հասցնող այլասերած ղեկավարութեան դէմ:

Բայց գալիք կորուստները պիտի ըլլան շատ աւելի աղէտաբեր:

Մոռնանք ողբն ու բողոքը: Առնենք առաջին քայլը` գալիք աղէտներու կասեցման: Ճիշդ է` այս դժուար գործ է:

Այո՛, դժուարին գործ է, երբ նախագահդ Անգլիոյ շահերուն կը ծառայէ, վարչապետդ թուրքեւամերիկեան պատուէրներ կը կատարէ, Ազգային ժողովի նախագահդ փաստուած թրքական գործակալ է, իշխանութեան լծակներդ հայրենի մաֆիոզ օլիկարխներն են, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնդ, ոստիկանութիւնդ եւ դատախազութեան կառոյցներդ իշխող գործակալներուն կամակատարներն են:

Եւ տակաւին յոյս կը փնտռենք ընտրութիւններուն մէջ, որուն մասնակիցներուն երկու հարիւր յիսուն հազարը արեւմտեան դրամներով սնանող աղանդաւորներ են, ժողովուրդիդ մեծ մասը պատրաստ է կաշառուելու:

Երկիրդ ներսէն գրաւուած է: Ընտրութիւնները պիտի գան պարզապէս նուիրականացնելու իշխանութեան տիրացած օտարի գործակալներուն օրինականացումը:

Հետեւաբար այսօր Հայաստանը հայուն չի պատկանիր: Կը պատկանի օտարին ծառայող իշխողներուն:

Մաքրագործում պէտք է: Այո՛, դժուար գործ է, բայց` ո՛չ անկարելի:

Հայաստանը պէտք է վերադարձնել հարազատ հայերուն, հայրենիքին հաւատացող ու ծառայող հայերուն:

Պէտք է մաքրագործել երկիրը ներկայ իշխանաւորներէն: Մաքրագործումը պէտք է ըլլայ անխնայ եւ անգութ:

Իսկ երբ գտնուին մարդիկ ու պետութիւններ, որոնք արդէն իսկ պատրաստ են մեզ մեղադրելու յեղաշրջումի, ժողովրդավարութիւն ոտնակոխելու «յանցանքով», պիտի ըսենք` որո՞ւ հոգը: Այդպիսիներ նախ պէտք է տեսնեն իրենց աչքերուն գերանը եւ կարգի դնեն իրենց սեփական երկիրը:

Ո՛չ մէկ ուժ, ո՛չ մէկ երկիր, ո՛չ մէկ ոչ հայ իրաւունք ունի Հայաստանի ու հայութեան ներքին գործերուն միջամտելու, խորհուրդ տալու: Բոլոր նման փորձեր պիտի մերժել ու անտեսել եւ պէ՛տք է մերժել ու անտեսել:

Ի վերջոյ ըլլալիքը յեղաշրջում չէ, այլ մաքրագործում` փրկելու համար հայրենիքը, պահպանելու համար ազգը:

Պարզ` վերստին հայացնելու համար Հայաստանը:

Մարտ 26, 2021
Լոս Անճելըս

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Նահատակներուն Հարցումը

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2025)
Անդրադարձ

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

Մայիս 16, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Մայիս 16, 2025
Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան
Անդրադարձ

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?