Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգելի Տիպարի Մը Կորուստը (ՀՄԸՄ-ական Պասքեթպոլի Մեծ Երախտաւորին` Ժաք Պոյաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ապրիլ 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Տերեւաթափը կը շարունակուի:

Լիբանանն ու ՀՄԸՄ-ը քառասուն օրեր առաջ կորսնցուցին մարզական փայլուն դէմք մը, յարգելի տիպար մը, որուն անունը աւելի քան քառասուն տարի կապուեցաւ պասքեթպոլի զարգացման ու տարածման: Սերունդները երախտապարտութեամբ պիտի յիշեն Ժաք Պոյաճեանը, որ հարազատներուն եւ սիրելի միութեան հրաժեշտ տուաւ 21 փետրուար 2021-ին` ՀՄԸՄ-ին եւ Լիբանանին հանդէպ իր պարտքը լիուլի կատարած ըլլալու արդար գոհունակութենամբ:

Ժաք (Յակոբ) Պոյաճեան ծնած էր 15 դեկտեմբեր 1930-ին, Պէյրութ: Անոր մուտքը ՀՄԸՄ կը կատարուի ֆութպոլի ճամբով: 1946-1948 ան մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի «Ազատամարտ» ֆութպոլի երկրորդական խումբին: Ապա չորս տարի մաս կը կրէ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի պասքեթպոլի Ա. խումբին շապիկը: Այնուհետեւ, 10 տարի` 1953-1963, Ժաք Պոյաճեան մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի պասքեթպոլի առաջին խումբին: Նոյն շրջանին ան հանդէս կու գայ նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբին հետ:

Այս միջոցին, 1955-1956, Ժաք Պոյաճեան անձնական գործի բերումով տարի մը կը մեկնի Գահիրէ եւ մաս կը կազմէ Գահիրէի ՀՄԸՄ-«Արարատ» մասնաճիւղի պասքեթպոլի տղոց խումբին, որուն հետ կը տիրանայ երկրի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսին:

Լիբանան վերադարձին կը սկսի Ժաք Պոյաճեանի ՀՄԸՄ-ական նուաճումներուն երկար շարանը: 1960-1983 ան կը ստանձնէ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի պասքեթպոլի աղջկանց խումբին մարզումը եւ կը յաջողի խումբը ախոյեանութեան գագաթին պահել այս ամբողջ տեւողութեան ընթացքին: Ան 20 տարի (1963-1983) կը վարէ նաեւ Պէյրութի տղոց խումբին մարզիչի պարտականութիւնը:

Մարզական իր գործունէութեան առընթեր, Ժաք Պոյաճեան երկար երկար տարիներ (1962-ին, 1964-1966 եւ 1969-1974) կ’ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի վարչութեան անդամ` մարզական պատասխանատուի պաշտօնով: 1981-1983 ան կը ստանձնէ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետութիւնը:

Աւելի քան 30 տարի` 1962-1996, Ժաք Պոյաճեան իր ներդրումը կը բերէ լիբանանեան պասքեթպոլին` իբրեւ ֆետերասիոնի անդամ, ազգային խումբի մարզիչ եւ թեքնիք պատասխանատու: Շրջան մը ան կ’ընտրուի նաեւ պասքեթպոլի արաբական ֆետերասիոնի թեքնիք պատասխանատու:

1965-1969 ան կը ստանձնէ նաեւ պասքեթպոլի Լիբանանի համալսարանականներու աղջկանց ազգային խումբին մարզումը, իսկ տարեշրջան մըն ալ` 1967-1968, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբին մարզումը:

1976-1977 Ժաք Պոյաճեան գործի բերումով կը փոխադրուի Ամման, ուր սիրայօժար կը ստանձնէ ՀՄԸՄ-ի տեղւոյն մասնաճիւղին պասքեթպոլի խումբին մարզումը եւ հետեւողական ու ժրաջան աշխատանքով ան կը յաջողի խումբը դարձնել Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բարձրացնել Ա. դասակարգ:

1985-2001 Ժագ Պոյաճեան հինգ անգամ կ’ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ: Իբրեւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի աղջկանց եւ տղոց խումբերու մարզիչ` 1981-ին, ան կը մասնակցի համա-ՀՄԸՄ-ական առաջին մարզախաղերուն, Քանատա, ուր Պէյրութի աղջկանց խումբը կը տիրանայ առաջնութեան տիտղոսին, իսկ տղոց խումբը` պատուաբեր չորրորդ դիրքին:

Ժաք Պոյաճեան 1965-1995, աւելի քան երեսուն տարի, եղած է ԼԵՎԱՄ-ի պասքեթպոլի խաղերու թեքնիք պատասխանատու: Իր երկարամեայ ծառայութիւններուն համար 1991-ին ան կը պարգեւատրուի Լիբանանի երիտասարդութեան եւ կրթութեան նախարարութեան կողմէ: 1994-ին ան կ’արժանանայ ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան», իսկ 2008-ին` «Արժանեաց» շքանշաններուն:

Ժաք Պոյաճեան ազնիւ մարդուն եւ անշահախնդիր ՀՄԸՄ-ականին կեանքը ուսանելի բաց դասագիրք մը կրնայ ըլլալ բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին ծանօթանալ ՀՄԸՄ-ի փառքի օրերը կերտած տիտաններու կեանքին ու գործունէութեան:

Խունկ ու մոմ իր յիշատակին: Յարգա՜նք իր վաստակին եւ անմնացորդ նուիրումին:

 

 

Նախորդը

Անվեհեր Վերադարձ (Ժաք Պոյաճեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Վաստակաշատ Համեստը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?