Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաստակաշատ Դերասան Մարի Ռոզ Մանուկեանի Յիշատակին

Ապրիլ 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

«Իտալական յարդէ գլխարկ»

Քառասուն օրեր առաջ լոյս մը եւս մարեցաւ լիբանանահայ թատերաբեմէն` Մարի Ռոզ Մանուկեանին լոյսը: Վերջին անգամ ան 2016-ին բեմ բարձրացած էր` Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կազմակերպած մեծարանքի երեկոյին: Անոր թատերական ուղեւորութեան մասին հակիրճ կերպով մեզի կը պատմէ իր ընկերներէն դերասան Զաւէն Պաաքլինին:

«Վարուժան Խտըշեան, Լոնտոնէն վերադարձին, եկաւ Համազգայինի Պուրճ Համուտի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղ` իբրեւ բեմադրիչ եւ ձեռնարկեց թատերախումբի կազմութեան:  Խումբը կազմուելէն քանի մը շաբաթ ետք եկաւ Մարի Ռոզ Մանուկեանը: Ամէն մարդ հետը մէկը կը բերէր, գիտե՞ս, նոր խումբ է, կազմութեան մէջ է: Եկաւ Վարուժան Խտըշեանի «դպրոց», մինչ Մարի Ռոզը մասնաւոր դպրոցական ուսում չունէր, իսկ թատերական ուսում` բնաւ, այսինքն` մեր բոլորին նման. եկաւ եւ, ըստ Խըտշեանի սովորութեան կամ աշխատելաոճին, իմփրովիզասիոն ըրաւ եւ յաջողեցաւ: Ըսեմ, որ զինք բերողը Կամոյին եղբայրը եղաւ` Յակոբ Թոքաթլեանը, այն ատեն ան թատերախումբին մէջ քուլիսներուն ետին կ՛աշխատէր: Վարուժանը շուտով որդեգրեց Մարի Ռոզը` առաւելաբար անոր տալով զօրաւոր կերպարներ եւ համարձակ դերեր: Մարի Ռոզին դիմագիծը արդէն ինքնին տպաւորիչ էր, իսկ անոր խաղարկութիւնը` ա՛լ աւելի. կեանքը քիչ մը դառնացուցած էր զինք, եւ ինք ատիկա լաւ ձեւով կրնար օգտագործել իր դերերուն մէջ` վայրի եւ յարձակողական, միաժամանակ շատ լաւ կարենալով մէկ նայուածքով հաղորդակցութեան մէջ մտնել ժողովուրդին հետ եւ խնդացնել հանդիսատեսը իր շարժուձեւերով: Թէեւ առաւելաբար խիստ խառնուածքի տէր էր, սակայն շատ բարի սիրտ ունէր. կը յիշեմ անգամ մը Եուսուֆին (Յովսէփ Գափլանեանին) հետ դեր ունէր եւ գացած` Վարուժանին իգական նազանի ոճով գանգատած է. «Ես պիտի չկարենամ խաղալ աս դերը, Եուսուֆը շատ կը հայհոյէ»:

«Հանրային պարտէզին մէջ բոպիկ» , Յարութ Գնդունիի եւ Վարուժան Խտըշեանի հետ

«Հրաշալի դերասանուհի էր, եւ կարելի է ըսել, որ ուղղակի երեւոյթ մըն էր: Ունեցած ենք անշուշտ հիանալի դերասանուհիներ, բայց իր իւրայատկութիւնը իր անձնաւորութեան մէջն էր նաեւ: Կը սիրէր մեզի հետ քէֆի սեղան նստիլ, ուր կարծես միակ տեղն էր, որ իր ետին կը ձգէր այդ կեանքի դառնութիւնը: Հայրով որբ էր, իսկ մայրը բուժքոյր էր: Ուրիշ ազգական չունէին: Իր թաղումին ալ միայն Մարտիկ Տեմիրճեանն ու ես գացեր էինք եւ` այլ երկու բարեկամներ»:

Քիչ մը անդին նստած Մարտիկ Տեմիրճեան կը միջամտէ. «Կը յիշեմ, որ շատ կապուած էր մօրը: Միշտ զգուշ կ՛ըլլար անոր հոգատարութիւն չզլանալու: Ըսեմ, որ թէեւ արիւնակից ազգական չունէր, սակայն իր թատրոնի ընկերները չդադրեցան անոր յաճախակի այցելութիւն տալէ, ի վերջոյ նոյն ընտանիքի անդամներն են բոլորը»:

Զաւէնը թեթեւ ծիծաղով մը կը պատմէ. «Երբ Մարի Ռոզ սկսաւ մէկ ներկայացումէ միւսը աւելի փայլիլ, երեւիլ, օր մը Կամոյին եղբայրը` Յակոբը, ցուցամատին յօդոսկրը երեք անգամ սեղանին զարնելով` կատակով ըսաւ. «Ես Մարի Ռոզը 25 ղուրուշի բերած եմ հա՛», քանի որ ինք վճարած է սերվիսին գինը»:

«Բոլոր զաւակներս», կողքին՝ Սերժ Մննասա

Լիբանանահայ համայնքին իւրայատուկ արգանդէն ծնած են վերոնշեալ բոլոր կերպարները, որոնց յարաբերութիւնը իրարու հետ ծնունդ տուած է լիբանանահայ ժողովրդային մշակոյթին (pop culture), եւ որոնք նաեւ դերակատար են սփիւռքահայ մշակոյթի կեանքին մէջ: Թերեւս քանի մը տասնեակ տարի ետք Լիբանանի հայ գաղութին լոյսն ալ մարի` երկրին ընկերատնտեսական իրավիճակին եւ այլ հետեւանքներով, սակայն բոլոր անոնք, որոնք անցան այս հողին վրայէն եւ մտան այս հողին տակը, պիտի դառնան յաջորդ ծիլերուն պարարտանիւթ, եւ շարունակուի վերածնունդը: Մարի Ռոզն ալ կը դառնայ այս հողին պատմութեան մասնիկը: Հողը թեթեւ գայ վրան:

Ստորեւ Մարի Ռոզ Մանուկեանին վաստակէն փունջ մը`

«Սալեմի վհուկները» (Լիւսի Լուիս), «Ամուսնութեան առաջարկ մը» (Նաթալիա), «Յարդէ գլխարկը» (Քլարա), Փիթըր Վայս «Մարա Սատ» (Սիմոնն Էւրար), «Արեւելեան ատամնաբուժը» (Մարթա), «Գիշեր մը դուրսը» (Սթօուքս), «Ալաֆրանկա» (Աննիկ), «Հանրային պարտէզին մէջ բոպիկ» (Տիկին Պենքս), «Երեւակայական հիւանդը» (Տիկին Պելեն), «Բոլոր զաւակներս» (Քէյթ Քելլըր), «Շերի նուար» (Սոլանժ), «Երկրորդ պողոտայի բանտարկեալը» (Էտնա Էտիսոն»` ի շարս այլոց:

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. 40 Օր Քարայրի Մը Մէջ

Յաջորդը

Անվեհեր Վերադարձ (Ժաք Պոյաճեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?