Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Յուշեր (9)

Ապրիլ 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Մեր թռիչքը նախատեսուած էր երեքշաբթի օրուան, ներքին ինչ-որ օդակայանէ մը, որուն անունը հիմա չեմ յիշեր: Երբ «ներքին» ըսուեցաւ, այնպէս կը կարծէի, որ պիտի գտնէինք տնավարի կցմցուած համեստ կառոյց մը. որքա՜ն կը սխալէի: Այդ ներքին կոչուածը ինքնին քանի մը անգամ աւելի ընդարձակ էր` քան Պէյրութի միջազգային համբաւ վայելող օդակայանը, ուր միշտ հիացումով ոտք դրած եմ Հարիրիի բարեկարգումներէն ետք:

Ուրեմն այստեղ ուրիշ չափանիշներ կը գործէին, բառերն ալ ուրիշ  բովանդակութիւն ունէին: Այս միտքերս աւելի հաստատուեցան, երբ  մեր տեսադաշտին պարզուող ասֆալթապատ տարածքին վրայ «ծանօթացայ» այն օդանաւին, որուն պէտք էր յանձնէինք մեր բախտը, եւ դէպի ուր կը կրէին հիմա ճամբորդներուն բեռները:

Ան կը նմանէր ահարկու հրէշի մը, որ անյագօրէն կը լափէր իրեն մատուցուող ապրանքները,ու չէր կշտանար. այդ ախորժակին զուգահեռ` չէին սպառեր ապրանքները իրենք եւս ու  կը շարունակէին շարուէ-շարան հասնիլ:

– «Antonov»  է,- լսեցի ականջիս  ետեւէն ձայնը   Եափուճեանին, որ մեր մէջ ամէնէն  արթունն ու բանիմացն էր:

– Այսի՞նքն, – հարցուցի մտահոգ` բնաւ լաւ բաներ չնախազգալով  այս անունէն, որ առաջին անգամ կը լսէի:

– Երկյարկանի է եւ կրնայ մինչեւ 550 ճամբորդ փոխադրել…

– Եւ անոնց բեռներն ալ, անշուշտ…

– Հապա ի՞նչ կ՛ուզէիր, որ ճամբորդն ու բեռը տարբեր օդանաւե՞ր կրէին:

– Այս բոլորը ինչպէ՞ս կրնան օդին մէջ մնալ…

Կը պատրաստուէր պատասխանելու, երբ ճիշդ այդ պահուն ան պարտաւորուեցաւ  բաժնուիլ ինձնէ` չեմ գիտեր ի՛նչ  բան ձեւակերպելու համար, եւ ես մնացի իմ մռայլ խոհերուս ու դողերուս հետ` առանց ստանալու ակնկալուած գօտեպնդիչ լուսաբանութիւն մը:

Ժամանակը կ՛անցնէր, եւ ահա ենթադրելի է, որ ամբողջ բեռը կրուած էր, եւ հիմա կարգը ճամբորդներունն էր.  ու սկսաւ մարդկային հեղեղ մը դէպի օդանաւը, որուն բուն տարողութեան նոր-նոր կ՛անդրադառնայի, վասնզի քանի կը մօտենայի այդ ահարկու զանգուածին, այնքան աւելի կ՛աճէր  անոր տարողութիւնը, որ համեմատութեան ոչ մէկ եզր ունէր մինչ այդ իմ` իբրեւ ճամբորդի կամ իբրեւ դիմաւորողի, տեսած օդանաւերուս հետ:

Ուրիշ բան էր այս:

Ու բոլորին հետ մտայ նաեւ ես: Ներքնամասը իր կարգին կը պարզէր մինչ այդ տեսածներէս բոլորովին ուրիշ իրականութիւն մը. ան կը նմանէր խորունկ քարայրի մը.  ամբողջ  քաղաք մը ապաստանած  էր այստեղ`  արամբ եւ կանամբ, ծերովք եւ տղայովք: Ոմանք արդէն նստած էին,   մեծ մասը ոտքի` կ՛երթեւեկէր, իրարու կը քսուէին, զիրար կը հրմշտկէին, զանազան կարգադրութիւններ կ՛ընէին, այլեւ կ՛ելլէին վերի յարկը ու կ՛իջնէին: Իսկ այդ «վերի յարկ» կոչուածը ուրիշ  չարաշուք խորհուրդ մը ունէր իր մէջ. կը բաւէր պատկերացնել միայն, որ նոյն անցուդարձերը հոն` գլխուդ վերեւ եւս  տեղի կ՛ունենային` անդրադառնալու համար այն համատարած  խառնակութեան, որ կը տիրէր Աստուծմէ ու մարդոցմէ լքուած այս խուլ անկեան մէջ, որ… «Անտոնով» կը կոչուէր:

Զարմանալին այն էր, որ մարդիկ ոչ մէկ ձեւով  կորսնցուցած էին իրենց աշխուժն ու կորովը. յուզումի ու մտահոգութեան ոչ մէկ նշան ցոյց կու տային: Նստածները հանգիստ կը զրուցէին ձեռքի ու դիմագծերու անհոգ, երբեմն ալ զուարթ շարժումներով, ուրիշներ պատուհանէն դուրս կը դիտէին, իրարու բաներ մը ցոյց կու տային: Իսկ շատ աւելի կորովի էին ոտքի շրջողները, որոնց թիւը հետզհետէ կը նուազէր. ամէն բազմողի դէմքին վրայ նշմարելի էր գոհունակութեան արտայայտութիւն մը, որ կը նշանակէր. «Օ՜ֆ, ազատեցանք»:

Ազատեցանք  ի՞նչ բանէ… այս բոլորին մէջ գիտցող մը չկա՞ր, ինձմէ զատ, որ  ճիշդ  ասկէ անդին  է, որ պիտի  սկսէր իսկական  փորձութիւնը:

Դարձայ պատգամակիցներուս, որոնք հանգիստ կը զրուցէին: Անոնք  կախուած էին Գեղանիին բերնէն, որ լիահագագ կը ճռուողէր ու  կը հիւսէր շարք մը ծրագրեր,  որոնք կը վերաբերէին Հայաստանէն տուն մը գնելու, արձակուրդները հոն անցընելու, օր մըն ալ,- չես գիտեր,- վերջնականապէս հոն հաստատուելու համար:

– Ասոնք անշուշտ երաշխիք մը ունին,  որ ողջ-առողջ տեղ պիտի հասնին եւ ըստ այնմ ալ ծրագիր կը մշակեն,- մտածեցի քիչ մը  յուսադրուած:

Լուսահոգի մայրս իր գեղջուկի փիլիսոփայութեամբ  կ՛ըսէր, (անշուշտ կը թարգմանեմ, քանի ան իր բոլոր ասոյթները թրքերէն կը բանաձեւէր). «Հաւաքական  փորձանքը համարժէք է  հարսանիքի»: Քանի 550 հոգի առանց դոյզն տագնապի ու յուզումի, դէմ յանդիման կ՛երթայ այս  վտանգին, ուրեմն այնքան ալ վախնալիք  բան մը չէ ան:

* * *

Օդանաւը շրջապատող կառքերն ու  ծառայողները անհետացած էին, եւ անոր շարժակները ահարկու դղրդոցով կը դառնային, երբ ան նախ դանդաղօրէն, ապա շատ աւելի արագ սկսաւ յառաջանալ բաց տարածութեան վրայ. ուրեմն թռիչքը պիտի սկսէր: Բայց իրապէս պիտի սկսէ՞ր ան, այս հրէշը պիտի յաջողէ՞ր օդ բարձրանալ:

Բնազդաբար գոցեցի աչքերս ու կը յիշեմ միայն, որ մէկը ետեւէս կը հրէր զիս` դէպի առա ՜ջ, աւելի՜ առաջ, ապա շուտով` դէպի վե՜ր, աւելի՜ վեր…մինչեւ որ պահ մը ետք ամէն իր ու երեւոյթ անհետացաւ տեսողութենէս, եւ մնացի ինքս ինծի հետ:

Ուրեմն կը թռչէինք, ուրեմն կարելի էր այդ մէկը:

Այս լաւատեսութիւնը ակնթարթ  մը ետք տեղի տուաւ մտալլկիչ հաշիւներու:

Որքա՞ն կրնար կշռել այս օդանաւը… 550 ճամբորդ` զա՛րկ իւրաքանչիւրը 70 քիլոյով` լաւագոյն պարագային, նոյնքան մըն ալ զա՛րկ 20 քիլոյով` դա՛րձեալ լաւագոյն պարագային, եւ այս բոլորին վրայ գումարէ… մեր 70 քիլօ կշռող արգիլուած գրականութիւնը. ահա այս վերջինն ալ խանգարեց բոլոր հաշիւներս: Ինծի կը թուէր, որ եթէ այդ զարտուղի բեռը բարդուած չըլլար մնացեալներուն վրայ, աւելի ապահով թռիչք մը պիտի ունենայինք:

Ու դարձեալ քննական մռայլ ակնարկ մը նետեցի պատուհանէն դուրս:

Օդանաւը բացայայտօրէն կը հեւար, կը տագնապէր, դժուար քարշ կու տար իրեն վստահուած այս ամբողջ օրինաւոր ու անօրէն  բեռները. այս պայմաններուն մէջ մինչեւ ո՞ւր կրնար հասնիլ: Իսկ եթէ օդաչուն յանկարծ որոշէր վերջ տալ այս յիմար ու անկարելի թռիչքին, ժամանակ պիտի ունենա՞ր  յարմար տեղ մը վայրէջք կատարելու: Առ այս` նայեցայ դէպի վար, աւելի վար,  ուր միայն սրագագաթ լեռներ ու ապառաժներ կ՛երեւէին. անոնց ուրտե՞ղը իջնէր խեղճը եւ ինչպէ՞ս իջնէր: Առաջին անգամ ըլլալով տագնապներս ուզեցի յայտնել ընկերներուս:  Երեքն ալ…աչքերը գոցած` փոխադրուած էին ուրիշ աշխարհ մը:

Եւ գաղափարներու զուգորդութեամբ ինքս ալ փոխադրուեցայ  ուրիշ  թուական մը:

* * *

1964-ին էր: Այն տարի ալ (առաջին անգամ ըլլալով եւ մօտաւորապէս այս նոյն ժամուն)   օդանաւին մէջ էի ու կը թռչէի դէպի Փարիզ, ուր Սեւրի մանկավարժական միջազգային կեդրոնին մէջ  խումբ մը ուսուցիչներ պիտի հետեւէինք փորձառական դասընթացքներու` նախաձեռնութեամբ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի  եւ օրին լաւագոյն ծառայութիւնը մատուցող ընկերութիւններէն Air France-ով:

Առոյգ, կայտառ, հրաշալի օդանաւ մը, որ շատ աւելի փոքր ալ էր, իսկ մէջիններս տակն ու վրան հազիւ 125 ճամբորդ էինք:  Սակայն այս բոլոր «առաւելութիւնները»  շատ բան չէին փոխեր  կացութենէն: Այն ատեն ալ  տրուած էի մանուածապատ վերլուծումներու,  թէ  մինչեւ ուր կարելի էր օդին մէջ այսպէս անպատիժ շարունակել:

Երբ գիտակցութիւնս սկսաւ մթագնիլ ու թեթեւ հեւք մը սկսաւ ճանկռտել կուրծքս,  ճարահատ նայեցայ վար… ուր Միջերկրականն էր: Րոպէ մը, միայն րոպէ մը յուսադրուեցայ, թէ որքան ալ զօրաւոր ըլլայ անկումը, ջուրը վերջին հաշուով պիտի մեղմիւ զսպէ  զայն, եւ  փրկուինք: Աղէկ, բայց անկէ ե՞տք, վխտացող շանաձուկե ՞րը եւ հազար ու մէկ գազաննե՞րը…

Ա՛լ չէի կրնար հանգիստ մնալ տեղս, ելայ ու գացի քովը խմբակիցներէս Յովհաննէս Թապաքեանին, որ նախակրթարանի  ընդհանուր ազգաց պատմութեան ուսուցիչս եղած էր մինչեւ 1951 թուականը: Ան  խաղաղ յափշտակոթեամբ մը   կը դիտէր դուրսը պարզուող «տեսարժան վայրերը»`  դաշտագնացութեան  ելած մանուկի մը երանութեամբ:

Ու շարունակեց դիտել` գրեթէ անտեսելով ներկայութիւնս, ա՛լ չեմ ըսեր` տագնապս:

Բայց ես ոչինչ կ՛անտեսէի ու ոչինչ կ՛անգիտանայի:

– Չէ՞ք կարծեր, որ օդանաւը յոգնեցաւ…

– Ի՞նչ,- անակնկալի եկած` դարձաւ իմ կողմս:

– Ինծի կը թուի, որ օդանաւը յոգնեցաւ եւ դժուար կը յառաջանայ:

Այս անգամ քիչ մը աւելի կեդրոնացաւ վրաս, դիրք փոխեց, իմ կողմս դարձաւ:

– Նման բան չկայ,- հաստատեց վճռական եւ  հարցուց, թէ առաջին թռի՞չքս է:

– Այո՛,- փղձկացի:

Փիլիսոփայական չարախինդ ժպիտ մը գծագրուեցաւ դէմքին վրայ:

Ապա քիչ մը մտածեց ու գերագոյն փորձ մը ըրաւ զիս  «հանգստացնելու».

– Գիտե՞ս,- սկսաւ հարցական եղանակով մը, որ բնաւ ալ հարցում չէր, այլ… չարագուշակ հաստատումը  հաւանականութեան մը,-  ըստ գիտակներու` օդանաւին անկումը այնքան ակնթարթային կը պատահի, որ մարդ ոչինչ կը զգայ, ոչինչ զգալու ժամանակ կ՛ունենայ:

– Այսինքն ըսել կ՛ուզէք,- ու չշարունակեցի, չկրցայ շարունակել ու մանաւանդ չուզեցի պատկերացնել ըսել ուզածը…

* * *

Հակառակ այս բոլորին, սակայն,  դէպի Փարիզ կատարեցի պատմական ուրիշ ճամբորդութւն մըն ալ 1971-ին:

armenag@gmail.com

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Այս Տղաների Սխրանքն Է, Որ Մեզ Յոյս Է Տալիս Արցախը Պահել Եւ Զարգացնել

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?