Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մերձեցման Պայմանը` Ճանաչում Եւ Աւելի՛ն

Ապրիլ 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթասկիզբին, երբ հայ զինուորներու դիակներ (այո՛, դեռ փնտռտուքը կը շարունակուի դժբախտաբար) փոխադրող ինքնաշարժ մը կը քարկոծուէր Արցախի մէջ, երբ դեռ բազմաթիւ զինուորներ կը մնան գերի կամ անգտանելի, երբ գրեթէ ամէնօրեայ յաճախակիութեամբ եկեղեցիներ, յուշակոթողներն ու մշակութային ժառանգութիւններ հետեւողական եւ կազմակերպուած ձեւով կը քանդուին…Այս բոլորին դիմաց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը յանկարծ սքանչելի՜ «գիւտ» մը հրապարակ նետեցին, ըսելով, որ պէտք է վերանայումի ենթարկենք Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները, քննարկենք, թէ ուրկէ՞ կու գայ թշնամանքը: Հրապարակումները եղան, սովորականին նման` առանց հիմնաւորումներու եւ խոր վերլուծումներու:

Այսպէ՛ս է. քանի մը տարին մէյ մը, յանկարծ, հայ-թուրք յարաբերութիւններու մասին խօսակցութիւններ եւ յայտարարութիւններ տեղի կ՛ունենան` խուճապ ստեղծելով եւ վիճաբանութեան դուռ բանալով:

Շատ փորձեր կատարուած են այս կամ այն ղեկավարին կողմէ: Չենք մոռցած փրոթոգոլերուն գործընթացը, ճամբու քարտէսը, «ֆութպոլային քաղաքականութիւն»-ը, որոնք միշտ ալ անաւարտ մնացին:

Սակայն այսօր եղածը իւրայատուկ է եւ աննախընթաց, որովհետեւ ձեռնարկողը դուրսէն չէ, ո՛չ ալ թշնամին է, այլ` դժբախտաբար ներսէն:

Հաւանաբար բարի կամեցողութեան արտառոց տրամաբանութիւն մը ունի ներկայ իշխանաւորը, որ նոյեմբեր 9-ի ամօթալի համաձայնագիրով արդէն իր ստորագրութիւնը դրած է նա՛եւ «համաթուրանական կամուրջ»-ին յատակագիծին տակ` խոստանալով Մեղրիի ճամբով Թուրքիան Ազրպէյճանին միացնելու միջանցք-նուէրը:

Կայ աւելի՛ն. Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւն խաղալու յայտարարութիւններն ու հաստատումները կատարուած են, ըստ երեւոյթին, առանց տեղեակ պահելու արտաքին գործոց նախարարը կամ նոյնիսկ ամենադոյզն կարծիքի փոխանակում ունենալու անոր հետ: «Ես կ՛որոշեմ, ե՛ս կը գործադրեմ»-ի` օրէնք ու սահմանադրութիւն ոտնակոխելու աղաղակող վարքագիծին նորագոյն արտայայտութիւնը, արդարեւ:

Նմանօրինակ դիրքորոշումներ, որոնք խոր մտահոգութիւններու պատճառ կը դառնան, ուղղակիօրէն կը հարուածեն մեր ազգային-պետական շահերը: Եթէ քիչ մը աւելի խորանանք, պարզ աչքերով կը տեսնենք իրականութիւն մը, ուր յստակօրէն կը ստորադասուին ու կ՛ոտնակոխուին թէ՛ պետական եւ թէ՛ ազգային շահերու հասկացութիւնները:

Ամէնէն վտանգաւո՞րը. «կարմիր գիծ» շրջանցելու եւ պատմութիւն ոտնակոխելու հարց ծագած է: Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը անվտանգութեան երաշխիքի խնդիր է:

Արցախի վերջին պատերազմին, բեղուն գործունէութիւն եւ մասնակցութիւն բերած Անգարան` ոճրածին վոհմակներ անգամ մը եւս դաշտ նետած պետական ոճրագործը, հիմա շա՛տ աւելի համարձակութեամբ պիտի փորձէ Հայաստանէն պահանջել անընդունելի զիջումներ, որոնք կ՛ընդգրկեն Հայոց ցեղասպանութեան վերջնական մոռացում:

Այս հարցը համահայկական առաջնահերթ խնդիր է եւ իր տարողութեամբ` համազգային բարդ կացութիւն. եթէ այս «բարեմիտ» քարոզչութիւնը շարունակուի, կրնայ ահազանգային իրավիճակ մը ստեղծել, մանաւանդ` ապրիլեան այս օրերուն, երբ Հայ դատի յանձնախումբին բարձրացուցած դրօշին տակ ոգի ի բռին աշխատանք կը տարուի Սպիտակ տան ուղղութեամբ` ճնշում բանեցնելու եւ համոզելու համար նախագահ Ճօ Պայտընը, որպէսզի պատշաճօրէն ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Իսկ Ուաշինկթընը միակ թիրախը չէ մեր պահանջատիրական աշխատանքներուն…

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, առանց ամէնադոյզն երկմտանքի, միայն ու միայն Անգարայի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք է, որ պարտի պայմանաւորել հայ-թրքական մերձեցումն ու յարաբերութիւններու բնականոնացումը: Իսկ հարցը չի փակուիր լոկ ճանաչումով, որովհետեւ կայ համապարփակ հատուցումի, արդարութեան կենսագործման պահանջը:

Սակայն յիշեալ արտայայտութիւնները նոր ապացոյցներ են, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կ՛ուզէ տեղի տալ եւ հրաժարիլ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան քաղաքականութենէն, ինչպէս որ գո՛րծնապէս զիջեցաւ Արցախի մեծ մասը եւ գո՛րծնապէս իր օրակարգէն դուրս վանած է արցախեան հիմնախնդիրը:

Բայց… կը լսէ՞ք. հրապարակներու վրայ սկսած են որոտալ ընտրապայքարի թմբուկները:

Նախորդը

Նահատակներուն Հարցումը

Յաջորդը

Նշմար. Անտեսուող Լուսանցքներ

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2025)
Անդրադարձ

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

Մայիս 16, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Մայիս 16, 2025
Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան
Անդրադարձ

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?