Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Hyperallergic» Հանդէսի Յաւելուած` Արցախեան Վտանգուած Մշակոյթին Նուիրուած

Ապրիլ 12, 2021
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Նիւ Եորքի մէջ հաստատուած «Hyperallergic» արուեստի առցանց հանդէսը հիմնուած է 2009-ին, Հրակ Վարդանեանի եւ Վիգէն Կէյիկեանի կողմէ: Անոր գլխաւոր խմբագիրն է Հրակ Վարդանեանը: Հանդէսին 28 փետրուար 2021-ի կիրակնօրեայ յաւելուածը նուիրուած է Արցախի մէջ սպառնալիքի տակ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութեան, յուշարձաններու, եկեղեցիներու, եւ տարբեր վայրերու ճակատագիրին, ինչպէս նաեւ` ինքնութեան անտեսուած հարցերու:

Տարբեր անուանի ակադեմականներ եւ լրագրողներ ներդրում ունեցած են այս աշխատանքին մէջ.

– Հետազօտող Սիմոն Մաղաքեան կ՛անդրադառնայ 14-րդ դարուն հայ ճարտարապետի մը կողմէ Ակնայի (Աղտամ) մէջ իսլամ առաջնորդի դամբարանին: Հաշուի առնելով Ազրպէյճանի, մասնաւորաբար Նախիջեւանի շրջանին մէջ հայկական յուշարձաններու ճակատագիրը` Մաղաքեան հարց կու տայ, թէ արդեօք ասիկա Ազրպէյճանի համար եզակի առիթ մը պիտի ըլլա՞յ բազմազանութիւնը ընդունելու, թէ ատիկա նաեւ բնաջնջման պիտի ենթարկուի:

– Լրագրող Նեւտոն Ժամկոչեան կը ներկայացնէ Ազրպէյճանի «արուեստի լուացում»-ի պատմութիւնը` անդրադառնալով, թէ ինչպէ՛ս վերջին տասնամեակին Ազրպէյճան աննախադէպ կերպով եւ միլիոններ ծախսելով, արուեստագէտներ եւ արուեստի հիմնարկներ կ՛օգտագործէ` փորձելով մաքրել իր միջազգային դիմագիծը: Լրագրողը նաեւ կ՛անդրադառնայ հայկական ժառանգութեան շարունակուող բնաջնջումի հարցին` վկայակոչելով յատուկ դէպքեր:

– Պաքուի 1990 թուականի ջարդերու վերապրող մը` Ելենա Ամբարցումեան կը գրէ Ազրպէյճանի կառավարութեան այն անհիմն պնդումներուն եւ սուտերուն մասին, ըստ որոնց, երկրին մէջ հայկական քրիստոնէական ժառանգութիւն չկայ, եւ հարիւրաւոր յուշարձաններն ու կառոյցները իրականութեան մէջ կովկասեան ալպանական են, մշակութային համայնք մը, որ հայերուն հետ կապեր ունեցած է, բայց այժմ` անհետացած:

– Արուեստի պատմաբան Քրիստինա Մարանճի վերլուծած է մօր եւ մանկան պատկերագրութիւնը` զայն համեմատելով Մայր Աստուածածինի եւ անոր մանկան նկարներուն, որոնք կը գտնուին ձեռագիրներու մէջ եւ այլուր: Այդ խաչքարը (12-13 դարեր), որ այժմ կը գտնուի Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Քարվաճառի շրջանին մէջ, անորոշ ճակատագիր ունի:

– Ակադեմական Ռէյչըլ Կօշկարեան կը քննէ Գանձասարի վանքի շինարար, արցախցի իշխան Հասան Ջալալի կերպարը եւ անոր սեփական պատմութեան ընդմէջէն կ՛անդրադառնայ ինքնութեան բազմաթիւ խաւերուն:

– Գրող Հրակ Աւետանեան կ՛անդրադառնայ Ազրպէյճանի կողմէ ղարաբաղեան գորգերու քաղաքականացման նիւթին, գորգագործութեան արուեստի սպառնալիքին եւ կը ներկայացնէ, թէ ինչպէ՛ս երկրի քարոզչութիւնը կը փորձէ խեղաթիւրել այս եզակի արուեստի գործի պատմութիւնը:

– Ակադեմական Մաշինքա Ֆիրունց Յակոբեան կը քննարկէ Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշիի թանգարաններուն մէջ այժմ բնաջնջման սպառնալիքի տակ գտնուող հայկական ժառանգութեան ճակատագիրը:

– Լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆենքճեան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հայկական տարածքներ յանձնելու ժամանակ Արցախ կը գտնուէր: Ան Փոտքեսթ-ով զրոյց ունեցած է Հրակ Վարդանեանին հետ եւ այդ յուզիչ ճանապարհէն նկարներ կիսած է:

– Արուեստի հանգուցեալ քննադատ Նիրի Մելքոնեան անդրադարձած է Հրայր Սարգիսեանի «Ֆրոնթ լայն» ծրագիրին, որուն մէջ ներկայացուած են Արցախէն հանդարտ, դատարկուած տեսարաններ եւ 1990-ականներու առաջին արիւնալի պատերազմի վեթերաններու պատկերները:

Հանդէսի այս յաւելուածը կարելի է կարդալ այցելելով https://hyperallergic.com/tag/sunday-edition/

Նախորդը

Նշմարներ. Ընտրական Օրէնք, Կարմիր Շուկայ…

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիա Պէտք Է Դատ Բանայ Թուրքիոյ Դէմ` Մոհամետ Մարգարէի Անձնական Իրերը Գողցած Ըլլալուն Համար

RelatedPosts

«Արնելի Արթ»-ի` «Զիքօ Հաուզ»-ին Մէջ Կազմակերպած Ցուցահանդէսը.  Տաղանդաւոր Գեղանկարիչ Սարգիս Սիսլեանի Գործերը Դրսեւորեցին Տագնապներու Դիմակալման Իւրայատուկ Ոճ
Արուեստ - Մշակոյթ

«Արնելի Արթ»-ի` «Զիքօ Հաուզ»-ին Մէջ Կազմակերպած Ցուցահանդէսը. Տաղանդաւոր Գեղանկարիչ Սարգիս Սիսլեանի Գործերը Դրսեւորեցին Տագնապներու Դիմակալման Իւրայատուկ Ոճ

Յունիս 20, 2022
Սպասում
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցախեան Աղէտներու Դրսեւորումը Շարժապատկերի Մէջ

Յունիս 7, 2022
Սպասում
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցախեան Աղէտներու Դրսեւորումը Շարժապատկերի Մէջ

Յունիս 6, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In