Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Վիեննայէն Պէյրութ. Պատժամիջոցներ Եւ Բարեկարգումներ

April 9, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վիեննայի հանդիպումները` Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններու վերսկսումը նախապատրաստելու առումով, տակաւին բեկումնային փուլ նկատուելէ հեռու են: Ուաշինկթըն առաջին անգամը չէ որ իր կողմէ պատժամիջոցներու ենթարկուող Իրանին կ՛առաջարկէ վերադառնալ բանակցային սեղան:

Խնդիրը այն է, որ բանակցային սեղան նստելու առաջարկը կը կատարուի պատժամիջոցային քաղաքականութեան կիրարկման ընթացքին: Հետեւաբար այստեղ տրամաբանօրէն աւելի պարզ կը դառնայ Թեհրանի նախապայմանը` պատժամիջոցները նախ պէտք է վերացնել, ապա նստիլ բանակցային սեղան:

Առաջադրուած բանակցային գործընթացի մեկնարկը կրնայ իր շօշափելի ազդեցութիւնը ունենալ փուլային կշռոյթներով աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ: Արաբական ծոցէն Իրաք, Սուրիա եւ Լիբանան, հասնելու համար մինչեւ Հարաւային Կովկաս:

Տակաւին կանխահաս է ազդեցութիւններու առարկայացում նկատելը: Բայց այժմ կեդրոնանանք լիբանանեան քաղաքական դաշտին վրայ, այնտեղ նկատելու համար հանգուցալուծման առումով որոշ շարժիչ գործօններ:

Ֆրանսական միջնորդութեան վերաշխուժացումը վերստին սպառնական ոճի օգտագործումով յառաջիկայ օրերուն կիրարկելի պատժամիջոցներու մասին կը խօսի բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կ՛արգելակեն կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը եւ բարեկարգումներու մեկնարկը: Ֆրանսականին նախորդած էին ամերիկեան զգուշացման պատժամիջոցները լիբանանեան պետական կարգ մը դէմքերու նկատմամբ` փոխանցելով այն ուղերձը, որ անոնք  յայտարարուելիք անուանացանկի մը առաջին անուններն են:

Այս բոլորին զուգահեռ կը սաստկանան դրամատնային համակարգը իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու պահանջները:

Բարեկարգումներ, դրամանիշի գահավիժման ընթացքի կասեցում, իրաւական հաշուեքննութիւն, ապօրինի հարստացման դէմ օրինագիծերու վաւերացում: Այս բոլոր առաջադրանքներուն մէջ հասարակաց գիծը ֆինանսականն է: Պարզ է քաղաքական տրամաբանութիւնը: Տասնամեակներ շարունակ Լիբանանի կառավարութիւնը ֆինանսաւորող, մեծագումար յատկացումներ փոխանցող պետութիւնները, որոնք վերահասու էին այդ գումարներու իւրացման լիբանանեան եղանակներուն, բայց կը շարունակէին իրենց նուիրատուի քաղաքականութիւնը, քանի մը տարի առաջ միայն նկատած են, որ համակարգը արմատական բարեկարգումներու հրամայականին առջեւ է:

Թէ երկիրը իրաւամբ վարչակառավարման առումով պէտք ունի արմատական, համակարգային փոփոխութեան, անվիճարկելի է: Խնդիրը այդ բոլորին քաղաքականացումն է եւ արտաքին պահանջներու համար պարարտ ենթահողի առաւելագոյն օգտագործումն է:

Ի վերջոյ բոլորը համոզուած են, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը  արտաքին կեդրոններու, պետութիւններու համաձայնութիւնը կ՛ենթադրէ: Բարեկարգումներ պահանջող պետութիւնները ըստ էութեան կ՛արգելակեն բարեկարգումներ իրականացնելու առաջադրանքով մասնագիտական կառավարութեան կազմութիւնը:

Հանգոյցը էապէս եւ բացառապէս քաղաքական է: Ահա թէ ինչո՛ւ Վիեննայի հանդիպումները կրնան հեռակայ ազդեցութեան կարգով նպաստել արտաքին կանաչ լոյսերու վառման: Այս պարունակին մէջ ալ պէտք է դիտարկել կառավարութեան կազմութեան համար մագոգային հանդիպումներու վերագործարկման երեւոյթները:

«Ա.»

Նախորդը

Գերիներու Նախատեսուած Վերադարձը «Կրկին Յետաձգուեցաւ». Օդանաւը Պաքուէն Երեւան Հասաւ Դատարկ

Յաջորդը

Թրքական Դրամատան Գործադիր Տնօրէնը Մանրամասնութիւններ Հաղորդած Է Արցախի` Ազրպէյճանի Կողմէ Բռնագրաւուած Տարածքներու Վերակառուցման Ծրագիրին Մասին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.