Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նահատակներուն Հարցումը

April 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Ի՞նչ ընել, երբ զայրոյթդ իսկ անտեսումի, թերեւս նաեւ` արհամարհանքի, պատին կը բախի: Հաւաքաբար փլել պատը, պարիսպը, կամ ինչ աժդահայ որ է:

Ինչպէ՞ս կը դիմանան խոշտանգուածներուն ծնողները: Այլեւս անոնց ուզածը զաւկէն բեկոր մըն է: Ոչ թէ կեանքը, ոչ թէ աճիւնը, այլ` բեկո՜ր մը գոնէ: Ցաւին ահեղութիւնը ժամանակաւորապէս կ՛օգնէ, որ իրենց մարմինը չպատռտի կարօտէ ու կատաղութենէ:

Մօտ օրէն, սակայն, պիտի փլչին թումբերը, եւ բիրտ ալիքներ իրենց գալարքին մէջ առնեն անոնց խելացնոր սիրտը: Պիտի յայտնուին մեծաթիւ հոգեկան խանգարում ունեցողներ, վհատութեան վիհը ինկածներ, անձնասպաններ, անշարժ ու անխօս կերպարանքներ, ինքնիրեն մռմռացողներ:

Հոգեբաններու խումբերը անգամ քիչ բան պիտի կարենան բարեփոխել, մեծ մասամբ` դեղահատերով: Նահատակներու սիրելիներուն վէրքը չի կրնար սպիանալ, որովհետեւ արդէն գիտակցած են, որ անոնք չինկա՜ն վեհագոյն նպատակի մը համար, որ երազն էր մեծ եւ պիտի ըլլար իրենց կեանքին յաղթանակը: Ինկան հաւանական խաբեբայութեան ու մեծխօսիկութեան, դիւանագիտական տհասութեան, ռազմական անկարողութեան եւ անյագուրդ կաշառակերութեան պատճառով: Ո՛չ թէ յաղթանակի, այլ թերեւս` ծրագրուա՛ծ պարտութեան մը համար:

Սարսափելին այն է, որ այդ հոյլ-հոյլ մատղաշներու նահատակութենէն պատասխանատուները դաս մը չկրցան առնել: Չկրցան իրենց խղճին հետ հաշուեյարդարի նստիլ: Նոյնիսկ յանցանքի քար ծանրութիւնը չկրեցին: Կը զբաղին զիրար քարկոծելով, մէջ ընդ մէջ ընտրութեան ծրագիրներ մշակելով, զիրար այպանելով, պոռչտուքով ու մանաւանդ` ժպտելով: ժպիտո՜վ: Եռաբլուրը իրենց  խիղճի սահմաններէն ջնջելով:

Մինչ այդ ժողովուրդը կ՛արիւնի…

Ողջ թէ մեռած նահատակները մէ՛կ հարցում ունին. «Ինչպէ՞ս կրնաք քնանալ…»:

 

 

Նախորդը

Երբ Հայաստանը Հայուն Չի Պատկանիր

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մերձեցման Պայմանը` Ճանաչում Եւ Աւելի՛ն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.