Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անվեհեր Վերադարձ (Ժաք Պոյաճեանի Յիշատակին)

Ապրիլ 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Վերադարձը միշտ կարելի է, եթէ կամքն ու հաւատքը արմատաւորուած են:

ՀՄԸՄ Պէյրութի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը վերադարձաւ իր հարազատ տեղը` Ա. դասակարգ:

Այս առիթով «Ազդակ» ուրբաթ, 22 օգոստոս 2014-ի թիւով առաջին էջին վրայ հրապարակած էր խմբային յատկանշական լուսանկար մը, որուն մէջ մարզիկներն ու պատասխանատուները վերջին մրցումէն ետք արդարօրէն ուրախ են, եւ լայն ժպիտ մը դրոշմուած է իրենց դէմքերուն վրայ: Սքանչելի՛ տեսարան:

Ուշադրութիւնս, սակայն, կեդրոնացաւ անոնց մէջ գտնուող վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական եղբայր Ժաք Պոյաճեանին վրայ: Անոր դէմքին գոհունակ արտայայտութիւնը պարզապէս ուրիշ էր: Մտածումներու, հոգեկան խռովքներու, խոր ապրումներու արտացոլում մը, որ անշուշտ բառերով կարելի չէ բացատրել:

Մինչ աչքերս կեդրոնացած էին իր վրայ, միտքս գնաց քանի մը տասնամեակ ետ:

Լիբանանեան պատերազմի ամէնէն տաք փուլերէն մէկն էր: Այնճարի ՀՄԸՄ-ի ակումբի դաշտին վրայ պասքեթպոլի բարեկամական մրցում մը տեղի կ՛ունենար Լիբանանի երկար տարիներու ախոյեան ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջկանց կազմին եւ Սուրիոյ այդ օրերու ախոյեանին միջեւ:

Եւ որովհետեւ Լիբանանի մէջ գործող սուրիական ուժերու եւ գաղտնի սպասարկութեան հրամանատարութեան նստավայրը այդ տարիներուն Այնճար կը գտնուէր, դաշտ եկած էին նաեւ սուրիական բանակի գաղտնի սպասարկութեան անդամներ, որոնք կ՛աշխատէին անուղղակի ճնշում բանեցնել ՀՄԸՄ- ի համակիրներուն, մարզիկներուն եւ դաշտի գիծին մօտ գտնուող պատասխանատուներուն վրայ:

Մրցումին առաջին վայրկեանէն եղբայր Ժաք կը գտնուէր խաղավայրի գիծին մօտ: Քանի մը անգամ իրեն ալ մօտեցան եւ փորձեցին հեռացնել գիծէն, սակայն ինք մնաց անդրդուելի: Եւ երբ անոնցմէ մէկը ճարահատ բռնեց եղբայր Ժաքին թեւը եւ փորձեց քաշել, վերջինս բարեկիրթ շարժումով մը «ազատագրեց» իր թեւը եւ վճռական ըսաւ.

«Ես Լիբանանի ֆետերասիոնին ներկայացուցիչը եւ ՀՄԸՄ-ի խումբին պատասխանատուն եմ: Իմ տեղս հո՛ս է: Դուն իրաւունք չունիս այս գիծին մօտենալու: Ետ գնա՛»:

Այդ տարիներու պայմաններուն եւ դէպքերուն քիչ թէ շատ ծանօթ եղողները անշուշտ կ՛ըմբռնեն, որ առանց հետեւանքներուն մասին մտահոգուելու այդպէս խօսիլը համարձակութենէ աւելի խիզախութիւն կը պահանջէր:

ՀՄԸՄ-ականներ միշտ ունեցած են անբացատրելի հմայք մը, որուն շնորհիւ այդ մեծ միութեան անդամներն ու անոնց գործունէութիւնը համակրելի եւ կենսական կը դառնան: Իսկ ինքնավստահ եւ մանաւանդ խիզախ կ՛ըլլան անոնք, որոնք խոր հաւատք ունին իրենց անդամակցած միութեան եւ պատկանած ազգին նկատմամբ:

Այդ նկարին մէջ գտնուողներուն համար վառ օրինակ են իրենց մեծ հօր տարեկից, ՀՄԸՄ-ի աւիւնով միշտ երիտասարդ եղբայր Ժաք Պոյաճեանն ու անոր նման պատնէշին վրայ անսասան գտնուողները, որոնց այնքան կարիքը ունինք գլխապտոյտ պատճառող համայնակուլ եւ խառնաշփոթ այս օրերուն:

Եղբ. Ժաք Պոյաճեանի մահով եթէ մեր գաղութը կորսնցուց պատուական, ազնուական հայ մը, ՀՄԸՄ` հաւատաւոր, վաստակաւոր ԵՂԲԱՅՐ մը, «Վանայ Ձայն» զրկուեցաւ հաւատարիմ ունկնդիրէ մը, որ առօրեայ յայտագիրներէն բացի` տագնապով կը հետեւէր ՀՄԸՄ-ի խումբերու մրցումները ուղղակի ձայնասփռող «Ալօ Ֆութպոլ» յայտագիրին(եթէ դաշտ գացած չըլլար) եւ յաղթանակներէ կամ պարտութիւններէ ետք անպայման կը հեռաձայնէր կայան իր մեկնաբանութիւնները տալու, անկեղծ ապրումները յայտնելու, ընդհանրապէս մեր աշխատանքին մասին գնահատական եւ քաջալերական խօսքեր ըսելու: Ան ամէն օր կ՛ունկնդրէր լուրերու 6:30-ի հաղորդումը, եւ երբեմն երբ ծիծաղ յառաջացնող ակնարկ մը ընէի ու հեռաձայնին զանգը հնչէր, կը գիտնայի, որ ինքն է: Նախ կը լսուէր վարակիչ աղուոր խնդուք մը, ապա կը խօսէր:

Այժմ այլեւս հեռաձայնին զանգը չի հնչեր, բայց ի՜նչ լաւ է, որ ականջներուս մէջ կը հնչէ եղբայր Քոչին ջերմ, ոգեւորիչ խնդուքը:

 

Նախորդը

Վաստակաշատ Դերասան Մարի Ռոզ Մանուկեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Յարգելի Տիպարի Մը Կորուստը (ՀՄԸՄ-ական Պասքեթպոլի Մեծ Երախտաւորին` Ժաք Պոյաճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?