«Ղարպիյէ»
Գուրգէն Փափազեան
Ի՞նչ է քու ծրագիրդ:
Ծրագիրս արեւմտեան Պէյրութի անցեալի եւ ներկայի հայութեան մասին առցանց հրապարակուելիք կարճ հարցազրոյցներու շարք մըն է: Ծրագիրին նպատակն է արեւմտեան Պէյրութի նախկին եւ ներկայ կարգ մը բնակիչներու յուշերուն ընդմէջէն յայտնաբերել շրջանի հայութեան կեանքը բնորոշող յատկանշական հիմնական երեւոյթներ (ժամանակագրական զանազան հանգրուաններով): Կ՛ըսուի, որ անցեալ դարու կէսին արեւմտեան Պէյրութի մէջ ապրած է 40 հազարէ աւելի հայ եւ ան եղած է լիբանանահայ գաղութի ընկերային, մտաւորական եւ համայնքային կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, ուր հիմնուած են առաջին եկեղեցիները, մեծ դպրոցները եւ ակումբները: Եթէ պիտի ընդունինք, որ Լիբանանը եղած է հայկական սփիւռքի սիրտը, ապա կրնանք նաեւ բարձրաձայնել, որ արեւմտեան Պէյրութն ալ ունեցած է իր կեդրոնական դերը հայկական սփիւռքի մտաւոր եւ հոգեւոր զարգացումին մէջ: Ծրագիրը զուգահեռաբար զարգացող երկու բաժիններէ բաղկացած պիտի ըլլայ: Առաջին` 5-10 վայրկեաննոց մօտ 12 խմբագրուած տեսերիզներ, որոնք հասանելի պիտի ըլլան ընկերային ցանցերով, իսկ երկրորդ` տեսերիզներու բնագիր օրինակներ, որոնք առցանց հասանելի պիտի ըլլան որպէս արխիւային նիւթեր: Արխիւացումը կրնայ աւելի ծաւալուն գիտական հետազօտութիւններու համար օգտակար աղբիւր ըլլալ: Ծրագիրը կը կոչուի «Ղարպիյէ», որ արաբերէնով «արեւմտեան» կը նշանակէ: Այս եզրը ստեղծուած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, երբ Պէյրութը բաժնուած էր երկու մասի: Ուրեմն կայ սերունդ մը, որուն համար Պէյրութը «ղարպիյէ» եւ «շարքիյէ» (արեւելեան) եզրերով կը սահմանուի, եւ քանի որ հայերս ալ մինչեւ այսօր կը գործածենք այս եզրը խօսելու համար արեւմտեան Պէյրութի մասին, ուզեցի ծրագիրս անուանել այսպէս:
Նկատի առնելով, որ Լիբանանի մէջ հայկական դպրոցներու առաջին կեդրոնացումը տեղի ունեցաւ արեւմտեան Պէյրութի մէջ, կրնանք հասնիլ այն եզրակացութեան նաեւ, որ արեւմտահայերէնի մեծ թափով ուսուցումն ալ սկիզբ առաւ եւ ձեւաւորուեցաւ հոն: Ծրագիրդ ինչ-որ չափով տուրք կու տայ նաեւ այս իրականութեան: Ի՞նչ կը մտածես այս մասին:
Կը կարծեմ, որ արեւմտահայերէնի զարգացումը երկու հարթութեան վրայ եղած է արեւմտեան Պէյրութի մէջ: Առաջինը` ժողովրդային եւ ընկերային հարթութեան, ինչպէս` ձեռնարկներու եւ հաւաքներու ժամանակ, ակումբներու եւ եկեղեցիներու մէջ, կամ դրացիական յարաբերութիւններու ընթացքին, եւ կամ շուկայի հայկական հատուածներուն մէջ. իսկ երկրորդն ալ` կրթական հարթութեան վրայ:
Քիչ մը կը պատմե՞ս աշխատանքին ընթացքին մասին:
Ես արեւմտեան Պէյրութի մէջ ծնած ըլլալով եւ պատանեկութեան տարիքէս սկսեալ քանի մը մարզերու մէջ գործունեայ եղած ըլլալով` բաւական ծանօթ եմ ո՛չ միայն մեր շէնքի կամ թաղի, այլ նաեւ շրջանի բնակիչներուն: Որպէս սկաուտ` յաճախ այցելած եմ շրջանի հայերուն տուները օրացոյց ծախելու կամ օգնութիւն բաժնելու: Ասկէ զատ, մեկնելով աւանդական սովորութենէ մը ամէն տարի Ծնունդին թաղի պատանիներով կ՛այցելէինք մեր թաղերու հայ ընտանիքներուն եւ «Խորհուրդ մեծ» կ՛երգէինք: Ուրեմն կրնամ ըսել, որ արեւմտեան Պէյրութը ինծի համար շատ հարազատ վայր մըն է: Հարցազրոյցներուս համար այս փուլին ընտրած եմ վեց անհատներ, որոնք կը պատկանին արեւմտեան Պէյրութի հայկական զանազան յարանուանական թէ քաղաքական շրջանակներու: Ինծի համար կարեւոր է ներկայացնել զանազան հոսանքներէ եկող անհատներու պատումները, ըստ այնմ ըրած եմ ընտրութիւնս: Մեկնելով իրենց փորձառութենէն եւ յուշերէն` իրենցմէ ոմանք պիտի անդրադառնան արեւմտեան Պէյրութի հայութեան կրթական, մշակութային, հաստատութենական երեսներուն, իսկ ուրիշներ` ժողովուրդի ընկերային եւ առօրեայ կեանքին: Այս երկու բնոյթի վկայութիւնները քով քովի բերելով` կը յուսամ արեւմտեան Պէյրութի կեանքը յատկանշող բաւական լայն պատկերի մը յանգիլ: Նախնական քանի մը փորձ-հանդիպումներու ընթացքին շատ զարմացած եմ` անդրադառնալով, որ կան այնքա՜ն հետաքրքրական տեղեկութիւններ, որոնցմէ մինչեւ օրս անտեղեակ եղած եմ:
Հարցազրոյցները տակաւին չեն սկսած բոլորիս յայտնի համաճարակին պատճառով, ուրեմն երբ վիճակը լաւանայ, պիտի սկսիմ աշխատանքի: Ծրագիրին ընկերային ցանցերուն վրայ պիտի տրամադրուին նաեւ արեւմտեան Պէյրութի մասին որոշ հակիրճ տեղեկութիւններ եւ նկարներ:
Որպէս արեւմտեան Պէյրութի քաղաքացի եւ արուեստագէտի` «Ղարպիյէ»-ն ի՞նչ տալիք ունի քեզի:
Այս թաղերուն մէջ ապրելով` կ՛անցնիմ մեր կարգ մը մեծերուն քալած փողոցներէն, կը տեսնեմ անոնց նախկին բնակավայրերը, կը դիտեմ անոնց դիտած ծառերը եւ կը կարծեմ շնչել անոնց շնչած օդը: Հոս ապրած են` Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Սիմոն Վրացեանը, զօրավար Դրոն, Կոմսը, Կարօ Սասունին, Մուշեղ Իշխանը, Բարսեղ Կանաչեանը եւ ուրիշ շատե՜ր… Ասոնք դեռ ի՛մ շրջանակիս մեծ դէմքերէն են, եւ կասկած չկա՛յ, որ նաեւ ուրի՛շ շրջանակներու մեծ դէմքեր ալ ապրած են հոս: Անշուշտ բոլորին հետքերը չեն, որ մնացած են, ընդհակառակը, մեծ մասը հետքերուն արդէն կորսուած է, եւ այս ընթացքով մնացեալն ալ պիտի կորսուի: Ասոնցմէ անկախ` այս թաղերուն մէջ նաեւ կ՛արտացոլայ իմ անմիջական շրջանակիս անցեալը, որը դարձեալ կորսուելու վրայ է: Ուրեմն այս երկուքը նկատի առնելով` նուազագոյնը մարդոց յիշողութիւններուն մէջ մնացածը եթէ յաջողիմ փրկել, «Ղարպիյէ» ծրագիրը առաջին հերթին ինծի եւ իմ նմաններուս պիտի տայ զգացական-հոգեկան գոհունակութիւն: Երկրորդ հերթին` ինծի գոհունակութիւն կու տայ նաեւ, որ շնորհիւ այս աշխատանքիս` արեւմտեան Պէյրութի հայութեան անցեալի եւ ներկայի մասին, թէկուզ համեստ, արխիւ մը պիտի ստեղծուի. արխիւ մը, որ թերեւս օգտակար ըլլայ անոնց, որոնք կ՛ուզեն ուսումնասիրել արեւմտեան Պէյրութի հայութեան պատմութիւնն ու իւրայատկութիւնները:
Անկեղծօրէն շատ յոյս չունիմ, որ պիտի կարենանք փրկել գետնի վրայ մնացածը: Անոնք կամաց-կամաց պիտի ծախուին, լքուին, փլին, կորսուին ու անհետանան: Բայց մարդոց յիշողութիւններուն մէջ եղածը կարելի՛ է փրկել հաւաքական ճիգերով: Իւրաքանչիւր մարդկային կորուստի հետ մենք կը կորսնցնենք մեր անցեալին մասին թանկարժէք տեղեկութիւններ, պատմութիւններ, որոնք կ՛ապրին միայն անոնց յուշերուն մէջ: Հետեւաբար, եթէ ինծի կ՛արտօնուի, կ՛ուզեմ հետեւեալը խնդրել ընթերցողէն. եթէ մէկն ես, որ հոս ապրած է, հոս մեծցած է, արեւմտեան պէյրութահայ է եւ կը հաւատա՛յ անցեալի արխիւացման կարեւորութեան, մի՛ սպասեր… յիշէ՛, խօսէ՛, գրէ՛, արձանագրէ՛, հրատարակէ՛: Մէկ խօսքով` փրկէ՛:
«Ղարպիյէ»-ի մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 2021-ին:
————————–
Ես Գուրգէն Փափազեանն եմ, ծնած եմ Պէյրութ, Լիբանան, 1996-ին: Յաճախած եմ Համազգայինի Ճեմարան, ապա մասնագիտական ուսումս շարունակած եմ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին մէջ հետեւելով TV & Film Production ճիւղին` ստանալով պսակաւոր արուեստից վկայական 2020-ին:
Հետաքրքրութիւններուս ծիրը կ՛ընդգրկէ գծագրութիւն, երաժշտութիւն` երգ, նուագ (շվի եւ հարմոնիքա), հայկական ազգագրական պար, արուեստ եւ մշակոյթ ընդհանրապէս, բայց նաեւ` բնութիւն, բնապահպանութիւն, լեռնագնացութիւն, բանակում, հեծելարշաւ: Շատ կը հետաքրքուիմ նաեւ մարդկային իրաւանց հարցերով (ազգային կամ փոքրամասնութիւններու):
Մասնագիտութեանս ծիրին մէջ մաս կազմած եմ տասնեակներով նկարահանման ծրագիրներու եւ ստացած` մրցանակներ: