Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմ-Մոնօ Եւ Մենաթատրոնի Ընկալման Թուաբանական Ձեւաւորումի Փորձ

Ապրիլ 10, 2021
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Անցեալ ամառ Հայաստանի մէջ կայացած մենաթատրոնի փառատօնը` «Արմմոնօ 18»,  նուիրուած էր Հրանտ Մաթեւոսեանի ծննդեան 85-ամեակին:

Սեռային .- Բացման եւ փակման ելոյթներու ընթացքին Նարինէ Գրիգորեան ներկայացուց «Գոմէշը», որ հիմնուած է Մաթեւոսեանի համանուն պատմուածքին վրայ: Դերասանուհին միաժամանակ ներկայացման բեմադրիչն էր: Այս երեւոյթը կը թուի ձեւաչափ դարձած ըլլալ ժամանակակից մենաթատրոնի համար: Ակնբախ էր նաեւ, որ փառատօնի հեղինակ-կատարողներու առնուազն երկու երրորդը կիներ էին: Կարգ մը տեսաբաններ մենաթատրոնը կը նկատեն էապէս իգական արուեստի սեռ: Նկատել, օրինակ, որ «Արմմօնօ» փառատօնի որմազդին վրայ կը տեսնուի իգակա՛ն ուրուագիծ: Նկատել նաեւ, որ պատմական առումով սեռը թափ առած է կիներու ազատագրութեան շարժումներուն հետ միաժամանակ: Մենակատարը հանդիսատեսին կը փոխանցէ իր հոգեկան զեղումները: Կին գրագէտներու համար օրինաչափ է գրել  բացառապէս իրենց անձնական հոգեկան զեղումներու մասին:

Քսանական թուականներէ ետք մեծ տարածում գտաւ ֆրոյտեան հոգեբուժութիւնը, որ (ի տարբերութիւն ներկայ ամերիկեան ձեւաչափին, որ կը փորձէ բուժել բացառապէս դեղորայքով) կը հիմնուի բժիշկ-հիւանդ երկխօսութեան վրայ: Բժիշկին դերն է յայտնաբերել հիւանդի հարցերը` անոր պատումներու ընդմէջէն: Նոյնը պիտի պատահէր մենաթատրոնի պարագային, ուր բժիշկին դերը կը վերցնէ բեմադրիչը: Կան ի հարկէ որոգայթներ: Թատրերգութիւնը կրնայ սահմանափակուիլ կանացի ֆրոյտեան քանի մը կարծրատիպերով, ինչպէս` ջղացնցութիւն (hysteria), կրաւորականութիւն (passivism) եւ մտասեւեռում կիներու ծննդաբերական դերին վրայ (obsession with feminine reproductive functions): Երրորդ կարծրատիպը «Գոմէշը» մենաթատրոնի հիմնական բներգն էր:

Թատրերգութիւն մը, որ ներկայացուեցաւ փառատօնի ե՛ւ բացման, ե՛ւ փակման հանդիսութիւններուն ընթացքին: Այդտեղ էգ գոմէշը կը հանդարտի միայն այն ատեն, երբ կը բեղմնաւորուի արու գոմէշի մը կողմէ: Ծննդաբերական դերի վրայ մտասեւեռումի աղաղակող դրսեւորում: Կարծրատիպի հեղինակը (Մաթեւոսեան) ոչ զարմանալիօրէն տղամարդ մըն է: Մեկնաբանելի է Ն. Գրիգորեանի նման կարծրատիպի ընտրութիւնը:

Հաղորդական .- Ֆրոյտեան հոգեբուժութիւնը կը հաւատար խօսքի՛ ուժին: Կը յենի նաեւ բժիշկ-հիւանդ կապին վրայ: Բժիշկը կ՛օգնէ ենթակային բացայայտելու, թէ ի՞նչ է հոգեկան խանգարումին պատճառը: Այս մօտեցումի կատակերգական «գործադրութիւն»-ներէն մէկն էր «Analyze This» ժապաւէնը(1999), ուր հոգեբուժ մը կը պարտադրուի օգնել վախկոտացած մաֆիոզի մը (Ռոպերթ տը Նիրօ): Բժիշկը չ՛օգտագործեր որեւէ դեղանիւթ: Փոխարէնը` կը քաջալերէ մաֆիոզը, որ վերյիշէ իր մանկութեան շրջանին գործած աններելի յանցանքը:

Գիտական (նիւթական) ենթադրութիւնը այն է, որ ուղեղը ի՛նք կը սկսի արտադրել անհրաժեշտ հորմոնները եւ այն, ինչ, որ հարկ է, երբ հասկնայ, թէ (ինչպէս հայկական առածը կ՛ըսէ) «ո՞ւր է թաղուած շան գլուխը»: Այդ մնայուն, հիմնական լուծում է` ի տարբերութիւն քիմիական դեղորայքի, որոնք ժամանակաւոր լուծումներ են եւ հաւանաբար ունին մնայուն վնասակար հետեւանքներ:

Հոգեբանական պրպտումը կը կատարուի «գիտակցութեան հոսք»-ի միջոցով (stream of consciousness), որ սակայն երազանման է, այսինքն անոր կը մասնակցին ուղեղի բազմազան մասեր: Նոյնը կը կատարուի մենակատարի ելոյթին ընթացքին:

Ինչպէս հոգեբուժութիւնը, այնպէս եւ թատրոնը, բայց յատկապէս մենաթատրոնը կը հաւատայ խօսքի ուժին:

Յաջող հոգեբուժութեան համար պարտադիր է, որ բժիշկը կարենայ շահիլ տուեալ անձին վստահութիւնը, որպէսզի ենթական ընդունի ենթարկուիլ իր յաճախ ցաւոտ ուղեցոյցին:  Կացութիւնը նման է մենաթատրոնի մէջ: Պարտադիր է, որ մենակատարը կարենայ շահիլ հանդիսատեսին վստահութիւնը, որպէսզի ընդունի իր ասքը, որ ի վերջոյ պարզապէս անհատական հայեցակէտ մըն է: Այս կը պահանջէ դերասանական արտակարգ հզօր կարողութիւն: Ի զուր չէ, որ յաջող մենաթատրոնը հազուադէպ երեւոյթ է:

Քաղաքական .- Մենաթատրոնը, որ յաճախ ունի յանկարծաբանական (improvisation) բնոյթ, ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ասք է: Մենակատարը ի՛ր հայեցակէտը կ՛արտայայտէ, նոյնիսկ երբ այլ կերպարներ կը ներկայացնէ: Մենաթատրոնին մէջ չկայ համայնապատկեր: Այս համահունչ է արդիական անհատապաշտութեան, ինչպէս եւ` յետարդիական յուսալքուած աշխարհահայեացքին, ուր բացառուած է միանշանակ տիեզերական ճշմարտութիւնը, եւ բացառուած են նուազապաշտ (reductionist) ասքերը: Մարդկային մշակոյթը կը նմանի խայտաբղէտ խճատախտակի մը, ուր չկայ իմանալի պատկեր, բոլոր խիճերը ունին իրերահաւասար հաւաստիութիւն: Նոյն պատկերը կը ներկայացուի ընկերային-քաղաքական գետնի վրայ: Իմանալի «պատկեր»-ի բացակայութիւն` կը նշանակէ հաւաքական մտքի եւ ժողովրդային կուսակցութիւններու բացակայութիւն: Այդ ձեռնտու կրնայ ըլլալ միայն իշխող «օլիկարխիային»: Ահա թէ ինչո՛ւ ջլատող եւ կործանարար է յետարդիական աշխարհահայեացքը:

Բարդութեան Տեսութիւն եւ Ինքնակազմակերպում (ComplexityTheory & Self Organization).- 19-րդ դարու բազմատաղանդ թուաբանագէտ Փուանքարէ ցոյց տուած էր, որ քաոսային թուացող երեւոյթներու ընթացքը կրնայ ունենալ ճանաչելի ձեւ (pattern), եթէ ներկայացուի յարիր տեղանիշերով (coordinates) երկու կամ աւելի տարափաչափ ունեցող ոլորտի (space) մէջ:

Այդ գծապատկերները, ի պատիւ գիտնականին, կը կոչուին «Փուանքարէի քարտէսներ»: Վերի գծապատկերի քարտէսը, օրինակ,  ներկայացուած է «Վիճակի ոլորտի» մէջ (Phase Space)(2):

Փուանքարէ ցոյց տուաւ, որ քաոսային թուացող շարժումները կրնան ունենալ նախընտրելի «վիճակներ», որոնց մօտիկ գտնուելու հաւանականութիւնը շատ աւելի մեծ է, քան` այլ վիճակներու մէջ: Այդ կացութաձեւերը կը կոչուին «ձգողներ» (Attractor): Գծապատկերին մէջ աջ կողմի քարտէսը ունի երկու յստակ «ձգող» կէտեր:

Փուանքարէ թուղթի վրայ ձեւաւորեց այն յարաբերութիւնները (Differential equations), որոնք կը կառավարեն քաոսային թուացող շարժումի ընթացքը: Գիտնականը չէր կրնար, սակայն, թուղթի վրայ փակ «վերլուծական գրահաշուի» լուծումներ (analytic solutions)  գտնել այդ հաւասարութիւններուն, որովհետեւ անոնք պարտադրաբար ոչ գծային են (non linear): Թուայնային, բայց ի հարկէ ոչ վերլուծական (numerical, not analytic) լուծումներ կարելի եղան վերջին տասնամեակներուն, երբ բաւարար կարողութեան համակարգիչներ մատչելի եղան: Առաջին կիրարկումները եղան մեքենագիտութեան մէջ, որ նախքան 20-րդ դար արդէն իսկ հիանալի տեսական զարգացում ունէր:

Բարդութեան տեսութիւնը այժմ կը կիրարկուի այլազան տարաբնոյթ մարզերու մէջ:

Ինքնա յարմարուողական համակարգեր (self adaptive systems) եւ հաւաքական մտածողութիւն (swarm intelligence).- Ընթերցողը վստահաբար դիտած է համեմատաբար փոքր թիւով (թերեւս 20) աղաւնիներու խմբական թռիչքը: Թռչունները առհասարակ կը ջանան մնալ համախմբուած, բայց խումբը ճանաչելի ձեւ չ՛ունենար: Պատկերը բոլորովին այլ է մեծ թիւով թռչող կամ լողացող էակներու պարագային: Խումբի անդամներուն միջեւ պարզ յարաբերութիւններն իսկ բաւարար են, որպէսզի այլապէս քաոսային շարժումը ստանայ ճանաչելի ձեւեր: Թռչուններու եւ ձուկերու պարագային, այդ պարզ յարաբերութիւնը կրնայ ըլլալ` «Մօտեցիր դրացիներուն, եթէ հեռու ես, հեռացիր, եթէ ՇԱՏ մօտիկ ես», այդ կրնայ խանգարել թռիչքը կամ լողը (1): Սահմանափակ տարածքով աւազաններու մէջ ձուկի վտառներու վարմունքը ուսումնասիրող փորձեր կատարուած են նաեւ ծրագրուած պարզ մարդամեքենաներու (robot) վրայ, բայց հասկնալի պատճառներով երկնքի թռչուններու հսկայ երամներու վրայ` ոչ: Բնական երեւոյթներէ դուրս առաջին նկատողութիւնը կատարուած է «ճազ» երաժշտութեան մէջ: Ճազ,  որովհետեւ այդ սեռը կը յատկանշուի իր «յանկարծային» բնոյթով: Անհատ երաժիշտներ կ՛արտաբերեն մեղեդիներ` դրդուած խումբի միւս անդամներու արտադրած մեղեդիներէն: Յանկարծ ձայները կը միանան կազմելու համար որոշ բնոյթի երաժշտական «կտոր» մը: Ոմանք կրնան առարկել, որ նուագախումբի երաժիշտները պատահաբար հաւաքուած անհատներ չեն, այնուամենայնիւ, կարելի չէ կանխապէս գուշակել, թէ տուեալ երաժիշտ մը տուեալ պահուն ի՛նչ ձայն պիտի արտաբերէ: Նման յանկարծաբանական փորձեր կը կատարուին նաեւ  թատրոնին մէջ:

Բարդութեան տեսութիւնը անկիւնադարձային եղաւ գիտութեան համար, ուր մինչ այդ կը տիրէր «նուազապաշտ» (reductionist) մտայնութիւնը: Բոլորին համար ակնյայտ դարձաւ, որ բնութեան մէջ եւ այլուր պարզ յարաբերութիւններ կրնան ծնունդ տալ բարդ, բայց ճանաչելի պատկերներու:

Բոլոր դիտարկումները ցոյց կու տան, որ համակերպողական պատկերներ կը կազմուին միայն այն ատեն, երբ խումբը (իմա` հաւաքականութիւնը) ունի բաւարար խտութիւն եւ բաւարար ծաւալ: Հարկ է ի մտի ունենալ այս հանգամանքը, երբ փորձենք հասկնալ թատերական հանդիսատեսի վարմունքը: Փոքր սրահներ եւ նօսր հանդիսատես յարիր չեն հանդիսատեսի մօտ «հաւաքական մտածողութիւն» յառաջացնելու:

Հաւաքական մտածողութիւնը կը թուի բնազդային դարձած ըլլալ հաւաքաբար ապրող էակներու համար: Այդ օգտակար է, օրինակ, գիշատիչ գազաններ կանուխ նկատելու համար (Տես կողքի լուսանկարը): Եթէ դրացիդ ճչաց ու փախաւ, ապա եւ` դուն: Օգտակար կրնայ ըլլալ նաեւ պտղատու ծառ մը կամ միջատներով հարուստ հողատարածք մը յայտնաբերելու համար: Դրացիի վարմունքը ընդօրինակելը եղափոխական (evolutionary) առումով օգտակար ուրեմն եւ ծիներու միջոցով փոխանցելի  յատկութիւն է:

Իմացականութիւն ունեցող ինքնավար (autonomous) էակներու (որոնց շարքին մարդիկ) յարմարողական գործընթացը կ’ունենայ նուիրապետական (hierarchical) բնոյթ: Խմբաւորումները հաւանաբար կը սկսին այն անհատներու շուրջ, որոնք աւելի հեղինակաւոր են կամ կը թուին ըլլալ: Յարմարումը կը տարածուի աստիճանաբար:

Վերի գծանկարին մէջ յարմարումը նշուած է կարմիր կապով: Գծապատկերի «հաւաքականութեան» թիւը շատ փոքր է (29): Այդ կը համապատասխանէ գրեթէ դատարկ թատրոնի:Կը տեսնենք յարմարումի երեք աստիճաններ: Լիարժէք սրահի մէջ այդ կարելի է շարունակել դէպի խոշոր կառոյցներ:

Ո՞ւր է թաքնուած սատանան.- Համակարգչային բազմաթիւ նմանակումներ (simulation) ցոյց տուած են, որ, այո՛, բարդ դրութիւններու միաւորներուն միջեւ պարզ յարաբերութիւններ կրնան ծնունդ տալ յարմարումի ճանաչելի կերպարներու: Թերեւս այդ թուաբանական իրողութենէն քաջալերուած` ոմանք բանաւոր էակներու միջեւ գործող յարաբերութիւնները կը փորձեն ներկայացնել պարզունակ «բաժանմունքային կաղապարներով» (compartmentalmodel):

Վերի գծանկարը ցոյց կու տայ նմուշ մը: Հարցը այն է, որ ուղեղը չափազանց բարդ օրկան մըն է, զորս կարելի չէ փոխարինել քանի մը բաժանմունքով: Այդ կը յիշեցնէ այժմ ժամանակավէպ ֆրոյտեան ego-id բաժանումը:

Ինչպէ՞ս կարելի է, օրինակ, մէկ հաւասարութեամբ արտայայտել ուղեղին կատարած կարգաւորումը: Թերեւս` միայն որոշ հարցերու պարագային: Օրինակ` ելոյթի մը ընթացքին ծափահարէ, եթէ շուրջդ երեք հոգի ծափահարեն: Չափուելու ատակ գրգիռ կրնայ նկատուիլ ծափահարութեան կամ սուլոցի ուժգնութիւնը: Վարմունք կարելի է համարել նոյնպէս ծափահարութիւնը կամ սուլոցը: Ինծի ծանօթ նման փորձեր (որոնցմէ ոչ մէկը կ’առնչուի թատրոնի) պարտադրաբար դիմած են փորձարկային (heuristic) հաշուաձեւերու (algorithm) (3): Տպաւորիչ իրագործումներ չկան: Մարզը տակաւին նորածին մանուկ մըն է:

Գծապատկերին մէջ, գրգիռի կողքին, թիթեռնիկ մը դրած եմ յիշեցնելու համար բարդութեան տեսութեան այն դրոյթը, որ քաոսի ատակ դրութիւններու մէջ թիթեռնիկի մը թփրտումը կրնայ ահեղ փոթորիկ յառաջացնել:

 

Հուսկ Բանք.-  Մենաթատրոնի սկզբնական «թիթեռնիկ»-ը նոյնինքն մենակատարն է: Անհրաժեշտ է, որ դերասանը ունենայ բաւարար հմտութիւն եւ հմայք, որպէսզի սրահին մէջ գտնուող «ղեկավարի» յատկութիւն ունեցող հանդիսատեսներ «յարմարին» իր ասքին, ընդունին իր հայեցակէտը:

Այս ուղղութեամբ հաւաստի ձեւաչափեր չկան: Թատրոնի մարդիկ իրենց փորձառութեան վրայ հիմնուած կը հակին նախապէս յաջողած ձեւեր կրկնելու: Այդ ցանկալի չէ, որովհետեւ կրնայ կարծրատիպեր յառաջացնել: Չեմ ուզեր օրինակներ բերել:

———————–

1.- Թռչունները կը յենին տեսողութեան, թերեւս նաեւ լսողութեան վրայ: Ջուրի մէջ տեսողութիւնը պղտոր է, եւ ձուկերը խուլ են: Փոխարէնը` իրենց մարմնի երկայնքին ունին ճնշումի եւ ելեկտրականութեան օրկաններ, որոնք կրնան ծառայել այլ ձուկերու հեռաւորութիւնը գնահատելու:

2.- Ջուրը, օրինակ, ունի երեք վիճակներ  (phases).- Սառոյց, հեղուկ եւ շոգի:

3.- Heuristic Այսինքն տեսական կուռ հիմնաւորում չունեցող:

 

Նախորդը

ԱԶԴ

Յաջորդը

«Դէպի Հայրենիք Եւ Դէպի Սփիւռք Մտահոգութիւնները Հաւասարակշռելը Հրամայական Է. Նոր Յարացոյցի Որդեգրումը Անհրաժեշտ Է» Կ՛ըսէ Փրոֆ. Հայկ Օշական

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?